Ի՞նչ կը դառնայ Հայքը, եթէ այստեղ հայերէն չխօսին: Նախ երկիրը Հայք չի կոչուիր, կը նշանակէ թէ՝ աշխարհի մէջ աշխարհ կը պակսի: Եւ յետոյ կը կորչի Մասիսի գեղանիստ, հմայիչ կերպարանքը, կը փոխուին Արածանիի վշշոցը եւ Արաքսի աղմուկը, կը կեղծուին Կապուտան, Գեղամայ եւ Վանայ ծովակների ծփանքները:
Տափերական դաշտին մէջ հովի ականջալուր շնկշնկոցը կը նմանի ականջ ծակող աղմուկի: Եւ մեղմօրէն չեն խշշար Հայոց բարտիները:
Եւ Հայքը չի նմանիր Հայքին: Այո, հայերէնով ոչ միայն Հայը կը նմանի Հայուն, այլեւ Հայքը՝ Հայքին (ընդգծ. Յ.Պ.):
ԱՐՏԱՇԷՍ պատմավէպ, Հայկ Խաչատրեան,
1980, Երեւան
Կամայ, ակամայ, մասնակից կ'ըլլանք ծէսերու, երբ կը մօտենայ «ֆէթիշ» թուականը: Բեմերէն, բարձրախօսներէն, բազմատեսակ հաղորդակցական միջոցներէն «կը հնչեն», կրկնութիւններ կամ կրկնութեան նմանող խօսքեր, կը բեմադրուին կրկնութեան նմանող կամ կրկնութիւն նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նմանին, տարի մը առաջ ըսուածին, տարի մը վերջ ըսուելիքին: Այսպէս, այսինչ երեսփոխանը, ծերակուտականը, նախագահը, ճանչցաւ, պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բերանաբաց կը սպասենք այդ շնորհը, որ որոշ չէ թէ ինչ բանի պիտի ծառայէ:
ՀՈ՞ՂԸ:
Բացակայ…
Հայրենահանո՞ւմ, հայրենազրկո՞ւմ: Ճառի մէջ անգամ չեն յիշուիր:
Մեռածներու մասին՝ որքան որ ուզէք: Ապրողնե՞րը, ապրելիքնե՞րը…
Մշակութասպանութեան մասի՞ն: Ինչ կ'ուզէք որ ըսուի, քանի որ ան ներքին կեղ է: Ո՞ր միամիտը դեռ կ'ըսէ, որ «Այո՛, հայերէնով ոչ միայն Հայը կը նմանի Հայուն, այլեւ Հայքը՝ Հայքին»:
Իսկ առանց հայերէնի Հայը որո՞ւ կամ ի՞նչ բանի կը նմանի: Նմանած է կամ պիտի նմանի:
Նման հարց դնել ինքնին պախարակելի է ընդունելի դարձած կարծիքներու կողմէ, կարելի է ամբաստանուիլ որպէս խտրականութեան չարագործ կամ ցեղապաշտ:
Ցեղասպանութիւն-հայրենահանում զոյգին կրնկակոխ կը հետեւի մշակութասպանութիւնը, որ Հայերու անհետացումը կ'իրականացնէ անզգալաբար, աստիճանաբար, զանոնք դարձնելով «ծագումով հայեր» եւ կը սկսինք խօսիլ քառորդ, կէս, իշխանուհիին պէս… 1/64-րդ հայ: Ի հարկէ արտաքին ազդակներու ճնշման ներքեւ, բայց նաեւ մեր պարտուողական ոգիին պատճառով:
Առանց դոյզն ազգային տրամաբանութեան հետեւելու, ճառ կը խօսինք, յօդուած կը գրենք, նկարահանում կÿընենք «ծագումով հայեր»ու մասին, ինչո՞ւ, ի՞նչ սպասելով, սնափառութի՞ւն, թէ՞ պարզապէս նիւթական շահ: Այս զոյգը հաւաքականութիւնները կրծող ախտ է:
Լուսարձակները սխալ կէտի ուղղելով չենք տեսներ ներքին միւս կեղը: Ներկայիս, ցեղասպանութենէ, հայրենահանումէ եւ մշակութասպանութենէ ետք, կը դիմագրաւենք մեր պատմութեան մեծագոյն աղէտը. արտագաղթ-հայրենալքում: Բնորոշումը կը պատկանի Սիլվա Կապուտիկեանի: Երբ զանգուածային հայրենալքում կայ, որ պարտութեան դրսեւորում է, ինչպէ՞ս ազգի դատ կարելի է հետապնդել: Մեր խօսակիցները, բարեկամները եւ միւսները, մեզ որպէս լուրջ մարդ նկատի չեն ունենար:
«Ֆէթիշ» թուականին պիտի հաւաքուինք, պիտի պոռանք, ճիշդ է, առանց յարգելու յիշատակը ինքնակոչ Զարդմանոս թագաւորին, կամ լռութեամբ յարգելով…, որուն հպատակները, իր վարակով ամէն օր քիչ մը աւելի կը բազմանան, պարթեւերէն չեն խօսիր, կը խօսին աշխարհի բոլոր լեզուները, մանաւանդ այն լեզուները որոնք «հասութաբեր» են: Կը ծափահարուին նոր Զարդմանոսները, մանաւանդ երբ նուաճած են փառք եւ ոսկեհանք:
Ամեակ: Պիտի պոռանք…… կարգախօսներ: Հեռանկա՞ր:
Վաղը, տասը, քսան, յիսուն տարի ետք, Ցեղասպանութեան հետեւանքները կարենալ կասեցնելու համար, թումբ կանգնեցուցած պէտք է ըլլանք (ըլլայինք) մշակութասպանութեան առջեւ, մեր մէջ մեռ-ցընելով... Զարդմանոսը… Այս ընելու համար ոչ երեսփոխանի, ոչ ծերակուտականի, ոչ նախագահներու կարիք կայ, (կարիք կար): Գէթ ենթադրաբար: Այս ընելու համար ոչ բարեկամի ոչ թշնամիի կարիք կայ (կարիք կար): «Այո, հայերէնով ոչ միայն Հայը կը նմանի Հայուն, այլեւ Հայքը՝ Հայքի»… Այս կÿընե՞նք, ո՞վ կÿարգիլէ, արգիլող թշնամի չկայ, այդ թշնամին եթէ կայ, ան մեր մէջ է, հեռուն պէտք չէ փնտռել:
Մեր քաղքենիի հոգիին մէջ ծուարած Զարդմանոսը պէտք է սպաննել:
Հայրենահանման հետեւանքով այսօր ընթաց- քի մէջ է դանդաղ եւ դադար չունեցող ցեղասպանութիւնը, «հայախօս»ներու թիւը աստիճանական նուազում կը կրէ: Արդէն, «սփիւռք(ներ)ի մէջ հայերէնը կենդանի լեզու ըլլալէ կը հեռանայ, շրջապատի ուղղակի-անուղղակի պարտադրանքով: Կը պատկերացնե՞նք յիսուն տարի ետք ստացուելիքը: Ինչպէ՞ս Հայը պիտի նմանի Հայուն, երբ մին պիտի խօսի չինարէն, միւսը անգլերէն, երրորդը զուլուերէն… Հասարակաց ոգեկանութիւն ինչպէ՞ս պիտի ստեղծուի:
Այդ ծիածանային լեզուներով Հայքը Հայք կ'ըլլա՞յ:
Առանց յաջողած հայեցի կրթութեան ի՞նչ պիտի ժառանգենք, անոր վրայ կարենալ կառուցելու համար ինչ որ սովորաբար կը կոչենք «Հայ Դատ», երբ հետզհետէ Հայը պիտի դադրի նմանելէ Հայու, նոյնիսկ եթէ դեռ շարունակենք թութակաբար կրկնել «ծագումով հայ» ըլլալու տխրութիւնը: Ամէն օր խաղացուող tragi-comedie մը, որուն բեմը հայաշխարհն է:
Հարիւրամեակ պիտի նշենք:
Առանց լեզուամշակութային զանգուածային վերականգնումի, ինչպէս պիտի հասնինք յառաջիկայ քսան կամ յիսուն տարիներու ամեակները:
Ո՞ր գիտակից եւ ինքնութիւն պահած ժողովուրդով պիտի շարունակենք իրաւունքի վերականգնում հետապնդել: Այս հարցումը պէտք է ուղղել բոլոր ղեկավարութիւններուն եւ խորհրդաժողովներուն, պահանջելով որ իրենց պատասխանները եւ նախաձեռնութիւնները յստակացնեն:
Առանց լեզուամշակութային իրաւ քաղականութեան, որ հարազատօրէն ազգային քաղաքականութիւն է, եւ անոր յաջողութեան, դեռ ժամանակ մըն ալ տեղքայլ պիտի ընենք, եւ մագաղաթը փոխարինենք մարմարով (լսե՛լ Օշականը):
Ոգեկոչման կրկնութի՞ւն, թէ՞ ազգային իրաւութեամբ պայքար, որպէսզի պատմութենէն բխող մեծ հարցականը լսուի. «Ի՞նչ կը դառնայ Հայքը, եթէ այստեղ հայերէն չխօսին: Նախ երկիրը Հայք չի կոչուիր»:
Իսկ ինչպէ՞ս պիտի կոչուի ժողովուրդը:
Նման վերաբերում թող հերետիկոսութիւն չհամարուի բոլոր անոնց կողմէ որոնք տեղատուութիւնները կը տնտեսեն, վասն փառքի փշրանքներու:
Հեռանկարը կ'ապրի երբ իրաւ եւ յստակ բովանդակութիւն ունի:
Խօսքը կը վերաբերի ազգային հեռանկարի, անկախաբար այլ մտմտուքներէ:
Յակոբ Պալեան
(Ապրիլ 7, 2014)