Հարիւրամեակի մուտքին, մեկնարկի մը ազդանշանին, թերեւս պէտք մըն է, գէթ հպանցիկ, մեր կտրած ճամբուն արժեւորումը կատարելը, որպէսզի յառաջիկայի ընելիքները իրենց որակով ու բովանդակութեամբ, ծաւալով ու արձագանգումով եւ յաջողութիւններով նուազ հնչեղ չըլլան, քան ինչ որ եղան մինչեւ հիմա ձեռքբերուածները: Որքան դժուար իրագործելի, նոյնքան եւ բնական սպասում մըն է ասիկա:
Շատ խօսուած ու գրուած ըլլալուն, աւելորդ է կրկնել, թէ ինչպէս թիթեղաշէն գաղթակայաններու մէջն իսկ կազմակերպ գաղութներ դարձանք՝ դպրոց-եկեղեցիներով, մամուլ-հրատարակչականներով, մշակութային, միութենական ու կուսակցական աշխուժութիւններով: Կարելի է կտրականապէս ըսել, որ անցնող հարիւր տարիները աննախադէպ փորձառութիւն մը կազմեցին տիտանեան մաքառումներու, որոնց շնորհիւ կրցանք ազգովին վերականգնիլ եւ ազգային մեր արժանաւորութիւնը հաստատել: Առաջին յիսուն տարիները մեզի համար վերյառնումի, եղեռնի կոտտացնող վէրքերը մասամբ մեղմելու շրջան եղան:
Յիսնամեակը սակայն, տարաբնոյթ ու բազմերես ճակատներու վրայ ծովաշարժի (ցունամի) մը ուժգնութեամբ հսկայ ալիքներ յառաջացուց ներազգային կեանքի մէջ եւ միջազգային շահագրգիռ շրջանակներու մօտ: Հայաստանի մէջ, ամբողջատիրական վարչակարգի դժխեմ ու արգելիչ օրէնքները անտեսելու գնով, հայրենի ժողովուրդը հրապարակները ողողեց եւ համայնավարական ժամանակաշրջանի առաջին ու զանգուածային ցոյցով մը հողային պահանջքի քաղաքական իր կամքը արտայայտեց, ինչ որ հետագային յանգեցաւ ազգադրոշմ գրականութեան ծլարձակումին եւ Ծիծեռնակաբերդի կառուցման: Սփիւռքահայութիւնը, իր կարգին, տարագիրի ու սգաւորի հոգեբանութիւնը թօթափած, ինչպէս նաեւ ներհամայնքային ու կուսակցական վէճերը մէկդի դրած՝ նոյնանման զանգուածային ցոյցերով աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան վրայ եւ անոր դատապարտումը պահանջեց: Հետագայ տասնամեակին, «ծովաշարժ»ին ալիքները աստիճանական թափով շարունակուեցան՝ քաղաքական, յարաբերական ու քարոզչական յախուռն նախաձեռնութիւններով, որոնց զուգահեռ զարգացաւ ու ժողովրդականացաւ եւ գործնական արտայայտութիւն ստացաւ մարտական տրամաբանութիւնը, որ էապէս պատմութեան պահանջքն է՝ իբրեւ ազգ արեւուն տակ տեւել կարենալու եւ իրաւունք պաշտպանելու համար: Շնորհիւ համադրուած ու յարատեւ պայքարի եւ իբրեւ դարձակէտ իրագործում՝ յաջողեցանք ապահովել նախ՝ Եւրոխորհրդարանի, ապա՝ տարբեր պետութեանց խորհրդարաններու կողմէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը: Ներկայիս, անվարան կրնանք արձանագրել, որ միջազգային հանրութիւնը ծանօթ է ցեղասպանութեան խնդրին ու մեր Յիսնամեակէն սկիզբ առած քաղաքականացումը միաւորեց ազգը միեւնոյն նպատակին շուրջ, որ հայ դատն է:
Սփիւռքահայութեան վերելքի այս ճամբորդութիւնը հեշտ չեղաւ: Սփիւռքի կենսունակութեան աւիշ ներարկող Միջին Արեւելքի կազմակերպ հայագաղութները (Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Երուսաղէմի, Լիբանանի, Իրաքի, Իրանի...) քանիցս ենթարկուեցան այնպիսի ցնցումներու, որոնց ազդեցութեան տակ անկարելի պիտի համարուէր վերապրումի ճիգերէն անդին՝ քաղաքական այլ նպատակներու հետապնդումը: Սակայն շնորհիւ քաղաքականացած նկարագրին ու խիզախ ոգիին, հայութիւնը ոչ միայն տոկաց, այլեւ հայ դատի պայքարին մէջ արձանագրեց այնպիսի նուաճումներ, որոնց դիմաց՝ իբրեւ մարդ միայն կարելի է զարմանալ ու հիանալ եւ իբրեւ հայ՝ միայն հպարտանալ, աչքի առաջ բերելով եղեռնէն բզկտուած մնացոր- դացին պատկերը, որ աշխարհի քարտէսէն կորսուած, ի՞նչ վիճակ կը ներկա- յացնէր, ո՞ւր կը գտնուէր 100 տարի առաջ, եւ ինչ վիճակի մէջ է ան այսօր, հարիւրամեակ մը վերջ...։
* * *
Անշուշտ 100-ամեակը նոր մեկնարկ մը չէ, ինչպիսին որ յիսնամեակն էր: Բայց անհրաժեշտ է, որ անիկա ըլլայ դարձակէտ մը: Թերեւս դարձակէտ մը կրնայ նկատուիլ, եթէ իբրեւ հասանելի թիրախ՝ ձեռնարկուի համազգային արշաւի մը, գործնական ուղիի մէջ դնելու համար երկու կաթողիկոսներու համատեղ այն յայտարարութիւնը, որով անոնք կը պահանջեն իրաւական տէրերուն վերադարձնել Թուրքիոյ տարածքին անտիրութեան մատնուած մեր եկեղեցիները: Նման արշաւի մը սկսելու նախապայմանը՝ պահանջուած եկեղեցիներուն յստակ ցանկագրումով միջազգային ընտանիքին ներկայանալն է եւ սթրաթէժիի մը մշակումը: Ասիկա ճանաչումէն-հատուցում անցումի իբրեւ առաջին ու նախնական քայլ եւ «անմեղ» պահանջքի իր բնոյթովը հաւանականութիւնն ունի հասկացողութեամբ ընդունուելու եւ բարեացակամութեամբ ընկալուելու ...: Յամենայնդէպս, որեւէ պարագայի, անհրաժեշտ է եւ սպասելի, որ հարիւրամեակը համահունչ ըլլայ մեր յարուցած աղմուկին եւ գերազանցէ տարիներէ ի վեր կրկնուող նախաձեռնութիւններու շրջագիծը: Այլապէս, յուսախաբութեան պիտի մատնուին հայ մարդիկ: Նոյնպէս, պիտի հիասթափուին միջազգային շահագրգիռ շրջանակներ: «Յուսախաբ» պիտի դառնայ նաեւ... նոյնինքն՝ Թուրքիան, որ պետականօրէն պատրաստուած է դէմ դնելու մեր գրոհին:
Յօդուածի այս կէտին հազիւ հասած, արդէն շրջանառութեան մէջ էր հայկական Քեսապի աղէտին լուրը: Կասկած չկայ, որ թրքական իշխանութիւնները երբ սահմանէն Քեսապ խուժելու նեցուկը տուին ահաբեկիչներուն, իրենց հաշիւներուն մէջ ունէին նաեւ հարիւրամեակը, հայութիւնը հարուածելու մտադրութիւնը: Այդ աղէտին ակնարկելով, Մաթիկ Էպլիղաթեան իր մէկ յօդուածին դիպուկ խորագիր մը տուած էր.- « «հարիւրամեակի» թրքական տօնակատարութիւն»: Անհաւանական չէ, որով եւ անակնկալներ չհամարուին, եթէ սկսուած այդ «տօնակատարութիւնը» շարունակուի՝ այլ բիրտ հարուածներով սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ ներս: Անհաւանական չէ նաեւ, յառաջիկայ օրերուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու եւ երկաթուղին գործարկման դնելու խօսակցութիւններուն վերաշխուժացումը:
Մէկ կողմէ սփիւռքի կարողականութիւնը ջլատելու կամ այլ ճակատ մղելու եւ միւս կողմէ Հայաստանի տկարութիւններէն օգտուելով անոր նկատմամբ իբրեւ թէ «բարեացակամ» տրամադրութիւններ ցուցադրելու երկդիմի մարտավարութիւնը կրնայ թակարդող ըլլալ, որու դիմաց հակադարձ մեր մարտավարութիւնը ճշդելու հարկին տակ կը գտնուինք ազգովին:
Կասկած չկայ, որ աչքի լոյսի պէս անփոխարինելի է, մեր ուժին հիմնական կռուանն ու ապագայի երաշխիքն է ազգային պետականութիւնը, որու շնորհիւ մեզի կ’ընձեռուի միջազգային դիւանագիտական սեղաններու շուրջ եւ... խոհանոցներուն մէջ ներկայ ըլլալու պատեհութիւնը: Սակայն չվարանինք եւ ըսենք. հայ դատի հետապնդման պայքարին մէջ անհամեմատ կարողականութեան կողքին պետութիւնը կ’ունենայ նաեւ ազգի միասնականութիւնը վտանգող իր «տկարութիւն»ը:
Միջպետական յարաբերութեանց ստիպողութիւններն ու բարդութիւնները յաճախ կը պարտադրեն պատասխանատուներուն, որ ըլլան չափազանց զգոյշ ու շրջահայեաց եւ գերազանցօրէն հետամուտ՝ պետական շահերու: Ահա թէ ինչու անցնող քսան տարիներու ընթացքին հայրենի իշխանութիւնները հաւանաբար պետական շահերու հաշուառումով չուզեցին կամ չկրցան առնել այնպիսի նախաձեռնութիւն, որ իր կշիռով ցնցում յառաջացնէր միջազգային բեմի վրայ, հակառակ բազմիցս կատարուած յայտարարութիւններուն, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային խնդիր է ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտումը: Երբեմն, նոյնիսկ ընդվզեցնող պարագաներու հանդիպեցանք: Առաջին նախագահին պետական-քաղաքական ուղեգիծը եղած էր ձերբազատուիլ անցեալի (իմա՝ ցեղասպանութեան եւ... անկատար տենչերու) կաշկանդումէն, որպէսզի ապագայի ուղղութիւնը ազատ ու անկաշկանդ ճշդուի: Այս ուղեգծին շարունակողը ըլլալէն անդին անցաւ երկրորդ նախագահը «Թուրքիայէն հողային պահանջք չունինք» ձախաւեր յայտարարութեամբ, ինչպէս նաեւ կնքահայր դառնալով «հաշտութեան յանձնախումբ»ի մը լպրծուն գործունէութեան: Այժմու նախագահն ալ ունեցաւ յաւակնոտ կամակորութիւնը յայտարարելու, թէ պէտք չէ վարանիլ, որ պատմաբաններու քննարկման օրակարգ դառնայ ցեղասպանութիւնը...: (թերեւս այլ ընթացածիրի,- context.-մէջ զետեղուի «փրոթոքոլներ» կոչուածը):
Խօսքը այն մասին է, որ յաճախ ազգային շահը կը հակադրուի պետականին, եւ՝ հակադարձաբար: Հաւանաբար մեր առջեւ դրուած կարեւոր մարտահրաւէրը, յաղթահարելի մեծ դժուարութիւնը ձեռքբերումն է քաղաքական այնպիսի փորձառութեան եւ ճկունութեան, որոնք պիտի կարենան ներդաշնակել ազգային շահը պետականին: Հակառակ պարագային, այդ «տկարութիւնը» միշտ պիտի փորձէ օգտագործել Թուրքիան՝ սփիւռք եւ Հայաստան իրարու հակադրելու համար:
Վերեւի նշումները հետեւանք են ազգայինն ու պետականը չկարենալ ներդաշնակելու «տկարութեան», զոր պէտք է յաղթահարել անպայման, որպէսզի ան չդառնայ մեր միասնականութեան Աքիլլէսի կռունկը:
* * *
Ընթերցողը սխալած պիտի չըլլայ, եթէ գնահատէ, որ չափաւորութեան երանգ մը ունի այս յօդուածին սպասումը՝ հարիւրամեակէն:
Իրատեսութիւնը կը թելադրէ զսպել զեղումը եւ չափաւորել մեր ակնկալութիւնը: Հայրենիքը կը դիմագրաւէ ահագնացող ու տարաբնոյթ դժուարութիւններ եւ ունի իր հրատապ առաջնահերթութիւնները՝ քաղաքական-դիւանագիտական, ընկերային-տնտեսական, ժողովրդագրական եւ ռազմական ճակատներու վրայ: Իսկ սփիւռքը այն չէ, ինչ որ էր յիսնամեակին: Գաղութներու այսօրուան պատկերը կարելի չէ համեմա- տել երէկի կազմակերպուածութեան եւ ուժականութեան հետ:
Կայ նաեւ այն իրականութիւնը, որ անցնող յիսնամեակին մենք զմեզ գերազանցելով կրցած ենք հասնիլ նուաճումներու մակարդակի մը, որմէ ետք հատուցման պահանջքի մագլցումը, բնոյթովն ու բովանդակութեամբը, դժուար թէ ընթանայ այն կշռոյթով, զոր ունեցանք անցնող տարիներու մեր մագլցումներուն մէջ:
Հարիւրամեակը առիթ մը եղաւ, որ պաշտօնապէս եւ օրկանական կառոյցներու ստեղծումով առաջին քայլը առնուի, հանգանակութիւններէն անդին, քաղաքական ճակատի վրայ Հայաստանի եւ սփիւռքի գործակցութեան, որուն պէտքը կը զգացուէր վերանկա- խացումէն ի վեր:
Սպասելի է, որ հարիւրամեակի համահայկական գործակցութիւնը նոր ուղի բանայ, թարմացնող նոր ներարկում դառնայ, վերակենդանացնէ ու աշխուժացնէ հայութեան քաղաքական ջիղը եւ խիզախութեամբ գործելու եռանդը:
Միհրան Քիւրտօղլեան