Հայ ժողովուրդի Փետրուարեան պոռթկումի 85-րդ տարեդարձի առթիւ, տեսնենք թէ ինչպիսի՞ պայմաններու հետեւանքով յառաջ եկաւ ան, եւ ինչե՞ր պատահեցան այդ օրերուն, յենուելով դէպքերուն իրատես եղողի մը գրածներուն վրայ։
Փետրուարեան ժողովրդային պոռթկումը, հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ, համայնավար բռնակալական վարչակարգի դէմ մղուած առաջին ու փառաւոր էջն է, որ որքան ժամանակ ալ անցնի, անոր իմաստն ու տարողութիւնը աւելի կ'արժեւորուի։
Փետրուարեան ապստամբութիւնը կանխորոշուած եղելութիւն մը չէր, այլ ստեղծուած դժնդակ ու անտանելի կացութեան մը դէմ, հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը։
Հայը չուզեց ստրուկ ապրիլ ու ի սէր իր վեհ իտէալին ու ազատ ապրելու իրաւունքին, նետուեցաւ զոհաբերումի ճանապարհին։ Առանց նկատի առնելու հետեւանքները կարմիր բռնակալութեան դէմ, արտայայտեց իր ցասումը, ցոյց տուաւ իր ռազմական առաքինու¬ թիւնը ու ջանաց դուրս գալ օտարի լուծէն։
Ազատ ու անկախ ապրելու հրճուանքը եւ սեփական իշխանութեան բարիքները ապրած հայ ժողովուրդը, բնական էր որ պիտի չհանդուրժէր այլ իշխանութեան մը բռնատիրութիւնը, ըմբռնելով թէ ի՛նչ կը նշանակէ օտարի լուծը եւ ի՛նչ կը ներկայացնէ ազատ ու անկախ կեանքը։
Հայութեան մէկ մասը, երկրէն ներս ստեղծուած դժուարին պայմաններու բարելաւման յոյսով, իր աչքերը յենած էր դէպի հիւսիս, հաւատալով որ պիտի կարենար ապահովել իր տնտեսական բարեկեցութիւնը եւ ֆիզիքական գոյութիւնը։ Եւ սակայն ի յայտ եկաւ որ ինչքան անհիմն էին սպասուած այդ յոյսերը։
Եկող նոր իշխանութիւնը, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ասիական բարբարոս բռնակալութիւն մը, խլելու համար հայուն ազատութիւնը, կործանելու ու բնաջնջելու հայութեան մտաւոր, մշակութային, բարոյական ու հոգեկան կառուցուածքները, որոնք հայութեան ազգային դիմագիծը կը բնորոշէին։
Պոլշեւիզմը հայութեան կեանքին միայն քայքայում բերաւ. Հայաստանի խորհրդայնացումով ստեղծուած դժոխային պայմաններուն կարելի չէր հանդուրժել հայ ժողովուրդը, որուն դարաւոր կեանքը, ազատութեան համար մղուած անահաւասար պայքարներու շարք մըն էր եղած։
Ու պատահեցաւ անխուսափելին։
1921 Փետրուար 18-ի օրը, հայութիւնը յուսահատած, միակամ ոտքի կանգնեցաւ ու զայրոյթով մը փախուստի մատնեց պոլշեւիկեան ուժերը։
Փետրուարեան ժողովրդային համատարած ընդվըզումը, որեւէ քաղաքական հաշուի վրայ հիմնուած չէր եւ ոչ ալ այդ օրերուն նման մտածում միջազգային պայմաններու ձեռնտու էր։
Հայ ժողովուրդը ըմբոստացաւ, որովհետեւ իրմէ խլուեցաւ իր ճակտի քրտինքով ձեռք բերուած ամէն բարիք։
Ընդվզեցաւ հայ գիւղացին, բանուորը, արհեստաւորը, մտաւորականը ու նաեւ կղերականը, որովհետեւ եկած նոր իշխանութիւնը, հայութեան մարմնին հետ կը ձգտէր սպաննել նաեւ անոր հոգին։
Անշուշտ թէ հայը, իր այս հերոսական դիմադրութեամբ չկարողացաւ վերականգնել իր հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը. բան մը որ կարելի չէր. ցոյց տուաւ սակայն իր ազատ ու անկախ ապրելու անտեղիտալի կամքը։ Ամրացնելով իր այն համոզումը, թէ օտարի տիրապետութիւնը միայն չարիք է հայուն ու Հայաստանին։
Այս բոլորով միատեղ, Փետրուարեան շարժումը հայրենիքէն ներս իր բարեպատեհ կողմն ալ ունեցաւ։
Իշխող վարչակարգի հայ ղեկավարներէն Ալ. Միասնիկեանի միջամտութեամբ՝ պաշտօնէ հեռացուեցան չարամիտ բոլոր դէմքերը ու փոխարինուեցան բարիմաց անձերէ։ Ստեղծուած վատագոյն պայմանները հետզհետէ սկսան մեղմանալ։ Շնորհիւ ժողովրդային բանակի դիմադրական կռիւներուն, կարելի եղաւ ազատագրել ստոյգ մահէ, փրկել բանտարկուած հայ մտաւորականութիւնը, ապահովել նաեւ նահանջի ելք մը, որ անոնք անցնին արտասահման։
Խորհրդային իշխանութեան որոշումով, Սիւնիքի ու Վայոց Ձորի մարզերը անցած էին Ատրպէյճանի, ապա շնորհիւ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի ջանքերուն, վերակցուեցան Խորհրդային Հայաստանի։
Այս բոլորը անոնց համար, որոնք միտումնաւոր կերպով կ'այլակերպեն Փետրուարեան շարժման իմաստն ու նշանակութիւնը, ուրանալով անոր ունեցած բարիմաստ կողմերը։
Կ. Գ.
* * * * * * * * * * * * *
Փետրուար 18
Թրքօ-պոլշեւիկ գաղտնի համաձայնութեան հետեւանքով, թրքական զօրքերը հարաւէն յարձակեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, իսկ Զանգեզուրի շրջանէն ալ թուրք ռազմագերիներէ կազմուած զօրամաս մը սկսաւ յառաջանալ դէպի հարաւ, Թուրքիոյ ուժերուն միանալու համար։
Հիւսիսէն ալ Կարմիրները սկսած էին սպառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Լեւոն Շանթի Հանրապետական պատուիրակութիւնը պիտի յաջողէր համաձայնութեան գալ Մոսկուայի հետ, երբ իր ատրպէյճանի թուրք ընկերոջ հետ Մոսկուա հասաւ հայածին Անասթաս Իվանովիչ Միկոյեան եւ բանակցութիւնները վիժեցնելով պահանջեց որ, անոնք փոխադրուին Հայաստանի մէջ։
Եւ ահա, Մոսկուա Հայաստան ղրկեց Լեկրանի պատուիրակութիւնը, բանակցելու եւ համաձայնութիւն մը կնքելու համար։
Լեկրանի հետ, Հանրապետութեան կառավարութիւնը կնքեց համաձայնութիւն մը, հետեւեալ պայմաններով։
1) Յարգել Հայաստանի անկախութիւնը։
2) Չհալածել Հանրապետական Հայաստանի բանակի սպաները եւ զինուորականները։
3) Չհալածել Հանրապետական Հայաստանի քաղաքական գործիչները։
4) Կազմել խառն կառավարութիւն մը, անոր մէջ առնելով Դրոն եւ Համբարձում Տէրտէրեանը։
5) Արգիլել թուրք բանակի յառաջխաղացումը։
Այսպէսով, Հանրապետական Հայաստանի կառավարութիւնը, իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն, փրկելու համար Հայաստանի հայ ժողովուրդը թրքական նոր ցեղասպանութենէ։
Կազմուեցաւ ժամանակաւոր Յեղկոմ (Յեղափոխական Կոմիտէ) Դրոյի մասնակցութեամբ, մինչեւ որ Մոսկուայի կողմէ կարգադրութիւն մը ըլլար։
Սակայն տեղի ունեցաւ բոլորովին հակառակը։
Պոլշլեւիկները խախտեցին համաձայնագիրը, սկիզբէն մինչեւ վերջին կէտը։
Նախ՝ Հայստանէն դէպի հիւսիս կանչուեցաւ Դրոն։
Ապա՝ սկսան ահռելի հալածանքներ՝ թէ սպայութեան, թէ քաղաքական գործիչներու, եւ թէ հայ ժողովուրդի նկատմամբ։
Հայաստանի Խորհրդարանի շէնքը կանչուեցան հայ հրամանատարներն ու սպաները, թիւով 1500 հոգի, եւ ոտքով ճամբայ հանուեցան դէպի հիւսիս, դէպի Ռուսիա։
Սկսան ահաւոր հալածանքն ու բանտարկութիւնները քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականներու դէմ։
Բանտերը բերնէ բերան լեցուեցան եւ սկսաւ հայ հերոսներու եւ զինուորականներու կացինահարումը վարձկան թուրք դահիճներու ձեռքով եւ Չեկայի կարգադրութեամբ։
Ազգային հերոս Համազասպ Սրուանձտեան, գնդապետ Ղորզանեան եւ ուրիշներ, վայրագօրէն կացինահարուեցան բանտին մէջ։ Զուր անցան աղաղակն ու օգնութեան կոչերը եւ երկու սեռէ բանտարկեալները ապրեցան դժոխային, սահմռկեցուցիչ պահեր...
Պարզ ժողովուրդը եւս ենթարկուեցաւ ահաւոր կողոպուտի, խոշտանգումներու եւ սպանութիւններու։
Գաւառի մէջ եւս, պոլշեւիկներու դէմ կռուած հայ ֆետայիներ կանչուեցան եւ սրախողխող ու կացինահար ըլլալով հորերու մէջ նետուեցան։
Պոլշեւիկները գրաւեցին արհեստաւորներու (դերձակ, ատաղձագործ, կօշկակար, եւլն) բոլոր գործիքները մեղուաբոյծներու փեթակները եւ տուներու կահկարասիները...
Կատարեալ ջարդ ու կողոպուտ (պոկրոմ), անիրաւութիւն, զրկանք ու հալածանք։
Մինչ այդ, թրքական ճակատին վրայ ալ հայ պոլշեւիկները թռուցիկներ ցրուեցին, անոնց մէջ շեշտելով որ, թուրքերը մեր եղբայրներն են, մի՛ կրակէք անոնց վրայ»...։
Դժոխային այս վիճակը այլեւս անտանելի էր։ Մահը եւ ստրկութիւնը կեցած էին բոլորի դրան առջեւ։ Եւ ժողովուրդը ապստամբութեան դրօշ բարձրացուց երկրի բոլոր կողմերէն, խուժեց Երեւան, ջարդեց բանտի դռները, ազատեց հայ գործիչները եւ երկրէն դուրս վռնտեց կարմիրները։
Կազմուեցաւ «Փրկութեան Կոմիտէ» Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ եւ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ։
1920 Դեկտեմբերին սկսած ջարդն ու կողոպուտը վերջ գտան 1921 Փետրուար 18-ի համաժողովրդական ապստամբութեամբ։
Ասիկա առաջին նշանակալից պարտութիւնն էր սովիէթ իշխանութեան եւ յաղթանակը՝ ապստամբ հայ ժողովուրդին։
Նշանակալից է, որ մեր ապսպամբութեան օրերուն, ապստամբած էին նաեւ Ռուսիոյ հիւսիսի Կրոնշթատի նաւաղները, դեմոկրատական ազատութիւն պահանջելով։
Սակայն, անոնց ապստամբութիւնը արեան մէջ խեղդուեցաւ։
Մէկ օրուան մէջ 17 հազար նաւաղներ գնդակահարուեցան։
Հայ ժողովուրդի 1921 Փետրուար 18-ի ապստամբութիւնը, խարան մըն է անարգ ու բռնակալ պոլշեւիզմի ճակտին դրոշմուած։
Թէեւ կարճ տեւեց Փրկութեան Կոմիտէի գործունէութիւնը, ընդամէնը երկու եւ կէս ամիս, սակայն, պոլշեւիզմը զգաց, որ դիւրին չէ կապտել ազատատենչ հայ ժողովուրդի ազատութիւնը եւ ստրկացնել զայն։
Կարմիր բանակը հազարաւոր զինուորներով հիւսիսէն յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ եւ վերա¬ գրաւեց զայն։
Հայ ղեկավարութիւնն ու մարտական ուժերը, մօտ տասը հազար հոգի, անցան Զանգեզուր եւ անոր անկումէն ետք՝ Պարսկաստան եւ Սփիւռքի չորս կողմերը հայութեան եւ աշխարհին պատմելու համար պոլշեւիկ բռնակալութեան էութիւնը եւ հայ զանգուածներու մէջ բոցավառելու համար ազատութեան գաղափարը։
Զուր չէ որ 1921 Փետրուար 18-ի ապստամբութիւնը կը կոչենք «Երկրորդ Վարդանանց» որովհետեւ, Հինգերորդ դարու հայ ժողովուրդի ընդվզումը՝ պարսիկ բռնակալութեան դէմ ատրուշաններու աւերումը, Մոգերու ջարդը եւ 451 թուի Վարդանանց փառահեղ ճակատամարտը՝ թիւով գերազանց թշնամիին դէմ, իր շատ մը կողմերով կը նոյնանայ Փետրուար 18-ի ապստամբութեան հետ։
Հին դարերուն, Հռոմ՝ մեր սրբազան գետը՝ Արաքսը կոչած էր «Կամուրջի չհանդուրժող Արաքս», որ նոյնինքն հայ ժողովուրդն է, ազատատենչ ու բռնութեան չհանդուրժող։
Փա՜ռք Փետրուար 18-ին, իր նահատակներուն եւ աննման հայ ժողովուրդին, որ առաջին ապստամբողը եղաւ պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ։
(Ապստամբութեան 49-ամեակին առթիւ)
Ա. ԱՄՈՒՐԵԱՆ
«Ազատ Օր»Աթէնք 18-02-1970