Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ բոլոր հայերը պէտք է Հայաստան գան, որովհետեւ վաղ թէ ուշ Սփիւռքը պիտի վերանայ, օրինակ կու տան Հնդկաստանի համայնքը, կամ կ’ըսեն Սուրիահայերը ինչո՞ւ Հայաստան չեն գար, եկողները ինչո՞ւ չեն մնար եւ այլ երկիրներ կ’երթան…

Հայաստանը ողջ հայութեան հայրենիքն է, ուր ալ ապրին անոնք, իսկ վերոյիշեալ չմտածուած կոչերուն համաձայն չենք. հայրենադարձ ըլլալով աւելի վստահ կրնանք ըսել, որ այսօր Հայաստանը պատրաստ չէ նոյնիսկ իր ներկայ բնակչութիւնը պահպանելու եւ վերջ դնելու արտագաղթին, ուր մնաց ողջ հայութեան ընդունումը։
Հայաստան պէտք է գան այն հայերը, որոնք հնարաւորութիւն ունին այստեղ աշխատելու եւ ի վիճակի են նոր կեանք սկսելու, որեւէ բան փոխելու, իսկ եկողները բաձարցակապէս իրաւունք չունին այպանելու չեկողներն ու արտագաղթողները, կամ ըսելու հերիք է հացիւ ապրիք: Ի վերջոյ ի՞նչ է տարբերութիւնը, եթէ սովէն մահացած ես կամ պատերազմի զոհ դարձած: Ըստ մեզ երկրորդը առաւել արժանապատիւ մահ է քան առաջինը։
Միւս կողմէն Սփիւռքի գոյութիւնը միշտ անհրաժեշտ է նոյն Հայաստանի համար։ Սփիւռքի շնորհիւ է, որ հայութեան այդ հատուածին մէջ կը ձեւաւորուի պետական մտածողութիւն (բան մը, որ Հայաստանի մէջ շատ քիչ է), կը պահպանուին հայկական աւանդոյթները, որոնք հայրենադարձներու շնորհիւ կը բերուին Հայաստան, կը պահպանուի արեւմտահայերէնը, որուն համար Հայաստանի իշխանութիւնը գրեթէ գործնական որեւէ քայլ չի ձեռնարկեր՝ ի տարբերութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոութեան…
Այո, կան համայնքներ, որոնք առաջ աւելի ծաղկուն էին, ինչպէս օրինակ Հնդկաստանի այսօր համեմատաբար խեղճացած համայնքը, բայց ի վերջոյ իբրեւ ազգ եկած ենք հետք մը ձգելու այս աշխարհի վրայ եւ մեր ապրած իւրաքանչիւր համայնքէն ներս պատմութիւն կերտելն ու հետք ձգելն ալ ձեռքբերում է. եթէ ըսենք տեսէք համայնքները կը ձուլուին, հաւաքուինք Հայաստան երթանք, կարելի է ըսել՝ ժողովուրդներ ալ կան, որ առաջ հայրենիք ունէին, իսկ հիմա չունին՝ այս պարագային ի՞նչ պէտք է ընենք։
Սփիւռքը Հայրենիքի համար միշտ ուժ եղած է եւ կը մնայ. հեռուներ երթալու պէտք չունինք՝
Նախապէս մեր հրապարակած “Հայրենադարձներ” շարքով ապացուցեցինք եւ պիտի շարունակենք ապացուցել, որ Հայաստանի արուեստի եւ այլ ասպարէզներու յայտնի գործիչներու գերակշիռ մասը եղած են հայրենադարձներ եւ անոնք իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ։ Եթէ հայրենադարձ սփիւռքահայերու անցեալը չ’ըլլար, անոնք այդքան նպաստ չէին կրնար տալ ներկայ Հայաստանին։
Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ վերջերս Քեսապի հարցին միջազգային հնչեղութիւն տուողը Սփիւռքն է, Հայաստանի ու հայութեան անունը աշխարհին ճանաչելի դարձնողը Սփիւռքահայն է՝ իր առջեւ բացուած լայն հնարաւորութիւններով. մարմնամարզութեան ոլորտէն սկսեալ մինչեւ երգարուեստ ու նկարչութիւն եւ այլ…
Եկէք չայպանենք զիրար եւ ով ուր կրնայ նպաստել իր Հայրենիքին, թող այնտեղ ապրի, սակայն բոլորիս հայեացքները միտքն ու հոգին թող մնայ Հայրենիքի հետ՝ ապրինք հայօրէն, գործենք հայկական ոգիով, հզօրացնենք մեր համայնքները՝ սնանելով Հայրենիքի հայկական շունչով:


ԵՌԱԳՈՅՆ