Print
Category: Յօդուածագրութիւն

21րդ դարու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմաց, հայ կնոջ հանդէպ ամէն օր նոր էջ մը կը բացուի՝ հայ կեանքի ազգային-հասարակական գործունէութեան ընդգրկուն շրջագծի մը տարբեր մարզերու ընդմէջէն: 

Ընդհանրական իմաստով հայ կնոջ պատմութիւնը առօրեայ գիրքերու եւ տետրակներու մէջ չի գրուիր, չի դասաւանդուիր, թէեւ սկզբունքային իմաստով ան ներկայ է՝ հո՛ն ուր հայ ժողովուրդը ներկայ է. ժողովուրդի հասցէն իր հարազատ հասցէն է, քանի ան, նոյնի՛նքն հայութեան սրտամօտիկ հասցէն է:
ՀՕՄը, Հայ Կապոյտ Խաչը, մեր ընկերուհիները, աւելի լայն ու բացատրելի իմաստով Հայ Կինը՝ մեր ազգային խղճի ամէնադիպուկ բնորոշումով շատ աւելի բան բերաւ հայրենակական թէ սփիւռքեան տարտղնուած հայ կեանքին, քան ինչ որ պարտական էր իրեն, քան ինչ որ կÿակնկալուէր իրմէ: Իր համընդհանուր գործունէութեան ճամբով ալ հայ կեանքին մէջ դրոշմուած իր բազմաշերտ պատմութիւնը ստեղծեց. իր անունի արժանի՛ պատմութիւնը:
Հայ Կապոյտ Խաչի պատմութեան տոմարը լեցուն է երեւելի թէ աներեւոյթ նուիրումի ու ծառայութեան օրինակներով: Ի դէպ, ան անիրականանալի խոստումներ չտուաւ առանց զանոնք յարգելու, կամ յարգել տալու: Արտակարգ զգայնութեամբ ընտրեց, ճշդեց ու որդեգրեց ազգածառայութեան համապարփակ թիրախներ, որ նոյնինքն մեր տառապած ժողովուրդի դաժան ճակատագրէն, վարքէն ու ապրումներէն կը բխէին. իսկ ազգատոհմային մեր երկար ճանապարհի հետեւողութեամբ՝ իտէալապաշտական ընդգրկուն դաշտին մէջ մշակեց ու գործադրեց գաղափարական քաղաքականութիւն, որ իր ճարտար ձեռքերով ու մտքի անսահման ուժով հիւսուած էր մարդկային նուիրաբերումի ու մատուցումի անսայթաք սկզբունքներուն վրայ:
Հայ Կապոյտ Խաչը իր գործունէութեան բնորոշիչ պատկերին գիտակից ճանաչումը ունեցաւ միշտ ու ամէն պարագայի, քանի իր խորհրդանշական պատկերը սոսկ իմաստով ցուցադրականօրէն հրապարակուած պատկեր մը չէր, եւ չէ՛ եղած երբեք, այլ մանաւանդ ու մասնաւորապէս անկեղծ ծառայութեան, անսակարկ ընծայումի, ի հարկին՝ առանց ոսկեթոյր թէ արծաթապատ շրջանակի արգասաբեր դաշտ մը եղաւ: Եւ այդ առաջադրանքով ալ, այդ պատկերին հանդէպ կաշկանդուած, այլ հրապուրիչ կապուածութիւն մը պահպանեց մէկ սկիզբէն, մինչեւ վերջ:
Խոստովանինք, եւ այս իմաստներուն վրայէն այսպէս հապճեպ ու անցողակի չանցնինք: Այս արժէքները ուրիշ լեզուով դժուար կը թարգմանուին, դժուար կը մեկնաբանուին, դժուար ալ կÿիւրացուին:
Հայ Կապոյտ Խաչի յարատեւումը իր իսկ ներդաշնակօրէն միաւորուած գոյութեան մէջ կը կայանայ: Խաչուհիները աւելորդ չեն խօսիր, կամ շատ քիչ կը խօսին այդ մասին, քանի իսկական ծառայութեան առաքելութեան դերով հրապարակին վրայ գտնուողները իրենց գործին մասին յոխորտանքով չեն խօսիր: Չեն խօսիր նաեւ համեստութեամբ: Անոնք իրենց վարարող բարեգործութեան մենակատարն են եւ ամբողջական իմաստով ալ անոր մատուցանող դերակատարն են: Ահա՛, հոս կը կայանայ արդէն այդ ինքնանուէր իմաստին խոնարհութեան ու համեստութեան արժէքը:
Հ. Կ. Խաչը, աւելի լայն խորհուրդով ՀՕՄը՝ կապուած է նախ եւ առաջ իր ներկային, բայց տեւաբար կը նայի դէպի ապագայ: Լրջօրէն կը մտահոգուի արտաշխարհի հայու ու հայութեան ապագայով:
Ճիշդ է, հարիւր տարիէ աւելի Արտերկրի թէ հայրենասիրական տեսլականներով տոգորուած կուսակցութիւններ պահեցին ու պահպանեցին Սփիւռքը, բայց ՀՕՄը զուգընթացօրէն պահպանեց ուրիշ բան մը. պահպանեց հայութեան խի՜ղճը, հայկական հաւատարմագրուած արժէքներուն հանդէպ իրապաշտ տեսաբանութեան մը երկիւղածութեամբ, բաժնեկից դառնալով հայու ստեղծագործ կեանքին շուրջ ծառայութեան մագնիսական դաշտ մը ստեղծելով եւ այդ դաշտը ազգասիրականօրէն ժողովրդանուէր համբաւի մը վերածելով:
Այսպէս թէ այնպէս՝ իր շուրջ գտնուող միութենականներն ու հասարակութիւնը գինովցուց, բայց ինք չգինովցաւ այդ համբաւով, քանի ցուցամոլական համբաւի տեսադաշտը երբեք չհետաքրքրեց զինք, ոչ ալ իր առաջնահերթութիւններուն մաս կազմեց:
Հայ կեանքին մէջ իր բազմակողմանի դերակատարութիւնը՝ պարզ ըսած, խորհրդանշական հանգրուան մը չեղաւ միայն: Ասացուածքային սովորական արտայայտչականութեամբ ու բարոյագիտական ընդունուած արժէքներու չափանիշներէն անդին, խաչուհին՝ հայ կեանքի բոլոր դերակատարները անմիջական համագործակից համարեց եւ դուռ չգոցեց ոեւէ մէկուն առջեւ, որեւէ բանի դիմաց: Աւելին՝ կերտեց յորդող զգացապաշտութեան նոր մշակոյթ, մշակոյթի նոր դպրոց, առաջնահերթութեան կարգով իբրեւ հիմնական թիրախ ունենալով ՄԱՐԴԸ, քանի հայ մարդը իր գերամեծար միակ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ եղաւ: Հայրենիք՝ իր նուիրեալ հերոսներով ու հերոսուհիներով. անոնք՝ որոնք ներշնչեցին մեր հաւատաւոր յաջորդական սերունդները հայեցի ծառայութեան տարբեր մարզերուն մօտենալով ներշնչուած ապրումով եւ իմացական գոյապաշտութեան մը տեսլականի երախտիքով:
ՀՕՄի եւ ՀՕՄուհիի սերտ դաշնակիցը իր անվիճելի գաղափարները եղան. սկիզբէն ու շարունակաբար՝ պատասխանատու գիտակցութեամբ անտեղիտալիօրէն ծառայեց միայն ու միայն տեսլապաշտ արժէքներու, անոնց հետ զուգահեռ քայլ պահելով հայ կեանքի նախատեսելի թէ աննախատեսելի եղափոխութիւններուն ու հոլովոյթին, հոն եւս, եւ ի հարկին պատշաճելով ու պատշաճեցնելով ժամանակի յարափոփոխ ձեւաւորումներուն թէ ձեւազեղծումներուն: Հետեւողականութեամբ ըրաւ այս բոլորը իր խորքային սկզբունքներուն մէջ զգաստօրէն պահպանելով միութենական ներդաշնակութիւնը ի՛ր եւ ի՛ր անդամներուն միջեւ:
Սկիզբին՝ բնական պահանջով թիրախ ունեցաւ իր բազմաբնոյթ նկարագրին բիւրեղացումը: Աւելի վերջ այդ բիւրեղացումը հանգրուանաբար վերածեց մարդակեդրոն իրապաշտական ուղեցոյցի մը, որ հետք դրոշմեց իր անցած բոլոր խորտուբորտ ճանապարհներէն: Տասնամեակներ վերջ՝ իր անդուլ գոյութիւնն ու գործունէութիւնը փաստելու կարիք չզգաց. իր ներդրումին վաստակը անայլայլ կերպով արձանագրուած է հայ կեանքի պատմութեան ու մեր ժողովուրդի խղճին մէջ:
ՀՕՄը, ՀՕՄուհին, մեր ընկերուհիները ապրեցան մեր կեանքի յաջորդական ցաւերով: Յաճախ այդ ցաւը առանձինն ապրելով, առանձինն ալ յաղթահարելով շատ մը բաներ, չյիշատակելու համար հայ կեանքի վերջին տասնամեակներուն հայաստանեան կարգ մը վարչախումբերու մենիշխանական վերաբերումներ, որոնք վիրաւոր կը դարձնեն մեր ժամանակակից պատմութեան եւ յետ խորհրդային օրերու քաղաքականօրէն հիասթափեցնող, աւելին՝ ապաշնորհ հաշիւներու վրայ հիմնուած որոշումներ ու դիրքաւորումներ:
ՀՕՄը վճարեց իր նախընտրութեան ու ուղղամիտ դատողութեան գինը: Ազգային գաղափարը անգամ մը եւս գերակշռեց իր մօտ, ինչ որ աւելի բարձրացուց հայ ժողովուրդի հասարակական արժէքներու հաւատացող գիտակցութեան ու ազգային-քաղաքական տրամաբանութեան ընտելա- ցումը մեր գօտեմարտի աւանդները դրժող տրամաբանութեանց ու տրամադրութեանց դէմ:
Որովհետեւ ՀՕՄը տեսնել ու լսել գիտցաւ, տեսնել ու լռել, տեսնել ու չլռել գիտցաւ, բայց մանաւանդ՝ տեսնել, լսել, դատել, պոռթկալ ու ըմբոստանալ գիտցաւ:
Ամէն պարագայի, ՀՕՄը իր գորովագութ գիրկը լայն բացաւ եւ անոր հիւրամեծար բոյնին մէջ պատսպարեց՝ առանց գաղափարական խտրութեան բոլորին ու բոլորին: Անսահմա՜նօրէն:
Ամբողջ կեանք մը մեր ազգի զաւակները իրենց բոլոր հատուածներով վայլեցին հայ կնոջ պաշտպանութեան ու խնամքին ներկայութիւնը: Կ'երեւի, թէ հայ կինը ամէն խոչընդոտի դիմանալու, ամէն դժուարութիւն դիմագրաւելու անսահման կարողութիւն մը ունի: Պարզապէս, երբեմն չի գիտեր թէ այդպէս է: Կամ ալ՝ համեստութեան պատճառով չÿուզեր դրսեւորել սեփական գիտակցութեան ցուցադրական արտայայտութիւնը, այդ փափաքները թողելով անոնց՝ որոնք առանց ցուցամոլական կիրքի չեն կրնան ապրիլ: Ան նախընտրեց մնալ հայ կեանքի աներեւոյթ ձեռքը, լեզուն, միտքը, աներեւոյթ խիղճն ու սիրտը:
Եւ այսպէս՝ հայ կեանքը, մեր բոլորիս կեանքը շարունակեց կարեւոր եւ անկարեւոր բաներով խճողուած իր երթը: Մէկ բանը բերաւ միւսը. միւսը բերաւ հինին յաջորդող նորը, ու դեռ անորոշ գալիքը:
ՀՕՄը հայրենի թէ սփիւռքի կազմաւորուած ժողովրդանուէր այն քիչ կառոյցներէն եղաւ, որ չդաւաճանեց իր սկզբունքներուն, իր պատմական հիմնադրութենէն մինչեւ մեր անկիւնադարձային այսօրը, եւ բնութագրուած թէ տարաբնոյթ հայ կեանքի բնականոն թէ անբնական երեւոյթներուն ու կացութիւններու հեւքը:
Կ'ըսենք այս, քանի մեր շուրջ վըխտացող կազմակերպութիւններ, եւ չեմ գիտեր դեռ ինչ՝ անյստակ դերով ծպտուած կառոյցներ կը տեսնենք, որոնք մէկ օր կը ծնին, կարճ ժամանակի մէջ քաշքշող ու քաշքշուող թափթփուկի մը վերածուելու համար, առհասարակ ներքին թէ արտաքին ժխտումի թէ ինքնաժխտումի արահետներուն մէջ տատանելով, եւ որոնք անյստակօրէն ու ձեւականօրէն կը փորձեն քայլ պահել գաղութային մեր կեանքի վազքին մէջ:
ՀՕՄը եւ ՀՕՄուհին նման են իրենց բիւրեղեայ նկարագրին ու նկարին: Այդ նկարի պատկերացումի խորհուրդը միայն առաւելութիւն չէ. առաքինութի՛ւն է: Եւ այդ խորհուրդի հետեւողութեամբ՝ հայրենիքի խորհուրդն ալ փոխադրեց իր հետ, ո՛ւր որ գնաց, ո՛ւր որ կրցաւ երթալ, ո՛ւր որ կրցաւ երթալ ու հասնիլ. այսինքն՝ քիչ մը ամէն տեղ: Իրեն համար հայրենիքը աշխարհագրական սոսկ դիրք մը չեղաւ բառին նեղ իմաստով. ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր հայրենիքը քաջատոհմիկ անցեալ է՝ պատմութեան ու գաղափարի տեսլականի դրսեւորումին ընդմէջէն:
Չյոգնեցաւ, նոյնիսկ երբ մեր օրերու հայրենասիրութիւնը, մարդասիրութիւնը թէ նուիրումը շատերու տեսակ մը ձանձրոյթ կը պատճառէ: Ինք՝ նուիրումի ու կամաւորութեան դերերէն զատ ու անկէ աւելի անդին, ուրիշ դերեր չփնտռեց, ուրիշ դերերու մէջ ներմուծուելու կարիքը չզգաց: Այնուամենայնիւ, պէտք չունէր այդ դերերուն եւ այդ իմաստով ալ քիչ մը հեռուէն, քիչ մը բարեհաճ դիմադրականութեամբ դիտեց զանոնք: Ինք իր ճակատագիրը կապեց հայութեան համայնակուլ վիշտին ու դարձաւ հայ ազգի պատմութեան կենդանի օրինակը. վաղ ժամանակներէն դարձաւ չկազմաւորուած գաղթական ու տարագիր մեր թափառական զանգուածներու կազմաւորուած անհատականութիւնն ու սփոփիչ մայրը:
ՀՕՄի մեր աստանդական հայը հաստատ ու ներդաշնակ վստահութիւն մը գտաւ: Տարտղնուած բազմահազար հայութեան խլեակներուն մօտ այս առաքելութեամբ ճանչցուեցաւ, առաքելութեան մարդկային գերագոյն բնոյթով ու բնութեամբ: Մանաւանդ, բնութագրուած նկարագրով: Մտաւոր ու հոգեւոր վերաբերումներու բաշխուող արժէքով: Զօրակցեցաւ ուղեկերոյս մարդոց, այն մարդոցմէ, որ անուղղափառօրէն շահագործել ուզեցին մարդուն անձկութիւնը, մորմոքը եւ տառապանքը:
Հայը սիրած է ՀՕՄը, իսկ գաղթական հայը պաշտած է զայն, քանի ան բոլորին իր բնատուր մարդազոհողութիւնը ներշնչեց: Սորվեցուց որ մարդը անկենդան մարմին չէ, այլ միտք, խիղճ, գաղափար է, որ համապատասխան առողջ ու իրար սեղմած հաւաքականութիւններուն մէջ կազմաւորուելով կրնայ աշխարհատարած դերակատարութիւն ունենալ, ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ աշխարհին մէջ, բարոյական պատասխանատուութեան բարձր ու բարձրագոյն չափանիշներ առաջադրելով:
Եւ այս բովով՝ անդամ կամ ոչ, խաչուհիին մօտ գտան այդ մէկը եւ երբեւէ առանձին չզգացին, առանձին չմնացին:
ՀՕՄը, ՀՕՄուհին, Հայ Կապոյտ Խաչը անվերապահօրէն կը պատկանին իրենց ներկայ ժամանակին, քանի ամէն ժամանակի մէջ, քանի ամէն ժամանակի հետ, անոնք կրցան նորոգուիլ ու նորոգել, ազգային աւանդութիւններու սրբազան ծէսով ու գիտցան ու կրցան մկրտուիլ ու վերամկրտուիլ: Ուզեցին հայութիւնն ու հայը կազմել ու կազմաւորել իրենց նման անբեկանելի գաղափարներուն ու առաքելութեան: Ապրեցան հայ կեանքի անցեալն ու ներկան, ծրագրեցին ապագան, բայց վերադարձան ներկային, որպէսզի տեսնեն եւ լսեն ապագան:
Հայ կնոջ կամաւորներու բանակը վերջ գտած չէ. կամաւորութեան աղբիւրը ցամքած չէ, այնքան ատեն որ հայ վարժարան կայ, գաղթական հայ կայ, քաղաքացիական պատերազմներու պատճառով երէկ Լիբանան, Քուէյթ, Իրաք, Պարսկաստան, Քեսապ ու Սուրիա եւ դեռ Հայաստան ու Արցախ: Վերջ գտած չէ, այնքան ատեն որ ձուլում կայ, չլուծուած պահանջատիրութիւն ու Հայ Դատ կայ, միացեալ ամբողջական Հայաստանի ինքնութեան ու ինքնորոշման երազ կայ:
Հայ Կապոյտ Խաչի այսօրուան օրը, իր հիմնադրութեան 90ամեակի տօնակատարութեան յոբելենական պարտականութիւն մը չէ միայն: Երեւակայացէք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ նուիրեալ մարդիկ համախմբուած չըլլային աշխարհատարած կանացի այս կազմակերպութեան գաղափարին շուրջ: Գաղափարները միայն գրականութեան, կամ հերոսական վէպերուն մէջ չկան: Կան ու գերազանցօրէն կը գոյատեւեն մանաւանդ, մեր առօրեայ կեանքին մէջ, քանի մեր առօրեան վէպ մըն է գաղափարական պատմուճանով, սպառազինուած զրահով, պատեանով ու սուրով:
Ճշմարտութեան համար ըսենք, թէ յեղափոխութիւնն ալ մաս կը կազմէ ՀՕՄի կերպաւորուած գաղափարաբանութեան, քանի երբ հարկ զգացուած է ազգային յեղափոխական տեսլականը ոռոգած է իր անդամներուն եւ իր անդամներու ճամբով գործով ու կացութեան թելադրած անհաշտ համեմատութիւններու պարագծով:
Ուստի, ՀՕՄի գործը միայն ազգասիրական գաղափարները չէին, այլ իսկութեան մէջ գաղափարներու անվերջ յեղափոխութիւն մը: Յեղափոխութիւն՝ որմէ չշեղեցաւ ոչ ՀՕՄը, ոչ ալ ՀՕՄուհին, իբրեւ հայուհի ու մայր, անդամուհի թէ կամաւոր, որ իր զաւակը նուիրաբերել գիտէ հայ ազգի ազատութեան ու անկախութեան զոհասեղանին:
Ամէն միութիւն, հայ կեանքի մէջ ձեւակերպուած դերակատարութիւն մը վերցուցած է: Հայ Կապոյտ Խաչը իր ստանձնած կրթադաստիարակչական ու խնամատարական աւելի քան կարեւոր դերակատարութիւնը պիտի հասցնէ իր աւարտին: Աւելի քան վստահ ըլլանք:
90ամեակը, 90ամեակի վերջը չէ: Թերեւս նոր սկիզբ է: Ձեռներեց, ձեռնհաս ու անվհատ պայքարի մը երախտագիտութեամբ:
Հայ Կապոյտ Խաչը իր տեսլականին վրայ իրաւունք կը պահպանէ:

Յովսէփ Պարազեան