Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Վերնագրի բառային ու խորքային իմաստը մեզ դէմ յանդիման կը բերէ անոր բաղդատական ախտաճանաչումը արդարացնելու հրամայականին առջեւ: Իրօք, գիտական-ակադեմական պահանջի ու ճանաչումի վերլուծումներ եղա՞ծ են:

Տոքթորական թեզեր հետազօտուա՞ծ են: Ընկերաբաններու, հոգեբուժներու, քաղաքական վերլուծողներու կողմէ որակական ուսումնասիրութիւններ ու բաղդատական գնահա- տականներ կատարուա՞ծ են: 

Սփիւռքեան տարաբնոյթ հաւաքականութիւններուն մօտ՝ զգացական, մտայնութիւններու ձեւաւորման, հայրենասիրութեան զարգացման, միջավայրերու փոխ ազդեցութեանց իւրայատկութիւններ քննուա՞ծ, քննարկուա՞ծ են, առնուազն գիտնալու համար թէ ներկայ իրականութեան մէջ ինչպիսի հեռանկարային պատկեր, քանակական ու արժէքային ներգործօն ուժ կը ներկայացնէին, կը ներկայացնեն մեր գաղութները անցեալին, ներկայիս:
Ռուսահայը, ամերիկահայը, ֆրանսահայը, արժանթինահայը՝ իր ազգային ու քաղաքակրթական նկարագիրը ո՞ւր կը փնտռէր երէկ, ո՞ւր կը փնտռէ այսօր: Տուեալ հարցով բաղդատական չափանիշներով համագումար մը, կլոր սեղանի քննարկում մը եղա՞ծ է, անոր բարոյագիտական կատարելագործման ախտաճանաչումները պարզ դասա- խօսական մակարդակէ մը աւելի՝ գիտամասնագիտական իրապաշտական խորասուզումներու ենթարկելու համար:
Գաղթականութեան մասին զգացական չափանիշներով կերպաւորուած խօսիլն ու գրելը՝ մեզ կը դնէ արմատապէս բարոյական եւ ակնյայտօրէն զգացապաշտական մեծ հարցի մը դիմաց: Հայ կեանքի մէջ տիրող ու տիրապետող շփոթներէն ո՞ր մէկը լուծուեցաւ, կամ ո՞ր մէկը լուծուեցաւ արմատապէս եւ հասաւ իր բարեյաջող աւարտին:
Հայու, այս պարագային՝ սփիւռքահայու նկարագիրը կը կազմաւորուի իր ապրած երկրի բնութեան, ընտանեկան թէ հանրային միջավայրի, աշխարհաքաղաքացիական բնանկարի հանգրուաններու հետ եւ անոնց ընդմէջէն:
Իր կեանքը մանաւանդ՝ իր ճակատագիրը եղած է:
Հայերը գաղթելու աւանդութիւն ունին: Նաեւ՝ կը յիշեն ինչ որ կը մոռնան եւ կը մոռնան ինչ որ պէտք է յիշեն: Հին եւ նոր երեւոյթ. կարծես շատ բան փոխուած չէ:
Նոր սերունդը իբրեւ շարունակութիւնը գաղթականական երէկի տարտըղնուած հաւաքականութիւններուն, իր նկարագիրը կը կազմաւորէ ու կը բիւրեղացնէ համահայկական չափանիշներու զննող ինքնաճանաչման մը արտայայտութեան բովով: Ոմանք, համասփիւռ ընտանեկան դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը հիմնաւորած են իրենց ծնողաց, կամ անոնց ծնողաց ծննդավայրի ակունքներուն ու անգիր աւանդութիւններուն ընդմէջէն.- Հաճընցի, Ատանացի, Շապին Գարահիսարցի, Վանեցի, Խարբերդցի, կամ դեռ՝ Լիբանանցի, Սուրիացի, Եգիպտացի, Իրաքցի, Պարսկահայ, եւայլն: Մուսատաղցի պապիկը ուրիշ հայ էր, Ամերիկահայ թոռնիկը ուրիշ հայ է: Մեծ հայրը թրքախօս էր, նորը՝ ամերիկախօս: Փոքր Ասիոյ, Կապադովկիոյ, Անատոլուի, Կիլիկիոյ հայկական նկարագրային ինքնութիւնը իսպառ շոգիացած է: Նորերը գիտեն սպաներէն, քասթիյերէն, հոլանտերէն, ֆլամանտերէն, շուէտերէն, պուլկարերէն, յունարէն: Փոքր Ասիական ու Միջին Արեւելեան անցեալի մեծամոլիկ, ի դէպ՝ ազգայնամոլական թէ ցեղամոլական երկուութիւնները չքացած են. անոր հետ նաեւ՝ յետ-գաղթականութեան կրթիչ սկզբունքներ, ապրումներ, արժէքներ: Կրթութիւնը ուրիշ մշակոյթ ունեցած է մեզ մօտ. արժէքի դասակարգ ստեղծած է: Ազգային բնավայրի կարօտը, ապա՝ գաղութ հիմնելու, հիմնաւորելու ճիգը, ծննդավայրին բնակավայրը, բակը, աղբիւրը, եկեղեցին, դպրոցը, արմատները, հնաւանդ յուշերը՝ համեմատաբար նուազ իմաստ կը ներկայացնեն նոր հայուն եւ իր նոր շրջապատին:
Առաջին սերունդը կ'ապրէր իր ծննդավայրի եւ ազգային փոքրամասնութեան մը մասնիկը ըլլալու հոգեվիճակով, դիրքով, խորհրդանշական մակարդակներու աշխարհին մէջ, կեանքի արժէքները որոնելով յիշողութեան ճշմարտութեան մէջ: Մարդիկ միշտ կը վերադառնան զօրաւոր յիշատակներուն: Մեզ մօտ այդ մէկը ազգային բնորոշիչ յատկանիշ է:
Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն՝ անոնք իրենց հետ բերին գաղթականութեան անցագիր. աւելի վերջ ալ համբաւաւոր green card-ի «տեսլական»: Առանց հայրենիքի քաղաքացիներուն թիւը շատցաւ ու շատցաւ: Հայութիւնը անձնաթուղթ որոնելու բեւեռներու մէջ ինկաւ, մոռնալով որ իր անձնաթուղթը հայութիւնն է:
Նորերը՝ ոչ այդ անցագիրը ճանչցան, ոչ տեսլականը ճաշակեցին, ոչ ալ այդ բոլորի ճնշումը ապրեցան: Հիմա՝ պէտք ալ չունին այդ բոլորին: Անոնք բնական թէ անբնական ճամբով համակերպուեցան նոր իրականութեան հետ, առանց անցագիր փնտռելու հարկադրանքին: Անցեալն ալ չփնտռեցին: Ներկան լաւապէս կը գոհացնէր զիրենք: Ի՜նչ պէտք ունէին իրենց «պէտք չեղող» հին բաներու...:
Այս մթնոլորտի լոյսին տակ անցեալին հարուստ գործունէութիւն ցուցա- բերած հայրենակցական միութիւններն ալ ընդմիշտ անհետանալու վտանգին ենթակայ են: Շատ հիները տան յարկերէն անպակաս «Տարեգիրք»երու, կամ «Յուշամատեան»ներու մէջ իրենց խուզարկող ինքնութեան արտայայտութիւնը կը վկայակոչեն. հոգեհանգիստ մը, աւանդական ճիտապուր մը, հարիսա մը կը պատրաստեն տարին ան- գամ մը, իրենց ծնողաց, կամ իրենց հայրենակից ու համաքաղաքացի նահատակուած հերոսներուն յիշատակը ոգեկոչելու համար: Մօտաւորապէս՝ այսքա՛ն: Անցեալի՝ ազգային սեփականութեան զգացումի պատկանելիութիւնը ներկայիս գրեթէ որեւէ գրաւչութիւն չունի. մանաւանդ համաշխարհայնացած նորի՝ նորագիւտ կանոններուն հետ բաղդատական եզրերը հեռու, շատ հեռու են իրարմէ: Բուն հայրենադարձի ատենի երազն ալ տժգունած է հին հայու եւ իր զաւակներու հոգեվիճակին մէջ: Այլեւս այդպիսի երազներ չկան: «Դէպի Երկիր» կարգախօսն ալ վերածուեցաւ «Երկրէն դէպի» ...արկածախնդիր ու լափող աշխարհներու անհակակշռելի երթի պէս բանի մը:
Հաստատումները թերեւս կրնան տխրեցնել, բայց չենք կրնար կեանքի տխրեցնող իրապաշտութենէն հեռանալ, կամ անտեսել զանոնք: Վիպապաշտ զգացականութիւնը արդէն կը հեռանայ մեր ներաշխարհէն եւ կը միտի յարմարիլ նորաստեղծ միջավայրերու աշխարհին, հայու ներաշխարհը պատշաճեցնելով ինքնութեան ու պատկանելիութեան պարտադրուած նորօրեայ անհաշտ ու հարցախնդիր ըմբռնումին: Արդէն՝ հիմա կ'ապրինք ու կը գոյատեւենք «նոր հայրենիքներու» ազգային համակերպ ճնշումի մը տակ: Յաջորդ սերունդները այս ճնշումը թերեւս պիտի չզգան: Այդ մասին խօսողներն ու տրտնջացողներն ալ պիտի քիչնան, երբ այս աշխարհէն վերջին հիներն ալ երթան: Անոնք նոյնիսկ պիտի չմտահոգուին եթէ իրենք իրենց պապերէն աւելի կամ նուազ յարգուեցան նոր աշխարհներու կեանքին մէջ, քանի հին ձուլումի ու նոր կեանքին հաշտուելու սիսթեմն ալ կը ծերանայ, բաց էջ մը բանալով համակամօրէն յօժարամիտ հայուն առջեւ: Կը թուի թէ՝ նոր ճշմարտութեան մը ժամը հնչած է, որ չի կրնար հիմնուիլ անցեալի ազգային ողբերգութեան մը փլատակներուն վրայ:
Արդ, վերջ գաղթականական մտայնութեան: Վերջ գաղթականական յուշին: Յետո՞յ...
Այսօրուան Պրիւքսելը, Ամսթերտամը, Սթոքհոլմը, Չեխիան, Սլովենիան, Քրայսնոտարն ու Խրիմը չեն կրնար փոխարինել Գիւմրին, Թիֆլիսը, Ջաւախքը, Պէյրութը, Պաղտատը, Պոլիսն ու Իզմիրը, քանի կեանքի նոր պայման- ներու հետեւանքով փոխարինուած են՝գաղթական հայուն մէջ ինքնաբե- րաբար փոխակերպելով հայրենասիրական ապրումներ, տեսլականային հեռանկարներ, իր մէջ հրամայականօրէն ստեղծելով նոր քաղաքացի մը՝ երեւելի թէ աննշան ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱՑԻՆ, մեր ճանչցած հայու անցեալի զգացական մղումները երկրորդ կարգի վրայ բերելով: Նոր հայը դէմ յանդիման կու գայ նորագիւտ քաղաքակրթութիւններու, նորատեսիլ ազատութիւններու, նորատիպ խաղաղութեան մը ձեւաւորուող տարազին:
Ասոնք, թերեւս բաներ են, որ իրար կը լրացնեն, բայց վստահաբար զիրենք կը հեռացնեն իրենց ազգային արմատներէն, «ազգ-հայրենիք» պատկանելիութեան օղակի խորքային իմաստէն:
Կասկած կա՞յ, որ հայը այսօր կ'ապրի խնդրայարոյց որակական փոփոխութիւններու տարաբնակ համակերպումի կլիմայի մը մէջ: Գաղթական հայեր կան որ կ'ապրին օտար երկիրներու մէջ, առանց տեղ մը գրանցուած ըլլալու: Եթէ մեռնին, մարդ իսկ լուր պիտի չ'առնէ:
Յոռետեսներ թէ լաւատեսներ՝ կը գնահատեն որ ձուլումը երկու կամ երեք սերունդի հարց է. կը սկսի նախ տնտեսական, ապա քաղաքակրթկան, ընկերային, խառն ամուսնութիւններու, հարազատ անուններու տեղական իրականութեան յարմարեցումին, լեզուական նահանջի, ազգային խիղճի ու գիտակցութեան կորուստէն: Գուցէ եւ ամէնագէ՛շը՝ ազգային յամրաքայլ նաւաբեկումէն:
Հիմա՝ գերազանցօրէն կը տիրապետէ նոր աշխարհներու հպատակութեան ու բարգաւաճման անհրաժեշտութիւնը, երկիրներու բազմազգ խճանկարին մէջ խճաքար մը ապահովելու հեռանկարային խուճապով: Այս ալ կ'ըսուի ինքնաարեւելումի իրաւունք: Իրաւունք նոր երազներու վրայ:
Հոսող գետը կարծես ետ չի վերադառնար: Կրնա՞յ...:
* * *
Հիմա կը քննարկենք զուտ իրապաշտական հարց մը՝ տեսաբանական մերձեցումով: Կարծես՝ երկու հակադիր բեւեռներու տրամաբանութիւն: Շատ կարեւոր երեւոյթի մը պատմագիտական ինքնութեան իմաստը եւ անոր յարակից ինքնութեան ըմբռնումի մը տուեալը կը զարգանայ քանակական ու որակական զուգակշիռ արժէքներու զանազանութեամբ: Ինքնութիւն՝ որ կը պատկերացուի հայ ազգի տարբեր հայերու, տարբերականօրէն զարգացող հայերու, ուստի եւ բազմազան, բազմագոյն ու բազմաճաշակ հայերու, որոնք այլապէս կը հարստացնեն այլ երկիրներու ժողովուրդներուն կուտակուած պատմութիւնը, եւ ոչ միայն ...: Իսկ վերջին երկու տասնամեակներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք, հայրենակերտ մեր արժէքներու արտագաղթային ահաւոր հոսքի կորուստով դէպի օտար ու լլկող ցամաքամասեր:
Հայու ինքնութեան աղաւաղումը պատմութեան ընթացքին առանց փրկագինի մեծ համեմատութիւններու չէ եղած. նոյնիսկ եթէ ան ապաւինած է իր պատմութեան ամէնէն թանկագին ու արիւնոտ էջերուն:
Հայը՝ ամէնուր, նոր դիմագիծով մը ներկայութիւն ըլլալ սկսաւ, ինքզինք զգալի դարձնելով ձեւակերպուող նոր միջավայրերու մէջ: Աղքատ դասակարգերու պատկանող մարդոց՝ գաղթականութեան պարտադրած ողբերգականութիւնը խտանալ սկսաւ իր տեղը դասաւորելով համաշխարհային ու համաշխարհայնացած տիեզերային ներկայութեան մը մէջ:
Աշխարհաքաղաքացի հայը չի կըրնար աշխարհի բոլոր երկիրներու քաղաքացին ըլլալ, ոչ ալ իր ապրած բոլոր երկիրներուն մէջ հիմնուած կառոյցները աշխուժացնելու հարկադրանքը զգալ, անոնց նկարագիր ու աւանդութիւն տալ, նոր պատմութիւն կերտել, որովհետեւ իր ենթագիտակցական աշխարհին մէջ դեռ ամբողջացուցած չէ իր ներկայի երթի բնորոշումն ու յանգման կանգառը: Գաղթականութիւնն ալ հայրենիքներու ամբողջականութեան վրայ հիմնուած է, քանի գաղութներուն ինքնութիւն տուաւ, որպէսզի առաջին գաղթականական ալիքին յաջորդող երկրորդը, երրորդը այդ ինքնութեան վրայ կազմաւորէ նոր դիմագիծ ստացող գաղութային ամբողջականութեան ապագան:
Ապագայի պատմագէտը, յաջոր-դական ժամանակներու մէջ թերեւս դժուարանայ հայկական գաղութներու ապագայ նուաճումներու պատմութիւնը լրիւ ու ճշգրիտ գրելու: Հիմա, ընդհանրապէս, ձախէն-աջէն, հայը ասոր-անոր քաղաքացին դարձած է, եւ երկրորդականօրէն իր ազգային կամ ցեղային պատկանելիութեան: Հայերը կը սիրեն ապրիլ բաց աշխարհներու մէջ: Հիմա արդէն կը գտնուինք բաց աշխարհներու մէջ թերահաս տեսլականներով մեծցող սերունդներու հրամայականին առջեւ...:
* * *
Անցեալի գեղեցիկ ժամանակներու յիշողութեան ինքնութիւնը իր մէջ կը պարփակէ վաղեմի արարողական համեմատութիւններ: Հայուն համար հայկական յիշողութիւնը այսօր, ամպայման հայկական խիղճ ու գիտակցութիւն չի նշանակեր միշտ: Անձնական յուշը բնաւ ալ անձնական չի կրնար համարուիլ հայու պարագային, որովհետեւ ան անխուսափելիօրէն կապուած է ազգային հաւաքական յուշին հետ: Յուշ՝ ըստ պայմանի, ըստ պարագայի, չ'ը՛լլար: Ցեղասպանութիւնը՝ սոսկ տեսաբանական տարազաւորում մը չէ. ջարդի, տեղահանութեան, աքսորի վայրերը հաւաքական յուշի վայրեր են, որ նոյնինքն պատմութիւնը չի կրնար անտեսել: Առանց յուշի քաղաքակրթութիւն չÿըլլար. յուշն է որ քաղաքակրթութիւն կը հիւսէ, կը յուշէ:
Պատմական շրջագծի մը մէջ ձեւաւորուած այս իրականութեան մէջ հայկական սփիւռքը, սփիւռքները, ներդաշնակուա՞ծ են ընդհանրապէս. իրենց համագոյակցութեան մերձակայքը ներ\դաշնակուա՞ծ է. ներդաշնակութեան եւ աններդաշնակութեան միտող հակոտնեայ եզրեր փնտռուա՞ծ են, անկէ բխող ու տարածուող հաւանական անապահովութեան զգացումը մասամբ թէ լրիւ հակակշռելու համար:
Հայերը անցեալին ապրեցան բազմամշակութային հասարակութիւններու մէջ, աշխարհաքաղաքական ու աշխարհաքաղաքացիական հարուստ միջավայրերու մէջ.- Թուրքիա, Եգիպտոս, Լիբանան, եւայլն: Տարբեր բնոյթով, այսօր ալ նոյն պատկերը կը կրկնուի: Ո՛ւր որ գացին անցեալին, ո՛ւր որ կ'երթան ներկայիս կը ստեղծեն լեզու, մշակոյթ, ստեղծագործական դրոշմ, հանրային միտք ու կենսագրութիւն: Կը զբաղին արհեստով, արուեստով, քաղաքականութեամբ, քաղաքակրթութեամբ եւ շինիչ ու շինարար այդ մարզերը ուղեգիծի վարակումով կը տարածեն իրենց երկրի սահմաններէն անդին:
Ձեռնհաս վերլուծումներու արդիւնքով, հայութեան թիւի մեծամասնութիւնը ներգրաւուած չէ սակայն հայ կեանքի կենսունակ առօրեային: Անշուշտ, որ երկրէ-երկիր մասնակցութեան հետաքրքրութեան դաշտը համեմատաբար կը տարբերի: Ծնունդներն ալ չեն օգտագործուիր հայ կեանքի ընկերային յառաջդիմութեան, քանական ու որակական դասաւորումներուն: Սփիւռքի յաջորդական սերունդներու հարիւր հազարաւոր դպրոցական տարիքի տղոցմէն, քանի՞ հազարը հայկական վարժարանի երեսը տեսած է, կամ պիտի տեսնէ ասկէ վերջ: Ուքրանիոյ թէ Ռուսիոյ շաբաթօրեայ վարժարանի մը երիտասարդ ուսուցչուհին նախագահին կողմէ պարգեւատրուեցաւ՝ համայնքի բազմահազար մեր հայրենակիցներու ընտանիքներէն երկու տասնեակ աշակերտներու այբուբեն սորվեցնելուն համար:
Այբուբեն ու պարգեւատրում...
Հայերը ազգայնօրէն ու գաղափարականօրէն մեր գաղութային կեանքին ու կուսակցութիւններուն հակած, կամ միտուած չեն. ո՛չ ալ հայկական դեսպանատուներու կամ հայրենական ներկայացուցչութիւններու ճամբով իրենց հայրենատուր կարօտին յագուրդ կուտան: Կարծես, զգացականօրէն աւելի կապուած են եկեղեցւոյ, դպրոցին, բարեսիրական միութիւններուն: Բարեկամի մը թաղումը, հոգեհանգիստը, մկրտութիւնը, ամուսնութիւնը, աւելի շատ մարդ կը համախմբէ, քան թէ ազգային տօն մը, կամ միութենական ձեռնարկ մը: Բա՞ն մը կը նշանակէ այս...:
Ազգային ինքնութեան չափանիշը յատկապէս կը ձեւափոխուի 20-40 տարեկաններու մօտ: Ազգային մեր պահանջատիրութեան նպատակով կազ- մակերպուած ձեռնարկներն ալ չեն հետաքրքրեր զիրենք: Վարդանանք, Փետրուար 18ը, Խանասորի արշաւանք, Սուրբ Թադէի ուխտագնացութիւն Պարսկաստանի մէջ, Մակարայ վանքի անցեալի ուխտագնացութիւն բռնա- գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի այցելութիւն Ամերիկայի մէջ, Քրիստափորի կիսանդրին Սոֆիայի մէջ, Փարիզի Փէր Լաշէզի ու Շաւիլի գերեզմանատուները ուր թաղուած են յետ-եղեռնեան ժամանակներու հերոսներ ու մտաւորականներ, Աթէնքի մէջ Բ. աշխարհամարտին հայ համայնավարներու կողմէ սպաննուած Դաշնակցական ղեկավարներու գե-րեզման, Լիզպոնի նահատակներու գերեզման-ուխտավայր Պէյրութի մէջ: Դեռ չեմ խօսիր Ապրիլ 24ի, Մայիս 28ի, կուսակցութիւններու «օր»ուան, Արցախի անկախութեան, Սեպտեմբեր 21ի, Հայաստանի երկրաշարժի ու այլ ձեռնարկներու մասին: Նոր տարիքներու մարդոց համար կարծես դերեր չկան հոն: Կ'երեւի, անհատական նախաձեռնութիւնները աւելի կը ներգրաւեն մեր կեանքի լայն զանգուածները:
Ի՞նչն է, ո՞րն է նոր սերունդի զգա- ցական կապը ընդհանրապէս հայ իրականութեան հետ: Բաղդատական վերլուծումներ կÿառաջնորդեն այն եզրակացութեան, որ սփիւռքահայ զանգուածներ եւ հայերէն լեզուն անխուսափելիօրէն կÿուղղուին դէպի նահանջ, մոլորեալ ձուլում, դէպի համաքայլ կորըստեան:
Տարբերականութիւնը՝ իր համեմատական բոլոր եզրերով միշտ ալ կարեւոր ազդակ մը եղած է ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Տարբերականութեան բովով՝ ազգային որոշ շրջանակներու մէջ ալ, հայերու՝ խելացի, ճարպիկ, հնարամիտ ու ստեղծագործ ըլլալը զիրենք նոյնիսկ շնորհազուրկ դարձուցած է կարգ մը պարագաներու:
Խոստովանինք. գաղութային ղեկավարութիւններ ու պատասխանատու մարմիններ երկար ժամանակէ ի վեր հայութեան, հայկականութեան արագընթաց ձուլումի օրակարգը սեղանի վրայ չեն բերեր իր դերի ողբերգականութեան իրապաշտութեամբ ու լրջութեամբ: Թէ՝ կազմակերպուած հրապարակային զանազան ձեռնարկներ ձուլումի դէմ գիտակցական թէ ենթագիտակցական մղումի մը պատմուճանը կը կրեն, ճիշդ է, այդ մէկը կա՛յ, կազմակերպուածօրէն երբեմն թափթփած, յաճախ ալ անբաւարար միջուկով:
Սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը կարծես իր ազգի ներկայի ու ապագայի տեսլականներով չի ներշնչուիր, չի ներգրաւուիր, գէթ ակնկալուած ձեւով: Ի՞նչ պատճառով: Իր պատմութեամբ, իր ինքնութեամբ, իր պատկանելիութեամբ հպարտ չէ՞...:
Սփիւռքի հայագաղութներու պատմութեան ուսումնասիրութիւնը մասնագիտական խորացումով գրի առնելու աշխատանքը ուշացած է. արխիւային խորագիտակ պրպտումի հիմուն- քով անպայման եւ նուազ զգացական անշուշտ: Այս մարզին մէջ երիտասարդ համալսարանական գիտնականներու համագործակցութեան դաշտ մը անհրաժեշտ է ստեղծել, նոյնիսկ օտար լեզ- ւով, որ կարենայ թարգմանուիլ հայերէնի եւ ուր որ հարկ զգացուի օտար լեզուով: Տեսէք, հարիւրամեակէն մէկ քայլ առաջ կը գտնուինք արդէն, բայց վիհը խորունկ է:
Փաստագրուած վերլուծաբանութեան մը վրայ կառչելու համար հիմնականօրէն պէտք է կեդրոնանալ ազգային մեր պատմագրութեան կարգ մը կէտերու վրայ.- Վերլուծաբանական ներածականներու եւ վերջաբաններու բովանդակային ճշգրիտ բնորոշումներու, բնակչագրական տուեալներու, նախա-եղեռնեան ու յետեղեռնեան իրավիճակներու թուային պատկերի: Կերոնանալ յատկապէս վերջին երեսուն տարիներու հայ կեանքի աշխարհագրական, ազգագրական, քաղաքական ու քաղաքացիական իրավիճակին, հայագաղութներու ներքին կազմակերպուածութեան, քաղաքակրթական փոխ ազդեցութեանց, վարժարանային պատկերի, միութենական թուային ու գործունէութեան աշխոժութեան, հայ կեանքի ժողովրդային ընկալման ու մասնակցութեան:
Այսօր, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ի՞նչ չափով ներգրաւուած են արտահայաստանի հայաշխարհի ամէնահրատապ հարցերը:
* * *
Ժամանակակից հասկացողութեամբ ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք բնորոշել հայու ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան նկարագիրը, երբ պատկանելիութիւնը կաշկանդիչ ըլլլէ դադրած է:
Պատկանելիութիւնը կրնայ ըլլալ ազգային, ազգագրական, տեղական, տեղայնական գիտակցութեամբ եւ ընդգրկել քաղքենի թէ ռամիկ դասակարգեր ու մարզեր՝ կուսակցական, միութենական, քաղաքակրթական, եկեղեցական, եւայլն: Ի՛նչ ալ ըլլայ, ո՛ւր ալ ըլլայ, պատկանելիութիւնը պարտաւոր է իր գինը վճարել: Միշտ վճարած է:
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ազգային պատկանելիութեան հարցը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան բնորոշելի կամ մեկնաբանելի տուեալներու հիմամբ:
Գիտակից ու որակական ինքնաճանաչում որոնելը ամէն ազգի պատկանող զաւկի զգացական խնդիր է: Մարդս երբեք առանձին չի մնար: Պատկանելիութիւնը ընտրովի կեցուածք է. կը յատկանշէ պատմական յուշ եւ յուշի գիտակցութիւն: Եւ յուշը կը յարգէ մարդն ու իր ազատութիւնը:
Հայը կրնա՞յ քանի մը պատկանելիութիւն ու դերեր ունենալ: Պատկանելիութեան ըմբռնումը իրար կը կապէ, կամ իրարմէ կ'անջատէ անցեալը ներկայէն ու ապագայէն: Հայը իր ապրած միջավայրին մէջ հարկադրուած կ'ըլլայ ճանչնալու, իւրացնելու եւ ընդունելու նոր անհատականութիւններ եւ մասնակից դառնալու անոնց: Օտարութեան ու օտարամոլութեան «մանրէ»ները ուժգնօրէն թափանցած են շատերու մէջ կազմաւորելով ոչ թէ նոր հայը, այլ օտարածին, օտարաշխարհիկ նոր մարդը իր ապրած միջավայրի իրականութեան մէջ: Չենք կրնար մնայուն կերպով յուշի ու ճշմարտութեան խաղը երկարաձգել ու ֆոլքլորի վերածել:
Ոմանք կը փափաքին ամբողջացնել, կատարելագործել իրենց ազգային պատկանելիութեան նկարագիրը: Ուրիշներ ձանձրացած ըլլալ կը թուին հայկական դասական տիպէն ու տիպարէն եւ իրենց բախտը կ'որոնեն ազգային այլ ու տարբեր բաղադրութիւններու ու հաղորդակցութիւններու մէջ:
Ազգերու այլասերումը արդէն իսկ քանի մը հարիւրամեակներու պատմութիւն կը հաշուէ. իսկ սփիւռքի իրականութեան մէջ, քանի մը տասնամեակներու: Փոքր սփիւռքները շատ աւելի վիրաւոր են այսպիսի փոփոխութիւններու դիմաց: Եւ այդ փոփոխութիւններուն մէջ հայը չափազանց անհանգիստ զգալու պատճառներ ունի:
Ազգերը կենսագրութիւն ունին. չմոռնա՛նք: Սփիւռքներն ալ: Բայց սփիւռքները պատմականօրէն աւարտի թուական ալ ունին: Օրացոյցները կուգան յիշեցնելու պատմութեան շարունակութեան վհատեցնող օրինակ- ներու փաստեր:
* * *
Սփիւռքը կ'ապրի հայրենիքով, հայրենիքն ալ կ'ապրի սփիւռքով: Եթէ Սփիւռք ունինք առանց հայրենիքի, կամ հայրենիք առանց սփիւռքի, ի՞նչ կ'ըլլայ հայութեան վիճակը: Այսօր սակայն, ի՞նչ չափով հայրենիքն ու սփիւռքը կ'ազդեն, կ'առաջնորդեն նոր սերունդը, ի՞նչ չափով կը լուծեն անոնց բազմազան խնդիրները:
Հայրենասիրութիւնը միայն հայրենիք սիրելու հետ առընչուած չէ այլեւս, որովհետեւ ան մեր ազգային յուշագրութեան հետ կապուած չէ միայն. չէ կապուած նոյնիսկ մեր ազգային յուշի ապրումներուն ու փորձառութիւններուն հետ. ո՛չ մօտէն, ո՛չ հեռուէն: Չէ կապուած նաեւ մեր հեռանկարային պատկերացումներուն հետ, ոչ ալ կրցաւ զանազանել անձնազոհութիւնը հերոսութենէն:
Սիրելի ընթերցող,
Այս գրութիւնը իր բնոյթով ժխտական գրութիւն չէ. կը փորձէ մեր իրականութիւններէն մեկնելով կարգ մը իրապաշտ ախտաճանաչումներ կատարել: Նպատակը յոռետեսութիւն սերմանել չէ, այլ բազմակողմանիօրէն մտածումի, վերլուծումի մղել ազգի ճակատագիրը տնօրինելու կոչուած մարդոց, որ այս բոլորը մասամբ իրենցը կը սեպեն կամ մասամբ իրենցը կը սեպեն, ներշընչումով թէ անոր պակասով: Բայց, լաւ գիտցէք, բոլոր ժամանակներու մէջ մտածումի ուժն է որ տիրապետող դարձած է: Ասկէ վերջ ալ այդպէս պիտի ըլլայ: Մտածումը մարդկային բնութեան բացառիկ յատկանիշն է:
Հայրենասիրութիւնը՝ հիմնականօրէն հայրենիքի կայունութեան հետ կապ ունի, ոչ իշխանութիւններու, բացարձակապէս նաեւ ոչ իշխանաւորներու հետ: Ազգն ու պետութիւնը նոյնացած գերագոյն գաղափարներ են, որոնք իրարու հետ պէտք է ներդաշնակուին ու ներդաշնակեն: Ներդաշնակութիւնը ազգը կայուն եւ ուժեղ կը դարձնէ:
Վերջին հարիւրամեակներուն փոխուած է մարդկութեան պատմութիւնը: Իսկ վերջին 100 տարուան մէջ՝ ա՛լ աւելի փոխուած է. փոխուած է նաեւ անոր դիմագրաւումը: Կը գտնուինք նոր երեւոյթի մը դիմաց, պետութիւններ քիչ թէ շատ կը կեղծեն իրենց պատմութիւնը, ուրիշներ բոլորովին կը կեղծեն ու նոր պատմութիւն մը կը փորձեն պարտադրել, իրենց եւ այլոց հաշւոյն: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի օրինակները ամէնէն ցայտունն են:
Հայկական դիմագիծը երկպառակտուած է:
Ապագայի հայու, ապագայի հայութեան մասին ինչպէ՞ս պիտի խօսինք ասկէ վերջ: Պատասխանատուութիւնները չեն նուազիր, ոչ երէկ, ոչ այսօր: Հայկական խմոր ունեցող մարդոց թիւը կը քիչնայ: Մեր պատմական շարունակականութիւնը ինչի՞ վրայ պիտի հիմնենք: Պատմութիւն առանց ապագայի չÿըլլար: Մեր պատմութիւնը մէկ է, հոգ չէ թէ երբեմն տարբեր անկիւններէ կը դիտենք զայն: Հակառակ բազմաբնոյթ տարբերութիւններուն սակայն, հարց տանք, եթէ հայը կը ծառայէ իր պատ- մութեան: Իր պատմութիւնը կը ներգրաւէ՞ զինք:
Հայերը արկածախնդիր ու անտարբեր վերաբերում ունին իրենց պատմութեան ու անոր արժէքներուն հանդէպ. նոյնիսկ անոնք, որոնք ներշնչուած են ազգային տեսլականներով: Ազատութեան արժէքը հազիւ կը գիտնան շուտով կը մսխեն ու կը սպառեն զայն:
Պատմութիւն կարդալը դժուար է. աւելի դժուար է գրել զայն: Մեր պատմութիւնը ծանր բեռ ունի, ինչպէս Ցեղասպանութիւնը, աքսորը, գաղթականութիւնը եւ տարափոխուող մեր ներկան որ կը շարունակէ պղտոր ըլլալ, պղտոր մնալ: Հայերու պատմութիւնը բոլոր հայերու պատմութիւնն է ուզենք թէ չուզենք:
Հայութեան մարմինը վէրքերով լեցուն է: Մտածենք զանոնք բուժելու մասին:

Յովսէփ Պարազեան