Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցին կէսը կը կազմեն պահոց օրեր: Այդ օրերուն կը հրաժարինք միսով կերակուրներ ուտելէ:
Սակայն պահքի օրերը միայն ատով չեն խորհրդանշուիր, այլ՝ մեզ հաճոյքներէ եւ վայելքներէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ խոկումի, ինքնաքննութեան, բարեգործութեան, զղջումի եւ ապաշխարութեան, մեղքերէ ազատման եւ հոգիներու մաքրման օրեր են:
Պահքը կամ ծոմապահութիւնը ներանձնական վիճակ է, եւ զայն պէտք չէ կատարել որպէս ցուցադրութիւն՝ մեր շրջապատին, այլ ի փառս Աստծոյ: Պահքի նպատակն է մեր մարմինը վարժեցնել սակաւապետութեան, որպէսզի հարստացնենք մեր հոգեւոր կեանքը: Եթէ մէկը ինքնանպատակ ծոմ կը պահէ, օրինակ՝ փառասիրութեան, կեղծաւորութեան կամ նիհարնալու համար, ատիկա ընդունելի չէ Աստուծմէ, որովհետեւ ապաշխարութեան նպատակով չէ:
Մեր հոգեւորականները կ'ըսեն, որ պահքը գեղեցիկ է, երբ հոգին իրեն զերծ կը պահէ մեղքերէն: Ի՞նչի կը ծառայէ մարմինը պահքով նիհարցնել, եթէ հոգին կը գիրցնենք մահացու մեղքերով: Մարդը հոգի է եւ մարմին, եւ ինչպէս որ ուտելիքը մարմնին հաճելի է, նոյնպէս՝ պահքն ալ՝ հոգիին: Պահքը հոգին սնուցանելու միջոց է. շարականներ, հոգեւոր մեղեդիներ, աւետարանական ընթերցումներ, աղօթքներ. ահա այն ամէնը, որոնցմով հաւատացեալ մարդու հոգին պէտք է սնուցանուի պահքի ընթացքին:
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐԸ
Մեծ պահքը կ'ընդգրկէ վեց կիրակիներ, որոնք կ'առընչուին աստուածաշնչեան վեց պատմութիւններու: Այս կարգը սահմանած են Յակոբոս Տեառնեղբայրը (Ա. դար) եւ Կիւրեղ Երուսաղէմացին (Դ. դար): Այդ կիրակիներն են՝ Բուն բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի եւ Գալստեան:
Բուն բարեկենդան
Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, այսինքն՝ աշխարհիկ իմաստով՝ ուրախութիւն, վայելք, իսկ հոգեւոր իմաստը մեզ կը յիշեցնէ դրախտային երանական այն կեանքը, բարի կենդանութիւնը, զորս կÿապրէին Ադամն ու Եւան, մինչեւ մեղանչումով դրախտէն անոնց վտարումը:
Մինչեւ մեղանչելը մարդը մարմնով անմահ էր: Անոր զգացողութիւնը անհամեմատ նուրբ էր, գործողութիւններու կարելիութիւնը՝ աւելի լայն ու ազատ: Ինչպէս մեր եկեղեցական հայրերը կը բացատրեն՝ նախամարդու հոգին ու մարմինը այնքան նրբօրէն միահիւսուած էին իրարու, որ մարդը, օժտուած ըլլալով այդպիսի աստուածատուր շնորհներով, առանց որեւէ արգելքի, շփման մէջ կը մտնէր ո՛չ միայն հրեշտակներու եւ երկնային զօրութիւններու, այլեւ՝ Աստծոյ հետ:
Երբ մարդը արհամարհեց իր ունեցած ուրախութիւնն ու հետեւեցաւ փորձիչի՝ սատանայի խօսքին, ոչ միայն նոր ձեռքբերումներ չունեցաւ, այլեւ կորսնցուց ինչ որ ունէր: Այդ կորուստը անկում էր իրեն համար: Մարդը փոփոխութիւններ կրեց թէ՛ հոգեպէս, եւ թէ մարմնապէս: Այլեւս ան չունէր հոգեւոր այն նրբազգածութիւնը, որ իրեն թոյլ կու տար մասնակից ըլլալ երկնային յաւիտենական ուրախութեան: Ան սկսաւ ապրիլ մարմնական, կենդանական կեանքով: Իրականութեան մէջ անկումը միաժամանակ նաեւ մահ էր մարդու համար, քանի որ կորսնցուց այն բարի կենդանութիւնը, որ կը վայելէր դրախտին մէջ:
Ահա բարեկենդանը այս բարի կենդանութիւնն է, որ դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան:
Արտաքսման կիրակի
Կը խորհրդանշէ Ադամի՝ դրախտէն արտաքսումը: Ադամը եւ Եւան դրախտի երանութեան մէջ երկար չմնացին. իրենց գործած մեղքերուն պատճառով անոնք դարձան մահկանացու եւ անհնազանդութեան պատճառով արտաքսուեցան ու դատապարտուեցան քրտնաջան աշխատանքով իրենց ամենօրեայ հացը վաստկելու: Սակայն Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ մարդոց առջեւ վերստին բացուեցաւ դրախտի ճամբան, եւ մարդիկ, զղջումով, ապաշխարութեամբ եւ առաքինի վարքով իրենց մեղքերէն մաքրուելով, վերստին արժանացան դրախտային երանութեան:
Անառակի Կիրակի
Աւետարանի օրուայ ընթերցուող առակը կը պատմէ անառակ որդիին մասին (Ղուկ. 15; 11-32): Այս առակը մարդկութեան կու տայ բարոյական մեծագոյն դաս: Մարդ արարածը իր կեանքի ընթացքին կամայ թէ ակամայ մեղքեր կը գործէ: Սակայն երանելի է այն մարդը, որ կÿունենայ քաջութիւնը, ինչպէս անառակ որդին, զղջալու եւ իր գործած մեղքերուն համար Աստուծմէ ներողութիւն խնդրելու՝ ըսելով. «հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ եւ Քո առաջ» (Ղուկ. 15; 21): Հայրը պատրաստ է ներելու զղջացողին եւ զայն արժանի դարձնելու նախկին փառքին ու պատուին:
Տնտեսի Կիրակի
Աւետարանի օրուայ ընթերցուող առակը կը պատմէ, թէ ինչպէս մեծահարուստ մը գովասանքներու կ'արժանացնէ իր անիրաւ տնտեսը, որ հնարամտութեամբ կ'օգտագործէ իրեն վստահուած նիւթական կարելիութիւնները՝ կարգաւորելով իր կեանքի հետագայ ընթացքը (Ղուկ. 16; 1-8): Մենք այս աշխարհին վրայ Աստծոյ կողմէ նշանակուած ենք տնտես, ուստի անհրաժեշտ է, որ լաւագոյնս տնօրինենք մեր կարելիութիւնները՝ օգտագործենք զանոնք ո՛չ թէ ի շահ անձնական բարեկեցութեան, այլ՝ ի շահ անանձնական բարիքի, զանազանուելով՝ անիրաւ տնտեսէն:
Տնտեսի կիրակիէն յետոյ՝ Մեծ պահքի քսանչորրորդ օրը, կը կոչուի Միջինք: Միջինքը կÿազդարարէ, որ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին:
Անիրաւ դատաւորի Կիրակի
Օրուայ խորհուրդը առնուած է Աւետարանէն (Ղուկ. 18; 1-8): Մարդ յաճախ կը յայտնուի Անիրաւ դատաւորի առակի դատաւորի դերին մէջ, կը պատահի նաեւ հակառակը, երբ նոյն մարդը հանդէս կու գայ այրի կնոջ փոխարէն: Յիսուս այս առակով ցոյց կու տայ, որ պէտք է նմանիլ այրի կնոջ, որ առանց ձանձրանալու աղօթք մատուցեց Աստծոյ, յարատեւօրէն հետապնդեց իր դատը՝ այն ակնկալութեամբ եւ վստահութեամբ, որ օր մը կարելի կը դառնայ վերագտնել իր կորսնցուցածը եւ անտեսուած իրաւունքը:
Գալստեան Կիրակի
Գալստեան կիրակիով կ'եզրափակուի Մեծ պահքի «ոսկէ շղթան»: Անով քրիստոնէական Եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ ըմբռնելու Քրիստոսի Երկրորդ գալուստի խորհուրդը: Քրիստոս Իր առաջին գալուստով քանդեց դժոխքի կապանքները եւ բացաւ դրախտի դռները, իսկ Երկրորդ գալուստով պիտի դատէ մեղաւորները եւ արդարները արժանի դարձնէ երկնքի արքայութեան:
Մեծ պահքի ընթացքին հաւատացեալներուն առիթ կ'ընծայուի մտածելու փրկագործութեան խորհուրդին մասին: Անհրաժեշտ է, որ մարդիկ գիտակցին իրենց ընծայուած այս պարգեւին արժէքին: Մեծ պահքը հոգեւոր իւրայատուկ ճամբորդութիւն մըն է, որ ամէն տարի մեզ կ'առաջնորդէ դէպի սուրբ Զատիկ եւ արժանի կը դարձնէ տօնելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը:
Եւ այսպէս, Բուն Բարեկենդանին սկսած պահքը կը լուծենք սուրբ Զատիկէն մէկ օր առաջ՝ Շաբաթ երեկոյեան, Ճրագալոյցի պատարագէն յետոյ:
ԼՈՒՍԱՄՈՒՏ
Մեծ Պահքի Խոհեր
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը քարոզող երկու աոաքեալներէն մին՝ Սուրբ Թադէոսի մասին
հիւսուած աւանդութիւնով մը կը խորհրդածենք Մեծ Պահքի մասին.-
Ս. Թադէոս, որուն անուան հիմնուած փառաւոր վանքը Վասպուրականի այսօրուան Պարսկաստանի սահմաններուն մէջ իր սպաննուած վայրը կը գտնուի, կը յիշուի սիրուն աւանդավէպով մը, որ մեր պապերէն ու մամերէն բերնէ բերան եկեր հասեր է մեզի: Երբ Յիսուս առօք-փառօք Երուսաղէմ կը մտնէր, կին մը տրտում-տխուր կ՛արտասուէր, վասնզի ամուլ էր եւ օրէնքը արգիլած էր ամուլներու մասնակցութիւնը այսօրինակ հանդէսներու: Տէր Յիսուս, որ աւանակի վրայ կը մտնէր Սուրբ Քաղաք, տեսաւ լացող կինը ու ակնարկեց Թադէի, որ հասկնայ թէ ինչո՞ւ կու լայ ան ու կը խանգարէ բոլորին ուրախութիւնը: Կինը ամօթահար կը հեկեկայ «Տէ՛ր իմ, ամո՛ւլ եմ եւ ...»: Թադէոս կ՛ընդհատէ անոր խօսքը. «Կի՛ն, գիրկդ քար մը առ, լաթով փաթթէ իբր մանուկ եւ փութա՛ ընդաոաջ»:
Այդ կինը Առաքեալին խրատը կը յարգէ եւ ըսածները կ՛ընէ, բայց մեծ կ՛ըլլայ ներկաներուն զարմանքը, երբ այդ քարէ մանկիկը լեզու կ՛ելլէ եւ անդադար կը ճուայ. «Ովսաննա՜, ովսաննա՜»: Տէր Յիսուս կը նայի Թադէին ու կ՛ըսէ,- «Թադէ՛, այդ քարէ ծնուած երախան քարէ պիտի մեռնի, քարկոծ պիտի ըլլայ, եւ քո ժողովուրդը քարէ ծնուած ժողովուրդ թող ըլլայ, քարի պէս հաստատուն իր հաւատքին մէջ»:
Բոլոր հին աւանդութիւնները միաձայն են, թէ այդ երախայ-քարն էր Սուրբ Ստեփանոս, որուն կնքահայրն եղաւ Թադէոս առաքեալ:
Աւանդական սովորութիւններ
Մեծ Պահքի առաջին օրը հոգեւոր մաքրութեան կ՛ուղեկցի նաեւ առարկայական մաքրութիւնը: Տանտիկիններ կանուխէն կ՛ելլեն, թոնիր կը վառեն, ու տան բոլոր աման-չաման, պղինձ-պղընձ-կալ, պտուկ-ճլոր եւ այլն օճառի փսորներով կը մաքրեն ու կը պոտին (ուժով շփեն), եւ եօթն անգամ ջինջ ջուրով կը լուան...:
Այդ օրը ձեղունէն կը կախուի պահքի եօթը շաբաթները խորհրդանշող եօթը հատ փետուր, որոնց ծայրերը մխուած են խնձորի կամ սոխի, կամ ալ խմորէ շինուած գնդակի մը մէջ, որ կը կոչուի «Ագտալիզ»: Փետուրներուն չորսը ճերմակ պէտք է ըլլան, երեքը՝ սեւ: Ամէն մէկ շաբթուան վերջաւորութեան փետուր մը կը փրցուի: Չորս ճերմակ փետուրները կը նշանակեն ձմրան սպիտակ ձիւնը, իսկ երեք սեւ փետուրները՝ գարնան այն օրերը երբ երկիրը հողով ու կանաչով կ’երեւի:
Առաստաղէն կախուած Ագտալիզը տարբեր տեղեր տարբեր անուններ ու տարբեր ձեւեր կը ստանայ, օրինակ, Պայպուրթի կողմերը «Կոկորիճ» կ’անուանեն եւ անոր սոխէ գնդակին ալ կ՛ըսեն «խարա- խոնճոլոզ», փետուրները մխուելէն վերջ միայն՝ «Կոկորիճ»:
Նախիջեւանի մէջ առաստաղէն կախուած խամաճիկին կ՛ըսեն Մրմռաս, զոր յատուկ ժապաւէններով կը զարդարեն, Զատկինը՝ կարմիր, Ծաղկազարդինը՝ կանաչ, Լուսաւորիչինը սպիտակ եւ միւսները՝ սեւ:
Միջինքի Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամուն ջուրով եւ ձէթով լի կոնք մը կը դրուի եւ կ՛ըսուի «լիճք», ուր եղեգեայ խաչի մը մէջտեղ պատրոյգ մը կը վառի մինչեւ լոյս: Աոաւօտուան մաս մաս կը բաժնուի գիւղի տուներուն այդ ջուրը, որ խաոնելով խմորի մէջ շինուի նոյն օրուան բաղարջը, որուն կ՛ըսուի «Միջունք» կամ «Կլոճ»: Այս բաղարջին մէջ դրամ կամ ուլունք ալ կը դրուի իբր գուշակ բախտի, ինչպէս՝ Կաղանդին: