Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ դատական հարցով արձակած տխրահռչակ վճիռը մեզ մղեց մտածելու խօսքի ազատութեան իրաւունքին մասին:

Դանիացի իմաստասէր Սորեն Քիրքեկաարտ կը յայտնէ, որ «մարդիկ խօսքի ազատութիւն կը պահանջեն փոխ հատուցելու համար մտքի ազատութիւնը, զոր հազուադէպ կերպով կ՛օգտագործեն»: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը խօսքի ազատութիւնը պաշտպանելու անտեղի նախանձախնդրութենէն կուրցած չնկատեց, որ այստեղ խորքին մէջ խնդրոյ առարկան Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը չէ, այլ՝ մտքի ազատութիւնը, որմէ զրկուած անձ մըն է ան: Փերինչեք կը կրկնէ իր պետութեան ժխտողական կեցուածքը՝ պատմական իրողութեանց նենգափոխումը, որ թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ թուրք իրերայաջորդ սերունդներուն կը փոխանցուի իբրեւ ճշմարտութիւն, եւ անհրաժեշտ է Փերինչեքի եւ թրքական հասարակութեան մտքի ազատութիւնը պաշտպանել՝ նոյնիսկ հակառակ անոնց կամքին:
Ներկայ ժամանակներու ամէնէն չարաշահուած իրաւունքներէն մէկն է խօսքի ազատութիւնը: 30 Սեպտեմբեր 2005-ին, Դանիոյ թերթերէն մէկուն մէջ լոյս տեսաւ Մոհամետ մարգարէի մէկ ծաղրանկարը: Փորձ կատարուեցաւ այդ արարքը արդարացնելու խօսքի ազատութեան իրաւունքով: Նոյն առարկութիւնը օգտագործուեցաւ 1 Նոյեմբեր 2011-ին, Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներով լոյս տեսած ֆրանսական «Շարլի Հեպտօ» պարբերաթերթի մէկ թիւին հարցին մէջ:
Թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելով Զուիցերիոյ «Ցեղային խտրականութեան մասին» օրէնքը խախտած Փերինչեքի եւ թէ՛ Մոհամետ մարգարէի վարկաբեկման վերոնշեալ երկու պարագաներուն խօսքի ազատութեան իրաւունքի չարաշահում գոյութիւն ունի, որովհետեւ Մարդկային իրաւանց համաշխարհային հռչակագիրի 19-րդ յօդուածը յստակօրէն կը նշէ, որ «խօսքի ազատութեան իրաւունքը իր մէջ կը պարունակէ «յատուկ պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ», «ուստի կրնայ որոշ սահմանափակումներու ենթակայ ըլլալ անհրաժեշտութեան պարագային յարգելու համար ուրիշներու իրաւունքներն ու վարկը», կամ «ազգային ապահովութեան, հասարակական կարգ ու կանոնի, հասարակական առողջութեան կամ բարոյականութեան պաշտպանութեան համար»: Ասոր լոյսին տակ, դատարաններուն պարտականութիւնը յստակ է՝ իրենց «յատուկ պարտաւորութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն» տէր կանգնումին մէջ թերացողները կարգի հրաւիրել, որպէսզի ուրիշներու չար օրինակ չըլլան: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը իր այս վճիռով (եւ օգտագործած հիմնաւորումներով) ժխտողականութիւնը քաջալերեց:
Ի վերջոյ պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ անհատի մը իրաւունքներուն սահմանը կ՛աւարտի հոն, ուր այլ անհատի մը իրաւունքները կը սկսին: Այս սկզբունքը արդէն կը կիրարկուի քաղաքակրթուած երկիրներուն մէջ. երբ անձ մը իր ձայնասփիւռը պէտք եղածէն աւելի բարձր մտիկ ընէ՝ խանգարելով իր դրացիներուն հանգիստը, ոստիկանութիւնը զինք կարգի կը հրաւիրէ: Այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ մարդկային յարաբերութեանց մէջ իրաւունքին վերաբերող բոլոր օրէնսդրութիւնները եւ առհասարակ քաղաքակիրթ մարդոց յարաբերութեանց մէջ բացարձակ սկզբունք մըն է: Ի վերջոյ Քրիստոս եւս նոյնը չթելադրե՞ց. «Ինչ որ կ՛ուզէք, որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցմունքները» (Մատթէոս 7:12):

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ