Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Տարիները անցնելով, հետզհետէ աւելի շատ մեծ թիւով կիներ կը զինուորագրուին Զինեալ ուժերուն մօտ, հետեւելով իրենց հայրերուն հետքերուն, որոնք պայքարեցան Արցախի պատերազմին։ Անոնցմէ մի քանին կը մասնակցին ռազմական յատուկ ուժերու կազմերուն մէջ։

Արմինէ

Ըստ Զինեալ Ուժերու նախարարութեան, կանանց մասնակցութիւնը բանակին մէջ շատ մեծ նշանակութիւն ունի, քանի որ իրենց գործունէութիւնը հաւասար է այր մարդոց հետ։

Արմինէն՝ 35 տարեկան երիտասարդուհին՝ չորս տարի է, որ մաս կը կազմէ Երեւանի ռազմական յատուկ ուժերու բանակին մէջ։ Ան կը մասնագիտանայ ոչ միայն հրաձգութեան, այլ եւ օդանաւերէ ազատ ոստումներ կը կատարէ։ Ան արդէն հարիւրի մօտ ոստումներ կատարած է մինչեւ հիմա։
Արմինէն ունի տասնըերեք տարեկան զաւակ մը։ Շատ անգամ իր աշխատանքին բերմամբ՝ կը բացակայի տունէն։ Իր գործին հանդէպ սէրը առաջնահերթ է իրեն համար։
Թամարան՝ 22 տարեկան եւ Մարիամը՝ 27, երկուքն ալ Արմինէին աշակերտներն են։ Թամարան՝ հինգ զաւակ ունեցող ընտանիքի մը անդամ՝ դպրոցը վերջացնելուն պէս կը զինուորագրուի։ Բանակին մէջ իր ծառայութեան զուգահեռ, ան հիւանդապահուհիի դասեր կը ստանայ։ Ան կը խոստովանի՝ թէեւ շատ անգամ վախ կը զգայ, կը գտնէ ուժը եւ կը յաղթահարէ զայն, քանի որ կին զօրակոչիկներուն հանդէպ տարբեր վարուելակերպ չկայ՝ իրենց ուսումնական մարզումներուն մէջ, այլ նոյնն է այր մարդոց։ Թամարան կ'ըսէ՝ թէ կþուզէ շարունակել իր զինուորական ասպարէզը, բայց նոյն պահուն երբեք չի մոռնար իր անձնական կեանքը եւ ընտանիք կազմելու իր փափաքը։
Մարիամը՝ արդէն ամուսնացած է, բայց զատուած է իր ամուսինէն եւ ունի 4 տարեկան աղջիկ զաւակ մը։ Ան կþերազէր՝ ֆրանսական լեժէոնի մաս կազմել բայց իր ընտանքի մերժումը արգելք եղաւ իր ծրագրին։ Զինուորական իր պաշտօնը իրեն կ'ապահովէ նիւթականի տեսակէտէ, ինչպէս նաեւ իրեն կուտայ ընկերային լաւ դիրք մը, քանի որ ան զատուած մայր մըն է, բան մը որ համաձայն չէ դեռ տեղական ընկերային սկզբունքներուն։ Ամէն պարագայի, եթէ դարձեալ պատերազմ ծագի, ան պատրաստ է զէնքերը առնելու եւ պատերազմելու՝ առանց որեւէ տատանումի։ Ան գիտէ ճշգրտութեամբ կրակել:

Nouvelle d’ Armenie