Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արագութեան այս դարաշրջանին, բոլորս ալ խօլ վազքի բռնուած՝ մեր հեւքին մէջ ժամանակ չենք գտներ երբեմն ետեւ նայելու, յետադարձ ակնարկ մը նետելու համար մեր կտրած ճամբուն վրայ:

Անցեալի փորձառութեան երթալու կամ անցեալը մեզի բերելու որեւէ նախաձեռնութիւն ընդհանրապէս կը նկատենք ժամանակավրէպ մտայնութենէ մնացած սովորութիւն, աւելորդ ճիգ եւ ժամավաճառութիւն: Կ’ապրինք այսօրը: Կ’առաջնորդուինք ներկայի ստիպողութիւններով: Հազիւ կը հասնինք անձնականին, սեփական աշխատանքի պարտաւորութիւններուն, առօրեայ հանգիստի ու քիչ մըն ալ վայելքի մեր առաջնահերթութիւններուն:

Մեր մտածումին առանցքը, ջանքերն ու նպատակները գլխաւորաբար կը կեդրոնանան ներկային վրայ, առանց անդրադառնալու, որ «ներկայ» կոչուած հասկացողութիւնը ասուպային է, գրեթէ գոյութիւն չունի, ակնթարթի մը մէջ «ներկան» կը դառնայ անցեալ: Կը նշանակէ, որ կ’ապրինք անցեալով: Ուրեմն, անձնական թէ հաւաքական կեանքն ալ խորքին մէջ մեր անցեալն է եւ տուեալ պահու մը նետուած ամէն քայլ ու առնուած ամէն նախաձեռնութիւն՝ «անցեալ» դառնալու դատապարտուած ըլլալով հանդերձ, նախասահմանուած է ու նպատակադրուած՝ ապագային համար:
Անցեալը, ներկան ու ապագան բաժանարար գիծեր չունին, միաձոյլ են, մէկ ամբողջութիւն:
Ահա այդ ամբողջութեան, այսինքն անցեալին կատարած, ներկային կատարուող եւ ապագային կատարելիք իր բարեսիրական գործունէութիւնն է, որ Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014ին, Աննա-Մարիա Քալութա սրահին մէջ պիտի տօնէ Յունաստանի ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԸ, որուն անդամուհիները կը պատկանին այն քիչերուն, որոնք անձնականէն անդին, իրենց մտահոգութեանց մէջ ունին հաւաքականութեան, ազգային թէ համայնքային առաջնահերթութիւնները:
Այդ մտահոգութիւններէն ծնաւ ու գործեց, ատոնցմով կ’ապրի ու կը գործէ Հայ Կապոյտ Խաչը, կանացի ուժերու հաւաքագրումով բարեսիրութեան վսեմ նպատակին նուիրուած սքանչելի կազմակերպութիւնը, որու գոյութիւնը ինքնին հպարտութիւն է ոչ միայն իր անդամուհիներուն, այլ իւրաքանչիւր ազգայինի համար:
Այդ օրուան 90-ամեակի հանդիսութեան, առօրեայ հոգերը պիտի մոռնանք եւ խաչեան ընկերուհիներուն հետ առիթը պիտի ունենանք պահ մը ետ երթալու եւ վերյիշելու անցեալի իրագործումները, ապա նաեւ հաւաքական մեր մտածումները պիտի կեդրոնացնենք ներկայի ստիպողութիւններուն վրայ, որոնք մղում ու եռանդ կու տան հայ կնոջ ուժին:
1924-ի օրհնաբեր իր ծնունդէն սկսեալ, ահա 90 տարիներէ ի վեր Հ.Կ.Խաչը միայն բարիք եղաւ մեր գաղութին համար, յաճախ նաեւ իր բարեգործութիւնները տարածեց գաղութէն դուրս: Հոն, ուրկէ սպասում կար եւ ինք հնարաւորութիւնը ունէր օգնութեան ձեռք երկարելու:
Յատկանշական է այն իրողութիւնը, որ ինք գաղթակայաններէ ծնաւ, նոյն գաղթակայաններու հայ զանգուածներուն բալասան ու մխիթարանք դառնալու համար: Այդ օրերու պայմաններուն մէջ հարուստ գրպաններ չկային, որոնց նեցուկին ապաւինէր միութիւնը իր ծրագիրները իրագործելու համար: Ինչպէս այն ատեն, նաեւ հիմա, միակ ապաւէնը եւ ուժի անսպառ աղբիւրը հայ կնոջ սրտի հարստութիւնն է ու հոգիի ազնւութիւնը, որոնք մղում տուին ու կու տան կամաւոր աշխատանքի թափին եւ 90-ամեայ արդիւնաւոր գործունէութեան:
Կամաւոր աշխատանքի աւանդութիւնը մեծ հարստութիւնն է Հ.Կ.Խաչին: Գրաւականը՝ իր յաջողութիւններուն եւ շահած վստահութեան:
Այս հաստատումին վերջնագոյն փաստը երկու շաբաթ առաջ իր սարքած «Սիրոյ Պազար»ն էր, որ ամէն տարի կը կազմակերպէ եւ որուն նախապատրաստութիւնը կը խլէ ամիսներու վրայ երկարող բազմաթիւ խաչուհիներու կամաւոր աշխատանքը:
Գաղութի կարիքներուն թէ բարեսիրական նպատակներուն համար գոյացած հասոյթէն անկախ, այդ օրուան ընդգծելի երեւոյթը, միաժամանակ խրախուսականը այն պատկերն Էր, որ հարիւրէ շատ աւելի երիտասարդ ու երեց խաչուհիներ Ծաղկազարդի ամբողջ Կիրակին, առաւօտէն երեկոյ, միասնաբար եւ ժպտուն՝ եռանդով լծուած էին աշխատանքի, իւրաքանչիւրը իր ստանձնած պարտականութեան վրայ: Պարզուած պատկերին դիմաց եւ օրուան ընթացքին ազգայիններու այցելութեամբ ստեղծուած եռուզեռը տեսնող ամէն հայ անկարելի է, որ հպարտութեան թրթռացում մը ունեցած չըլլայ:
Առանց Հայ Կապոյտ Խաչին հրապոյր պիտի չունենար գաղութը:
Այո՛, ամէն հայու եւ յատկապէս մեր գաղութին հպարտութիւնն է ան:
Այդ հպարտութիւնը վերապրելու առիթը պիտի ունենանք բոլորս՝ Երկուշաբթի 5 Մայիսի երեկոյեան:

Միհրան Քիւրտօղլեան