Քեսապի հայաթափման գոյժը երբ լսեցի, տեղահանուող հայորդիներուն ապրած մղձաւանջն ու տագնապը պատկերացնելէ ու հոգեպէս ցաւելէ ետք, մտապաստառիս վրայ ուրուագծուեցաւ Քեսապի առնչուած անսպասելի պատկեր մը: Կը կարծէի, թէ միտքս ուրիշ տեսարաններ, յիշատակներ, ապրումներ, դէմքեր ու դէպքեր պիտի գային:
Կը կարծէի, թէ Քեսապի հրաշագեղ լեռնաշղթաները պիտի տողանցէին աչքիս առջեւ: Կ՛ենթադրէի, որ մեր ամառնային տան մասին պիտի մտահոգուէի ու յիշէի այդտեղի ընտանեկան ջերմ ու ճոխ հաւաքները, քեսնիկի ու թարմ կաթի կամ աւանդական ճաշերու սեղանները:
Կը կարծէի, թէ հոգեպէս պիտի սաւառնիմ Քեսապի կախարդական բնութեան մէջ, կանաչապատ ծառերուն բուրմունքը պիտի շնչեմ, պիտի վերյիշեմ ընկերային ու մանաւանդ միութենական անմոռանալի յիշատակները՝ բանակումները, պտոյտները, արկածախնդրութիւնները, քայլարշաւները, ծովագնացութիւնները, դեպի Սնտրան կամ Թափասա բարձրանալու լեռնագնացութիւնները, Սեւ աղբիւրի, Տիւզաղաճի, Պաղճաղասի արշաւները, բանակումներու ընթացքին գործադրուած դաստիարակչական ու դաշտային գործունէութիւնները, բազմահարիւր հանդիսատեսներու առջեւ ներկայացուած խարուկահանդէսները, գիշերային գործունէութիւնները, յարձակումները, պահակութիւնները, բանակումներու աւարտին երգուած «Ո՞վ կրնայ ընկեր մը ձգել առանց արցունքի» երգը եւ այլն: Կը կարծէի, թէ պիտի յիշեմ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առթիւ աւանդական դարձած միջմասնաճիւղային տողանցքները, մատաղօրհնէքն ու խաղողօրհնէքը, տօնական ու հայաբոյր մթնոլորտը, Քեսապի հրապարակը համախմբուած երիտասարդութիւնը, եռուզեռը, խճողումը, Քեսապի գարնանային զեփիւռը, մրրկածին ձմեռը կամ զով ամառը, մէ՛կ խօսքով՝ Քեսապի կեանքն ու անցեալը իր քաղցր ու անփոխարինելի յուշերով:
Զարմանալիօրէն այս բոլորը միտքս չեկաւ… Անոնց փոխարէն՝ մտքիս մէջ պատկեր մը եկաւ: Քեսապի Գալատուրան գիւղի հայկական եկեղեցւոյ պողպատեայ ու հայատառ փորագրութեամբ զանգն էր վերոնշեալ բոլոր յիշատակներուն տեղը գրաւողը… Այդ զանգը երբեմնի հայաբնակ Պերեճիկի եկեղեցիներէն մէկուն զանգն է: Ցեղասպանութեան օրերուն տեղահանուած արեւմտահայութեան հետ համտեսած է աքսորի արհաւիրքը, անցած է անապատներէն ու հայու ձեռքերով հասած է Քեսապ… Պերեճիկցիք աքսորի ճամբու սովը, տառապանքը, յոգնութիւնն ու տանջանքը անտեսած՝ յաջողած են այս ծանր զանգը փոխադրել ու փրկել կործանումէ:
Այսօրուան պէս կը յիշեմ զանգին հետ առաջին «հանդիպումս»: Ամառնային պայծառ օր մըն էր, երբ այցելեցի եկեղեցին: Միջերկրականին հսկող իր իշխանական դրուածքով, հաստատուն սիւներով հանգչած էր բնութեան գիրկը՝ վեհութիւն ու առաւել շքեղութիւն տալով դալարագեղ բնութեան:
Տարեց պահակին արտօնութեամբ ու քաջալերանքով բարձրացայ զանգակատուն: Մօտէն աւելի գեղեցիկ ու մեծ էր զանգը: Հաւաքուած փոշին մաքրելէ ետք փորձեցի փորագրուածը կարդալ: Եթէ յիշողութիւնս ինծի չի դաւաճաներ, զանգին վրայ թուական, նուիրատուին անունն ու Պերեճիկի եկեղեցւոյ անունը փորագրուած էին: Պահ մը պատկերացուցի, թէ ինչպիսի՞ դժուարութիւններով, յանձնարարութիւններով ու պատասխանատուութեամբ մարդիկ յաջողած էին այս զանգը իրենց հոգիներու ծննդավայրէն՝ Կիլիկեան թագաւորութեան մէկ դարբնոցը հասցնել ու Հայաստանէն դուրս կտոր մը Հայաստանի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ բարձրացնել:
Օրին, երբ կը քննէի զանգը ու հոնկէ Միջերկրականի հորիզոնը կը դիտէի, յուզական պահեր, խորհրդածութիւններու երկմտանք ունեցայ: Մտովին կը հարցնէի. «Եթէ օրին մէկը հայկական բռնագրաւուած հողերը ազատագրուին, կրնա՞յ ըլլալ, որ Պերեճիկի զանգը ազատագրուած Հայաստան փոխադրուի, թէ ոչ այստեղ ալ եթէ մնայ, պահպանուած ու պաշտպանուած կը մնայ»: Մտածեցի, որ երկու տեղերն ալ ապահով են ու պատմական, կարեւորը հայութեան գոյատեւումն է… Մտքէս չանցուցի սակայն, որ ինչպէ՛ս Պերեճիկի մէջ 1915-ին, այնպէս նաեւ Քեսապի մէջ 2014-ին նո՛յն զանգը, անգա՛մ մըն ալ պիտի վտանգուէր ու ղօղանջելէ պիտի դադրէր…
Ցաւօք, այսօր զանգը դադրած է իր քաղցարահնչիւն ղօղանջներով բնութեան մէջ մեղեդիներ տարածելէ… Զանգը թրքաբարոյ այլատեաց ու գազանային գաղափարաբանութեամբ սնանած նորօրեայ բարբարոսներուն քմահաճոյքին ենթակայ է…:
Բայց այս զանգը պատմութիւն ու փոխանցելիք պատգամ ունի…: Անոր մէջ հայոց նորագոյն պատմութիւնըկը խտանայ, հայոց հաստատակամութիւնն ու ազգային արժէքներու հանդէպ հաւատարմութիւնը:Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր քեսապցիք իրենց հետ չվերցուցին այդ զանգը ու չտարին Լաթաքիա: Ո՛չ թէ որովհետեւ կարեւոր չէ անոնց համար, ո՛չ թէ որովհետեւ ժամանակ ու առիթ չունեցան զայն փոխադրելու, այլ որովհետեւ քեսապցիք քա՛ջ գիտեն ու վստահ են, որ կրկին պիտի վերադառնան իրենց բնօրրանը, ու զանգը պիտի ղօղանջէ յաղթանակի աւետիսը: Գալատուրանի մէջ անգա՛մ մըն ալ հայավայել կեանքը պիտի վերսկսի ու զնգոցին արձագանգը պիտի տարածէ Քեսապի հայութեան անվտանգութեան լուրը:
Պիտի ղօղանջէ Պերեճիկէն Քեսապ հասած զանգը՝ ի հեճուկս էրտողանեան ոտնձգութիւններուն, պիտի ղօղանջէ՛ առ ի հաստատում՝ հայու վճռակամութեան, անկոտրում կամքին ու պապենական հողի կառչածութեան:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ