Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ամէն անգամ որ Պէյրութ կատարած այցելութենէս վերադառնամ, առանձնութեան պահերուս, սուրճի-սիկարեթի ընկերակցութեամբ հանրային երեւոյթի մը կամ ընկերային նիւթի մը վրայ երբ խոկալ փորձեմ, տարօրինակօրէն ընդհատ-ընդհատ կը խանգարուիմ Հայաշէնի հին օրերու յուշերովը, որոնք քաղցր մելամաղձոտութեամբ կը համակեն էութիւնս եւ կը ցրուեն կեդրոնացումս:

Նոյնպէս, գաղափարներու տարօրինակ զուգորդութեամբ այդ հին օրերուն անպայման կը կապուի նաեւ Հրայր եւ Սագօ Մայիսեան եղբայրներու պայուսակագործի աշխատատեղին, որ ի Հայաշէն:
Որոշ ժամանակ պէտք է անցնի, որպէսզի յիշատակներու յաճախումը դադրի եւ կեդրոնացումս չխանգարուի:
Հիմա, այդ «որոշ ժամանակը» անցած ըլլալուն, ծովեզերեայ սրճարանի անդորրութեան մէջ եւ գաւաթ մը սուրճի վայելքով, անգամի մը համար ինքնաքննութեան ճիգով ինքզինքս կը պեղեմ պատահածին պատճառը գտնելու յոյսով:
Անշուշտ մանկութեան, պատանեկան ու երիտասարդական տարիներու մաքառումներս, սէրերս ու ներշնչումներս, ապագայի յոյսերս եւ հիւսած երազներս ծնած-սնած են այդ օրերուն, բայց եւ այնպէս Հայաշէնէն վերջ, հանրային նոր միջավայրերու ջերմութիւնը, նոր դէմքերու հետ հաստատուած մտերմութիւնը ոչ նուազ ազդեցութեամբ դրոշմած են վրաս: Նոյնիսկ աւելին.- հին օրերու փայփայած հեռանկարներս, հետագայ տարիներուն հաշուառելի համեմատութեամբ իրականանալով, ինծի համար կազմած են կեանքիս դարձակէտային փորձառութիւնները, որոնք աւելի թարմ են, աւելի հարուստ եւ նոյնպէս անբաժան՝ ինձմէ: Սակայն զարմանալի կերպով Պէյրութը կը տիրապետէ, կը վերակենդանացնէ հինը եւ տեղ չի ձգեր նորին, աւելի թարմ յուշերուն:
Եթէ անձս է, - կը մտածեմ,- որ կը սիրէ պատեանուած ապրիլ հին յիշատակներով, կը նշանակէ թէ այլեւս հասած եմ այն կէտին, ուր մարդ էակին կեանքի շրջագիծը կը կծկուի անցեալին, հինին վրայ եւ անհաղորդ կը մնայ նորին կախարդանքէն եւ անտարբեր՝ նոր հեռանկարներու կամ գալիք հանգրուաններու նկատմամբ:
Բնականաբար, կտրականապէս կը մերժեմ այս վարկածը իմ անձիս համար: Չեմ ընդունիր, որ անգիտակ եմ, թէ կեանքը անկասելի շարունակականութիւն է եւ բոլորին պէս ես ալ անխուսափելի կերպով մասնակից եմ անոր ելեւէջներուն...:
Ամէն այցելութեանս, Հայաշէնի փողոցներու այս կամ այն անկիւնին կը տեսնեմ երկու-երեք հին թաղեցիներ, որոնք այլեւս կորաքամակ ծերունիներ դարձած եւ առանձնութեան տառապանքին մէջ՝ անցեալով կ՝ապրին: Իրենց վերջալոյսին, աշխարհէն յաւէտ բաժնուած կամ արտասահմանեան երկիրներու մէջ ցիրուցան հին բարեկամներու յիշատակներու ծանրութեան տակ կքած՝ մոլոր վիճակ մը ունին: Կ’ենթադրեմ, թէ անոնց պէս, արտասահմանեան իրենց բարեկամներն ալ ենթակայ են հին մտերմութիւններու յաճախանքին...: Սակայն..., ինչո՞ւ են այս մտորումները,- հարց կուտամ ինքզինքիս.- :
Կը փորձեմ դասաւորել մտածումներս: Ումպի մը համար սուրճը կը մօտեցնեմ շրթներուս եւ ահա հայեացքս կը սեւեռի գաւաթին: Գիւտարարին խանդով «գտայ» « էվրիքա՜,- կ’ըսեմ ես ինծի,»: Սուրճն է, եւ սուրճին առիթով ամէն առտու ստեղծուած մթնոլորտին հարազատութիւնը, որ կը կապուի հինին, թաղային հայախումբ կենսաձեւի երանելի տարիներուն, թերեւս միակ տեղը, ուր իբրեւ մէկ երանգը հայկական հայաշէնին, տակաւին կը շարունակուի հոն, Մայիսեան եղբայրներու աշխատատեղին:
Կախարդական Պէյրութի հմայքին մէջ, ինքնուրոյն իր հմայքը ունէր հայկական Հայաշէնը, որ այժմ գրեթէ հայաթափ եւ խռնուած՝ օտարազգի տնտեսական գաղթականներով, հիմնովին դիմափոխուած է եւ իր էութիւնը կորսնցուցած: Ազգային ու կազմակերպական կեանքը թեթեւօրէն կը վերապրի թէեւ, բայց անցեալին հետ բաղդատած՝ անապատ մըն է այլեւս հայկական Հայաշէնը եւ այդ անապատին մէջ, Ռոստոմ կոմիտէութեան ակումբին հետ, փոքր ովասիս մըն է Մայիսեաններու աշխատատեղին:
Աստուծոյ առտուն, աշխատատեղին բանալէ ետք սովորական արարողութիւն մը կայ Հրայրին համար: Աթոռ-աթոռակ եւ սեղանիկներ կը յարդարէ մայթին, մեծկակ սրճեփին ջուր կը լեցնէ, զայն կը զետեղէ կազօճախին վրայ եւ... կը սպասէ: Մանկութեան մտերիմներ եւ միջին տարիքի հայաշէնցիներ,- հիներէն ՝ Petit Ներսէսը, թաղեցիներու «աբար»ը , Լեւոնը, Տիգրանը, աւելի նորերէն՝ Խաժակը, Ծերոնը, Վիգէնը, Արշակը, երբեմն նաեւ ինծի անծանօթ անձեր,- մէկը միւսին յաջորդելով կը ժամանեն: Եթէ պատահի, որ արտասահման մեկնած թաղեցիներ կարճ այցելութեամբ Պէյրութ գտնուին, ինծի պէս անպայման հոն են ամէն առտու, որպէսզի համով-բոյրով տաք սուրճին հետ, նոյնքան համ ու բոյր ունեցող այդ հարազատ շրջանակին մէջ ընթացող տաք զրոյցը վայելեն: Վերջին եկողը Հրայրին կրտսերն է՝ Սագոն: Միշտ իր հետ կը բերէ Ազդակը եւ անոր թարմ լուրերը: Հայկական հարցերու, քաղաքական անցուդարձերու եւ կուսակցական խնդիրներու մասին կատարուած առաւօտեան այդ վերլուծումները իրենց մակերեսային բնոյթով, յաճախ նաեւ միջամտուած զուարթախօսութիւնները, ստեղծուած մթնոլորտին աղ-պղպեղի համեմն են, որու անուշութիւնը ժամ մը առնելէ ետք միայն ամէն ոք կ’երթայ իր գործին:
Հայաբնակ ժամանակներու Հայաշէնը յիշեցնող մանրանկար պատկերն է, որ գրեթէ ամէն առտու կը պարզէ պայուսակագործ եղբայրներու աշխատատեղին: Պատկերին հետքն է, որ կը յամենայ մտքիս մէջ եւ Պէյրութ այցելութենէ մը վերադարձիս յիշողութեանս կը բերէ այդ թաղամասին մէջ անցուցած տարիներուս քաղցրութիւնը:
«Փոքր ովասիսներ» կարելի է համարել նաեւ Ռուբէնին խանութը եւ թաղապետ (մուխթար) Ռաֆֆիին գրասենեակը այն տարբերութեամբ, որ անոնց մօտ պակսողը... սուրճն է...:
Փոքր գաւաթի մը պարունակին՝ սուրճին հետ ինչե՜ր կան եղեր,- կ’ըսեմ ինքզինքիս:
Ուրիշ համ ու բոյր ունի եւ մտածումի տարբեր գրգիռ կու տայ նաեւ...Ազդակին սուրճը: Բայց այս մասին՝ այլ առիթով:

Միհրան Քիւրտօղլեան