Print
Category: Յօդուածագրութիւն


Հ.Օ.Մ.ը՝ 100 տարեկանի իմաստութեամբ
բայց 20 տարեկան երիտասարդի խանդով, ըմբռնումով եւ կամքով

(մտածումներ Հ.Օ.Մ.ի 70րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովին առիթով)

«Մարդ կայ՝ ելլել է շալակն աշխարհին
Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում»

Զիս այնքան տպաւորած  Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» բանաստեղծութեան առաջին երկու տողերն են ասոնք: Պատանեկութեանս տարիներուն, նախ յունարէն թարգմանութիւնը կարդացած եմ («Είναι οι άνθρωποι που φορτώνονται τον κόσμο, είναι και τα ανθρωπάκια που φορτώνονται στον κόσμο...»), ապա պրպրտած ու գտած հայերէն բնագիրը, հմայուած եմ անով եւ մինչեւ օրս ու յաճախ կը հաստատեմ, թէ այս շատ պարզ երկու նախադասութեամբ որքա՜ն իրաւ ու խորունկ բանաձեւումով ներկայացուած է մարդ էակին տեսակը՝ նկարագրային յատկութեամբ ու հոգեբանութեամբ եւ  մարդոց ու  ընկերութեան նկատմամբ անոր կեցուածքովը:  Մարդու տեսակի բնորոշում, որ կը տարածուի անցեալի թէ ներկայի վրայ, բոլոր ժամանակներու մէջ եւ ամէն տեսակ պայմաններու տակ:
Հ.Օ.Մ.ի հիմնադրութեան, անոր գոյութեան եւ գործին իմաստն ու արժէքը լաւապէս կարենալ բացատրելու համար կը դիմեմ այս տողերուն: Հ.Օ.Մ.ը եղաւ այն հայ մարդոց համախմբումն ու կազմակերպութիւնը, որոնք  նպատակադրեցին ու միշտ ջանացին հայ աշխարհին հոգերը շալկել ու վերցնել: «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ...»:
Հ.Օ.Մ.ի 70րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը տեղի կ՛ունենայ միութեան  100ամեայ տարեդարձը հազիւ թեւակոխած: Ամբողջ դար մը աշխատանք...
Ահա թէ ինչու այս ժողովը ունի իւրայատուկ կարեւորութիւն: Ծանրակշիռ կարեւորութիւն, քանի որ  միութիւնը մէկ կողմէն կը ներկայանայ հարիւր տարիներու անսակարկ նուիրումի վաստակով ու անխափան գործի իմաստութեամբ, իսկ միւս կողմէն՝ յոգնածութեան վտանգէն հեռու մնալու եւ  հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջներուն ընդառաջող գործելու նոր ոճ  եւ իր աշխատանքներուն նոր թափ ու ծաւալ տալու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուի:
Սփիւռքի  ծնունդ  եւ սփիւռքի հայութեան ընկերային ու կրթական կարիքներուն սիւնը հանդիսացաւ Հ.Օ.Մ.ը: Վերջին տարիներուն, Հայաստանի նորահռչակ անկախ  հանրապետութեան մէջ եւս մարդասիրական-բարեսիրական որոշ ծրագիրներ իրագործեց:
Այսօր պիտի կարենա՞յ  թարմ  մտքերով եւ նոր ուժերով նոր հանգրուանի մարտահրաւէրին  ընդառաջել: Պատասխանը պիտի տայ Համահայկական Ժողովը:  Տասնամեակներու փորձառութիւնն ու գործելակերպի աւանդութիւնը կրնան արգելք ըլլալ նոր ներշնչումներու: Կրնան ըլլալ նաեւ  մղիչ ուժ ու փարոս՝ նոր ճամբաներու առաջնորդող: Ատիկա կախեալ է անշուշտ ժողովէն ու ժողովականներէն:
Ներկայիս, հայութիւնը կը դիմագրաւէ խստօրէն հրամայական, նաեւ իրարմէ տարբեր կացութիւններ: Սփիւռքի մէջ հայակրթութեան եւ հայապահպանման պահանջքները աւելի քան երբեք շեշտուած են, հայերէն լեզուի նահանջը եւ հայ մշակոյթին տկարացումը նոր սերունդին մօտ, տարբեր ազգութեամբ անձերու հետ ամուսնութիւններու աճող թիւը, գաղութային կարիքներու մատակարարման տնտեսական դժուարութիւնները ահազանգիչ դարձած են: Մինչ Հայաստանի մէջ, ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական վիճակը աւելի կը շեշտէ բարեսիրական նախաձեռնութեանց պահանջքը: Անգործութիւնը եւ անոր հետեւանքով շարունակուող աննախընթաց արտագաղթը, ընկերային ապահովագրութեան անբաւարարութիւնը, գիւղական շրջաններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ներընտանեկան բռնութեանց յաճախակի դէպքերու յայտնաբերումը, Արցախի ժողովրդագրական աճման կարեւորութիւնը եւ պատանի սերունդին հոգատարութիւնը խնդիրներ են,  որոնց համար անպայման ըսելիք պիտի ունենայ ՀՕՄի համահայկական ժողովը եւ ընելիքին համար  ռազմավարական ու մարտավարական ուղի պիտի ճշդէ:
Ամէն բանէ առաջ՝կազմակերպական հզօրացում եւ աշխուժացում, կամաւոր աշխատանքի հմայքն ու գաղտնիքը սրսկելով հայ կիներուն մտքերուն ու հոգիներուն մէջ:
Ապա՝ տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու  մասնագիտական եւ ոչ մասնագիտական ձեւերու որոնում: Գաղտնիք չէ թէ Հ.Օ.Մ.ի գոյութեան եւ գործունէութեան մէջ, բացի հազարաւոր անդամուհիներու եւ համակիրներու լումայէն եւ անշահախնդիր աշխատանքէն, մեծ ներդրում ունեցած են անցեալի թէ  ներկայի բարերար-նուիրատուները, որոնց շնորհիւ կառուցուեցան դպրոցներ, որբանոցներ, ծերանոցներ: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ այսօր կարիքը կայ  նոր նուիրատուներ  ապահովելու, բան մը որ անմիջականօրէն կապուած է միութեան գաղափարներուն տարածումին, ներշնչումի եւ իր ծաւալած գործի մասին  լայնածաւալ քարոզչութեան հետ:
Հայագաղութներու դպրոցներուն եւ ակումբներուն գոյատեւումը, անոնց շէնքերու բարեկարգումը ու մանաւանդ մարդուժի  պատրաստութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն  ունին  Հ.Օ.Մ.ին համար, որու գործունէութեան երկար տարիներու գործադաշտը դարձաւ սփիւռքը: Իսկ հայրենիքի գաղափարով եւ տենչով ծնած- մեծցած Հ.Օ.Մ.ին եւ անոր  նպատակներու  թափանցումին անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի  ժողովրդային խաւերու մէջ, կասկածէ վեր է եւ պիտի նպաստէ,  որ հայրենի բնակչութեան մօտ զարգանայ կամաւոր աշխատանքի մշակոյթը եւ պիտի մղէ երկրի հարուստ խաւը գործնապէս օժանդակելու բարեսիրական ծրագիրներու իրագործման:  «Մօր ու Մանկան» կեդրոնը հրաշալի մէկ օրինակ է, որուն վրայ միութիւնը կրնայ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերել, ի հարկին այլ մանր ծրագիրները դադրեցնելով եւ նմանօրինակ մէկ-երկու այլ ծրագիրներու ձեռնարկելով: Այս շրջագծին մէջ կարելի չէ անտեսել զանգուածային լրատուական միջոցներու ուժը՝ նպատակներու եւ գաղափարներու տարածման ու օժանդակութիւն ապահովելու տեսակէտէն:
Շատ ու շատ բարեսիրական թէ կնոջական միութիւններու շարքին գտնուելով հանդերձ, Հ.Օ.Մ.ը իր զգայնութեամբ ու պատմութեամբ կը զատորոշուի անոնցմէ եւ իր ճառագայթող գործունէութեամբը կը գրաւէ յատուկ տեղ: Ան իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան գործնապէս շալակած է ազգին նեղութիւնները , իսկ ՀՕՄ-ուհիները եղած են ընկերը կարիքաւոր հայ մարդուն, անոր ցաւին ու արցունքին:
Ամէն պարագայի եւ վերջապէս, ՀՕՄ-ի Համահայկականը ժողով մը ըլլալէ անդին ու միաժամանակ,  հարիւր տարիներու բարեսիրական ու կրթական մարզի մէջ  կազմակերպութեան տարած  յաղթանակներուն տօնն է, որուն հպարտութեամբը  կը լեցուին աշխարհի բոլո՜ր ՀՕՄ-ականները՝ յանձնառու ըլլալով վերանորոգ  տեսլականով  աշխատանքի նոր շրջանի:


Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան

------------------------------------------------------------

Ազգային մեր ներուժէն պարպուող երկիր

Երբ մարդիկ կը սկսին ցած ձայնով խօսիլ, կամ բոլորովին լռել կամ ստել ընկերութիւններէն ներս ծագած հարցերու մասին, յայտնի է թէ ողբերգութիւն մը կը կատարուի...
Հայկական ընկերութիւնը լուռ չմնաց Հայաստանէն արտերկիր մեկնող անհատներու կամ ընտանիքներու հսկայ թիւերուն կապակցութեամբ: Սկիզբէն ահազանգեց, սկիզբէն անդրադարձաւ աղէտի չափանիշներու հասնող զանգուածային մեկնումներուն առիթով:  Մի քանի առիթներով հրապարակուեցան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի տուեալները, թիւեր բացայայտուեցան իրավիճակը յստակօրէն պարզելու նպատակով: Վերջերս անգամ մը եւս նոր տուեալներ հրապարակուեցան, ուր յայտնի կը դառնար, թէ տարուայ առաջին կիսամեակին Հայաստանէն 458.000 մարդ մեկնած է արտերկիր եւ վերադարձած ընդամէնը 369.000: Այսինքն վեց ամսուայ մէջ 89.000 չէ վերադարձած: Տարեկան այս հաշիւը 178.000 մարդ կþենթադրէ, իսկ առանձին կը ձգեմ կատարէք վերջին 12-15 տարիներու ընդհանուր հաշուառումը...
Տաս օր առաջ էր, որ արդար հպարտութեամբ եւ ուրախութեան անխառն զգացումներով համայն հայութիւնը տօնեց հայրենիքի անկախացման 20-ամեայ թուականը: Իրական մեծ նուաճում, շօշափելի յոյս ներշնչող  ցնցիչ փաստ. մեր հայրենիքի 20ամեայ դժուարին ճանապարհը արագընթաց  դէպի առջեւ միայն կÿուղղուի, մեծագոյն ձեռքբերումներ յաջողցնելով: Ո՞վ պիտի վայելէ այս նուաճումները, ո՞վ պիտի հպարտանայ եւ խրախուսուի եթէ ոչ ինքնին Հայաստանի քաղաքացին, իշխանութիւնը, մտաւորականութիւնը, լման հայ ազգի   զաւակները:
Այս բոլոր ձեռքբերումներով հանդերձ, մեր ազգային ներուժէն պարպուող երկրի իրավիճակը, միայն ցաւ եւ հիասթափութիւն կրնայ յառաջացնել: Որովհետեւ պարպումը միայն թուային չէ, այլ որակի, ստեղծագործական ոգիի, ընտանիքներու պարպում է միաժամանակ, հայկական աւանդական ընկերութեան բարքերու խախտումին առաջնորդող երեւոյթներով:
Հայկական ընկերութիւնը նոր երեւոյթներու առջեւ կը գտնուի: Դէպի Ռուսաստան զանգուածաբար արտագաղթող այր մարդոց մեկնումը, նոր պատկեր մը յառաջացուցած է հայրենիքի գաւառային շրջաններուն մէջ: Կան գիւղեր ուր ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կիներէ կը բաղկանայ: Կիները արտերը կը մշակեն, կիները փոքրիկներուն կը հոգան, կիները մանկավարժներ կը դառնան, կիները ընտանիքի գլուխը կÿանցնին, առօրեայ հոգերը բոլորովին իրենց վրայ վերցնելով: Նոյն պահուն, ընտանիքի տէր այր մարդուն բացակացութեան  մէջ՝ հաւանական երկրորդ ընտանիքի մը սպառնալիքին տակ ապրելով... Քիչ չեն պարագաները, ուր  Ռուսաստան մեկնած տղամարդիկ, այլ ընտանիքներ կազմեցին, օտարութեան պայմաններուն մէջ:
Կնոջական տիպարներ միայն ունեցող փոքրիկ այս ընկերութիւններուն մէջ, երիտասարդ աղջիկներու նոր սերունդը, դէմ յանդիման կուգայ այլ տեսակի դժուարութիւններով: Ամուսնութեան տարիքի հասած ըլլալով հանդերձ՝ կարելի չէ պսակներ ունենալ, երբ անորոշութիւնը կը թալանէ երիտասարդները, կամ աւելի պարզ՝ երիտասարդ տղամարդ չկայ շրջանին մէջ: Հետեւանքները հասկնալի են. պսակ չկայ, ընտանիք չկայ, փոքրիկներ չկան, իսկ մեկնումի կարգը անխուսափելիօրէն կուգայ երիտասարդ աղջնակներուն, որոնք բարձրագոյն ուսումի եւ մասնագիտութեան ընդմէջէն կը փորձեն ուժեղ միաւորը դառնալ հայկական նոյն այս ընկերութեան, որ պարտի պաշտպանել իր բոլոր քաղաքացիները, հոգատար ու արդար ըլլալով անոնց հանդէպ:
Զարգացող մեր երկրին մէջ չի բաւեր երեւոյթներ մատնանշել, կամ մարդոց հայրենասիրական ու ազգային զգացումներուն յենուիլ միայն: Հոգատար ու արդար ընկերութիւնը, իր պարտադրած ուղիներով՝ անաչառ հայրենիքի միակ  երաշխիքն է:


Հռիփսիմէ Յարութիւնեան

-------------------------------------

Կամաւոր աշխատանքի ուժը

Ըսուած է արդէն ձանձրացուցիչ դառնալու աստիճան թէ մերօրեայ ընկերային պայմաններուն տակ, ուր կը տիրէ կեանքի ճնշող կշռոյթը եւ շուկայի օրէնքներու անտարբերութիւնը, մարդասիրութեան իմաստը դժբախտաբար մէկ կողմ դրուած է եւ կամաւոր աշխատանքը եւս որպէս մարդասիրական արտայայտութիւն տակաւ առ տակաւ այլասեռած է, թէ իր դրսեւորումներուն մէջ, թէ ալ իր պարունակութեամբ:
Կամաւոր աշխատանքի արժէքը տուեալ է: Կամաւոր աշխատանքը արժէք է եւ սէր մարդու եւ կեանքի նկատմամբ, այն ուղին է որ կÿառաջնորդէ խղճամիտ քաղաքացիի մը կազմաւորման:
Ինչի՞ պէտք ունի սակայն անձ մը որպէսզի լծուի կամաւոր աշխատանքի՝ տալու տրամադրութենէն անդին: Կամաւոր աշխատանքի էութիւնը իրականութեան մէջ բարդ է: Անոր նախապայմանները սէրն են, մարդկային զգացումները եւ նուիրաբերելու պահանջը: Բաւարա՞ր են սակայն ասոնք: Կարեւոր խնդիր մը հետեւողականութիւնն է: Հետեւողականութիւն ուրիշներու նկատմամբ, բայց նաեւ ամէն ոք իր անձին նկատմամբ:
Կամաւոր աշխատանքի դրսեւորումը կը նախատեսէ ժամանակի տրամադրութիւն, անվճար աշխատանքի ներդրում, որուն նպատակն է մարդու բարօրութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքի մը եւ ընկերութեան մը ընդհանրապէս բարօրութիւնը: Չի սահմանափակուիր անշահախնդիր ընկերային մատուցման մը սահմաններէն ներս, այլ առընչուած է բացառիկ արժէքներով դրոշմուած կեանքի մը կեցւածքին, որ իր կարգին յենուած է ազատ կամքի եւ լրիւ անշահախնդրութեան վրայ:
Կամաւոր աշխատանքը նիւթական վարձատրութիւն չունի: Անոր կը տրամադրես ժամանակդ առանց որեւէ ակնկալութեան.  տալու եւ առնելու փոխադարձ յարաբերութիւն մը չէ, տիրող տնտեսական իմաստաներու եւ յարաբերութիւններու իմաստով: Կուտամ ուրախութիւն, յարաբերութիւն, գիտելիք, սէր, դաստիարակութիւն: Կը ստանամ գործելու կարողականութիւն, պատասխանատուութիւններ եւ նախաձեռնութիւններ կը ստանձնեմ, փորձառութիւն ձեռք կը ձգեմ, կը քաջալերուիմ, ընկերային խիղճ կը կազմաւորեմ ու կը զարգացնեմ կարողութիւններս:
Կամաւոր աշխատանքը չի բխիր պարտաւորութենէ կամ ստիպողական ճնշումներէ: Կախեալ է մի միայն անձի մը տալու փափաքէն: Ու ճիշդ որովհետեւ  միակ մղիչ ուժը կամաւոր կամքն է, գիտակից ընտրանքը եւ պատասխանատուութիւններու նկատմամբ հետեւողականութիւնը՝ յաջող կամաւորի մը ամէնակարեւոր յատկանիշները կը կազմեն: Պատասխանատու կեցուածքը հեռու կը պահէ եսակեդրոն ու եսասիրական զգացումները, որոնք բնականաբար որեւէ կապ չունին կամաւոր աշխատանքի էութեան հետ:
Մեր ժամանակներուն, կամաւոր կազմակերպութիւններու աշխուժացումը արդիւնք է աւելի ու աւելի բարդ ընկերային, տնտեսական ու կենսոլորտային խնդիրները գոհացուցիչ կերպով դիմագրաւելու պետութեանց անկարողութեան: Կամաւոր աշխատանքը կուգայ լրացնելու հանրային գործը: Չկայ պետութիւն որ կրնայ յաջողապէս զարգանալ առանց կամաւորներու ներդրումին:
Ինչ կը վերաբերի աշխարհացրիւ հայկական գաղութներուն, կամաւորական շարժման աշխուժացումը հրամայական է, քանի գաղութներու գոյատեւումը եւ բարգաւաճումը կախեալ են հիմնականօրէն գաղութներու կամաւորներէն: Բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ երիտասարդներու մասնակցութիւնը կամաւորական կազմակերպութիւններուն, քանի խանդավառութենէն եւ հսկայ ներուժէն անդին, երիտասարդները ստեղծագործ գաղափարներու եւ նոր հեռանկարներու դռները կրնան բանալ: Հարցը երիտասարդներուն կողմէ տրամադրութեան պակասը չէ: Երիտասարդներու մեծամասնութիւնը կը փափաքի գործօն դերակատարութիւն ստանձնել, երբ անշուշտ իրենց  կարողութիւնները յարգանքի կÿարժանանան ու համապատասխան նեցուկը կը ստանան: Իրենց կողմէ, երիտասարդները պէտք է հասկնան թէ կամաւոր աշխատանքի էութիւնը տուեալ նպատակի մը համար տրամադրուած ժամանակէն անդին կÿերթայ: Կամաւոր աշխատանքը նոր հնարաւորութիւններու առիթ է ու կը նպաստէ բոլորին: Կամաւորը կուտայ ու կը ստանայ այն բոլոր բարիքները որ կը բխին իր աշխատանքէն. կը ստանայ իր կարողութիւններու եւ դիւրազգացութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնը, նոր կարողութիւններ մշակելու առիթը, ինչպէս նաեւ իր ապագային հետ կապուած գործիքներ, մինչ մաս կազմելով մարդկային ուժական ամբողջութեան մը՝ նուիրաբերումի եւ ստեղծագործ աշխատանքի գոհունակութիւնը կը ստանայ:
Հետեւեալ կէտերը կը յատկանշեն կամա-ւոր աշխատանքէն բխող բարերար արդիւնքները՝
*Տարբեր ու այլազան նկարագրի տէր մարդոց հետ գործակցելու կարողութիւն.
*Փափկանկատութեան ու դիւանագիտութեան գործածութիւն.
*Այլոց տեսակէտներու եւ գաղափարներու յարգանք.
*Տեղեկութիւններ փոխանցելու ճշգրտութիւն եւ յստակութիւն.
*Փոխ վստահութեան յարաբերութիւններու զարգացում.
*Պարտականութիւններու համադրումը կատարելու կարողութիւն.
*Ուրիշներ եւս դրդելու եւ խրախուսելու կարողութիւն.
*Գրաւոր ու բերանացի յարաբերութիւններու եւ որոշումներու կայացման սատարող ինքնավստահութիւն.
*Տարբեր կազմակերպութիւններու հետ յաջող յարաբերութիւններ ստեղծելու եւ պահպանելու տաղանդ.
*Նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու կարողութիւն.
*Երեւակայութեան եւ ստեղծագործ մտածողութեան գործածութիւն.
*Նախահաշիւներ մատակարարելու ձեռընհասութիւն.
Հետեւաբար կամաւոր աշխատանքը զարգացման սատարող հոլովոյթ մըն է: Կը զօրացնէ ընկերային, հաղորդակցական եւ արհեստավարժութեան հետ կապուած կարողութիւնները, մինչ կը ստեղծէ նաեւ նոր կարողութիւններ:
Եթէ նկատի ունենանք որ կամաւորը որեւէ տարիքի, տնտեսական կացութեան եւ գիտելիքներու ամբողջութեան պատկանող անձ մըն է, կրնանք դիւրաւ հաստատել թէ բոլորս կարող ենք կամաւոր աշխատանքի թեկնածուներ դառնալ: Ոեւէ անհատ կը տրամադրէ բազմաթիւ հոգեկան ու մտային կարողութիւններ՝ ստեղծագործ ուրախ ու բաւարարութիւն պատճառող կեանք մը ապահովելու համար: Այլ խօսքով կեանք մը՝ լի ներքին գոհունակութեամբ: Ուրիշներու տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը, հոգեբանական նեցուկը, գիտելիքները, ժամանակը եւ սէրը կը ծառայէ մեր իսկ կեանքի որակին բարելաւման նպատակին: Կամաւորը ընտրանք մըն է որ կÿընէ ոչ միայն ուրիշներու այլ նաեւ իր անձին համար: Իր իսկ կեանքը կÿիմաստաւորուի ու տարբեր բովանդակութիւն կը ստանայ կամաւոր աշխատանքի ճամբով: Այս իմաստով բոլորս պէտք է ու կրնանք կամաւորներ դառնալ, քանի բոլորս սիրելու կարողութիւնը ունինք մեր հոգիներէն ներս:

Ալիս Ֆարաճեան


------------------------------------------------------


Կիներու Կեանքի Շրջագիծը

Իրենց տարիքի հանգրուաններուն համեմատ, կիները կ՛ունենան եւ կ՛արտայայտեն տարբեր վարուելակերպեր, մտածումներ ու զգացումներ: Ասիկա կը պատահի այն  պատճառով որ իւրաքանչիւր կին, իր կեանքի տարբեր փուլերուն մէջ, դէմ յանդիման կը գտնուի տարբեր եղելութիւններու ու այսպէս փոփոխութեան կÿենթարկուին իր առաջնահերթութիւնները:
Կեանքի  շրջագծին մէջ հանգրուանները հետեւեալներն են.- արբունքի վերջին տարիները (մինչեւ այն ժամանակ կը կազմաւորուի անհատականութիւնը), 20, 30, 40, եւ 50 տարեկանի տասնամեակները ու վերջապէս անկէ յետոյ: Ինչպէս արդէն կ՛ենթադրէք, աւելի վար գրուածները չեն ներառներ բոլոր կիները եւ ոչ ալ ի զօրու են բոլորին համար:
Եկէք ծանօթանանք իւրաքանչիւր հանգրուանի համար որոշ եղելութիւններու, որոնք կÿազդեն կնոջ հոգեբանութեան վրայ:

Արբունքի վերջին տարիները.-

Աղջիկները կը ստանան հետզհետէ աւելի մեծ ինքնորոշում (աւելի ուշ տուն վերադառնալու, իրենց տան շրջավայրէն առանց հսկողութեան հեռանալու արտօնութիւն-իրաւունքը կ՛ունենան), կը ստանձնեն նոր դերեր, կÿուսանին, կամ կը մտնեն աշխատանքի ասպարէզ (որ իրենց կÿապահովէ այնքան սպասուած ինքնորոշումը) եւ իրենց ապագային համար առաջին որոշումները կÿառնեն: Երեք հիմնական հարցերը որոնց մասին կոչուած են որոշումներ կայացնելու, ուսումը, ասպարէզը եւ սիրահարութիւնն են: Միաժամանակ, աղջիկները արբունքի վերջին տարիներուն կը փնտռեն իրենց ինքնութիւնը (փոփոխութեան ենթարկելով իրենց զգեստաւորումը-style, պաշտամունքի առարկաները-կուռքերը եւ վարուելակերպը), կը փորձեն իրենց սահմանները (ինչպէս օրինակ որքան քանակութեան խմիչք¬ կրնան սպառել), մինչ  ամէն վայրկեան կը հակադրուին տիրող կացութեան:

20-30ի տասնամեակը.-

Մեծ թիւով երիտասարդուհիներ կը յաճախեն համալսարան (շատ անգամ հեռանալով իրենց ընտանեկան բոյնէն աւելի մեծ ինքնավարութիւն ստանալով): Ընդհանրապէս համալսարան իրենց մուտքը կ՛ըլլայ առանց ասպարէզի կողմնորոշումի նախապատրաստութեան եւ ասիկա հետեւանք կ՛ունենայ որ ուսումի իրական առարկան տարբերի ակնկալուածէն: Այս տասնամեակին կը նետուին առաջին անգամ ըլլալով աշխատանքի ասպարէզ ու կը համակերպին աշխատանքային հասարակարգին: Երիտասարդ կիները կը փնտռեն նաեւ սիրոյ ընկերակից մը իրենց զանազան պէտքերը գոհացնելու համար, ինչպէս՝ ընտանիքի կազմութիւնը, ընկերային-տնտեսական պէտքեր, ընկերակցութիւն: Կը սկսին այլեւս կատարել «այն ինչ որ պէտք է» եւ «կը կառուցեն իրենց ապագան» (մինչ նախորդ տասնամեակին կÿատէին այս նախադասութիւնները) տեսնելով թէ հաւանաբար իրականութիւնը կը տարբերի իրենց երազներէն:

30-40ի տասնամեակը.-

Եթէ առաջին գործը չի գոհացուց կիներու երազներն ու փառասիրութիւնները ընդհանրապէս անոնք կը փոխեն իրենց դիրքը, աշխատած ընկերութիւնը կամ նոյնիսկ գործունէութեան ճիւղ: Աշխատանքի յաւելեալ պահանջները կը ստիպեն վերադառնալու դարձեալ ուսումին, ընդլայնելու համար իրենց գիտելիքները: Ինչ կը վերաբերի իրենց անձնական կեանքին, մեծ կարեւորութիւն կուտան իրենց ընտանեկան գործունէութիւններուն: Ընկերակիցի ընտրութենէն ետք, կը ստեղծուի մենաշնորհեալ կապ մը որ շատ անգամ կը յանգի ամուսնութեան:
Ընդհանրապէս ամուսնութենէն ետք շատ կիներ կը զրկուին իրենց ազատ ժամերէն ու անձնական կեանքէն: Կը դնեն կարգ ու կայունութիւն իրենց կեանքին մէջ եւ երկարաժամկէտ թիրախներ կÿունենան: Զոյգերը կը բախտաւորուին երեխաներով ու այս ձեւով նոր դասաւորումներ տեղի կÿունենան իրենց յարաբերութեան մէջ: Երկուքը կ՛ըլլան երեք եւ շատ անգամ ուրախութիւններուն կողքին ի յայտ կուգան լուրջ խանգարումներ: Նոր անդամի զարգացումը մեծ չափով կախեալ է հարցերու լուծման եղանակէն: Զգացումներու փոխանակութիւնները որոնք կը ստեղծուին այս ժամանակաշրջանին վճռականապէս կը սահմանեն ընտանիքի ընթացքը յաջորդ հանգրուաններուն: Այս տասնամեակի վերջաւորութեան շատ կիներ անհանգիստ ու անապահով կը սկսին ըլլալ որ երիտասարդութիւնը անվերադարձ  կը մեկնի:

40-50ի տասնամեակը.-

Այս տասնամեակին կիները եթէ գոհ չեն իրենց աշխատանքէն կը ջանան այլ ասպարէզի հետեւիլ իրականացնելու համար իրենց փառասիրութիւնները կամ երազները: Անոնք որոնք կը զբաղին տնային աշխատանքով ու իրենց երեխաներու հոգատարութեամբ կը սկսին աշխատիլ, նկատելով թէ երեխաները իրենց մնայուն օգնութեան կարիքը չÿունին: Երբ զաւակները սկսին անկախանալ ու կապ հաստատել ընտանիքէն զատ այլ անձերու հետ եւս ու սկսին զգացականօրէն աստիճանաբար հեռանալ ծնողներէն, անոնց միջեւ կը ստեղծուին բրոպլեմներ որովհետեւ ի յայտ կուգայ ծնողներու ենթարկուածութիւնը երեխաներէն, ինչպէս նաեւ երեխաներու դերը ընտանեկան ներդաշնակութեան պահպանման մէջ: Արբունքը կը վերածուի ընտանեկան տագնապի: Կիները կը սկսին մտահոգուիլ ծերութեան առաջին նշաններու յայտնութեամբ:

50-60ի տասնամեակը.-

Այս հանգրուանին կը վայելեն իրենց հեղինակութիւնը աշխատանքի միջավայրին մէջ կամ պարտաւոր են ընդունելու աւելի փոքր թիրախներ իրենց կեանքին մէջ: Այն պարագային որ չեն իրականացած իրենց աշխատանքային փառասիրութիւնները, շատ անգամ տարակուսանքներու եւ ինքզինք մեղքնալու զգացումներ կÿունենան: Կիները ամբողջականօրէն հասուն են, որոշ ձեւով լուծած են իրենց տնտեսական, աշխատանքային եւ ընտանեկան հարցերը: Իրենց զաւակները կÿուսանին կամ կÿաշխատին եւ կամ հաւանաբար կազմած են ընտանիք: Առաջին թոռնիկները մուտք կը գործեն իրենց կեանքին մէջ ու սկիզբ մը կը դրուի երկրորդ ընտանեկան կեանքի մը որու ընթացքին ուրախ կÿըլլան թոռնիկներու ծնունդէն, ներկայութենէն, առանց այն լարուածութեան, պատասխանատուութեան ու մտահոգութեան զգացումներուն որ ունէին երբ կը մեծցնէին իրենց զաւակները: Կեանքի այս հանգրուանը կարելի է որ խանգարուի հիւանդութիւններէ, մահերէ, զաւակներուն դիմագրաւած դժուարութիւններէ, կամ եթէ նախորդ հանգրուաններէն խնդիրներ չեն յաղթահարուած հարթ ձեւով կարելի է ձախողութեան զգացումներ ունենալ:

Թոշակի ժամանակաշրջան.-

Այս շրջանի յատկանիշը աստիճանական յետս կոչումն է գործունեայ հասարակական եւ աշխատանքային կեանքէն, որը իր գագաթնակէտին կը հասնի թոշակառութեամբ: Կիները չունին այլեւս պատասխանատուութիւններ: Ունին ազատ ժամեր եւ կարող են զբաղիլ իրենց նախասիրած ստեղծագործութիւններով: Կը տեսնեն իրենց թոռնիկներու մեծացումը, դարձեալ կÿապրին ընտանեկան կեանք իրենց հետ եւ կը ստեղծեն համահաւասար կապ իրենց զաւակներուն հետ, քանի անոնք եւս հասուն տարիքի հասած են: Կը մտահոգուին եթէ թողած են իրենց դրոշմը այս աշխարհին վրայ ու կը փափաքին «արժանավայել» ծերութիւն ունենալ: Այս ժամանակաշրջանը կը շարունակուի մինչեւ կեանքի վերջը:

Հոգեբան  Մարի Ճանիկեան
Յունարենէ թարգմանեց Եղիս Ղեւոնդեան

----------------------------------------------


ՀՕՄի 100ամեայ Գործունէութեան
Նուիրուած Յուշարձան Երեւանի Մէջ

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի 6 Հոկտեմբերի կէսօրուայ ժամը 12ին, Երեւանի Կոմիտասի այգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հայ եւ օտար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ականներ:
Յուշարձանը կը ներկայացնէ հայ կինը, որ իր թեւերուն մէջ կը համախմբէ հայրենիքի եւ արտերկրի հայութիւնը, որոնք կռունկներու տեսքով կը ներկայանան եւ իրենց շրջանակաձեւ թռիչքով կը պատկերեն հայ ժողովուրդի միասնութիւնն ու մէկ ամբողջութիւն ըլլալու իրողութիւնը: Յուշարձանի հեղինակը հայրենի արուեստագէտ Գէորգ Գէորգեանն է:
«ՀՕՄ-ի յուշարձանը աւելիով պիտի խորացնէ մեր արմատները հայրենի հողին մէջ», յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի-Աղաւնի Մինասեան: «Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ ծառայած է ՀՕՄ-ը արդէն աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր իր մարդասիրական ծառայութիւններով ի մի բերած է հայրենի եւ սփիւռքահայ զանգուածները: Այդ պատկերը լաւագոյնս կը ցոլայ կռունկները իր թեւերուն մէջ համախմբած հայ կնոջ կերպարին մէջ, որ կանգնած է այսօր մեր դիմաց», եզրափակեց ան: Իր կարգին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններուն, որոնք ստանձնած էին Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի արձանի կանգնեցման ծախսերը: «Մեծապէս երախտապարտ ենք Պասմաճեան ընտանիքին, որ անկախ տարիներու ընթացքին ՀՕՄ-ին կատարած իր նուիրատուութիւններէն ու բազմամեայ կամաւոր ծառայութենէն, սիրայօժար կերպով ստանձնեց արձանի կանգնեցման բոլոր ծախսերը: Մեր բառամթերքով կը փափաքիմ Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններուն ըսել՝ ձեր վարձքը կատա՛ր», ըսաւ Մարաշլեան:
Մէկ դար առաջ հիմնադրուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը հայ կանացի հնագոյն եւ ամէնէն տարածուն կազմակերպութիւնն է: Ներկայիս 27 երկիրներու մէջ գործող եւ աւելի քան 15 հազար անդամ ունեցող միութիւնը սկսած է գործել 1910-ին՝ Նիւ Եորքի մէջ, եւ մէկ դար շարունակ ծառայած է հայ ժողովուրդի ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ դաստիարակչական կարիքներուն: 1987-էն ի վեր ՀՕՄը անդամ է ՄԱԿի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին:


--------------------------------------------------

Յիշատակելի թուականներ ՀՕՄ-ի հարիւրամեայ կեանքէն

1910: Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան) կը հիմնէ Հ.Յ.Դ. Կարմիր Խաչը:
1915: Մայիս 30-31ին կը գումարուի կազմակերպութեան Ա. Պատգամաւորական Ժողովը:
1915-1919: Կը գործադրուի Կովկասի կռիւներու վիրաւորուած կամաւորներու դեղօրայքի եւ հագուստեղէնի առաքման ծրագիրը:
1921: Հայ Կարմիր Խաչը կը մասնակցի Միջազգային Կարմիր Խաչի 10-րդ Համագումարին, Ժընեւի մէջ:
1921: Հայ Կարմիր Խաչը օժանդակութիւն կը յատկացնէ Փետրուարեան Ապստամբութենէն ետք Ատրպատական ապաստանած 10.000 հայ տարագիրներու:
1924: Նիւթական օժանդակութիւն տարագիրներու Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի համար:
1926: Կը սկսի թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու տուներէն որբահաւաքի աշխատանքը՝ «Մէկ որբ, մէկ ոսկի» նշանաբանով:
1926-1928: Օգնութիւն Շիրակի երկրաշարժի աղէտեալներուն:
1928: Կը կազմակերպուի արծուիկներու շարժումը:
1930: Կը հիմնուի Հալէպի Պատսպարանը:
1930: Կը հաստատուի «Պուտ մը կաթ»ի ձեռնարկը եւ կը հիմնուի կազդուրման կայանը կարիքաւոր մանուկներու համար:
1939: Լոյս կը տեսնէ Միութեան սեփական օրկան՝ «Հայ Սիրտ» պարբերաթերթը:
1942: Կը սկսի «Պնակ մը կերակուր»ի ծրագիրը:
1946: «Հայ Կարմիր Խաչ» անունը կը փոխուի «Հայ Օգնութեան Միութիւն»ի:
1946: Նիւթական օժանդակութիւն Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի:
1946: ՀՕՄ-ը կը մասնակցի ANCHA-ի միջոցաւ հազարաւոր տարագիրներու Ամերիկա փոխադրութեան:
1948: Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ՀՕՄ-ը հանգանակութեան կը ձեռնարկէ Լիբանանի Համազգայինի ճեմարանին համար, եւ կը գոյացնէ 127.000 տոլար:
1950: Բ. Աշխարհամարտի աղէտեալներու եւ տարագիրներու օգնութեան համար, ՀՕՄ-ը կը յատկացնէ 278.000 տոլար:
1953: ՀՕՄ-ը օգնութեան կը փութայ Երուսաղէմի աղէտեալներուն:
1954: Հանգանակութիւն Լիբանանի ճեմարանին համար. այս անգամ կը գոյացնէ 140.000 տոլար:
1954: Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը կÿունենայ իր սեփական ճամբարը Պէլֆոնթէնի մէջ:
1963: Պ. Այրէսի Խրիմեան վարժարանի «ՀՕՄ-ի Տիարպէքիրեան» մանկապարտէզի բացում:
1970: ՀՕՄ-ը սերտօրէն կը սկսի գործակցիլ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) հետ:
1975: Հարաւային Ամերիկայի շրջանը, Պ. Այրէսի մէջ կը հիմնէ «Օ. Պօտուրեան-Օ. Տիարպէքիրեան» Հանգստեան Տունը:
1976: Կը բացուի ԼՕԽ-ի (Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ) հայկական ձեռարուեստի աշխատանոցը:
1981: Կը հիմնուի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնը Լիբանանի մէջ:
1983: Կը հիմնուի ՀՕՄ-ի «Սամուէլ եւ Աղաւնի Երեմեան» Համալսարանական Կրթաթոշակը:
1984: Կը սկսի գործել ՍՕԽ-ի (Սուրիոյ Օգնութեան Խաչ) Հալէպի Ընկերաբժշկական Կեդրոնը եւ ձեռագործներու աշխատանոցը:
1987: Կը ձեռնարկուի ՀՕՄ-ի Պատանիներու Փոխանակման Ծրագիր:
1988: ՀՕՄ-ը անմիջական օգնութիւն կը յատկացնէ Ղարաբաղի (50.000 տոլար): Հարաւային Ամերիկայի շրջանը կը մասնակցի CAMPRA-ի միջոցաւ (Հայաստանի եւ Արցախի Օգնութեան Յանձնախումբ):
1988: ՀՕՄ-ը զօրաշարժի կÿենթարկէ իր աշխարհասփիւռ միաւորները, օգնութեան հասնելու Հայաստանի երկրաշարժի աղէտեալներուն:
1989: ՀՕՄ-ի առաջին պատուիրակութիւնը կը մեկնի Հայաստան:
1990: Կը հիմնուի Սան Փապլոյի Հանգստեան Տունը:
1991: Կը բացուի ՀՕՄ-ի «Նիկոլ Աղբալեան» դպրոցը, Ախուրեանի շրջանը:
1992: Կը սկսի Որբերու Խնամակալութեան Ծրագիրը:
1994: Կը սկսի «ՀՕՄ-ի Օր» սննդեղէնի Ծրագիրը, Հայաստանի մանկատուներու եւ գիշերօթիկներու մէջ:
1997: Կը բացուի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոնը», այժմ նաեւ ծննդատուն:
1998: Կը սկսին հիմնուիլ Արցախի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզները, որոնց թիւը կը հասնի 13-ի:
Սօսէ Մայրիկին աճիւնները կը փոխադրուին Եգիպտոսէն՝ Մայր Հայրենիք:
2001: Կը հիմնուի Ջաւախքի օժանդակութեան յանձնախումբը, որ մինչեւ օրս յատկացուցած է 250.000 տոլարէն աւելի կրթական, առողջապահական եւ մշակութային ծրագիրներու: Սոյն ծրագրի մաս կը կազմեն Ախալքալաքի ՀՕՄ-ի Ախտաճանաչման Կեդրոնը եւ Ջաւախքի 16 հայաբնակ գիւղերու մէջ ՀՕՄ-ի շտապ եւ նախնական օգնութեան կեդրոններ:
2006: Կը սկսի գործադրուիլ Հայաստանի եւ Արցախի «Լաւագոյն Ուսանող» Ծրագիրը:
2010: ՀՕՄ-ը կը բոլորէ իր առաջին 100-ամեակը: