Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երեկոյեան էր, երբ թուրք ամբոխը,
Մօտ հարիւր յիսուն մարդակերպ գազան,
Աղմուկով ահեղ ու սուլոցներով,
Աղաղակներով բարբարոսային,
Խուժեցին շէնք մը,
ուր հայեր կ՛ապրին...

Իսկոյն սկսաւ սպանդ անմեկին:
Շքամուտքին մօտ կանգնած Սաշային,
Փայտերով, ոտքով,
երկաթէ ձողով
Ու դանակներու բուռն հարուածներով՝
Մորթուած ուլի պէս, իր տաք արեան մէջ,
Գետի՜ն փռեցին...

Երբ անոր քոյրը տան պատշգամէն՝
Օգնութիւն կ՛ուզէր ճիչով լալագին՝
Բորենիները հասան անմեղին,
Իրենց հետ նաեւ՝ մահը անմարմին,
Ու զարհուրելի ոռնոցներուն մէջ,
Լլկեցին անոր ու խոշտանգեցին,
Ապա ոճրապաշտ անայլայլութեամբ՝
Հինգերորդ յարկէն
Վա՛ր շպրտեցին...
Յետոյ՝ խուժանը, խուժանը վայրագ,
Լկտի, անբարոյ, կամքով դիւային,
Մերկացուց կնոջ մեռած Սաշային,
Ու տմարդութեամբ քարշ տուաւ գետնին,
Ապա անօթի գայլի մը նման՝
Ակռաներն սրած, խոյացաւ վրան
Ու բռնաբարե՜ց ի տես բոլորին...
Իսկ ան ուժասպառ՝ գոռա՜ց, աղերսեց,
Սակայն իր կանչը, կորչեցաւ ինչպէս
«Ձայն բարբառոյ անապատի՜»ն.
Անմեղը մեռաւ կսկիծն
իր սրտին,
Հոգւոյն ուղերձը՝
Սառած շրթունքին...

Ու Սումգայիթը դարձաւ նոր Տէր Զօր,
Մանրանկա՛րը,
մթին «Ապրիլ»ին.
Դարձաւ նորօրեայ սպանդի թատրոն,
Կոյր աչքերուն դէմ ամբողջ աշխարհին,
Փակ սրտերուն դէմ համա՛յն աշխարհին...

Արամ Քէթէնճեան
Իրաք

*Բանաստեղծը օգտուած է դէպքին ականատես՝  Էլմիրա Սէյրանեանի յուշերէն: