Print
Category: Յօդուածագրութիւն

...«Ո՜վ հայ սրտերու գորով աղուական
Որուն մենտուհին եղաւ Աղուիթան»

Մեզմէ շատեր, անկասկած, զանազան առիթներով կարդացած կամ երգած են Հ. Կ. Խաչի քայլերգը, որուն բառերն ու եղանակը յօրինած է տաղանդաւոր երաժիշտ ու բազմավաստակ ուսուցիչ Գէորգ Կառվարենց: Բայց վստահ ենք, որ քիչեր անդրադարձած են, որ այդ յօրինումի տողերուն մէջ կայ աղուական անուն մը, որուն մասին շատ քիչ բան գրուած է: Աղուիթան է ատիկա:

Ո՞վ եղած է Աղուիթան, որ հեղինակը իրեն յատուկ տեղ մը վերապահած է քայլերգի առաջին պարբերութեան մէջ:
«Ազգային պատմութեան մէջ տեղ գտած շատ մը դէմքերու կարգին, բարեպաշտուհի կին մը ուշադրութիւնս գրաւած է», կը գրէ երբեմնի պոլսահայ ծանօթ մտաւորական բժիշկներէն Վահրամ Թորգոմեան իր մէկ գրութեան մէջ, զոր տեղ գտած է «Գանձարան» ընթերցարաններուն մէջ եւ ապա կÿաւելցնէ, որ «Աղուիթան իմ իտէալ պաշտելիս եղաւ այն օրէն երբ առաջին անգամ լսեցի աղքատ հիւանդներու համար անոր հիմնած հաստատութեան մասին», որուն ներբողական տողեր նուիրած է նաեւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան իր «Յուշիկ»ներուն մէջ: Մենք մեր տրամադրութեան տակ չունինք Ալիշանի այդ գործը որպէսզի կարենայինք քաղուածքներ կատարել անկէ: Կը բաւարարուինք Թորգոմեանի գրութեամբ եւ այլ քանի մը գրութիւններով, որոնք հանգամանօրէն լոյս կը սփռեն Աղուիթայի անձին եւ ապրած կեանքին վրայ:
Արդարեւ, Երրորդ դարու կիսուն, այսինքն 250 թուականներուն, Սալահունեաց գաւառի Սուրէնաշէն աւանին մէջ, Պարթենից դղեակին մօտ իշխանական ընտանիք մը ապրած է, երեք հոգիէ բաղկացած: Ընտանիքին հօր անունը եղած է Սուրէն, պարթեւական ցեղէ կտրիճ իշխան մը, նախանձախնդիր իր հայրենի կրօնքին: Սուրէն կը սիրէր չաստուածները, ինչպէս Վահագնը, որ քաջութեան չաստուածն էր եւ Աթենասը, որ իմաստութեան դիցուհին էր, որոնց նուիրած էր իր միակ որդին Աթենատորոսը, որը յունարէն կը նշանակէ Աթենասի նուէր:
Սուրէնի կինն էր Աղուիթան: Ծագումով յոյն: Աղուիթա նշանաւոր էր ոչ միայն իր գեղեցկութեամբ այլ նաեւ իր երկիւղածութեամբ եւ աղքատներու հանդէպ ողորմասէր զգացումներով: «Անոր գթասիրական, աղքատախնման գործը, կÿըսէ Վ. Թորգոմեան, զիս իբր բժիշկ այնքան շահագրգռած է, որ յաճախ փորձուած եմ միտիլ անոր անունովը զարդարելու հայ բժշկական պատմութեան անցեալի անփառունակ էջերը»:
Սալահունեաց տան արեւը երջանկաբեր չի մնար սակայն: Աթենատորոս հազիւ պատանութեան շրջանը թեւակոխած, մելամաղձութեան նշաններ կը սկսի ցոյց տալ: Վաղահաս լրջութիւն մը կը խամրի անոր այտերուն վրայ: Ծնողքը կը սկսի մտահոգուիլ: Կսկիծը կը տանջէ մօր սիրտը: Բժշկական մեծամեծ ծախսեր ապարդիւն կը մնան: Կը ծիւրէր պատանին ու կը սիրէր մեկուսացումը եւ խոյս կուտար հաւաքոյթներէ: Նոյնիսկ կուռքերու պաշտամունքներէն չէր ախորժեր:
Աղուիթա գորովագութ մայր մը, կը սիրէր բնութիւնը: Իր զաւկին այս հիւանդութիւնը զինք աւելի կը հեռացնէ աշխարհէն ու բնութեան անաղմուկ ծոցին մէջ, հովասուն ձորակի մը եզերքին շինել կուտայ ագարակ մը, որուն դիմաց կը բխէր աղբիւր մը՝ Արբենուտ անունով, ոչ շատ հեռու Թզագարակ աւանէն որուն մէջ կ'ապրէր ինքն ալ իր զաւկին՝ Թէոտորոսի հետ: Միջանկեալ ըսենք, որ Արբենուտ կամ Սրբենուտ, Բարձր Հայքի մէջ գտնուող այս աղբիւրը, որ նշանաւոր եղած է իր անուշահամ ջուրով, պատմութեան մէջ միայն Աղուիթայի առիթով կը յիշուի:
Աղուիթա իր շինել տուած ագարակին մէջ կը կառուցէ անկելանոց մը, ուր կը պատսպարէ 35 հիւանդներ, որոնցմէ մէկը իր զաւակը կÿըլլայ: Սալահունեաց այս ազ- նուական տիկինը, իր հոգածութեան առարկայ կը դարձնէ այդ հաստատութիւնը, որ ըստ պատմութեան բորոտանոց մը պէտք է եղած ըլլայ: Հալածական ախտաւորներ՝ որոնք Ուրուկներ -բորոտներ- եղած են, Աղուիթա հաւաքած է զանոնք յատուկ ապաստարաններուն մէջ, խնամած է զանոնք եւ անձամբ հսկած է անոնց, առանց քաշուելու վէրքերու աղտեղութիւններէն ու թարախոտ մարմիններու գարշահոտութիւններէն: Շնորհիւ Աղուիթայի է որ ուրկանոցի կամ Բորոտանոցի մտածումը տեղ գտած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մինչ Եւրոպա հազիւ 10րդ դարուն միայն սկսած է ունենալ բորոտներու յատուկ հիւանդանոցներ:
Գթութեան քրոջ մը դերը կատարած է Աղուիթա իր հաւաքած պատսպարեալներուն նկատմամբ: Իր հոգեհատորին թշուառութիւնը իր մէջ կը զօրացնէ գթութեան եւ կարեկցութեան մայրական զգացումը եւ որդեսէր մայրը կը դառնայ մարդասէր կին, թէեւ ոչ քրիստոնեայ բայց քրիստոնէական ոգին է որ կը գործէ իր մէջ ու իրմով:
Աղուիթայի պատսպարեալներուն մէջ կը գտնուի ծագումով յոյն Դասիոս կամ Դասիկ անունով ծերունի մը, որ ոչ միայն քրիստոնէութիւնը ընդունած էր այլ քահանայական ձեռնադրութիւն ալ ստացած էր: Ծերունիի այս գաղտնիքին տեղեակ կ'ըլլան նաեւ Աղուիթա եւ Աթենատորոս: Դասիկ քաջալերուած իշխանուհիին բարեացակամ տրամադրութիւններէն եւ թոյլտուութենէն կը սկսի Աւետարանը քարոզել հիւանդներուն որոնք այդ քարոզութեան մէջ կը գըտնեն թշուառներու բարեկամ ձայնի մը սրտագրաւ արձագանգը: Յիսուս ծանօթ դէմք մըն է այլեւս անոնց համար եւ մխիթարիչ մը: Աթենատորոսի մռայլ հոգին անով կը զուարթանար ու կը զգար, որ Ան բժշկութիւն պիտի շնորհէր իրեն ու այդ նախազգացումը իր մէջ տակաւ առ տակաւ կը դառնար զօրաւոր հաւատք մը ու նոր փոփոխութիւն մը կը տեսնուէր: Սուրէն եւ Աղուիթա ուրախութեամբ կը դիտէին այդ անակնկալ փոփոխութիւնը: Աղուիթա բոլոր անցուդարձերուն իրազեկ ըլլալով հանդերձ կը շարունակէր մասնակցիլ կուռքերու պաշտամունքին եւ տօնական զոհակատարութիւններուն: Աթենատորոս կը խուսափէր մասնակցելէ՝ իր հիւանդութիւնը պատրուակ բռնելով:
Գարնանային օր մը, հայոց Տրդատ թագաւորին բանակը երբ կ'անցնէր Սալահունեաց երկրի սահմանակից՝ Երիզայի դաշտերէն, Սալահունի Սուրէնն ալ կÿըլլայ մէկը այն իշխաններէն որոնք հայոց թագաւորը դիմաւորելու կÿերթան: Բանակին մէջ կը գտնըւի կալանաւոր մը, որ Տրդատի հաւատարիմ պաշտօնեաներէն մէկն էր, որը քրիստոնեայ ըլլալով, մերժած էր թագաւորին հրամանը՝ չաստուածուհի Անահիտի արձանին զոհ մատուցանելու եւ այդ իսկ պատճառով զանազան չարչարանքներէ ետք զինք նետած էին Արտաշատի բերդի մահապարտներու յատուկ Խոր Վիրապին մէջ: Կալանաւորը Սուրէնաշէնէն պիտի անցընէին:
Այդ անծանօթը Դասիկ կը ճանչնայ: Սուրէնի բացակայութիւնը համարձակութիւն կուտայ Դասիկի երթալ տեսնելու մահապարտը ու Աղուիթայի արտօնութեամբ իր հետ առնելով բոլոր ախտաւորները նաեւ Աթենատորոսը կÿերթայ կը մօտենայ Սուրէնաշէնի սահմաններուն եւ հիւանդները կը ձգէ Անոր ոտքերուն առջեւ: Հայոց ապագայ Մեծ Լուսաւորիչը տեսնելով անոնց հաւատքը, կÿօրհնէ ու կը բժշկէ զանոնք: Ծերունի Դասիկ Գրիգորի յանձնառութեամբ կը մկրտէ Աթենատորոսը Արբենուտի ջուրերուն մէջ ու անունը փոխելով զայն կը կոչէ Թէոտորոս, որ կը նշանակէ Աստուածատուր: Այդ օրէն սկսեալ Թէոտորոս կ'ապրի ճշմարիտ քրիստոնեայի կեանք մը:
Թէոտորոս երկար չի կրնար ծածկել իր քրիստոնեայ ըլլալը: Սուրէն վերահասու կ'ըլլայ այս բոլորին: Խրատ, թելադրանք, անօգուտ կ'անցնին: Թէոտորոս օր մը կը ձգէ հայրենի տունը ու կը մեկնի: Աղւիթա արցունքներով կը բաժնուի իր հոգեհատորէն: Սուրէն կը գտնէ իր զաւկին թաքստոցը ու զայն կը սպաննէ, 296 թուին: Թէոտորոս անձնազոհ քրիստոնեայի տիպար մը կը հանդիսանայ իսկ Աղուիթա անձնուիրութեան գեղեցիկ օրինակ մը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:
Ի գիտութիւն յայտնենք, որ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի Հ. Կապոյտ Խաչի մասնաճիւղը կը կրէ «Աղուիթա» անունը:

Գրեց ՎԱՐԱԳ ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(«Ազատ Օր», 2001)

Օգտագործուած աղբիւրներ
1- Արամ Անտոնեան «Գանձարան» բարձրագոյն դասընթացք, Բ. տպագր. Կ. Պոլիս, էջ 240-244, գրատուն Պ. Պալենց, 1920.
2- Մեսրոպ Վարդապետ «Կրօնի գիրք», Տարերք հայ եկեղեցագիտութեան, Դ. տարի, էջ 42-44, տպ. «Սեւան», Պէյրութ, Լիբանան, 1968.
3- Գարեգին Եպիսկ. Տրապիզոնի-Խաչատուրեան «Աշխարհի լոյսն ի հայս», Ա. հատոր, էջ 112-116, տպ. 1936.