«Եթէ Ցեղասպանութիւն Եղած Ըլլար,
Թուրքիոյ Մէջ Այժմ Հայեր Չէին Ըլլար»
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկեան «Փի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյց մը տալով հերքած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նոր ...հնարամտութեամբ մը հանդէս եկած է, երբ պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ կարելի՞ է արդեօք, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Էրտողան ըսած է.
«Կարելի չէ, որովհետեւ եթէ ցեղասպանութիւն եղած ըլլար, Թուրքիոյ մէջ բնակող հայեր չէին ըլլար: Սակայն Թուրքիոյ մէջ հայեր կան»:
Այս յայտարարութիւնը եկաւ յաջորդելու Էրտողանի 23 Ապրիլին հրապարակած այն յայտարարութեան՝ թէ կը ցաւակցի 1915-ի ընթացքին սպաննուած հայերու ժառանգորդներուն եւ հանգստութիւն կը մաղթէ զոհերու հոգիներուն...
Քննելով Էրտողանի իրերայաջորդ երկու յայտարարութիւնները՝ 23 Ապրիլի իր «ցաւակցութիւնը», ապա հարցազրոյցին ընդմէջէն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, ըստ իրեն՝ «անառարկելի այն փաստով» թէ ...Թուրքիոյ մէջ հայեր կþապրին, ուրեմն կարելի չէ անոնք Ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլան, շեշտակիօրէն կը տեսնենք տարիներ շարունակ կիրարկուող ուրացման քաղաքականութեան մէկ այլ երեսը, որ նոր շարադրում կը կրէ՝ յարմարեցում փնտռելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին։
Այս յարմարեցուած տարբերակն է, որու ընդմէջէն Թուրքիա որոշած է խոչընդոտել արդարութեան հասնելու հայութեան համաշխարհային ճիգը, 11 ամիս յետոյ նշուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին պատճառով։
Թուրքիա առանձին չէ իր ճիգին մէջ։ Կը տեսնենք Թուրքիոյ դաշնակից երկիրներու հեւքը, երբ ԱՄՆի եւ Եւրոպայի կողմէ Էրտողան դրական կեցուածքներու կþարժանանայ իր «ցաւակցութեան» համար։ Նոյն դիրքը կþորդեգրէ դժբախտաբար յունական մամուլը, որ գո- վասանքներով լեցուն գրութիւններ կը հրապարակէ եւ ցնցիչ խորագրերով ու «առաջին անգամ ըլլալով Էրտողան ցաւակցութիւն կը յայտնէ հայերուն» վերտառութիւններ կը գործածէ։ Ճիշդ նոյն խօսքերն են, որ կը հնչեն թուրք պետական պաշտօնատարներու շրթներէն, որոնք «առաջընթաց» կը բնորոշեն վարչապետի յայտարարութիւնը եւ արձագանգումի կը սպասեն հայութեան կողմէ։ Ըստ «Թըտէյզ Զամանի» հաղորդման, Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պեշիր Աթալայը Ուաշինկթընի մէջ խօսելով լրագրողներուն, յայտնած է թէ Թուրքիա կþակնկալէ որ Միացեալ Նահանգներ, միջազգային հանրութիւն, Հայաստան եւ հայկական Սփիւռք պիտի ընդունին Թուրքիոյ ուղերձը։ Ան կէս-բերան յայտնած է նաեւ թէ Թուրքիա հետագայ քայլերու ալ պիտի դիմէ, բայց նախ կը սպասէ լսել միջազգային ընտանիքի եւ յատ- կապէս հայութեան արձագանգը։
Թուրքիոյ կողմէ յառաջ քշուող հաշտեցման պատրուակը, որ միջազգային ընտանիքի ճնշումով հասաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումին, լայն ձեւով պիտի օգտագործուի թրքական պետութեան կողմէ, փորձելով ստեղծել այն տպաւորութիւնը թէ նման գործընթաց կայ։ Այսպիսի սպառնալիքներու դէմ պէտք է կանգնի հայութիւնը, իր ուժերը լարելով եւ արդարութեան հասնելու իր քայլերը համակարգելով, որպէսզի համայն աշխարհին ցոյց տրուի Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը։
Հ.