Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Սիրելի հայրենակից,

Դի՛ր քո լուման, ազգայինը գերադասելու գիտակցութեամբ։
Վստա՛հ եղիր, թէ հայ վարժարանէն ներս, նիւթեղէն նուազագոյն ներդրումն իսկ, պիտի վերածուի բազմապատկուած ոգեղէն գանձի, պիտի դառնայ հայապահպանումը ուռճացնող անհրաժեշտ թթխմորը, մեր ազգային լինելութեան կենսատու թթուածինը։

Անտարակոյս, վերջին տարիներուն Յունաստանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապը ստեղծած է բոլորիս համար անհատական թէ հաւաքական կեանքի դժուարին պայմաններ։
Հայը, սակայն, դարերու ընթացքին, ապացուցած է թէ «իր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար» մեծատաղանդ մեր Սիամանթոյի ներշնչումով։
Ներկայիս, ուրեմն, քանի մեր գաղութի հիմնախնդիրներէն կարեւորագոյնը փաստօրէն մեր դպրոցներու գոյատեւումն է, պիտի չուզէի հաւատալ, թէ պիտի գտնուի յունահայ մը, որ կը փորձէ իրատեսութեան դիմակին ետին թաքցնել իր անտարբերութիւնը կամ անձնական մանր հաշիւները։
Պիտի չուզէի օրինակ լսել «քանի դրամ չունինք, փակենք դպրոցները», իբր իրատես մօտեցման արտայայտութիւնը։ Ա՛յլ բան է իրատեսութիւնը, որ տեսլականի մը իրագործումը կրնայ աւելի ապահով ու արդիւնաբեր դարձնել, ա՛յլ բան է առանց տեսիլքի, առանց թռիչքի, ոգիէն բոլորովին պարպուած իրապաշտութիւնը, որ բոլոր վսեմ գաղափարներու անէացման կը տանի։
Իսկ մենք, բազմիցս ապացուցած ենք, թէ տեսլապաշտ ժողովուրդ ենք, նոյնիսկ երբ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգի տակ է։
Այժմ, պահն է, որ իւրաքանչիւր յունահայ ճիշդ դիրքաւորուի, լրջօրէն նկատի առնելով, թէ մեր հոգու պարտքն է պաշտպանել մեր կառոյցները, մեր մամուլը ու մանաւանդ մեր դպրոցները ամէն տեսակի տագնապներու դիմաց։ Ճիշդ է, թէ առօրեայ կեանքի վազքը յաճախ կը կլանէ մեզ այնքա՜ն, որ խորաթափանց վերլուծումներու ժամանակ չենք տրամադրեր եւ կը գոհանանք մակերեսային մօտեցումներով։ Բոլորս, սակայն, ունինք արժէքային մեր համակարգը։
Եկէ՛ք, ուրեմն, դպրոցներու ի նպաստ Ազգային Վարչութեան կազմակերպած ֆոնեթոնին առիթով, մտածենք թէ ո՛ւր տեղաւորած ենք հայ վարժարանը մեր հոգիին ու մտքին մէջ։ Եթէ բարձրագոյն տեղը չի գրաւեր, վերանայինք անմիջապէս մեր կեցուածքը, որովհետեւ հայ դպրոցը անփոխարինելի արժէք է, ազգային մեր ինքնութեան այն դարբնոցը, ուր կը պահպանուի մայրենի լեզուն, իբր ազգ մեր լինելութեան հիմնական երաշխիքը։
Սփիւռք կոչուած, մեզի պարտադրուած, քաղաքական աքսորի պայմանները ծանօթ են բոլորիս։
Անխուսափելի օտար ազդեցութեանց ներքեւ, լրջօրէն վտանգուած է լեզուն, հայ ընտանիքը նահանջի մէջ է, մէկ խօսքով «Աննիբաղը դռանն է»։ Թոյլ չտանք, որ ներխուժէ եւ ջլատէ մեր հայու կամքն ու ոչնչացնէ մեր ինքնութիւնը։ Քանզի առանց դպրոցի չկայ լեզու, առանց լեզուի չկայ ազգային կառոյց, չկայ մամուլ, չկայ ազգ, չկայ Հայ Դատ։
Մենք, մոխիրներէն վերածնուած յարուցեալ ազգ, պիտի գոյատեւե՞նք միայն իբր հայանուն բազմութիւններ եւ կաթիլ մը հայկական արիւն այս երկրագունդի վրայ։
Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ։ Մերժելով կը մերժենք նման հեռապատկեր։
Յունահայ գաղութը իր ողջ պատմութեան ընթացքին, ազգային արժանապատուութեամբ դիմագրաւած է ամէն ժամանակի մարտահրաւէրները։ Ուստի, Մարտ 16-ի Կիրակին, հայու խղճով եւ գերագոյն պարտականութիւն կատարելու գիտակցութեամբ, պիտի դնենք մեր լուման հայ վարժարանի գանձանակին։ Կþարժէ ի մտի ունենալ միշտ Գէորգ Խուտինեանի շատ յատկանշական մէկ խօսքը Հայաստանի Ազգային Ակադեմիոյ մէջ Սիմոն Զաւարեանի մասին խորհրդաժողովին՝
«Երբ յիշենք որ բոլոր պետութիւնները իրենց անկախութեան եւ ազատութեան համար կազմում են հսկայական բանակներ, ծախսում են աներեւակայելի գումարներ զրահաւորների ու թնդանօթների վրայ, երբ յիշենք որ մեր գոյութեան միակ զէնքը կրթութիւնն ու լուսաւորութիւնն է, մեր զրահաւորներու բանակներու վարժութեան վայրերը մեր կրթական հաստատութիւններն են, կը գտնենք միջոցներ, կանգ չենք առներ անհրաժեշտ ծախքերի առաջ»։
Կանգ պիտի չառնենք, ուրեմն, համոզուած ըլլալով, թէ վերոնշեալ ճշմարտութիւնը Սփիւռքի մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ եւ ֆոնեթոնի արդիւնքը պիտի ըլլայ Մեսրոպեան շունչի անվիճելի յաղթանակը։

ՄԱՆՆԻԿ ԱՇՐԵԱՆ