Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Թարգմանչաց տօն է այս Շաբաթ օր: Տօնը հայ մշակոյթի: Տօնը նաեւ հայ գրի եւ դպրութեան:
Թարգմանչաց տօնը տօնն է Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի եւ անոնց աշակերտութենէն ծնած երէց եւ կրտսեր թարգմանիչներու, որոնք իրենց անմաշելի վաստակով յաւերժ պիտի ապրին մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքի պատմութեան մէջ:


Ամէն Հոկտեմբերի, Սփիւռքեան հայաշատ գօտիներէ ներս, զանազան հանդիսութիւններով եւ աշխարհիկ թէ հոգեւոր տօնախմբութիւններով կը նշուի Հացեկացի զաւակ, Օշականի վսեմական վարդապետին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր գործակիցներուն այն անգնահատելի իրագործումը, որ ծանօթ է այբուբենի աստ- ւածահրաշ գիւտով եւ Ե. դարու գրական եւ մատենագրական հարուստ վաստակով:
Այս ոգեկոչումներու առիթով, յաճախ կÿանդրադառնանք ու կը շեշտենք, որ ժամանակին մէջ ու ժամանակը անդրանցնող այս լուսաշող դէմքերը ումպ մը ջուրով գիշերներ լուսցուցին ու մոմի պէս վառուեցան լուսաւորելու համար հայոց աշխարհը ու իրենց այդ բոցավառումին մէջ սպառեցան: Անոնք այդ տքնութեամբ լուսաւորեցին հայ միտքը, գեղակերտեցին հայ գիրը, նորափետուր զարդարեցին հայ խօսքը եւ հրաշակերտեցին հայ լեզուն:
Այս բոլորը շատ լաւ: Բայց մենք ի՞նչ կÿընենք ու ի՞նչ ըրած ենք այսօր: Ո՞ւր են այդ նշումները մեր գաղութէն ներս: Մեզմէ քանի՞ հոգի կը փորձէ մասնակից դառնալ նման հանդիսութիւններու, եթէ կան, եւ ի՞նչ համեմատութեամբ տեղեակ կը մնանք «Օր»ուան մը իմաստին ու գոյութեան ու կը զգանք մղումը ներկայ ըլլալու հաւաքական ոգեկոչումներու:
Չենք խօսիր մշակութային գործօններու մասին, որոնց պարտականութիւնն է անկասկած տարին գոնէ մէկ օր, հրապարակային պատշաճ հաւաքոյթներով, մշակութային ոգեկոչումներու վայել լրջութեամբ ու արժէքով կարենան իր իմաստին տանիլ Թարգմանչաց տօնը, ապրում ու շարժում ստեղծելու, պանծացնելու մանաւանդ Ոսկեդարու թարգմանական, մատենագրական, իմաստասիրական եւ այլ մարզերու իրագործումները, որոնցմով յաճախ կը հպարտանանք բայց մեր անտարբերութեամբ անոնց գոյութիւնը կը փորձենք անգիտանալ:
Ծրագրուած ու մշակուած ոչ մէկ աշխատանք կը կատարուի այս ուղղութեամբ: Ժամանակին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ Վարդանանց տօնակատարութիւն մը տեղի կÿունենար, այդ ալ մոռացութեան գիրկը ինկաւ: Ոեւէ մէկը յանդգնութիւնը չունեցաւ վերակենդանացնելու ու Վարդանանց տօնախմբութիւնը անցաւ պատմութեան: Ցաւօք սրտի, յատկապէս նիւթական ապահովելու մտածումէն առաջնորդուած ճաշկերոյթի համախմբումներն են որ գոհացում կուտան մերօրեայ մարդուն: Մշակոյթի մասին մտածող չկայ, որովհետեւ մշակոյթը փոր չի կշտացներ: Եթէ կային քանի մը հոգիներ որոնք ոտքի կը պահէին այդ ոգեկոչումները, անոնք ալ չկան այսօր: Ժամանակը մոռացութեան գիրկը նետեց զանոնք:
Խորապէս կը գիտակցինք անշուշտ անվերապահ նուիրումին ու զոհողութեան բոլոր անոնց, որոնք հակառակ կեանքի դժնդակ հարկադրանքներուն եւ հեւասպառ առօրեայի զուգահեռ, ճիգ կÿընեն բան մը փոխելու ու կը շարունակեն դաւանիլ մշակութային գերիշխանութեան ըմբռնումին ու կը փորձեն ջուրը պատէն վեր հանել եւ իրենց կապն ու գործնական հետաքրքրութիւնը անխզելի կը դարձնեն հայութեան իմացական ճիգերուն հետ:
Մշակոյթի օրուան նուիրականութեան դէմ մեղանչա՞ծ կÿըլլանք արդեօք եթէ ըսենք, որ մտաւորական տարրի բացակայութեան պատճառով է որ մշակութային գիտակցութիւնը սկսած է աստիճանաբար մոռացութեան մատնուիլ ազգային ապասեռումի զառիթափերուն վրայ...:
Ընդունինք կամ ոչ, դժբախտաբար մշակոյթի ամբողջական էութիւնն ու ծարաւը ըմբռնող մարդոց բացակայութիւնն է մեր մեծագոյն մտահոգութիւնը այսօր: Մակերեսային, տափակ, երբեմն նոյնիսկ անմակարդակ մշակութային ձեռնարկները բան մը չեն աւելցներ մշակութային մեր հարուստ ժառանգութեան էութեան վրայ: Անոնք ժամանակաւոր ու անցողակի նշումներ են, որոնք անկասկած դատապարտուած են յաջորդ օրն իսկ մոռացութեան մատնուելու:
Կը հաւատանք, որ գործնական հետաքրքրութեան ճամբով միայն կարելի է ամլութեան չդատապարտել մշակութային մեր արժէքները ու իր իմաստին տանիլ ամէն մէկ տօնակատարութիւն:
Կռնակ դարձնելը արժանիք չէ: Լիիրաւ արժանիքը առողջ կեցուածքն է, մնալով կոչումի բարձրութեան արժանի մարդը իր բոլոր կարողութիւներով, եթէ կÿուզենք որ հայութեան մշակութային անդաստանը անջրդի ու խոպան չմնայ:
Աշակերտական գրասեղաններէն սորված ենք անշուշտ, որ Թարգմանչաց տօնը սովորական տօն մը չէ, այլապէս տեղ պիտի չունենար մեր օրացոյցին մէջ, այլ եկեղեցական եւ ազգային տօն է միանգամայն: Մեր ժողովուրդի գոյութեան գրաւականն է ան, առանց որուն անդիմագիծ համրանքի վերածուած պիտի ըլլայինք ու մեր գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ պիտի դառնար:
Թարգմանչաց տօնը մեր ժողովուրդը կենդանի ու առողջ պահող ու մշակութային մեր արժէքները դէպի յաւերժութիւն առաջնորդող լուսաւոր ուղին է:
Փա՜ռք ու յաւերժ յարգանք մշակոյթի երախտաւորներուն:

 

Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեան