Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յունահայ մեր իրականութեան մէջ երեք բառարաններ հրատատակուած են 1922ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն վերջ, երբ գաղութը իբրեւ ուրոյն ու կազմակերպ հաւաքականութիւն հիմնուեցաւ պատմականօրէն յաջորդական հանգրուաններով, եւ մօտ հարիւրամեակէ մը ի վեր իր գոյութեան պայքարը կը շարունակէ ամէնօրեայ դժուարին պայմաններու մէջ:

Առաջին բառարանը յունարէնէ-հայերէն 335 փոքրածաւալ էջերէ բաղկացած՝ հայերէնի ուսուցիչ, հրատարակիչ ու գրավաճառ Արմենակ Յ. Գարանֆիլեանի առձեռն բառգիրքն է, լոյս տեսած 1930ին: Այս գիրքը աւելի քան կէս դարէ ի վեր հրապարակի վրայ չի գտնուիր, բացի սպառած ըլլալու իր հանգամանքէն, օրերս՝ բառգիրքի կիրարական չըլլալուն պատճառով: Ի դէպ, անցնող տասնամեակներուն՝ համապատասխան երկու լեզուներու բառամթերքը անհամեմատօրէն ճոխացած, անոնց գործածական իմաստները ժամանակակից հոլովոյթի ենթարկուած ու լեզուաբանական յարաբերակցութիւնները պատշաճեցուած են բառագիտական արդի եղափոխու- թիւններու պէսպիսութիւններով:
Երկրորդ բառարանը՝ այս ալ յունարէնէ-հայերէն եւ 50.000 բառերէ կազմուած բառարան մըն է, 1240 էջերու մէջ ամփոփուած, հրատարակուած 1999ին, տոքթ. Խաչիկ Կարինեանի կողմէ: Նոյն բառարանը մուտք գործեց մեր կեանքին մէջ եւ իր անառարկելի օգտակարութիւնը ունեցաւ ոչ միայն յունահայութեան լեզուական նահանջ դիմագրաւող նոր սերունդներուն, այլեւ վերջին 20 տարիներուն՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Ատրպէյճանէն ու Վրաստանէն Յունաստանի ողջ տարածքին հաստատուած մօտ 60.000 հայերու: (Վերջին քանի մը տարիներուն, դժուար է ճշդել Յունաստան մնացողներու թիւը: Կարգ մը գնահատումներու համաձայն, այս թիւը իջած է կէսի):
Արդարութեան սիրոյն պէտք է նշել նաեւ, որ 15 տարի առաջ, իր ժամանակի հայագիտական ան- հրաժեշտութիւններէ բխող, շուրջ 25.000 բառերէ բաղկացած ու տարիներու աշխատանքի պտուղ հանդիսացող բառարան մը պատրաստելու աշխատանքը խնդրուեցաւ՝ 2012ին մահացած ընկ. Նուպար Աճէրեանէն: Այս բառարանի հրատարակութեան ճակատագիրը յաջորդական թերացումներու պատճառով չիրականացաւ եւ բառարանը շարուած վիճակի մէջ կը մնայ հանգուցեալի կնոջ՝ Շաքէին մօտ, չհրատարակուած վիճակի մէջ:
Հայերէն-յունարէն բառարանի մը (26.000 բառերով) զգալի պակասը եկաւ գոցելու գրագէտ-թարգմանիչ ընկ. Յովհաննէս-Սարգիս Աղապատեանի եւ երկարամեայ վաստակաւոր դաստիարակ ու հայկական վարժարաններու տնօրէն ընկ. Կիրակոս Մկրտիչեանի կողմէ պատրաստուած ու «Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթի հրատարակութեամբ՝ գրագէտ-դաստիարակ-լեզուաբան ու դասագրքերու հեղինակ ընկ. Յարութիւն Քիւրքճեանի հիւթեղ նախաբանով:
Գիրքի առաջին էջերուն մէջ, յունարէն լեզուով լոյս տեսած է բառարանի երկու հեղինակներու ամփոփ կենսագրականը. յաւելեալ՝ բառարանի պատրաստութեան աղբիւրներու ցանկը, հայկական այբուբենը, ինչպէս նաեւ հրատարակութեան առիթով ընկ. Սերգօ Աղապատեանի խօսքը: Վերջին էջերուն մէջ (17 էջ), այբենական կարգով լոյս տեսած է յատուկ անուններու օգտակար ու լուսաբանիչ ցանկ մը:

* * *
Բառարան մը տառացիօրէն կÿօրինականացնէ լեզուներ բաղկացնող բառերու աղերսուած անանունութիւնը. կը գեղեցկացնէ խօսքի պաշարներ, համալեզու բառերու բաղկացուցիչ կառոյցներ եւ բառագիտական իմաստներու աշխարհը՝ պատմութիւն, մշակոյթ, առասպել, համակերպ մտաւոր կեանք եւ մեր տարուբերող առօրեայ ընկերութիւնը կը վերածէ բոլորիս ուզածին պէս՝ աւելի դիւրին, հաղորդական, աւելի յարաբերական ու ամբողջական:
Բառարան մը կը պատրաստուի յարատեւ զոհողութեամբ, անդադրում ջանքով, գիշերները լուսցընող երկար ժամերով, քիչ թէ շատ լծորդուած կուտակումներէն դուրս ժայթքող հոգատարութեամբ: Մէկ խօսքով՝ գրական նուիրումի բաղկացուցիչ պարունակով ու հանգամանքով:
Բառարանի մը հիմնական դերակատարութիւնը շփոթներն ու անգիտութիւնը յստակացնելու ու մեկնաբանելու մէջ կը կայանայ: Աւելին՝ կը միտի համախումբ բառերու ընդմէջէն ընդունակ իմաստ, նշանակութիւն, արժէք, կենդանութիւն, բարոյահոգեբանական պատրաստութիւն ու պատասխանատուութիւն ընձեռել զայն օգտագործողին, որու էջերուն մէջ կը փնտռէ -եւ վստահաբար ալ կը գտնէ- իր փնտռածին հաւաստիացումն ու կայունութիւնը հաստատող նախանշաններ:
Ինչպէս ազգերը կապուած են իրարմէ, այնպէս ալ բառերը կապուած են իրարու: Բառարանին մէջ կը գտնես՝ այն ինչ որ կը փնտռես. եթէ հետաքրքրուած ես՝ փնտռածէդ աւելի բան մըն ալ կրնաս գտնել. ովկեանոսին մէջ կորսուած լողորդի մը պէս, որ յանկարծ կղզի մը կը տեսնէ ու անոր երաշխաւորու- թեան ապաւինելով իր շունչը անոր վրայ կ'առնէ:
Բառարանները հիմնուած են ժողովուրդներու կեանքին ու պատմութեան վրայ, ուստի եւ կը պատկանին իրենց ու անցնող - գացող իրազեկ ժամանակներուն, գոհացնելով կրթադաստիարակչական թիրախներ, իմաստասիրական ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ լեզուական զգայնութիւններու պահանջներ. կը փրկեն անցեալը, այլ նաեւ այժմէականութիւնը. դեռ չենք խօսիր ապագայի մասին, քանի ժամանակը, ժամանակները, բնական տարողութեան ըմբռնումով մը կը խտացնեն եղածներուն, ու դեռ՝ աննախատեսելի ըլլալիքներու բացայայտումներ: Բառերը կը հիմնուին դէպքերու, եղելութիւններու վրայ եւ նոյն չափով ալ կը բնորոշեն իրենց ուսողական պարագիծը: Փաստօրէն, մեր դիմագրաւած կեանքի երաշխաւորն է: Կեանքի ճշմարտութեան վկայութիւնը ամէն վայրկեան մտային մարզանքի հետ ենթակայութեան մը կապուած է, մէկը միւսին լրացնելու հիւրընկալող գաղտնիքի մը վերծանումով:
Լեզուն բանիմացօրէն կը մարմնաւորէ յառաջապահ մտածումը. մտածումը՝ կը դրսեւորուի լեզուով. լեզուական արտայայտութիւնը մեկնողական իմաստի ու իմացականութեան արտայայտութիւն է, որ երբեմն մեռած բառերն ալ կ'ողջնցնէ: Ի դէպ, բառամթերքը կը հետեւի կանոնին, կանոնն ալ՝ անխուսափելիօրէն բառամթերքին: Չի բաւեր լաւ պատմութիւն, լաւ մշակոյթ, կրօնք, փիլիսոփայութիւն ունենալ, առանց բառարանի. ընդհանրապէս առանց գիրքի ու գրադարանի օգնութեան: Բառերը ջիղ ունին, արիւն պարունակող երակ ունին եւ արիւնն է որ կը խօսի, խօսուն կերպով կ'արտայայտուի, բառերու շնչող բջիջներու ընդմէջէն:
Լեզուն կը տրամադրէ իրերայաջորդ երկու դիմերես. գրական, այլեւ գաղափարական յատկանիշներով կառուցուած: Մեր ազգը իր ճակատագիրը կապեց իր լեզուին եւ մեր լեզուն՝ իր ազգին: Լեզուն ցոյց կուտայ իր զուգընթաց ծագումը, մե՛ր ծագումը: Լեզուն մեր ազգի անքակտելի ու անփոխարինելի մասնիկն է: Հայոց լեզուն համաշխարհային հնաւանդ լեզուական պատմութեան մէջ պարզ փակագիծ մը չէ: Մտաբերա՞ծ ենք, թէ ուր կը հասնի մեր լեզուական արժէքային իմաստը առանց լեզուի մը վաւերական նախատիպի գնահատումին:
Ի՛նչ որ լեզուի մէջ, լեզուով կ'ըլլայ՝ իմացական յեղափոխութիւն է: Նախ եւ առաջ գոյն կուտայ պատմութեան, մշակոյթին, յիշողութեան, ազգի մը գաղափարական ու ամէն տեսակի խորհրդանշական դրօշերուն:
Իմացէք. Բաբուա Կուինէայի մէջ 820 բարբառներ կը խօսուին, բայց հարազատ լեզուով բառարան մը չկայ: Երկրի պաշտօնական լեզուն անգլերէնն է, որ կը խօսուի բնակչութեան մէկ տոկոսի համեմատութեամբ միայն: Ըսէք, խնդրեմ, Բաբուացիները ո՞ր հայրենիքի մէջ իրենց լեզուական հայրենիքը կը փնտռեն...
Երկիրները, հայրենիքները՝ բառերով մուտք կը գործեն փայլուն աշխարհներու մէջ: Տանք օրինակ մը եւս:
Սիկելիա կղզիին մէջ կը խօսուին 32 տարբեր բարբառներ, մէկը միւսին անհասկնալի, մէկը միւսէն տարբեր լեզուաբանական կառոյցով, կորիզով ու իմաստով: Բայց Սիկելիան միայն մէկ լեզուով բառարան ունի՝ իտալերէն:
Հայերս, բարեբախտութիւն ունինք տասնեակ բարբառներ ունենալով հանդերձ, լեզուական իմաստութեան աւանդութիւնը խտացնելու մեր ազգային նկարագրի եւ անոր արժէքները գնահատելու այն փիլիսոփայութեան մէջ, որ լեզուն կը խօսի ամէն ինչի առջեւէն ու ետեւէն: Լեզուն ճամբայ կը բանայ, որպէսզի մենք ուղիղ քալենք, ամբողջացնելով մեր քաղաքակրթական շահատենչութիւնը մարդկային կեանքի պատմութեան բովով:

* * *
Յոյն իմաստասէր Արիստոտելը պատգամած է, թէ անոնք որոնք լաւ կրթութիւն կուտան զաւակներուն, պէտք է աւելի պատուուին անոնցմէ, որ ծնած են զանոնք, որովհետեւ ծնողներ կեանք կուտան զաւակներուն, բայց դաստիարակները անոնց կը շնորհեն լաւ ապրելու բնատուր կարողութիւն:
Տեսնենք, այսօր ի՞նչ է բառարանի մը նշանակային հասկացողութիւնը:
Հայութիւնը կը գտնուի տարաշխարհիկ խաչմերուկի մը մէջ. ո՞ւր է իր պատգամող խօսքը: Ահա, հո՛ս է: Մտաւորականը առանձին չի կրնար ապրիլ. ինքնաբուխօրէն ու բնական ճամբով քաղաքական իր մշակոյթը կը դրսեւորէ զանազան ու տարբեր բեղմնաւոր ձեւերով: Այս բառարանի պատրաստութեան շարժառիթը մտաւորական ինքնայատուկ պատկերացումի մը փաստն է: Փաստը՝ փաստագրուած արձանագրութիւն մը չէ միայն, այլ ինքնավարժ ստեղծագործութիւն ապացուցող վկայութիւն: Այդ վկայութիւնը մտաւորական ինքնութիւն կը հաւաստիացնէ իր բոլոր համեմատութիւններով:
Իւրաքանչիւր բառարան, դասագիրք, աւելի լայն իմաստով որեւէ գրական գործ՝ ճշգրիտ բան մը պէտք է տայ շահագրգիռ ընթերցողին. առանց որեւէ արտայայտութեան ճշգրտութեան բառերը կը կորսնցնեն իրենց ստուգաբանող իմաստը, անջրդի ու խոպան տարածութեան կը վերածուին:
Սովորաբար բառարանները կը բնորոշուին ծաւալով, քանակով, որակով:
Բառարանը ամէն բանէ առաջ ու աւելի՝ ուժ է, երբ արմատական գիտութեամբ ու մասնագիտութեամբ կ'օգտագործուի. իսկ տկարութեան կը վերածուի երբ անգիտութեամբ կը թղթատուի, երբ մէկու մը կապը խզուած է իր լեզուին հետ: Կամայ թէ ակամայ մեր կազմաւորած փոքրիկ թէ մեծ աշխարհներու տեսակ-տեսակ շփոթներուն վրայ, եկէք չաւելցնենք լեզուամտածողութեան շփոթն ալ: Բառարանը ուղեցոյց մը կը կազմէ, որպէսզի բառերուն իմաստները ճշգրտօրէն մեկնաբանուին ու լուսաբանուին:
Մեր լեզուն, բոլոր լեզուները, ժամանակ առ ժամանակ իրենց համար ճշդած կամ ճշդուած սահմաններէն անդին կը քալեն. այդ իմաստով ալ բառարանները տեւական շարժման ու զարգացման մէջ են: Զարգացումները պէտք ունին առողջ ու բարեբեր միջավայրի, ինչ որ հետեւանք է մասնագիտական գիտութեան ու բծախնդրութեան:
Որքան տարիները կ'անցնին հայերէնագիտութեան արժէքը կը տժգունի: Կը թուի թէ՝ որոշ անբաղձալի իրականութիւններու հետ պիտի պատրաստուինք հաշտուիլ. թերեւս հաշտեցումի շարքը վերջ չունենայ եւ նորանոր անակնկալներով ալ լեցուն ըլլայ:
Այսպէս կը կորսուի պատմութեան ինքնաճանաչումը, երբ լեզուն կը կորսուի, երբ լեզուն դիմագիծ կը կորսնցնէ: Ի՜նչ մեղք, երբ այս լեզուն հազարամեակներ կը խօսուի եւ այդ լեզուով գրուած է իր եւ ուրիշ ազգերու թանկագին պատմութիւնը, իր փայլուն թէ տխուր հոսանուտներով:
Լեզուն ինքնակերտ քաղաքակրթութիւն մը կը ստեղծէ: Քաղաքակրթութիւնն ալ մարդիկ կը ստեղծեն: Այսօր, մեր քաղաքակրթութիւնը կը ճանչնանք շնորհիւ մեր լեզուին: Լեզուն ազգային քաղաքակրթութեան անբեկանելի ցուցանիշ է:
Սարգիս Աղապատեանի եւ Կիրակոս Մկրտիչեանի բառարանին մէջ մէկտեղուած բառերը իրար լրացնող շարահիւսութեամբ կը ներդաշնակուին՝ յունական եւ հայկական տպաւորիչ բնութեան միջավայրին հետ: Աշխարհ մըն է որ չի մոռցուիր: Այս իրականութիւնը երեւակայական իրականութենէ մը աւելի իրապաշտ ու գործնապաշտ տեսադաշտ մը կը պարզէ մեր առջեւ: Ճիշդ չէ անտեսել իր ազնիւ մրցակցութեան առաւելութիւնները եւ իր փոխանցող արժանիքի ծանրութեան մէջ չգնահատել զայն:
Բառարանը պատրաստողներուն երախտապարտ ենք. սնուցիչ այս գործը առանց ազգային յանձնառու դրդումներու եւ մտաւորական զգայնութիւններու չ'ըլլար:
Խոստովանի՛նք: Մեր բախտը մեզի հանդէպ լաւ վերաբերուեցաւ:

* * * * * * * * * * * * * * * * *

Բառարանի նախաբանը
Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ

Որեւէ բառարանի հեղինակում՝ կը ներկայանայ իբր պատասխանատու, եթէ ոչ ծանրակշիռ քայլ մը: Ասոր համոզուելու համար՝ կը բաւէ յիշել ի՛նչ է բառարան մը.- տուեալ ձեւի տակ եւ ճշդուած ընտրանքներով՝ հաշուեկշիռ մը այն հաւաքական թանկագին դրամագլուխին, որ է տուեալ լեզու մը - այսինքն թանձրացեալ, քոտաւորուած մէկ ձեւը հոգեընկերային այդ հրաշալի երեւոյթին՝ մարդկային Լեզուին, որ հաղորդակցուող եւ բաժնուող մտածումն է, մարդու մարդկայնութեան կրողը...
Այս գիտակցութիւնն է, որ կը մղէ բառարանագիր հեղինակները (խօսքը՝ գիտակցութիւնը ունեցողներուն մասին է...) դիմագրաւելու իրենց աշխատանքը անհրաժեշտ լրջութեամբ ու համեբրութեամբ: Բարեբախտաբար իրենց համար, ռահվիրաներ արդէն քալած են իրենց առաջադրած ճամբէն՝ անցեալ տասնամեակներուն եւ դարերուն: Իրենց թողելով թանկագին աւանդ մը՝ բառարանագիտական ամբողջ մշակոյթ մը եւ դրամագլուխ մը: Նորեկները կ"օգտուին անոնցմէ՝ վերջին նուաճումները աւելցնելու պայմանով, քանի լեզու մը վեհափառօրէն ապրող, այսինքն հոլովոյթով զարգացող էութիւն է:
Յ.- Ս. Ապաղատեանի եւ Կ. Մկրտիչեանի հայերէն-յունարէն բառարանը, որուն հրատարակումը կ"ողջունենք այսօր, այս ջանասէր գիտակցութեան եւ հայկական բառարանագրական հարուստ աւանդութեան տեւական այս յղումին է որ կը պարտի իր որակը: Առանց մոռնալու, անշուշտ, որ հայերէն-յունարէն բառարանի մը հեղինակումը առաջին քայլ է իր տեսակին մէջ (ի տարբերութիւն՝ յունարէն-հայերէն բառարանի, արդէն առկայ), այս փաստին ենթադրած բոլոր դժուարութիւններով եւ յաւելեալ որոնումի աշխատանքով:
Հեղինակները վերցուցած են այս մարտահրաւէրը ամբողջական գիտակցութեամբ մը: Եւ արդիւնքը, ահա, կը ներկայացուի հանրութեան գնահատումին. բառարան մը՝ բաւական ճոխ ու մանրամասն (թերեւս շա՛տ մանրամասն՝ հայերէն բառամթերքի ընտրութեան քանակի իմաստով, այս չափի բառարանի մը համար - բայց ատիկա հեղինակային ընտրանքն է...), եւ յունարէն համարժէքներ կամ սահմանումներ՝ գրեթէ միշտ՝ կատարելապէս ճիշդ ու յարիր:
Իմ կարծիքով, այս բառարանին մեծ արժանիքն է նախ այն՝ որ յունարէն համարժէքները կը ներկայացնէ իր ծաւալին ներած առաւելագոյն ճոխութեամբ: Ասոնք դասաւորուած են ըստ գործածութիւններու յաճախակիութեան: Բայց տակաւին, ու մանաւանդ, անիկա ջանք թափած է բոլոր այս առումները յստակօրէն զանազանելու եւ զանոնք օժտելու շօշափելի օրինակներով. ասոր համար անիկա կը գործածէ արձանագրումի ճարտար համակարգ մը (կէտ-ստորակէտ, գծիկ եւ այլ կէտադրական նշաններ), արդէն գործածուող՝ զանազան լեզուներու մանաւանդ խիտ բառարաններէ: Հոս կատարուած այս կենսական յաւելումը միշտ չէ, դժբախտաբար, որ որդեգրուած է մեր հայ բառարանագիրներէն, որոնք աւելի յաճախ կÿանտեսեն լեզուն օրինակներով «խօսեցնելու» կարիքը, դիմագրաւելով վտանգը՝ իրենց գործը անօգուտ դարձնելու սկսնակներու, այսինքն անոր ամենէն աւելի պէտք ունեցողներուն...
Մաղթելով բարի մեկնարկ՝ հայերէն-յունարէն առաջին բառարանին, գրեթէ անսխալօրէն կրնանք իրեն համար նախատեսել երկար եւ օգտակար կեանքի ընթացք մը: Իր բերած անվիճելի առաւելութիւնները կասկած չեն ձգեր այդ մասին...

Յարութիւն Քիւրքճեան
Հեղինակ

* * * * * * * * * * * * * *


ԱՅՍ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Պատմա-համեմատական լեզուաբանութիւնը, այսինքն ազգային լեզուներու անջատ ուսումնասիրութիւնը ժամանակին մէջ՝ ծագումի, միջ-լեզուական կապերու եւ հոլովոյթի տեսանկիւններէն, - փաստած է, որ հայերէնը կը տեղադրուի միջանկեալ դիրքի վրայ՝ հնդեւրոպական արեւելեան եւ արեւմտեան ճիւղերուն համեմատած: Արդարեւ, անոր մայր բունը կազմող բառերու մեծամասնութիւնը ունին հնդեւորպական ծագում:
Հայերէնը գրաւոր լեզու դարձած է յ.Ք. 5րդ դարու սկիզբին, հայերէն այբուբենի ստեղծումով՝ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին կողմէ: Դասական հայերէնն է, որ կը կոչուի գրաբար: Առաջին հազարամեակի սկիզբներու հելլէն գրականութեան մէջ, շնորհիւ անձնանուններու, տեղանուններու եւ բերանացի աւանդուած երկերու, կը գտնենք այս լեզուէն հետքեր, որոնք կը փաստեն դասական հայերէնի գոյութիւնը՝ արդէն այդ ժամանակաշրջանին:
Մինչեւ 10րդ դար, գրաբարը կը մնայ միակ գրական լեզու: Ապա, երեւան պիտի գայ լեզուի նոր տարբերակ մը՝ միջին հայերէնը, որ տարրեր կը պահէ գրաբարէն, եւ նախատարրեր՝ աշխարհաբարէն, այսինքն խօսակցական կամ ժողովրդական լեզուէն: Իսկ 19րդ դարուն, հայ ժողովուրդի ընկերա-քաղաքական զարգացումը, հետեւող՝ արեւմտա-եւրոպական երկիրներու եւ Ռուսիոյ ընկերային կեանքի առաջընթացին, իբր վճռական գործօն պիտի ունենայ պարզ ժողովուրդին մատչելի ազգային լեզուի մը ստեղծումը: Այսպէս, 19րդ դարու երկրորդ կէսէն, կը զարգանան նոր հայերէնի երկու ճիւղերը՝ արեւելահայերէնը, որ պիտի գործածուի Կովկասի, Ռուսիոյ եւ Իրանի հայութեան կոմէ, եւ արեւմտահայերէնը, որ յատուկ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ եւ ապա՝ Սփիւռքի հայութեան:
Հայերէն-յունարէն բառարանի մը ստեղծման գաղափարը ունէինք հինէն: Թեքնիք եւ նիւթական հարցերը ատեն մը պատճառ եղան անոր իրագործման յետաձգումին: Սակայն, երեք հայ նախա-կրթարաններու եւ միջնակարգ վարժարանի մը գոյութիւնը Ատտիկէի տարածքին, հիւսիսային Յունաստանի շաբաթօրեայ դպրոցները, ինչպէս եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն հազարաւոր գաղթականներու ներկայութիւնը, առաջ մղող ազդակներ եղան այս ծրագիրի իրագործումին:
Օգտագործուած են զանազան բառարաններ, կատարուած՝ համեմատումներ, տեսակէտներու փոխանակումներ, վերաձեւաւորումներ, սրբագրութիւններ, մուծուած են ասոյթային ձեւեր, եւ առհասարակ՝ ճիգ թափուած է առաջքը առնելու անտեսումներու: Ու այսպէս, բազմամեայ սիստեմաթիք եւ ծանր աշխատանքէ ետք, այսօր ահա իրականութիւն կը դառնայ հայերէն-յունարէն ժամանակակից, գործնական բառարանի մը հրատարակութիւնը - արեւմտահայերէն տիրապետող թեքումով եւ դասական ուղղագրութեամբ:
Ընտրուած բառամթերքը՝ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան եւ գրութիւններու լեզուինն է: Հոն ներառուած են թեքնիք, բժշկական, տնտեսագիտական եւ իրաւագիտական եզրեր, ինչպէս եւ բառեր, որոնք՝ թէեւ հին՝ տակաւին պարբերաբար կ"երեւին գրութիւններու մէջ: Նոյնարժէք իմաստները իրենց միջեւ բաժնուած են ստորակէտով, իսկ տարբեր առումները՝ զոյգ ուղղահայեաց գծիկով: Այն տեղերը, ուր կրնայ իմաստային շփոթ առաջանալ, փակագիծերու մէջ յաճախ տրուած են լուսաբանութիւններ:
Խոր շնորհակալութեան խօսք ունիմ Կարէն Չիպուխչեանին, Դաւիթ Դաւթեանին եւ Տիգրան Մխսեանին՝ իրենց թեքնիք օժանդակութեան համար (գրութիւններու թուայնացում եւ ելեկտրոնային մշակում): Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնեմ բարեկամներու՝ Հայկ Զաքեանին, Հովիկ Ներսէսեանին, Թագւոր Յովակիմեանին, Ստեփան Շեմմաս-Թաշճեանին, Տիգրան Մխսեանին, Յակոբ Ֆեսճեանին, Փաւլօ Պալեանին, Նազարէթ Պարսումեանին, Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէային, ինչպէս եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան (Թեսաղոնկէի մասնաճիւղին), իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեան համար: Առանց իրենց նպաստին, անկարելի պիտի ըլլար այս հրատարակութեան իրագործումը: Շնորհակալութիւն Յարութիւն Քիւրքճեանին՝ իր նախաբանին ու օգտակար թելադրանքներուն համար, Մայք Չիլինկիրեանին՝ կողքի պատրաստութեան համար, եւ երկլեզու բառարաններու հեղինակ Նիքօ Լիկրիին, ամբողջ գործի մշակման բերած իր օգնութեան համար:


Յ.- Ս. Ա.