Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Քանի մը տարի առաջ ընտանեօք արձակուրդի Պոսթոն գացած էինք: Պոսթոնի տեսարժան վայրերէն աւելի խիստ կարեւոր էր մեզի համար այցելել «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրատունը, ՀՅԴ արխիւներու կեդրոնն ու ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը,

որոնք բոլորը կը գտնուին նոյն յարկին տակ‘ մէկ շէնքի մէջ: Լոս Անճելըսի բարեկամներէս մէկը տուած էր հեռաձայնի թիւ մը, որ ի հարկին հեռաձայնենք պոսթոնաբնակ հայորդիի մը, որ նուիրուած ազգային մըն է, ծանօթ‘ այդ շրջանին, եւ գործունեայ անդամ‘ պոսթոնաբնակ հայ շրջանակին մէջ: Առաջին իսկ օրէն սոյն անձը պէտք եղածէն աւելի օգտակար դարձաւ, որ մենք ծանօթանանք ամերիկահայ հնագոյն եւ պատմական Պոսթոնի գաղութին: Շատ շուտով մտերիմներ դարձած էինք, սակայն չէի գիտեր իր մականունը ու քանի մը օր ետք երբ պատահմամբ իմացայ. «Քեսապցի՞ ես»: «Ինչէ՞ն գիտցար», հարցուց կատակով: Պոսթոնի ամէնէն նշանաւոր համալսարան «Հարվըրտէն» վկայուած ըլլալու պէտք չունէի գուշակելու իր քեսապցիութիւնը: Մարաշլեան մը‘ շատ հաւանաբար մարաշցի ըլլալու է, կամ Այնթէպլեան մը‘ այնթէպցի, սակայն Մանճիկեան, Աբէլեան, Թրթռեան, Թիթիզեան, Կարպուշեան, Ինճէճիկ

եան մականունները անպայման քեսապցիի կնիքը կը կրեն: Կայ նաեւ ուրիշ պարագայ մը: Երբ անծանօթ հայու մը ժամեր ու օրեր կը տրամադրէ իր ծառայասիրութեամբ, կասկածէ վեր է, որ այդ անձը վստահաբար քեսապցի է: Այդպէս է քեսապցին: Օգնող ու ծառայասէր: Ազգայնապաշտ, միեւնոյն ժամանակ «քեսապապաշտ»: Իրեն համար Քեսապը գիւղ մը չէ: Հայրենիք մըն է: Կը գուրգուրայ անոր հողին, քարին, ծառին ու մանաւանդ ազգային կալուածներուն: Իւրայատուկ է իր բարբառով ու սովորութիւններով: Երբ քեսապցին հանդիպի ուրիշ քեսապցիի մը, Քեսապի մէջ թէ Քեսապէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Քեսապի բարբառ չէ, որ կը խօսին, այլ‘ «քեսապերէն»:
Թուրքիոյ սահմանակից, Սուրիոյ մէջ գտնուող Քեսապը այս օրերուն իր դժուարագոյն օրերը կ’ապրի: Շէն Քեսապը այսօր ամայացած է: Իր հողին այնքան կապուած քեսապցին այսօր դարձեալ բռնած է գաղթի ճամբան: Մեծ մասամբ ապաստան գտած է դրացի Լաթաքիոյ մէջ, եկեղեցւոյ ու դպրոցներու սրահներուն մէջ: Քանի մը ալեհեր քեսապցիներու համար ասիկա երրորդ տեղահանութիւնն է: Երեխաներ չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչո՛ւ ձգած են իրենց պապենական տունը ու եկած‘ իրենց անծանօթ վայր մը ու օրերէ ի վեր կը բնակին վայրի մը մէջ, որ բնակարան չէ: Դպրոց է: Եկեղեցի է ու ակումբ: Խելահասները իրարու հարց կու տան, թէ արդեօք գէշ երա՞զ մըն է այս, թէ՞ իրականութիւն: Հարիւրամեակը պիտի տօնէին Քեսապի տեղահանութեան: Այսօր դարձեալ նոյն թատրերգութիւնն է, որ կը խաղցուի նոյնինքն թուրքին կողմէ:
100 տարիներ առաջ տեղահանուած քեսապցին, վերադառնալով իր հայրենի տունը, արիւն քրտինք թափելով վերաշինեց իր կալուածները, պահեց իր բարբառը եւ Քեսապը սփիւռքի մէջ դարձաւ փոքրիկ Հայաստան մը, ու երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքով ձեռք բերուածը այսօր կը գտնուի թուրքմէններու եւ Թուրքիոյ կողմէ վարձուած գազաններուն ձեռքը, ձգուած է անոնց քմահաճոյքին:

Քեսապցիներու աւանդութիւններէն՝ խաղողի ռուպի պատրաստութիւն

Քեսապը սփիւռքի մեր հազուագիւտ աւաններէն մէկն է, ուր մեր պապենական գիւղերու սովորութիւնները կը պահպանուին ու կը շարունակուին: Բոլորը կը ճանչնան զիրար եւ մեծ մասամբ ազգական են կամ խնամիական կապեր ունին: Քեսապցին կը սիրէ, որ իր զաւակը, կամ դուստրը իր ամուսնութիւնը կնքէ իր երկրացիին հետ, ուր աւելի ամուր կը շարունակուին աւանդութիւնները:
Ո՞վ է քեսապցին: Քեսապցին մարդկութեան տուած է մեծ թիւով բժիշկներ, գրողներ, մտաւորականներ, գիտուններ, կղերականներ, միեւնոյն ժամանակ կը սիրէ երկրագործութիւնը: Նոյնիսկ Քեսապէն հեռու, ամէնէն արդիական քաղաքին մէջ ապրող քեսապցին իր տան պարտէզին մէկ անկիւնը կը յատկացնէ բանջարանոցի կամ պտղատու ծառեր ցանելու, ու այդ մէկը իր մեծագոյն հաճոյքն է, կարեւոր չէ‘ բժի՞շկ է, թէ փաստաբան, մտաւորակա՞ն, թէ՞ կղերական:
Թիւով շատ են նշանաւոր քեսապցիները, պիտի գոհանամ երկու օրինակով:
Միացեալ Նահանգներու առաջին ամէնօրեայ հայկական վարժարանի հիմնադիրը‘ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, քեսապցի է: Գարեգին Ա. վեհափառ Սարգիսեանը, հետագային‘ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, դարձեալ քեսապի ծնունդ է: Եթէ բոլոր նշանաւոր քեսապցիները թուեմ, էջեր պէտք է յատկացնեմ: Թող ներեն անոնք, որոնց անունները չեն յիշուած այստեղ:
Քեսապցիներուն մեծամասնութիւնը ուսեալ է, եւ Քեսապէն հեռանալու հիմնական պատճառներէն մէկն ալ այդ է: Երբ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար կը ձգեն իրենց սքանչելի աւանը եւ կ՛ուսանին Միացեալ Նահանգներ կամ եւրոպական որեւէ մէկ երկրի մէջ, իրենց ուսանած բարձր մակարդակի ուսումը ինչպէ՞ս պիտի օգտագործեն քանի մը հարիւր ընտանիքէ բաղկացած գիւղին մէջ: Կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ, Քանատա կամ եւրոպական երկիր մը, սակայն մեծամասնութեամբ արձակուրդի համար վերապահուած տուն մը ունին Քեսապի մէջ, եւ եթէ ոչ ամէն տարի, գոնէ քանի մը տարին անգամ մը կ՛այցելեն իրենց հօրենական գիւղը եւ կ՛ապրին քեսապցիի նման հանդարտ ու ծառայասէր այդ գիւղական կեանքը: Շատ մը քեսապցիներ, հանգստեան կոչուելէ ետք տարուան քանի մը ամիսը կ՛անցընեն Քեսապի մէջ:
Քեսապցին կը սիրէ քէֆն ու կերուխումը: Ոեւէ քեսապցիի մը հարսանիքին անպայման պիտի երգեն ու պարեն քեսապցիներու նշանաւոր շուրջպարը:
«Կարմիր ֆստան հագուծ է, Հէլէ հէլէ հէլլէ, նինոյ է», կամ‘
«Մակտուպ կ՛առնու կը խնդու», սակայն դժբախտաբար վերջին շրջանին «Մակտուպ կ՛առնուն ու չեն խնդար»: Լուրերը շատ վատ են Քեսապէն: Քանի մը տարի է, որ անխոհեմութիւն էր այցելել այդ հիանալի աւանը: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկար գուշակելու համար, թէ օր մը սահմանակից Թուրքիան առիթէն պիտի օգտուէր ու իր թրքութիւնը ի գործ պիտի դնէր: Միշտ այդպէս եղած է թուրքը: Միշտ ալ օգտուած է պատերազմական վիճակէն‘ նենգօրէն հարուածելու անմեղ ժողովուրդները, Ա. Համաշխարհային պատերազմէն մինչեւ Սուրիոյ մէջ եղած իրադարձութիւններուն տխուր տարիները:
Վստահ եմ, որ Քեսապի հարցը շուտով կը լուծուի: Ամէն կողմէ միջամտութիւններ կ՛ըլլան, սակայն մինչ այդ, առիթէն օգտուելով, պիտի կողոպտեն ու ապա հեռանան: Թրքական հին սովորութիւն է: Իրենց արիւնին մէջ անցած է այս մէկը:
Սիրելի՛ քեսապցիներ, ամբողջ հայութիւնը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռք, ձեզի հետ կը սգայ, սակայն այդ սուգը ողբի վերածելու ժամանակը չէ: Կ’ընդունիմ, որ մարտական ուժը չունինք դիմադրելու թուրք վարձկաններուն, սակայն այս օրերուն մեծ նշանակութիւն ունի քաղաքական լուծումը: Թէպէտ մարտական ուժը չունինք, սակայն ունինք միասնակամութեան ուժը: Երբ Հայ դատի յանձնախումբերը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու մեր երկու վեհափառ հայրապետները կը միջամտեն մեծ պետութիւններուն մօտ, որ դադրի այս անօրէն արշաւը դէպի Քեսապ, վստահաբար շուտով արդիւնքի պիտի հասնին, ու Քեսապ պիտի վերագտնէ իր բնականոն վիճակը:
Մաղթելով եւ յուսալով, որ շատ շուտով քեսապցի կամ ոչ, բոլորս միասին շուրջպար բռնած երգենք ու պարենք
«Կարմիր ֆստան հագուծ է Հէլէ հէլէ հէլլէ նիննոյէ» ազատագրուած Քեսապի մէջ:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ