«Կանանց իւղաբեր կանթեղ մշտարթուն.
ցօղեց ու ցոլաց հայ ցաւին վրայ»
Ո՞ւր փնտռել «ամենայն հայոց ցաւի բալասան» դարձած գաղտնիքը, կամ «հայու բուժակ բարերար տիկնանց փափկասուններու անձնուրացման գուպարը ազգաշէն»։
Ո՞րն է այդ գերագոյն պատիւներուն առաջնորդող լուսեղէն ճանապարհը, կածանը։
Հայկ Նահապետէն սկսեալ՝ հայը քալած է պատմութեան ուղիղ ճանապարհներէն, մախաղին մէջ՝ խաղաղութեան ձիթենիի ճիւղը, մարդասիրութեան նշխար, նկանակը, մէջքին՝ արդարութեան ադամանդաշող սուրը՝ թուր կեծակին։
Հայ Կապոյտ Խաչի՝
Սիրտը՝ բարի ու առատ, Շիրակայ դաշտ.
Ձեռքերը՝ շնորհաբաշխ, Արաքս ու Սեւան.
Միտքը՝ լոյսի խորան, Սանահին, Հաղբատ.
Քսաներորդ դարու սեմէն ի վեր, բովանդակ հայութեան տարածքին՝ Հայ Կապոյտ Խաչը այսպէ՛ս է ճանչցուած, խանդավառ այս հայու տիպարով, հայութեան միս ու արիւն տուած «քառաթեւ ու աննահանջ գործքով»։
Երկու գեղեցկութիւններ՝ հայն ու հայու բարեմասնութիւնները՝ իր գոյութեան ոգեւորութիւն, կեանքի իմաստ դարձուցած՝ զանոնք իրենց ժամանակին հետ ապրեցուցած եւ այդ ժամանակէն անդին՝ յաւերժութեան «անպատագիծ սահմանէն՝ Աւարայր, Արարայէն մինչեւ հիւսիս, հարաւ հասցուցած է «ցոլքն ու ցօղը» հայ ցաւին վրայ։
Իր Սրբութեան Սրբոցը՝, իր մեծ անձնուրացման պայքարն է ազգաշէն։
Իր ապրելու գերագոյն իմաստը՝ հայ ժողովուրդի ազատ լինելութիւնը։
Հայուն ցաւը ի՛ր ալ ցաւն է, հայուն ուրախութիւնը՝ ի՛ր ալ ուրախութիւնը։
Կապոյտ Խաչի ընկրկումի պահերը շատ քիչ են եղած. մասնակի տեղատուութիւններէ ետք կը դառնար ամբողջական մակնթացութիւն, որովհետեւ հայը ցաւի բեռան տակ ընկճուած, անողնայար ստրուկ չէ։
Հայկէն մինչեւ Սերոբ աղբիւրն ու Անդրանիկը՝ ամենամեծ ազգերուն պատիւ բերող հերոսներ ծնած ազգ է հայոց ազգը, պայքարունակ, ազատութեան համար, մահը աներկիւղ դիմադրող «կամքի, հաւատքի անսասան կոթող», «լոյսի սերմնացան» է, նոյնիսկ թշնամիի՛ն եղբայրասիրաբար ձեռք երկարող վեհապանծ դիւցազունն է։
Հայու միացող վէրքերուն հրաշաբոյժ բալասանը կը կապէ, միաժամանակ ջրդեղելով անոր գոյատեւելու կամքը։
Յոյս, կորով կը ներշնչէ ու զայն դէպի յաղթական ապագան կþառաջնորդէ՝ նոր ու հզօր հայրենիքի մը տիրանալու հեռանկարով։
Հայ լեզուի, հայ գիրի ու գրքի, հայ մշակոյթի մեծ ու պզտիկ բոլոր սպասարկուներու պաշտպանութեան, ծաղկումին ու բարօրութեան ի խնդիր՝ զօրաշարժի ենթարկեց իր ուժերը յաճախ։
Երկիւղածութեամբ մնայուն ոտք դրաւ հայ դպրոցի շեմին ու պայքարեցաւ հայ ուսուցիչի նիւթական բարելաւման համար։
Կանգնեցաւ ազգային գետնի վրայ, երբ առիթը տրուեցաւ իրեն՝ Սովետ Միութեան փլուզումէն ետք, խորասուզեց արմատները հայրենի հողին մէջ եւս, հայ ժողովուրդի սրտին ընդերքը ու ապա բարձրանալով, ծառանալով, ճիւղաւորուած կաղնիի պէս կոթողուեցաւ։
Այս էր հաւատամքը Հայ Կապոյտ Խաչի։
Իննիսուն տարիներ ետք կեանքի նոր հորիզոններ փնտռելը անխոհեմութիւն չի նկատուիր։
Հայ Կապոյտ Խաչի կեանքը մինչեւ հիմա իր նաւարկութեան ընթացքին մէկէ աւելի հորիզոններու տակ խարիսխ նետեց, մէկէ աւելի արեւաշող կամ մառախլապատ կղզիներէ անցաւ։
Իննիսուն տարիներու երկարատեւ ու յոգնաջան գործունէութիւնը անպայման չարգիլեր վերստին իր առագաստները պարզելու, ակօսելու համար ալեկոծ ծովերը։
Ինչո՞ւ փոթորիկներուն երկիւղը ունենալ երբ «նպատակդ երբեք տկարութիւն չէ ճանչցած»։
Մեկնումները գեղեցիկ են միշտ, եթէ երազը կը ճաճանչէ տակաւին հոգիներուն խորը։
Համակերպութիւնը հոգեկան ուժ մըն է միշտ, նոյնիսկ եթէ հրուանդանի մը առջեւ նաւը չկարենայ ազատել իր խարիսխը, ծովուն աղի կապանքներէն։
Ժամանակը իր կախարդանքը, իր խորհրդաւոր գաղտնիքները կրնայ ընծայել, ինչպէս նաեւ նոր հորիզոն մը պարգեւել, տարիներէ ի վեր դիզուած մոխիրին մէջ՝, կրակը արծարծելու յոյսը։
Այսօր, մշտադալար դափնեպսակը, Հայ Կապոյտ Խաչի՝ հեզահամբոյր դիւցազնի ճակատին կը վայելէ անպայման։
«Ապրէ՛, ապրեցո՛ւր» ո՜վ Հայ Կապոյտ Խաչ,
«անոքները ամէն, քեզի կը յուսան»։
ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Կ.