Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայ Կապոյտ Խաչը մանկութեանս պատկառելի մայրն էր, երբ ժողովասրահի մը փոքր նախասենեակին մէջ առանձին, տիկիններու ձայներուն կը հետեւէի՝ երեխայի մը երեւակայական ապահով թռիչքներուն յանձնուած: Այդ օրերուն Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը քսանըերկու տարեկան խորհրդաւոր խմբաւորում մըն էր որ արդէն սակայն կը բաժնէր գաղութի երեխաներուն իր անմոռանալի ժպիտը, որ կենդանի է տակաւին յիշատակներուս մէջ:

Յետոյ, երբ Կապոյտ Խաչը կը տօնէր իր երեսուներորդ տարեդարձը, իմացայ որպէս պատանի թէ հայ տիկիններու ձեռքերը միայն մանուկներ ու վիրաւորներ չեն փաղաքշեր այլ գիտեն նաեւ, երբ պահը պահանջէ, հրացաններ վերցնել պայքարելով մանուկներու եւ վիրաւորներու ապագային համար, որպէս մայր ու զինակից:

Անցան տարիները գաղութի դժուարութիւններուն ընդմէջէն, ու որպէս երիտասարդ, հաւատարիմ քոյր մը ունէի կողքիս, երբ այս անգամ ուսանողական թռիչքներ կ՝ երազէի: Երկար տարիներ, հարցականներով բեռնաւորուած. առանձին չէի սակայն, հեռաւոր գուսան մը կար ինծի համար որ ճնշող գիշերներու, լռութեան ու գոյութենական տագնապներու վարագոյրները կը ճեղքէր իր քնքուշ երգով, առանց պախարակելու ձախողութիւններս, առանց շեփորելու գոհացուցիչ ընտրանքներս:
Հայ Կապոյտ Խաչը քառասունըհինգ տարեկան էր երբ վերադարձայ մանկութեանս ափերը, ուր գտայ նոր դէմքեր հին դէմքերու ժպիտով վարակուած: Եւ այսպէս կապոյտ ժպիտը մեծցաւ գաղութի զաւակներուն հետ, ու շարունակեց մեծնալ առանց ծերանալու, որպէս մայր ու զինակից, որպէս քոյր որպէս գուսան, մեր ժողովուրդի աննման աղջիկներու ապահով ձեռքերուն փոխանցելով յաւելեալ կորով ու խանդավառութիւն, մինչեւ օրս, երբ իննիսուն տարեկան հասակին նոյն քնքուշ երգն է որ կ՝ երգէ, մօտիկ թէ հեռաւոր ունկնդիրներու ծարաւը ամոքելու համար:
Տարիները չեն մեր ժողովուրդի պատմական չափանիշը այլ դարերը, եւ այդ է արդէն պատճառը որ միշտ երիտասարդ է հայ ժողովուրդը, իր միութիւններով ու կառոյցներով, տարեդարձէ տարեդարձ, ապրելով ու ապրեցնելով այնպէս ինչպէս ինք միայն գիտէ, խորհրդաւոր բայց միաժամանակ լուսաշող աւանդութիւններու թեւերով եւ յամառ բոցի մը փայլով: Կարկանդակի իննիսուն մոմերը չմարենք. թող դառնան հազարիննիսուն եւ աւելի, միշտ վառ, որովհետեւ չի վերջանար նուիրումի շարունակական ջահավառութիւնը, թող այդ բոցերը ճեղքեն պատմութեան հորիզոնները եւ առանց զոհելու հինը նորին, բոցավառ պողոտայի մը վերածեն ապագային առաջնորդող ուղին:
Այսպէս, ժողովասրահի մը փոքր նախասենեակին մէջ սպասող մանկան մը, թախծոտ աչքերով ծերունիի մը, ցաւէն հիւծած տարաբախտի մը երազները պիտի լուսաւորուին անկասկած, այսօր եւ վաղը, քանի պէտք ունինք երազելու, իսկ երազներուն մարմին տուողը քընքուշ երգն է, որպէս երգ ու բալասան, որ մեր աղջիկներու սրտէն հոսելով կը հասնի ու պիտի հասնի բոլորին, իմաստաւորելով մեր գոյութեան առեղծուածը որ ցաւի ու մահուան դէմ պայքարն է՝ մարդկային արժանապատուութեան սիրոյն դրսեւորուող յարատեւ նուիրումով:

 

Շահան Ֆարաճեան