Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ԿԻՆԵՐՈՒ 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

Նորութիւն մը չէ Մարտ 8-ին, համաշխարհային մասնակցութեամբ տօնակատարուող այս «Օր»ը, որ աւելի քան մէկ դար առաջ, կը համախմբէր արեւմտեան աշխարհի կիները, միակամ ու կազմակերպ, լսելի դարձնելու իրենց ձայնը՝ կնոջ համահաւասար իրաւունքներու ճամաչման միջազգային դրօշին տակ։

Արդարեւ, 1908-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ցուցատախտակներ պարզած 1500 կիներ կը քալէին որպէս պահանջատէր՝ ի խնդիր աշխատանքի ժամերու կրճատման, ռոճիկներու (թոշակի) յաւելման ու, մինչ այդ իրենց զլացուած, քուէարկելու՛ իրաւունքին - Նոր աշխարհի նոյ՛ն այդ քաղաքին մէջ՝ ուր երկու տարի ետք, Ակնունիի ջանքերով կեանքի պիտի կոչուէր հայ կիներու կուռ կազմակերպութիւն մը՝ որ այսօր համայն աշխարհին ծանօթ է որպէս Հայ Օգնութեան Միութիւն։
Միջազգային ընկերվարական շարժման համընթաց, Կիներու Միջազգային Օրը ստացաւ համաշխարհային ճանաջում, տարիներու ընթացքին սատարելով կիներու մարդկային եւ ընկերային իրաւունքներու օրինականացման՝ Եւրոպայի եւ Ամերիկեան ցամաքամասի յառաջադէմ երկիրներուն մէջ։ Հոս, հպարտօրէն կրնանք նշել, թէ շատերէն առաջ, 1918 թուին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը արդէն կը հաստատէր սեռերու հաւասարութեան սկըզբունքը՝ քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու անկապտելի իրաւունքներով։
Հակառակ ցարդ իրականացուած յառաջդիմութեան, դեռ երկար ճանապարհ կայ կտրելիք՝ հասնելու համար օրինականացած սկզբունքներու իսկակա՛ն գործադրման՝ ըլլայ՛ ընկերային ու տնտեսական, ըլլայ՛ քաղաքական մարզերէ ներս, ուր կիներու իրաւունքները յաճախ կը մնան անտեսուած։ Այս ուղղութեամբ, տարիներէ ի վեր, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը¬որուն Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC) կþանդամակցի Հայ Օգնութեան Միութիւնը - ամէն տարի կը կազմակերպէ Կիներու Իրավիճակի Քննարկման միջազգային համաժողով մը՝ որուն իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը։
Այս առթիւ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր լաւագոյն մաղթանքները կը յղէ իր աշխար- հասփիւռ միաւորներուն, Սփիւռքի թէ Հայրենի ոստաններու բազմազբաղ, ժրաջան ու լուռ աշխատանքի լծուած մեր մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, նոյն ատեն կոչ ուղելով անոնց՝ պաշտպան կանգնելու իրենց անկապտելի իրաւունքներուն յանուն մեր ժողովուրդի ու պետականութեան յառաջադէմ ընթացքին՝ դէպի արդար ու բարգաւաճ ապագայ։


ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * 

Հ. Կ. Խաչի մասնաճիւղերուն անունները
ի պատիւ՝ հայ կնոջ ոգիին եւ ուժականութեան


Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան


Միշտ տուեալ չէր կիներուն համար այն՝ ինչ որ մենք այսօր, յառաջդիմած ընկերութիւններու մէջ ապրողներս, կը համարենք բնական: Պատմութեան մէջ շատ հեռու չէ այն ժամանակը, երբ կին էակը իր էութեան ու կեանքին տէրը չէր, կարծիք ունենալու կամ յայտնելու իրաւունք չունէր, երբ զրկուած էր ուսումի, վարձատրութեամբ աշխատելու եւ լիիրաւ քաղաքացի նկատուելու իրաւունքէն: Նոյնիսկ այսօր տակաւին, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, յատկապէս թերզարգացած երկիրներու ընկերութիւններուն մօտ, երբեմն նաեւ մեր շրջապատին մէջ չեն պակսիր շահագործող այնպիսի շրջանակներ, որոնց ենթակայ՝ կիները կ՛ապրին տեսակ-տեսակ մարդկային անարդարութիւններու, զրկանքներու եւ ճնշումներու տակ:
«Կնոջ Համաշխարհային Օրը» կիներուն հանդէպ սէր ու յարգանք արտայայտելէ եւ զուարճանքի տրամադրութիւններ ներշնչելէ ետք ու անկէ անդին, առաջին հերթին առիթ մըն է՝ պատուելու եւ յիշատակելու համար այն բոլոր կիները, որոնք յառաջապահ դիրքերու վրայ թէ թիկունքէն, պայքարեցան կնոջ ազատագրութեան համար, ընկերութեան մէջ կնոջ արժանի տեղն ու հաւասար իրաւունքներ ապահովելու նպատակով:
Աւելին. առիթ է նաեւ անդրադառնալու, թէ տակաւին շատ ճամբայ կայ կտրելիք, որպէսզի կնոջ հաւասար իրաւունքներ ունենալու պահանջքը համաշխարհային ծաւալ ու տարածում ստանայ եւ միանգամընդմիշտ վերանան զանազան ձեւերով դրսեւորուող շահագործումն ու ճնշումը «տկար սեռ»ին վրայէն:
Վերջապէս, առիթ է միաժամանակ յարգելու եւ ոգեկոչելու համար մտաւորականի, գիտնականի, արուեստագէտի թէ պարզ շարքայինի դիրքերէն պայքարած բոլոր կիներու յիշատակը, անոնց գործն ու խիզախութիւնը:
Աւարայրի «տիկնայք փափկասունք»էն, Սրբուհի Տիւսաբէն, Զապէլ Ասատուրէն մինչեւ Զապէլ Եսայեան եւ Սիլվա Կապուտիկեան եւ դեռ շատ անուանի թէ անուննին մոռցուած հերոսուհիներ, ներշնչումի աղբիւր են հայ կիներուն համար եւ այս օրուան առթիւ՝ յիշուելու արժանի: Հայ Կապոյտ Խաչը, իբրեւ բացառապէս կնոջական կազմակերպութիւն, թէեւ տարբեր նպատակներով հիմնուած ու գործող, կը հիմնուի ու կը գործէ հայ կնոջ վճռակամ ոգիի ուժականութեամբ եւ իբրեւ այդպիսին առաւել կը կարեւորէ «Կնոջ Միջազգային Օրը», այս էջին ընդմէջէն:
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը կը գործէ հինգ մասնաճիւղերով, որոնք կը կրեն հայոց պատմութեան մէջ նշանակալի դրոշմ ձգած կնոջական անուններ: Կ՛արժէ այսօր վերյիշել թէ ինչո՞ւ ընտրուած են այդ անունները:

Ծովինար ( Հ.Կ.Խ.ի Աթէնքի մասնաճիւղը)
Ժողովրդական վէպի հիմնական կին տիպարը եղած է Ծովինարը։ «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպին մէջ, ան ազնուական-արքայական տոհմէ է, սակայն ժողովուրդը իրեն չէ տուած դասակարգային բնոյթ։ Այս իշխանուհին իր ազգային եւ մարդկային նկարագրով կը բնորոշէ հայ կինը։ Առասպելին մէջ, անոր յղացման ձեւը կը խորհրդանշէ թէ հայրենի հողէն ու ջուրէն ծնունդ առին Սանասարն ու Պաղտասարը, որոնք փաստօրէն ծնան ոչ թէ հասարակ մօրմէ մը, այլ Մայր Հայրենիքէն (Վանայ լճի ափին Ծովինար կը ծարաւնայ եւ Աստուծմէ կը խնդրէ անոյշ ջուր: Հրաշքով լճափի ժայռէն ջուր կը ժայթքի եւ հազիւ Ծովինար կը խմէ մէկ ու կէս բուռ, աղբիւրը կը չորնայ: Այդ ջուրէն Ծովինար յղի կը մնայ, մէկ բուռ ջուրէն կը ծնի հրեղէն մանչ մը, կէս բուռէն իր երկուորեակ եղբայրը): Սանասարն ու Պաղտասարը իմաստութեան, քաջութեան եւ ուժի մարմնաւորումը կ՛ըլլան:
Հայ ժողովուրդը Ծովինարի տիպարին մէջ կը տեսնէ Մայր Հայրենիքին ծառայող հայ կնոջ եւ անոր բեղմնաւորման եւ սերունդներու ստեղծման ու դաստիարակութեան էութիւնը: Վէպին շարունակութիւնը ցոյց կու տայ Ծովինարի անձնանուիրումն ու քաջութիւնը, երբ Պաղտատի Խալիֆային ձեռքէն ազգը փրկելու համար ան ակամայ կ՛ամուսնանայ անոր հետ... բայց իր զաւակները քրիստոնեայ կը մեծցնէ... կը դաստիարակէ, զանոնք կը փրկէ խալիֆային վատ նպատակներէն ու խորհուրդ կու տայ որ փախին ու երթան Հայաստան: Անոնք կը հաստատուին Սասունի մէջ եւ կը դառնան Սասնայ տան հիմնադիրները:
Ժողովուրդը Ծովինարը կը նկատէ ՝ Մայր Ամենայն Գթութեանց, Ոսկեմայր եւ Մեծ Տիկին:

Նայիրի ( Հ.Կ.Խ.ի Ֆալիրոյի մասնաճիւղը)
14-13 Ք.ա.դարերուն Վանայ լճի շրջակայքը դէպի հարաւ արեւմուտք կ՛ապրէին խուրիտտա-ուրարտական ցեղեր: Այդ շրջանը ասորեստանեան արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած է Նայիրի անունով, որ ասորերէն կը նշանակէր «Գետերու Երկիր», այն պատճառով, որ կը գտնուէր Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն միջեւ:
Հայկական բարձրաւանդակին մէջ ապրող այս ժողովուրդները կը կազմէին իրարու զինակից մօտաւորապէս 60 թագաւորութիւններ, քաղաք-պետութիւններ: Նայիրի երկիրը բեղուն հող ունէր եւ հարուստ էր բնական հանքերով:
Նայիրի ժողովուրդը քանի մը անգամներ դէմ կեցած է Ասորիներու յարձակումներուն: Ասորիները չկարողացան ամբողջութեամբ գրաւել Նայիրին: Ի վերջոյ Ուրարտացիներու ցեղը զօրացաւ եւ ստեղծուեցաւ Ուրարտական թագաւորութիւնը Վանի շուրջ, միաձուլելով բոլոր ցեղերու փոքր իշխանութիւնները: Ուրարտուն դարձաւ շրջանի ամէնամեծ քաղաքական ուժերէն մէկը :
19րդ դարու վերջաւորութեան, Օսմանեան տիրապետութենէն ազատագրուելու պայքարի պատրաստ հայերը սկսան գործածել Նայիրի անունը, Հայաստանի իբրեւ հոմանիշ:
1913ին Վահան Տերեան հրատարակեց բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը՝ «Երկիր Նայիրի» խորագրով: 1923ին Եղիշէ Չարենց կը գրէ «Երկիր Նայիրի» վեպը: Ապա նաեւ ուրիշ գրագէտ մը, Հայաստան Եղիազարեան, կը ստորագրէ Նայիրի Զարեան ծածկանունով, իր Հայաստան անունը փոխելով Նայիրիի: «Նայիրի» կը կոչուէր Անդրանիկ Ծարուկեանի կողմէ տարիներով հրատարակուած, գրագիտական-ընկերամշակութային սիրուած պարբերաթերթը:
Հայերը Նայիրի անունը կու տան իրենց աղջիկ թէ մանչ զաւակներուն:

Ռուբինա (Հ.Կ.Խ. Ֆիքսի մասնաճիւղը)
Ռուբինա յեղափոխական ծածկանունն էր Սոֆի Արէշեանի (յետոյ Օհանջանեան):
Ծնած՝ Թիֆլիս, հարուստ ընտանիքի զաւակ, զարգացած երիտասարդուհի, իբրեւ ուսուցչուհի Պաքու պաշտօնավարած ատեն կը տպաւորուի այնտեղի հայութեան յեղափոխական եւ ազգային մթնոլորտէն: Հոն կը ծանօթանայ Քրիստափոր Միքայէլեանին՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր, մտաւորական եւ յեղափոխական Քրիստափորին: Հոն առաջին անգամ կը լսէ «թրքահայերու» մասին եւ իր իսկ խօսքերով՝ «այն կուսակցութեան մասին, որ իր վրայ առած է Հայ Դատի գործը»:
Քրիստափոր երբ կը տեսնէ անոր վճռակամութիւնը եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը, կը համաձայնի որ Ռուբինան ըլլայ իր գործակիցներէն մէկը, Կարմիր Սուլթանի ահաբեկումի ծրագրին մէջ:
Այսպէս սկսաւ Ռուբինայի յեղափոխական, քաղաքական եւ մշակութային գործունէութիւնը, որ տեւեց մինչեւ խոր ծերութիւնը: Զինեալ պայքար, վիրաւորներու հոգատարութիւն, բանտարկեալ ընկերներու օժանդակութիւն, իր տան մէջ գաղտնի ժողովներու գումարում, բժշկական համալսարանական դասընթացք եւ բժշկական ծառայութիւն, հանգանակութիւններ, Պեյրութի Համազգայինի ճեմարանին նիւթա- կան օժանդակութիւն....
1912-ին երբ տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուած Համօ Օհանջանեան կ’աքսորուի Սիպերիա , հիւծած եւ հիւանդ վիճակի մէջ, Ռուբինա կ’երթայ հոն, Սիպերիա, զայն խնամելու համար: Հոն Ռուբինա Արէշեան կ’ամուսնանայ Հ. Օհանջանեանի հետ:
Ռուբինա հիմնադիր անդամներէն մէկն է Համազգայինի Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան:
1968ին Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը «Կիլիկիոյ Բարձրագոյն Իշխանուհիի» շքանշանով կը պատուէ Ռուբինան... Ան կ’ըսէ.- «Ես ի՞նչ եմ արել որ...»:

Սօսէ (Հ.Կ.Խ.ի Գոգինիոյ մասնաճիւղը)
Սօսէ Վարդանեան (մեր գիտցած Սօսէ Մայրիկը) Նեմրութի փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղի բազմանդամ ընտանիքի զաւակ էր: 13 տարեկանէն իսկ Սերոբի անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը կը ներշնչեն Սօսէն այն աստիճան, որ ան կը յայտարարէ իր ծնողքին, թէ՝ «Եթէ պէտք է նշանուիմ՝ Սերոբի հետ կ՛ուզեմ նշանուիլ»: Որքան անսովոր համարձակութիւն՝ այդ ժամանակի աղջիկներու համար:
Սօսէն միշտ պատրաստ եղաւ ամուսինին քով, միշտ վճռական թշնամիին դէմ: Երբ Սերոբ Աղբիւր «տղա՛ք առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի՛ մնաք» քարոզելով երիտասարդներու խումբ մը կազմեց եւ ունեցածը ծախեց ու լեռ բարձրացաւ, իր հետ գնաց Սօսէն իրենց երկու զաւակներով: Ասիկա դժգոհութիւն յառաջացուց ֆետայիներուն մօտ, որոնք իրենց ընտանիքները թողած էին կռիւի երթալու համար: Սակայն Սերոբ ետ չըրաւ, Սօսէն միշտ կռուեցաւ հրացանը ձեռքին իր ամուսնոյն կողքին, իսկ անոր բացակայութեան ալ խմբի կենսական ուժն էր, նոյնիսկ հրամանատարը: Երբ թշնամիները միայն մատնութեան դիմելով կրցան Սերոբը սպաննել, Սօսէն կռուեցաւ կատաղօրէն մինչեւ որ վիրաւորուեցաւ: Թշնամին Սերոբի գլուխը կտրեց, բայց հիացած կնոջ քաջութեան վրայ, Սօսէին դարմանել տուաւ ու նետեց բանտ: Ազատելէն ետք ան մերժեց հեռանալ «Երկրէն», սակայն ի վերջոյ անցաւ Կովկաս, յետոյ Հայաստան, տեսաւ հայրենիքի անկախացումը, սակայն համայնավարներու ներխուժումէն վերջ հաստատուեցաւ Աղեքսանդրիա:
Մինչեւ վերջ ապրեցաւ իր սիրելիներուն կորուստը սգալով եւ հայրենիքի կարօտով, երիտասարդ տարիքէն սեւ հագած ու գլուխը սեւ գլխանոցով ծածկած, իր աջ բազուկին մէջ զինք վիրաւորող հրացանի գնդակը, պարզ բայց հպարտ՝ իբրեւ իրական սօսի մը:
Իր վերջին խօսքերը եղան «Սերոբ կը կանչէ ինձ իր մօտ, կ՛երթամ»:

Աղթամար (Հ.Կ.Խ.ի Գարէայի մասնաճիւղը)
Վանայ լիճը, Վասպուրականի մարզը, Վան քաղաքը, ինչպէս նաեւ Աղթամար կղզին առանձնայատուկ տեղ ունին հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
Վանայ լիճին հարաւ¬արեւելքը կը գտնուի «Աղթամար» կղզին: Ան բնակելի եղած է հին ժամանակներուն: Ըստ Մովսէս Խորենացիի վկայութեան, ան եղած է Ռշտունի նախարարներուն ամրոցը: Կղզին նշանաւոր է իր երկու յուշարձան-կոթողներով, Գագիկ Արծրունիի պալատը եւ Ս. Խաչ եկեղեցին: Պալատը դարերու ընթացքին անհետացած է, այժմ կանգուն է միայն 10րդ դարուն կառուցուած՝ Ս. Խաչ եկեղեցին, որ հայկական ճարտարապետութեան գոհարներէն մէկն է: Ս. Խաչ եկեղեցին հարուստ է կենդանական քանդակներով եւ որմնանկարներով: Անոր պատերուն վրայ Ադամի եւ Եւայի ամբողջ պատմութիւնն է: Հազարամեայ տաճարը մեզի հասած է առանց վերափոխումներու:
Աղթամար անունը յառաջ եկած է Ա՜Խ Թամար արտայայտութենէն: Ըստ Ռ. Զարդարեանի «Ծովակին Հարսը» հէքիաթին եւ Յ. Թումանեանի «Աղթամար» քերթուածին աւանդութենէն.-
Աղթամար անուան ծագման մասին ժողովուրդն ունի գեղեցիկ աւանդութիւն մը, որ կը պատմէ թէ ինչպէս ամէն գիշեր սիրահար երիտասարդ մը լողալով կը հասնէր կղզի, ուր կ՛ապրէր իր սիրելի Թամարը։ Տղային դեպի մութ կղզին կ՛ առաջնորդէր Թամարի վառած խարոյկը։ Գիշեր մը իր սովորութեան համաձայն, երբ ան ծով կը մտնէ, այս անգամ դէպի իր Թամարը առաջնորդող լոյսը չի նշմարեր։ Ան ծովին մէջ կը կորսուի ու կը խեղդուի։ Կարծես թէ ջրահեղձ սիրահարին շրթներուն կը մնան երկու բառ. «Ախ, Թամար»։ Այսպիսով, ի յիշատակ սիրային այդ յուզիչ պատմութեան, կղզին կոչուեցաւ «Ախթամար», որ ժամանակի ընթացքին դարձաւ «Աղթամար»։

* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * 

Կիներու յարատեւ մղած պայքարները
արդեօ՞ք հասած են այսօր իրենց նպատակին

Ալիս Յարութիւնեան-Աւետիսեան

Հին տարիներէն կնոջ դերը կը սահմանափակուէր ծննդաբերութեան, զաւակներու խնամքին, ճաշի պատրաստութեան եւ ամուսինի ու տունի հոգատարութեան։ Կինը իրաւունք չունէր աշխատելու, զարգանալու, քաղաքական կեանքէն ներս գործելու։
Տարիները անցնելով, 18րդ դարու վերջաւորութեան, 1789 թուականէն, Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարները կþարձագանգէին լայնօրէն ու կը տարածէին կիներու ազատագրման կոչերը։
Երբ պայքարներու առաջին դրական արդիւնքները սկսան երեւիլ, կիները աշխատանքի իրաւունք ստացան բայց դժբախտաբար շատ վատ պայմաններու տակ։ Կը շահագործուէին եւ իրենց ձայնը լսելի չէր ըլլար։
1857 թուականին, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքի կերպասի գործարանի մը մէջ կիները ըմբոստացան եւ գործադուլի դիմելով, բողոքեցին՝ ցած վճարումներուն, աշխատանքի երկար ժամերուն ու անմարդկային պայմաններուն դէմ որ կը տիրէին իրենց աշխատանքէն ներս։
1889 թուականին, Փարիզի մէջ կայացած Երկրորդ Միջազգայնականի հիմնադրութեան համագումարին՝ Գերման ընկերվարական կուսակցութեան անդամ՝ Քլարա Զէթքին իր խօսքին մէջ պահանջեց կիներու աշխատանքի հաւասար իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ մայրերու պաշտպանութիւն եւ կիներու մասնակցութիւն հանրային կեանքէն ներս։
1907ին Կիներու օրուան առաջին տօնական նշումը կատարուեցաւ Ամերիկայի մէջ, պահանջելով քաղաքական իրաւունքներ՝ աշխատող կիներուն համար։ Կիներու օրուան հաստատումը ի միտի ունէր յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր անոնց, որոնք գործադուլներով եւ պայքարով, բողոքի արշաւներով, պաշտպանեցին կիներու քուէի իրաւունքը, աշխատանքի պայմաններու բարելաւումը եւայլն։
1910ին էր երբ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորքի մէջ կը հիմնուէր Հայ Օգնութեան Միութիւնը, միջազգային ճանաչում եւ ներկայութիւն ունեցող կնոջական ու մարդասիրական գլխաւոր հայկական կազմակերպութիւնը՝ Հայ Կարմիր Խաչ անունով։ Առաջին տարիներէն կը մասնակցէր Միջազգային Կարմիր Խաչի ժողովներուն, դիտորդի հանգամանքով։ 1946ին պաշտօնապէս կը գրանցուէր ԱՄՆերու մէջ իր ներկայ անունով՝ «Armenian relief Society»։ Այսօր ՀՕՄը կը գործէ աշխարհի 27 երկիրներու մէջ։
1977ին ՄԱԿ որդեգրեց բանաձեւ մը, ուր կը հրաւիրէր բոլոր երկիրները մասնակցելու իր կողմէ ճշդուած Կիներու Իրաւունքներու եւ Միջազգային խաղաղութեան օրի որդեգրման։ Այս բանաձեւին մէջ կը նշուէր թէ Խաղաղութիւն եւ ընկերային յառաջդիմութիւն ապահովելու համար պէտք էր ընդունիլ Կիներու ազատութիւնը, անոնց գործօն մասնակցութիւնը հանրային կեանքէն ներս եւ աշխատանքի պայմաններու բարելաւումը։
1975ին, Յունաստանի Սահմանադրութան մէջ օրինագրուեցաւ երկու սեռերու միջեւ հաւասարութեան գաղափարը, որուն յաջորդեց 1983ի օրէնքը, ուր կ'նդունուէին երկու սեռերու հաւասար իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները։ Վերջապէս, 1984ին ընդունուեցան աշխատող մօր իրաւունքները եւս։
Այսպէս հասանք տօնելու Մարտ 8ին Կիներու Միջազգային օրը։
Հայաստանի մէջ ալ նոյնպէս, կիներու դերը սահմանափակ էր։ Այսօր հոն ալ, Ազգային Ժողովի որոշումով, պետական տօներու շարքին աւելցուած է Մարտ 8ը, որպէս Կանանց միջազգային օր։ Նշենք թէ այս օրը կը տօնուի մինչեւ Ապրիլ 7, որ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրն է։
Այսօր աշխարհի բոլոր յառաջդիմացած երկիրներու մէջ կինը ունի իր արժանավայել դիրքը, իր իրաւունքները կը պաշտպանէ, քաղաքական կեանքէն ներս ունի իր միջամտութիւնը եւ գործունէութիւնը։ Ունեցած ենք շատ մը մտաւորականներ, արուեստագէտներ, քաղաքական գործիչներ, որոնք ստեղծագործած են տարիներու ընթացքին, մեծ ներդրում ունենալով ընկերութիւններէն ներս։
Արժեւորելով կնոջ դերը այսօրուայ ընկերութենէն ներս կը տեսնենք, թէ որքան շատ պարտաւորութիւններ ստանձնած է։ Կ'աշխատի տունէն դուրս հաւասարապէս այր մարդոց հետ, ապա կ'անցի տան մէջ իր աշխատանքի, զաւակներու խնամքին ու իր ամուսնոյն հոգատարութեան։ Բոլոր այս պարտաւորութիւնները շատ անգամ հոգեկան ճնշում կը բանեցնեն անոնց վրայ, որու առաջքը պէտք է անպայման առնել, որպէսզի ընտանիքը շարունակէ գործել եւ ապրիլ համերաշխօրէն։
Դժբախտաբար սակայն նոյնը չի պատահիր յետամնաց երկիրներու մէջ, ուր կնոջ կեանքը եւ էութիւնը չի յարգուիր։ Մանաւանդ կան երկիրներ ուր կնոջ դերը կը սահմանափակուի միայն այր մարդերու հաճոյքին սպասարկելու համար եւ նոյնիսկ որոշ ընկերութիւններու մէջ կը պատժուի ցմահ քարկոծուելով՝ իր անբարոյական նկատուող արարքներու համար, որոնց համար շատ անգամ ինքը պատասխանատու չէ եւ ակամայ գտնուած է շահագործման վիճակի մէջ։
ՄԱԿի հետախուզութեան մը համաձայն, ամէնէն յաճախ եղած կիներու շահագործումը սեռային բռնաբարութիւնն է, որ կը պարտադրուի մանաւանդ տարիքով երիտասարդ աղջիկներու վրայ։ Զարմանք կը պատճառէ այն երեւոյթը, թէ կիներու մարմինը վաճառողներու մեծամասնութիւնը կիներ են 30 առ հարիւր համեմատութեամբ... իսկ մարմինի վաճառումի համար դատապարտեալները՝ 60 առ հարիւր համեմատութեամբ Արեւելեան Եւրոպայէն եւ Կեդրոնական Ասիայէն կիներ են։
Այլ դժբախտ երեւոյթ մը, որ կը տիրէ աշխարհի ոչ յառաջդիմած կարգ մը երկիրներու մէջ՝ յղութեան արհեստական ընդհատումն է, որուն կ'ուղղուին կիները, երբ իրենց սպասած զաւակը աղջիկ է։ Այս մէկը բացայայտօրէն կը ցուցադրէ այդ ընկերութիւններուն մէջ կիներու վերաբերեալ տիրող մտայնութիւնն ու գաղափարը: Դժբախտաբար նոյնը կը պատահի մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ ալ։ Կիներ կ'ենթարկուին յղութեան արհեստական ընդհատումի, կամայ թէ ակամայ, եթէ իրենց սպասած զաւակը տղայ չէ։ Այսպէս կը հասնինք անհաւասարութեան բարձր ցուցանիշի՝ տղաներու եւ աղջիկներու թիւին միջեւ, որ իր կարգին այլ տեսակի ժողովագրական խնդիրներ կը յառաջացնէ։
«Ուըրլտ Վիժըն Ինթըրնաշընըլ» յատուկ զեկոյցով մը անցնող օրերուն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ այս երեւոյթին, որ կը վերաբերի սեռի վրայ հիմնուելով յղութեան արհեստական ընդհատման, յայտնելով, որ ամէն տարի Հայաստանի մէջ չի ծնիր 1400 աղջիկ, որովհետեւ անոնց մայրերը իգական սեռի երեխայ լոյս աշխարհ բերելու փոխարէն, կը նախընտրեն յղութիւնը արհեստականօրէն ընդհատել։ Ըստ մասնագէտներու հաշուարկներուն, մինչեւ 2030 թուական, Հայաստանի մէջ յղութեան արհեստական վիժումներու «զոհ» դարձած աղջիկներուն թիւը պիտի հասնի 90 հազարի։ Այսինքն՝ յառաջիկայ 16 տարիներուն, 90 հազար հայուհիներ, որոնք պիտի ծնէին եւ ապրէին, պիտի չծնին:
Ուրեմն պէտք է բոլորս փորձենք կնոջ դիրքը բարձր պահել ընկերութենէն ներս, մեր գործունէութեամբ, որպէսզի արժեւորուին պայքարները բոլոր անոնց, որոնց սիրոյն, մենք այսօր ազատ կ'ապրինք։ Նաեւ մեր ձայնը պէտք է բարձրացնել բոլոր այն անարդարութիւններուն դէմ, որ կը պարտադրուին կիներուն հանդէպ, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք անոնց մասին, աշխարհի ցամաքամասերուն մէջ։