Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կիրակի, 6 Ապրիլ 2014
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին ուխտի օրն է, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը: 

Տարիներ առաջ, միշտ եղած եմ մէկը բազմահազարներէն, որոնք վանքի շրջաբակին մէջ, աստիճաններուն վրայ տեղ բռնած ու միջանցքներէն կը սպասեն, որ ղօղանջող զանգերու ցնծութեան մէջ միաբանական թափօրը դուրս գայ եկեղեցիէն եւ հոգիները լեցնէ սրբազան Աջին օրհնութեամբն ու լուսաւորչին հաւատքով:
Ինչպէս այն ատեն գիտէի, հիմակ ալ չեմ կասկածիր, թէ Անթիլիաս փութացողներուն քիչերը միայն եկեղեցասէր ուխտաւորներ են: Մեծամասնութիւնը հոն կու գայ ՝ կրօնական ծէսով պարուրուած ազգային կարեւոր տօնի մը աւանդութիւնը պահելու եւ անոր հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ամրապնդելու համար: Ծիսական հանդիսաւորութեամբ եւ ամենայն պաշտօնականութեամբ ժողովրդային տօնախմբութիւն մը, որ կը կատարուի կաթողիկոսի հովանիին տակ եւ միաբաններու մասնակցութեամբ: Թափօրին շուքը եւ բազմահազար հայորդիներու երկիւղած լռութիւնը կը ներգործեն հոգիիդ եւ այդ պահուն կը զգաս ազգիդ ներկայութիւնը եւ կը հպարտանաս, որ հայ ես:
Հետզհետէ գունատող մեր բարքերուն եւ մոռցուող աւանդութիւններուն կորուստը մտաբերելով, Անթիլիասի ուխտի այս օրը առաւել նշանակալի կը դառնայ եւ եզակի իր բնոյթով եզակի պատեհութիւնը կու տայ Լիբանանահայութեան, որ մեծով պզտիկով համախմբուին, քով-քովի գան, թարմանան ազգով ու եկեղեցիով եւ հայկականութեամբ : Պատեհութիւն, որմէ զրկուած են միւս գաղութները: Ինքզինքիս կÿըսեմ, որ այս տարի յատկապէս շատ աւելի բազմութիւն պիտի տեսնեմ երկու պատճառով. նախ որ ի սփիւռս գործուղղուած հոգեւոր բոլոր գործիչները, բոլոր վարդապետներն ու եպիսկոպոսները մէկտեղուած են մայրավանք միաբանական ընդհանուր ժողովի , որով անոնցմով կազմուելիք թափօրի տեսարանէն եւ առթելիք ոգեւորութենէն ոչ մէկ ազգային պիտի ուզէ ինքզինք զրկել: Երկրորդ, որ օրուան պատարագիչը Բերիոյ թեմի առաջնորդն է, որ իբրեւ քաջ հովիւ անապահովութեան մղձաւանջին մէջն իսկ մնաց իր պաշտօնին վրայ, չտատանեցաւ երբեք ահաւոր ռմբակոծումներուն կամ անհա- կակշիռ առեւանգումներուն թիրախ դառնալու վտանգին դիմաց:
Այս մտածումներով եմ դէպի Անթիլիաս ինքնաշարժին մէջ: Ես զիս կը մեղադրեմ, որ ուշացած եմ: Բայց վանքի մուտքին, դարպասէն ներս առաջին քայլիս պէտքը կը զգամ մխիթարութեան եւ ... բացատրութեան: Շրջաբակին մէջ հինգ-վեց հարիւր թիւը չգերազանցող մարդերու ներկայութիւն մը: Նոյնքան ալ տաճարին մէջ , կÿենթադրեմ: Մեղմելու համար կրած հիասթափութիւնս բարեկամս զիս եւ... ինքզինք մխիթարելու համար կÿըսէ, թէ յաջորդ Կիրակի , Ծաղկազարդին խռնուած բազմութիւն կը տեսնես...: Չուշանար ուրիշի մը դառնութեան խայթոցը «բացակայ են նաեւ անոնք, որոնք իրենց զբաղեցուցած հանգամանքներու մէջ իբրեւ թէ կոչուած են ազգային գիտակցութիւն ներշնչելու հայ զանգուածներու...»:
Ափսո՜ս :
Քարոզչական եւ փոխադրական միջոցներու ներկայ ժամանակի դիւրութիւններուն մէջ ի՞նչ արդարացում կարելի է գտնել այս բացակայութեան: Ո՞ւր են գողունի նայուածքներով գաղտնօրէն իրարու ժպիտ փոխանակող երիտասարդ-երիտասարդուհիները, պատանի տարիքի աշակերտ-աշակերտուհիները: Ինչո՞ւ չէ նախաձեռնուած զանոնք Անթիլիաս առաջնորդելու: Ո՞ւր են կրթական մշակներն ու ազգային թէ միութենական պաշտօնեաները: Պարզ հարցումը որ կ'ուղղուի շատ մը հասցէներու այն է, թէ ո՞վ առաջքը պիտի առնէ այս տեղատւութեան գաղութի մը մէջ, ուր նահանջը կասեցնելը անկարելի չէ եւ որուն ազգային ջիղին վրայ սփիւռքի դրած գրաւը արդարացուած է միշտ ...:
Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը կÿաւետէ կազմութիւնը թափօրին: Վեհափառ հայրապետը, ետին՝ աւագ արքեպիսկոպոսներէն Եփրեմ սրբազան, Սուրբ Աջերը բարձրացուցած՝ օրհնութիւն բաշխելով դուրս կու գան տաճարէն: Անոնց կողքին՝ զոյգ շարքերով վեղարաւորներու եռանդուն փաղանգ մը , որուն ի տես հոգեկան թրթռացում մը կը պրկէ էութիւնս եւ զիս կը դնէ պահու խորհուրդին մէջ: Դառն ու դառնացնող մտածումներս կը փոխակերպուին ապագայի հանդէպ գօտեպինդ հաւատքի: Ահաւասիկ. հակառակ զայն արմատախիլ ընելու ծանրագոյն հարուածին, երբեմն նաեւ ներքին ընդդիմութիւններու, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամրօրէն կառչած է Լուսաւորչի արմատներուն եւ իր հովանին կը տարածէ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա ու Ամերիկաներ եւ Գանատա: Պատկառանք կ'ազդէ թիւը միաբաններուն, որոնք իբրեւ Լուսաւորչի ջոկատ երաշխիք են Ս. Աթոռի անսասան պահպանման եւ հայ կեանքի հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան դաշտին մէջ կը մարտնչին իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկո- սութեան խիզախ արշաւախումբը , գրաւականը դառնալով անոր առաքելութեան:
Հին յուշերու եւ նոր յուսախաբութիւններու պահեր ապրեցայ այսօր: Սակայն մայրավանքին մէջ, կազմուած թափօրին ներգործութեան տակ, ազգային իմաստով թարմացնող ներարկում եւ հոգեկան լիացում ունեցայ միաժամանակ: Բացակաները զրկուեցան այդ բաւարարութենէն:

Միհրան Քիւրտօղլեան
Պէյրութէն Աթէնք օդանաւին մէջ