Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր, 2013
Այսօր կէսօրին գիւղապետարանին մէջ ժամադրուած ենք 2013ի վերջին ծնունդներուն յանձնելու Մարգարին խոստացած նուէրները։ Մինչեւ երէկ, անոնք թիւով տասներեք էին։

Այսօր կ'իմանանք, որ ծնած է նաեւ այս տարուան 14րդ երեխան։ Գիւղապետարան կ'երթանք չորս պահարաններով։ Գիւղապետարանը դարձեալ փոքրիկ հիւրասիրութիւն կազմակերպած է։ Այս անգամ հայրերն են որ եկած են։ Գիւղապետի տղան այս տարի երկրորդ զաւակն է որ կ'ունենայ, մէկը Փետրուարին այս երկրորդն ալ Դեկտեմբերին... 

Հոս գոյութիւն ունի «Պասուց տոլմա» ճաշատեսակը, որ պայման է ամանորեայ սեղանին համար։ Աշնանը կաղամբը թթու կը դնեն եւ ամանորին զայն երկար լուալէ ետք կը լցոնեն, սիսեռի, ոսպի, հաճարի, լուբիայի եւ այլ հացահատիկներու խառնուրդով։ Այս ճաշատեսակին համին տակաւին չվարժուեցանք... ։ Ի դէպ այս օրերուն, անդադար կը պնդեն որ տոլմա բառը հայերէն է եւ անոր արմատը թրքական լցոն բառը չէ այլ հայկական «տոլի» բառը, որ կը նշանակէ խաղողի վազ...
Այսօր ես ալ կը պատրաստեմ, բրինձով, ընկոյզով եւ խաղողի տերեւներով, պահքի տոլմայի մեր տարբերակը։ Խոհանոցը նստած այս գործով զբաղած եմ երբ այցելութեան կու գան «մեր» աղջիկներէն ֆենիան ու Մէրին։ Զրոյցի ընթացքին, կը տեղեկանամ անսպասելի լուրի մը...
ֆենիայի եւ Մերիի տունը, կայ մեծ հայր եւ մեծ մայր եւ երկու հարսեր՝ Նինան եւ Արմինէն։ Այս երկու հարսերը ամէն ինչ կ'ընեն միասին, այգիի աշխատանքներ, տան գործեր, այցելութիւններ, եւայլն։ Նինայի աղջիկը արդէն ամուսնացած է եւ տղան ալ զինուորութենէ վերադարձած։ Ամուսինը Նորիկը, գրեթէ միշտ «խոպան» կը գտնուի եւ այս ընտանիքի առօրեան ապահովող անձն է։ Եղբայրը Արմէնը՝ ֆենիայի, Մէրիի եւ փոքրիկն Սամուէլի հայրը,Արմէնը, քանի մը տարի առաջ անժամանակ մահացաւ... Այսօր կը պատմեն, որ Նինան, Նորիկի կինը, իր ամուսնացած աղջկայ ընտանիքին հետ ամիս մը առաջ Հոլանտա գացած է, որպէս փախստական։ Կը գտնուի փախստականներու համար նախատեսուած ճամբարի մը մէջ եւ Կիրակի օրերը քանի մը ժամով անկէ դուրս ելլելու իրաւունք ունի... Կը նախատեսուի որ երեք ամիսէն աշխատելու կարգավիճակ կը ստանայ եւ երկու տարի ետք ալ քաղաքացիութիւն... Կը զգամ, որ հարցումներու տարափ մը կ'ուղղեմ աղջիկներուն եւ ինքզինքս կը զսպեմ, աւելին չհարցնելու համար։ Պատճառը Նինայի անձնական կեանքին հանդէպ հետաքրքրութիւնս չէ, այլ այս զարմանալի եւ ինծի համար անհասկնալի երեւոյթը ըմբռնելն է։ Նինան, որ հողին կապուած աշխոյժ կին մըն էր, եւ այգիէն դուրս երբեք չէ աշխատած, որոշած է աշխատանք փնտռել երկրի մը մէջ, որուն ոչ ապրելակերպին ծանօթ է, ոչ ալ լեզուին։
Տղամարդիկը խորհրդային օրերէն աշխատանքի համար «խոպան» երթալու սովորութիւնը ունին։ Անկախութենէն ետք, կիներն ալ սկսան արտագնայ աշխատանքի երթալ ընդհանրապէս երեխաներ խնամելու, սակայն ոչ որպէս փախստական, այլ ժամանակաւոր աշխատող։ Անցեալ տարի մեր հարեւան Գոհարը ֆրանսա գնաց բուժուելու պատրուակով եւ ալ չվերադարձաւ։ Կը լսեմ, որ հոն կ'ապրի կառավարական նպաստով։ Քանի մը օր առաջ հեռատեսիլէն արտասանուած խմբագրական մը, կը խօսէր, եւրո- պական երկիրներու այն մտահոգութեան մասին, որ իրենց երկիրները եկողները աշխատելու չէ որ կու գան այլ չաշխատելու եւ նպաստով ապրելու....
Այս միտումը, ամէն գնով երկիրը ձգելու, նոյնիսկ երբ ան տրամաբանութեան մէջ չի տեղաւորուիր, անհասկնալի կը մնայ ինծի համար։ Անհասկնալի է նաեւ, որ տեղւոյն վրայ խստապահանջ ամուսինները, որոնք կ'արգիլեն իրենջ կիներուն եւ աղջիկներուն տունէն դուրս աշխատիլը, անյարմար չեն զգար զանոնք օտար երկիրներ ղրկելու աշխատանքի համար...
Ես եւ Մարգարը խռոված ու անհանգիստ գիշեր մը կ'անցընենք։

Կիրակի 29, Դեկտեմբեր, 2013
Օրերէ ի վեր շագանակ կը փնտռեմ, հնդկահաւի լցոնին մէջ օգտագործելու համար։ Այս եղանակին ան միշտ ճարած եմ, բայց այս տարի Աշտարակի մէջ գոյութիւն չունի։ Վալդերը կը խոստանայ Երեւանէն բերել զայն։ Զարմանալիօրէն, այս տարի Երեւանի մէջ եւս շագանակ չկայ... Երեւի զայն ներածողը մոռացութեան մատնած է անոր ներկրումը... Այսօր հնդկահաւի լցոնին մէջ շագանակը կը փոխարինեմ սունկով...

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր, 2013
Այս օրը, ինչպէս քանի մը վերջին օրերը, կ'անցնեմ խոհանոցին մէջ։ Կարճ պահ մը Աշտարակ կ'իջնենք վերջին գնումներու համար։ Վերգուշն ու ժասմինը կ'ընկերանան մեզի, իրենց տուներուն համար ալ պէտք եղածը գնելու։
«Ցուրտը տարել է» բացատրութիւնը կը լսեմ կրկին ու կրկին։ Գնած ստեպղիններս սառած են։ Եթէ անմիջապէս չգործածեմ, աղբամանին արժանի կը դառնան։ «Խառն Կանաչի»ն, որ պայման է ամանորեայ սեղանին համար, սովորական գինին հինգ անգամը կ'արժէ եւ բոլորովին անորակ է... Մարդիկ կը գանգատին, սակայն կը գնեն։ Բանջարեղէնի եւ մթերքի խանութները, խճողուած են։ Անտեղեակ մէկը կրնայ կարծել, որ ակնկալուող սովի մը կը պատրաստուի ժողովուրդը։
Շաբաթներէ ի վեր ժողովուրդի խօսակցութեան առարկան եւ մտահոգութիւնը Ամանորի սեղանն է։ Հեռատեսիլի զեկուցական մէկ ծրագրէն կը տեղեկանամ, որ Ամանորի շուրջ ստեղծուած այս իրարանցումը, ծրագրուած եւ իրականացուած է խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ, նսեմացնելու համար անոր յաջորդող Սուրբ Ծննդեան տօները։ Պէտք է ըսել, որ անոնք լիովին յաջողած են։ Ծննդեան տօնը եթէ նշուի ընտանիքներէն ներս, բոլորովին երկրորդական եւ անշուք է...

Երեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր, 2013
Կէսօրէն ետք ժամը երկուքին, Ձմեռ Պապին պիտի այցելէ մեր գիւղի հրապարակը։ Առաւօտուն Վալդերը կու գայ տանելու տարազը։ Խոշոր կարմիր տոպրակին մէջ կը լեցնենք Grand Candyէն ապսպրուած քաղցրաւենիքի ծրարները։ Երբ ժամը երկուքին կը հասնինք, հրապարակը լեցուն է երեխաներով։ Մեծերը քիչ մը հեռուէն կը հետեւին մեր գիւղին համար աննախադէպ այս իրողութեան։
Մարգարը կը ջանայ կարգ ու կանոն հաստատել, բայց աւաղ... երեխաները կը խռնուին Ձմեռ Պապին շուրջ։ Փոքրերը կ'արտասանեն Ձմեռ Պապին համար, ծնողները կը նկարեն, արդէն պատանեկութեան շեմին եղողները կ'ուզեն առաջ անցնիլ, նուէրներէն անմաս չմնալու մտահոգութեամբ... Ոմանք կը ջանան երկու անգամ նուէր ստանալ եւ յաջողողները այնքան հպարտ են...Երեխաներուն տրամադրութիւնները բարձր են եւ որպէս արդիւնք, մեր տրամադրութիւնները եւս։
Այսօր երեկոյեան «մեր» երեխաները, իրենց ծնողները եւ մեր հարեւանները, մեզի պիտի հաւաքուինք Նոր Տարին նշելու։ Չեմ ըսեր դիմաւորելու, որովհետեւ, կէս գիշերը չհասած, անոնք պէտք է աճապարեն տուն, իրենց սեղանները դնելու։ Այս արդէն չորրորդ անգամն է, որ կը հաւաքուինք այս առիթով։ Սկիզբը, այս ձեւով Նոր Տարին նշելը նորութիւն էր իրենց համար, բայց արդէն կ'ակնկալեն զայն, պահելով հանդերձ իրենց սովորութիւնը, կէս գիշերէն սկսեալ իրարու այցելելու եւ շնորհաւորելու աւանդոյթը, ուր այնքան խնամքով պատրաստուած ճաշերը, միայն կը համտեսուին, կրկին եւ կրկին անգամներ, զանազան երդիքներու տակ։
Թէ խոզի զիստը եւ թէ ալ հնդկահաւը, որոնք սեղանի գլխաւոր ճաշերն են, Արարատ բիլավի կողքին, լաւ ստացուած են... Կ'ուտենք, կը խմենք, երեխաները կը պարեն, Ձմեռ Պապին, այսինքն Կաղանդ Պապան կ'այցելէ մեզի, կը բաժնէ երեխաներուն նուէրները եւ ապա ժամը տասնըմէկի մօտերը ամէն մարդ տուն կ'երթայ...
Կէս գիշերին, կը մտնենք անկողին, իրարու բարի Նոր Տարի մաղթելէ ետք եւ կ'աշխատինք քնանալ, հակառակ շարունակական հրախաղութեան պայթիւններուն եւ մեր գիւղի երկնքի անդադրում լուսաւորութեան։ Չենք կրնար ճշդել թէ մէկ տունէ կու գայ այս հրախաղութիւնը թէ զանազան տուներէ...

(Վերջ)

Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի