Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հին Յունաստանի մեծագոյն դաստիարակ-փիլիսոփաներէն Արիստոտէլ ճիշդն ու ճշմարիտը գտնելու երկու աշխատակարգ (մեթոտ) կ’առաջարկէ .- տրամաբանութիւնը եւ մտածումներու փոխանակումը (dialectique) : 

Արիստոտէլին եւ միւս փիլիսոփաներուն հա

մար, փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը ճիշդն ու ճշմարիտը գտնելու փնտռտուքն է, որով եւ բնականաբար կ’ենթադրուի, թէ իր առաջարկը պիտի ծառայէ բացառապէս այդ նպատակին: Կը կարծուի հետեւաբար, որ բոլոր հարցականներուն պատասխանները գտնելու ճիգը ատկէ մղում պիտի առնէ ու պիտի յանգի միայն այդ նպատակին՝ ճիշդին ու ճշմարիտին :
Արիստոտէլի ցոյց տուած այս ուղին օգտագործելի է ու տարածելի՝ հանրութեան վերելքին միտուած տարբեր ոլորտներու վրայ, յատկապէս կազմակերպական ու քաղաքական կեանքի մէջ:
Կազմակերպութիւններ կը ստեղծուին ու քաղաքականութիւն կը կիրարկուի վնասակարը կանխելու եւ օգտակարին հասնելու ձգտումով: Նման առաջադրանք մը իրականացնելու գրաւականը Արիստոտէլի ուղիին հետեւիլն է, այսինքն տրամաբանութեան ուժով եւ մտածումներու փոխանակումով կատարուած կանխատեսումներն են ու հաշուարկները, որոնք պիտի վանեն վնասակարը եւ օգտակարին համար պիտի կազմեն ապագայի ծրագիր ու աշխատանքի յայտագիր:
Նման ձգտումով ու աշխատելաձեւով գործելու պահանջքը աւելի շեշտակի կը դառնայ՝ միեւնոյն գաղափարին նուիրուած եւ նոյն նպատակը հետապնդող մարդոց շրջանակին մէջ, ուր թեր ու դէմ կարծիքներն ու կեցուածքները եւ մտածումներու փոխանակումը կը նպաստեն, որ իրարու միջեւ գոյացած տարբերութիւնները հարթուին եւ կարելի դարձնեն հասարակաց, բոլորէն ընդու- նելի եզրակացութեան յանգիլը, որպէսզի իրարհասկացողութեամբ, գործակցութեամբ ու միաս- նական ոգիով լուծուին առկայ խնդիրները եւ դիմագրաւուին տուեալ ժամանակի մարտահրաւէրները:
Մակերեսային առաջին դատումով կը թուի ուրեմն, որ այսքան պարզը հասկնալու անընդունակ մարդոցմէ կարելի չէ ակնկալել դրական արդիւնք՝ որեւէ գործի մէջ:
Սակայն, մակերեսէն անդին կեանքի իրականութիւնը տարբեր բացատրութիւն կը յուշէ: Կը յուշէ, որ կատարած առաջարկին համար Արիստոտէլ իր մտապատկերին մէջ նկատի ունեցած պէտք է ըլլայ ճշմարիտին ու օգտակարին ձգտումով մշակուած իտէալական մարդու տիպարը եւ ոչ թէ առօրեայի բազմապիսի ճակատներու վրայ մաքառումներու բովին մէջ կաղապարուած ընդհանրական կերպարը, որուն համար էականը յաղթանակն է, եւ միայն յաղթանակը՝ հնարաւոր ամէն ձեւով ու միջոցով: Չկայ մարդ, որ ուզէ մաքառումէն պարտուած դուրս գալ:
Իսկ յաղթանակին երաշխիքը ուժն է, իր կոշտ ու նրբին բոլոր դրսեւորումներով,- ֆիզիքական, զինուորական, մտային, խօսքի, հռետորական ճարտարութեան, սպառնալիքի, եւայլն:
Արդէն, մարդկային բնութեան մէջ ի ծնէ խոր արմատներ ունի ուժի գործածութեան, յարձակողականութեան մղումը, որ ի յայտ կու գայ նոյնիսկ անգիտակից երախայի մօտ, հազիւ թէ երկու ոտքերու վրայ կենալու եւ ձեռքերը գործածելու ի վիճակի կ’ըլլայ ան:
Ինք, Արիստոտէլ ժամանակակից էր իմաստակներու (սոփեստ), որոնք տրամաբանութեան եւ մտածումներու փոխանակման միջոցը ոչ թէ ի խնդիր ճշմարիտին ու օգտակարին կը ծառայեցնէին, այլ խօսքի ճարտարութեան ուժին շնորհիւ ունկնդիրները տպաւորելով հակաթէզը պարտութեան մատնելու եւ յաղթանակ ապահովելու նպատակին կը գործածէին: Անոնք կը դառնային նախակարապետները վարպետ հռետորութեան:
Այդ ժամանակներէն մինչեւ այսօր, գրեթէ ամէնուրէք եւ ամէն բնագաւառի, յատկապէս ընկե- րային ու քաղաքական կեանքի մէջ կը վերապրի ու կը վեհապետէ իմաստակներու ժառանգը, սոփեստական հռետորաբանութիւնը :
Լսեցէ՛ք խորհրդարանական ժողովասրահներու մէջ թէ հանրային բեմերէ արտասանուած ճառերը, քաղաքական այրերու յայտարարութիւնները, նախընտրական խոստումներն ու քարոզարշաւները, գովազդներն ու տիպար յարդարող (image maker) մարդոց կամ հաստատութիւն- ներու հնարքները եւ պիտի հաստատէք, թէ ամէնուր ու ամէն կերպ միեւնոյն ճիգն է ՝ հռետորական ճարտարութեամբ տպաւորութիւն ստեղծել, ուժի դիրք ապահովել ի խնդիր սեփական հետապնդումի:
Եկեղեցականի մը արժանի՞ք կ’ուզէք շնորհել, ըսէ՛ք «կրօնական սկզբունքներու, ծէսերու եւ աւանդութեանց նկատմամբ չափազանց նախանձախնդիր է եւ իրեն պէս նախանձախնդիր սե- րունդ կը պատրաստէ...» : Միեւնոյն արժանիքին համար կ’ուզէք սեւցնե՞լ զինք, ուրեմն...«մոլեռանդ կրօնաւոր մըն է եւ իրեն պէս մոլեռանդ սերունդ կը պատրաստէ...» եւայլն:
Ուժի դիրք ընձեռելու յղացքէն զերծ չէ մնացած նաեւ, իբրեւ արդար համակարգ այնքան գովասանքի արժանացող ժողովրդավարութիւնը:
Ժողովրդավարութեան ազնուագոյն իմաստը, իրաւ էութիւնը տարբեր տեսակէտներու, տարբեր ըմբռնումներ ունեցող մարդոց կենակցումն է, միասնաբար գործելու արուեստին հնարքն է: Այս տեսակէտով , ժողովրդավար ըմբռնումին ու խառնուածքին հիմնովին կը հակասեն տարբերին հետ գործակցելու մերժումը կամ պայմաններով աշխատելու քմայքն ու սպառնալիքները: Քուէն թեքնիք մըն է, որ պիտի ծառայէ տարբերութիւններուն համեմատութիւնները յստակացնելու: Բայց ... գործնականութիւնը կը թելադրէ մեզի ապաւինիլ քուէներու գերակշռութեան, որ խորքին մէջ ժողովրդավարութեան կոպիտ ուժն է, որով եւ յաղթանակի երաշխիքը : Կարեւոր չէ, թէ 100 միլիոն հաշուող քաղաքացիներուն 45 առ հարիւրը ցեղային տարբեր ծագումով, ընկերային-քաղաքական տարբեր նպատակներ ու հայեացքներ ունեցող մարդոցմէ կը բաղկանայ. կարեւորը 55 առ հարիւր կոպիտ ուժի գերակշռութիւն ներկայացնողներն են : Ուրեմն, անոնց կը պատկանին երկիրն ու պետութիւնը... :
Կոպիտ այս ուժին առջեւ խոնարհումը անառարկելի դարձած է այնպէս, ինչպէս ի վերուստ տրուած խստագոյն պատուէր մը: Մեր ժողովուրդն ալ, հին տարիներէ, տակաւին ժողովրդավարութեան համն ու բոյրը չառած, թոյլ տուած է, որ իր լեզուին մէջ մուտք գործէ իբրեւ անառարկելի պատգամ «ձայն բազմած, ձայն Աստուծոյ» ասութիւնը :
Յամենայնդէպս .
Փիլիսոփայութեան ուսուցումը, հետեւաբար նաեւ Արիստոտելի առաջարկը նպատակ ունին մարդը հասցնելու ազնւութեան այն մակարդակին, ուր ան պիտի հրաժարի ուժի գործածութե- նէն, ամէն գնով յաղթանակ ապահովելու ընդոծին հոգեբանութիւնը պիտի թօթափէ եւ հետա- մուտ պիտի ըլլայ ճշմարիտին ու օգտակարին:
Հետագայ դարերուն այս նպատակին ձգտումը ծաւալեցաւ ու ընդհանրական դարձաւ կրթութեան շնորհիւ, կրթական համակարգերու ստեղծումով:
Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ նպատակը պիտի յաջողի կամ ընդմիշտ ձգտում պիտի մնայ:
Եթէ պատահի, որ երանելի օր մը ձգտումը իրականութիւն դառնայ, այդ պարագային ալ ա- տիկա նոյնպէս պիտի նշանակէ ոչ այլ ինչ, բայց եթէ յաղթանակ մը, ճշմարիտին ու օգտակա- րին ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ, այն տարբերութեամբ սակայն, որ իտէալական այդ յաղթանակին դիմաց արարուած մարդու փոխան պարտեալները պիտի ըլլան սուտն ու վնասակարը :
Ուրեմն ՝ անկցի՛ն պարտեալները , կեցցէ՛ յաղթանակը :

Միհրան Քիւրտօղլեան