Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ս. Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար՝ օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով: Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է:

Ս. Սարգիս պատմական անձը ապրած է 4-րդ դարուն, ան Կեսարիոյ հռոմէացի զօրավար էր, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր հալածանքներէն՝ իր տղուն՝ Մարտիրոսին հետ ապաստանած է Հայաստան, ապա անցնելով Պարսկաստան՝ զինուորական ծառայութիւն կը կատարէ Շապուհ թագաւորին մօտ: Իմանալով, որ Սարգիսը քրիստոնեայ է, Շապուհը կը պահանջէ, որ ան երկրպագէ կրակին, սակայն Սարգիս կը մերժէ եւ կը կործանէ բագինը: Զայրացած ամբոխը կը յարձակի եւ կը սպաննէ անոր որդին, իսկ Սարգիսը կը բանտարկուի եւ ապա կը գլխատուի: Կը սպաննուին նաեւ անոր հաւատարիմ 14 զինուորները:
Նահատակուելէն ետք Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի: Մ. Մաշտոց անոր մասունքները Հայաստան բերել կու տայ: Մասունքները կ՛ամփոփուին Կարբի աւանին մէջ, իսկ Ուշիի մէջ եւ Գագա դաշտին վրայ կը կառուցուին անոր անունը կրող առաջին եկեղեցիները. այսպէս, Սարգիս Զօրավարը կը սրբացուի հայոց եկեղեցւոյ կողմէ՝ իբրեւ քրիստոնէութեան համար մարտնչող նահատակ:

* * * * * * * * * *

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի յիշատակումը

Հայ հաւատացեալներու մօտ բացառիկ ժողովրդականութիւն ունեցող Ս. Սարգիսի պահք եւ կամ Ս. Սարգիսի ծոմապահութեան շաբաթի օրերը փոփոխական են եւ կը զուգատիպին 11 Յունուարէն մինչեւ 15 Փետրուարի օրերու միջեւ։
Արդ՝ տեսնենք թէ ով էր Ս. Սարգիս Զօրավարը։
Կþըսուի թէ ան ծագումով յոյն, հռոմէական քաղաքացի մըն էր։
Դարեր շարունակ իբրեւ սուրբ յիշատակուելէ ետք, ԺԲ դարուն, Ս. Ներսէս Շնորհալին ուսումնասիրելով անոր կեանքը, վկայելով կը գրէ.-
Սարգիս Զօրավար ապրած է Դ. դարուն։
Հռոմի Կոստանտինոս կայսրը զայն կը նշանակէ Կապաթովկիոյ զօրավար, որու ծննդավայրն ալ էր։ Կոստանտինոս կայսեր յաջորդը՝ Յուլիանոս կայսրը հալածելով Քրիստոնեաները ամէն միջոցի կը դիմէ վերադարձնելու համար ժողովուրդը հին հեթանոսական պաշտամունքներուն։
Ասոր վրայ Սարգիս Զօրավարը հաւատարիմ էր քրիստոնէական հաւատքին, իր զաւկին Մարտիրոսի հետ փախուստ տալով կ'ապաստանի Հայաստան։ Հայ-յոյն պատերազմի մը պատճառ չըլլալու մտածումով, ան կը որոշէ հաստատուիլ Պարսկաստան, ուր պարսիկ Շապուհ Բ. արքան սիրով կÿընդունի զայն ու պարսկա-հռոմէական սահմաններու պահակ կը նշանակէ։
Շապուհ արքան Սարգիս Զօրավարի ունեցած յաջողութիւններէն գոհ միւս կողմէ սակայն անոր քրիստոնէական քարոզչութիւններուն դէմ ըլլալէ զայրացած, կ'որոշէ զայն իրենց կրօնական պաշտամունքներուն հրաւիրել նաեւ Զօրավարը եւ իր զաւակը Մարտիրոսը։
Զօրավարը տեսնելով իրեն սպառնացող վտանգը, քաջութիւնը կ'ունենայ երթալ եւ ի հարկին արքայական շրջանակներէն ներս եւս արտայայտել իր հաւատքը եւ սակայն կը պատահի անխուսափելին։
Զօրավարը պարսիկներու կուրքերու առջեւ ոչ միայն կը մերժէ խոնարհիլ այլեւ անոնց պաշտամունքներուն արհամարական արտայայտութիւններ կþունենայ։
Ասոր վրայ մոգերը ոտնակոխելով սպաննելէ ետք Զօրավարի զաւակ Մարտիրոսը, Զօրավարն ալ ամայի վայր մը փոխադրելով, գլխահատ կþընեն։
Զօրավարի մարմինը թաղել համարձակող քրիստոնեաներուն կրօնքի հաւատարիմ 14 զինուորականներ եւս նոյն կերպով կը մահացուին։
Այնուհետեւ քրիստոնեաները կը յաջողին նահատակ Զօրավարին դիակը յայտնաբերել ու փոխադրել Անտիոք, ուր իրենց պաշտած քրիստոնէական կրօնքին համար զոհուած Սարգիս Զօրավարը, որդին Մարտիրոսը եւ 14 զինուորականները կը դասուին սուրբերու կարգին։
Ե. դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Զօրավարի մասունքները Հայաստան բերելով, կ'ամփոփէ հայրենի հողին վրայ, Կարպ աւանէն ներս։

Կ. Գ.