Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր, 2013
Տակաւին լրջօրէն կ'աշխատինք գիւղի բարելաւման ծրագրին վրայ։ Վալդերը հոս հոն կը հեռաձայնէ, որպէսի «անելիքներ»ու ցանկին վրայ գտնուող ամէն տողին նախահաշիւ մը ապահովէ։
Կը վերադասաւորենք առաջնահերթութիւնները, կը քննարկենք ամէն տող եւ թիւ, ցանկին վրայ կ'աւելցնենք փափաքելի բայց ոչ անհրաժեշտ տողեր, ցանկի պատրաստութեան ընթացքին ձեռնարկուած եւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքները «անելիքներ»ու ցանկէն կը փոխադրենք իրագործուած ծրագիրներու ցանկ, եւայլն...
Աւելի համեստ ցանկ մը կը պատրաստեմ նաեւ ես, Կիրակի օր սեղանին դրուելիք նախուտեստները որոշելով...
Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր, 2013
Այս երեկոյեան, սաստիկ փոթորիկ մը անակնկալի կը բէրէ մեզ։ Ելեքտրական հոսանքը կ'անջատուի, պատուհանները կը զնգան, ծառերը կը խոնարհին... Բնութիւնը կատղած է... Քանի մը անգամ ելեքտրական հոսանքը կը վերականգնեն, բայց ան երկար չի դիմանար եւ կրկին կ'անջատուի... Բնութեան տարերքը հոս աւելի անմիջական է քան քաղաքին մէջ...Ճարահատ կանուխէն կը մտնենք անկողին...
Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր, 2013
Ծիծեռնակաբերդի փէշերուն նորաբաց Dalma Garden Mall-ը, ուր եղած ենք արդէն, ունի Gourmand անունով «սուպերմարկետ» (supermarket)։ Սուպերմարկետ բառին հայերէն տարբերակին դեռ չեմ հանդիպած։ Արդեօք գերշուկա՞յ։ Լսած ենք, որ ան արեւմտեան շուկաներու տարողութեամբ ընդարձակ, մաքուր եւ տեսականիներու բազմազանութեամբ նշանաւորուող շուկայ է։ Կան որոշ ապրանքներ բաղադրատոմսերուս մէջ, որ հոս տակաւին չեմ կրցած ձեռք ձգել։ Կիրակի օրուան մեր հաւաքը, առիթը կը դառնայ այցելելու այս շուկան։
Մեր հետ առած ենք «մեր» աղջիկներէն Վերգուշը եւ Տիանան։ Ճամբան ալ Պռոշեան Աւանէն կը վերցնենք մեր խնամիները, Ձեւակն ու Արփին։
Այս շուկան իր համբաւին արժանի է։ Հաւանաբար քիչ մը աւելի սուղ են ապրանքները, բայց տեսականին, մաքրութիւնը եւ սպասարկութիւնը շատ լաւ են։ Հացեղէնի անկիւնը կը զարմացնէ մեզ։ Ամէն տեսակի հացեր գոյութիւն ունին հոս։ Կը գտնեմ նաեւ թարմ կոճապղպեղ (ginger root), չորցուած լոլիկ (dried tomatoes), ծխեցուած սողոմոն (smoked salmon)... Չեմ յաջողիր գտնել սերուցքային պանիր (cream cheese), լոշիկ (pita bread), յունական ձիթապտուղի խիւս։ Այս վերջիններէն երկուքը անցեալին շատ հեշտ ձեռք ձգած եմ։ Մէկ անգամ ալ յաջողած եմ սերուցքային պանիր գնել...
Երախաներուն համար, նոյնիսկ մեզի համար, նորութիւն մըն է այս շուկան։ Եթէ Մարգարը անդադար մեզի աճապարել չյուշէր, աւելի երկար կարելի էր թափառիլ..
Վերադարձի ճամբուն վրայ, Տիանան տունէն հեռաձայն կը ստանայ։ Մայրը Էմիլիան, որ իր երրորդ զաւակը կը սպասէ, պատրաստ է հիւանդանոց երթալու։ Մարգարը մեզ տուն կը հասցնէ եւ անմիջապէս Էմիլիան հիւանդանոց կը տանի։
Երեկոյեան կը լսենք բարի լուրը։ Աղասին ծնած է։ Մայրը եւ երախան շատ լաւ են...
Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր, 2013
Խոհանոցային աշխատանքներով զբաղուած ենք, երբ Ժասմինը կու գայ մեզի հրաւիրելու աչքալուսանքի։ Այս սովորութիւնը միշտ չէ որ կը գործադրուի գիւղին մէջ։ Աղասին Տիանայի եւ Ժասմինի սպասուած եղբայրն է։ Արու զաւակ ունենալը, գիւղացիին համար մանաւանդ, ցնծութեան աղբիւր է։
Նստասենեակը վերածուած է ճաշարանի։ Շարք շարք սեղաններ եւ նստարաններ զետեղուած են հոն։ Սեղանները բեռնաւոր են։ Ներկայ են հարեւանները, մեծամասնութեամբ կիներ։
Երախայի մը ծնունդը միշտ ալ ցնծութեան առիթ է ամենուրեք։ Այս ծնունդը սակայն մեծ իմաստ ունի այս ընտանիքին համար։ Տիանան՝ իրենց մեծ աղջիկը շուտով 18 տարեկան կը դառնայ։ Ժասմինը՝ երկրորդը, շուտով 17 կը դառնայ։ Քսան տարի սպասուած գահաժառանգի ծնունդն է որ կը տօնենք...
Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր, 2013
Այսօրը, «մեր» աղջիկներէն Վերգուշին հետ կ'անցընեմ խոհանոցին մէջ։ Որքան բախտաւոր եմ, որ ան լուսաւոր եւ գեղեցիկ տեսարանով սենեակ է, որովհետեւ տունի զանազան անկիւններէն ամէնէն գործածուածն է...
Կը ջանանք կիսապատրաստել ինչ որ կարելի է, որպէսզի Կիրակի առաւօտ ամբողջացնենք եւ դնենք սեղան...
Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր, 2013
Թորոնթոյէն մեր վերադարձէն ի վեր, հոս գերիշխող քաղաքական հարցերը երկուքն էին, Հայաստանի Մաքսային Միութեան անդամակցիլը եւ Պարտադիր Կենսաթոշակային համակարգը որ շուտով ուժի մէջ պիտի մտնէ։ Ասոնց վրայ աւելցաւ նաեւ երրորդ մը, Ռուսաստանի նախագահ Փուտինի այցելութեան օրերուն, 22 պայմանագիրներ, բնական կազի վերաբերեալ։ Այս պայմանագրերը նոյնքան խնդրայարոյց կը թուին ըլլալ որքան վերոյիշեալ երկուքը։ Հոս նման հարցերը կը կլանեն լրատուամիջոցները եւ քաղաքագէտները, անոնց բոլորովին մոռցնելով երկրի հիմնական հարցերը, աղքատութիւն, արտագաղթ, կաշառակերութիւն, սակաւապետութիւն (oligarchy)։
Կիրակի 8, Դեկտեմբեր, 2013
Առաւօտուն վրդովմունքով կը դիտենք առատ տեղացող առաջին ձիւնը։ Ամբողջ գիշերը տեղացած է... Համայնապատկերը գեղեցիկ է բայց մտահոգիչ... Մինչ կը պատրաստենք սեղանը, կը կատակենք, որ առանձին պիտի ուտենք ամբողջ շաբաթէ մը ի վեր պատրաստածներս։ Մեր հիւրերէն ոմանք Երեւան կը բնակին։ Անոնք ամառը միայն ուշեցի կը դառնան։ Արդէն գիտենք, որ Օփերային թատրոնի երաժշտական ղեկավար եւ գլխաւոր դիրիժորը (այս բառը իր պաշտօնին մաս կը կազմէ, եւ վստահ չեմ որ ինչ բառով կարելի է փոխարինել, ղեկավար բառը արդէն մաս կը կազմէ իր տիտղոսին) Մոսկուա կը գտնուի, Ոսկէ Ծիրան Կինոփառատօնի (այս բառը ինչո՞վ փոխարինել) տնօրէն Յարութիւն խաչատրեանը՝ Վրաստան, Կոմպոզիտորների (ահաւասիկ բառ մը եւս որ հայերէն փոխարինման կարիք ունի, երաժշտահա՞ն) Երա ժիշտներու Միութեան նախագահ՝ Ռոբերդ Ամիրխանեանը՝ Ամերիկա...
Իսկապէս քանի մը հոգի կը հեռաձայնեն, որ պիտի չկարենան գալ, թէեւ պատճառը միշտ եղանակը չէ։ «Էկոնոմիկա»յի նախարար՝ Վահրամ Աւանէսեանը, որուն ամառանոցը շատ մօտ է մեր տան, շտապ նախարարական խնդրով մը այլ տեղ պէտք է երթայ։ Նախագահի եղբօր՝ հնագէտ Լեւոն Սարգսեանին հետ չենք յաջողիր կապ պահել, հակառակ քանի մը հեռաձայններու արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր ան գրասենեակ ունի։ Անոր ծանօթացած էինք մեր գիւղին մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Սարգիս վանական համալիրի նուիրուած գիտաժողովին։ Ան մեր գիւղի բնակիչ չէ, սակայն խոստացած էր մեր Մշակոյթի տունը կահաւորել, երբ սրահի նորոգութիւնը վերջանայ...
Հրաւիրեալներուն կէսը քաջաբար կը յայտնուին։ Ոմանց ինքնաշարժները չեն կրնար յաղթահարել մեր տունը տանող փողոցի զառիվերը... Հոս է երաժըշտագէտ պրոֆեսոր Արկադի Շեկունցը, լրագրող եւ նախկին Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Ժիւլիէտան, VIVA Cell-MTSի տնօրէնը՝ Ռալֆ Եիրիկեանը իր ընտանիքով, նախկին թորոնթահայ Գարեգինը՝ KARAPAGH telecomի տնօրէնը իր ընտանիքով, Օղիի գործարանի տէր Էմիլը իր կնոջ հետ, Դրամատան մէջ լաւ պաշտօն ունեցող Սուրէնը, Ռշտունիք համալիրի տէր Էդիկը, Գիւղապետը, Աւագանիի անդամներէն ոմանք եւայն... Բոլորին չէ որ ծանօթ ենք։
Ինքնասպասարկումը Երեւանի մէջ արդէն ընդունելի դարձած է, բայց մեր գիւղին մէջ տակաւին տա- րօրինակ լուծում է, հիւրասիրութեան համար։ Կը բոլորուինք սեղանին շուրջ, եւ ոտքի վրայ թէ կը համտեսենք եւ թէ կը զրուցենք։ «Մի կտոր Եւրոպա ես բերել Ուշի», կ'ըսէ հիւրերէս կին մը։ Տղամարդ մը կ'ուզէ իմանալ, որ ե՞ս պատրաստած եմ այս բոլորը։ Բայց բոլորը կը համակերպին։
Անուշեղէնի սեղանէն առաջ, Մարգարը ամէնուն կը բաժնէ, պատրաստած ցանկերս։ Կարճ բացատրականով մը հանդէս կու գամ ես։ Կը վերջացնեմ «Մէկ ձեռքով կարելի չէ ծափ զարնել» առածով եւ կը խնդրեմ, որ միասին արագացնենք մեր գիւղի բարելաւումը։ Առաջինը խօսք կ'առնէ Ռալֆ Եիրիկեանը, որ իրենց ընտանիքի կողմէ յանձն կ'առնէ ոչ միայն խմելու ջուրի ջրագիծերու փոփոխութիւնը, այլ Մշակոյթի տան սրահի կահաւորումը, բեմի վարագոյրները եւ լուսաւորումը, ձայնային սարքերը եւայլն... Գարեգինը կը ստանձնէ գիւղի լուսաւորումը, տուներու համարակալութիւնը եւ փողոցներու անուններու զետեղումը, ջրագիծի երկարումը եւայլն... Երկուքն ալ նախկին սփիւռքահայեր են եւ վարժ նման հաւաքներու։ Տեղացիներէն ձայն չ'ելլեր... Աւելի ուշ միայն կ'իմանամ, որ Շէկունցը խոստացած է դաշնամուր մը, Սուրէնը՝ գիւղապետարանի ճակատի պատուհաններու եւ դուռերու փոփոխութիւնը... Էմիլը կը խոստանայ նման հաւաքները յաճախակի դարձնել եւ յաջորդը կազմակերպել իր ամառանոցին մէջ...
Առաջին փորձի համար, այս նախաձեռնութիւնը կարելի է որակել անհաւատալի յաջողութիւն... Մօտ 100,000 տոլարի խոստում եղած է, բայց աւելի կարեւորը, հիմը դրուած է, հաւաքաբար գիւղին օգտակար ըլլալու մշակոյթին...
Հիւրերու մէկնումէն վերջ, հարեւաններով կը շարունակենք խնճոյքը։ Գինովնալու հիանալի առիթ է, սակայն այդ առիթը չենք օգտագործեր...
Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբեր, 2013
Այսօր, Մարգարը, հիւանդանոցէն տուն կը բերէ, Էմիլիան եւ նորածին Աղասին։
Երեկոյեան, երգահանդէսի հրաւիրատոմս ունինք։ Երգիչ Մուրատ Մշեցին, որուն հեղինակած «Արծիւ Սլացիր» երգը բաւական մեծ ժողովրդականութիւն ունի, այսօր, Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ ելոյթ ունի։ Անոր ծանօթացած ենք, Կարբիի բուժկէտի բուժքոյր՝ Լիտայի միջոցաւ։ Մուրատը իր եղբայրն է։ Համերգին պիտի մասնակցին նաեւ Կարէն Մշեցին, որ երիտասրդ տղայ մըն է եւ Սիրանոյշ Գալստեանը, որուն «Հայաստան դուռդ բաց» երգը նոյնպէս ժողովրդականութիւն ունի։ Համերգը հեղինակային է, այսինքն, ընդհանրապէս, Մուրատ Մշեցիի հեղինակած երգերը պիտի երգուին։
Մեզի հետ կը տանինք նաեւ մեր պռոշեանցի խնամիները։ Սրահը լեցուն է։ Կան մեծ թիւով ուշեցիներ եւ կարբեցիներ։ Համերգը անձնական նախաձեռնութիւն է, ուստի տոմսեր սպառելու աշխատանքը տարուած է երգիչներուն եւ իրենց շրջանակին կողմէ։ Պէտք է ըսել, որ լաւ գործ տեսած են։
Հաճելի երեկոյթ է։ Երգացանկին ծանօթ ենք։ Երգիչներուն զանազան պարերով կ'ընկերանայ պարախումբ մը։ Ներկայ ենք քաջալերելու զիրենք։
Ուշ գիշերին կը վերադառնանք տուն։
Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբեր, 2013
Աղջիկները քանի մը օր է կ'ուզեն իմանալ թէ երբ պիտի զարդարեն մեր տան կաղանդի ծառը։ Ընդհանրապէս, զայն կը զարդարենք Դեկտեմբերի 1ին, բայց այս տարի յետաձգեցինք Դեկտեմբերի 8ի հաւաքի պատճառաւ։ Այսօր, կառատունէն կը հանեն արհեստական ծառը եւ զարդերը, ապա կ'անցնին գործի։ Կը ձգեմ, որ ինքնուրոյն աշխատին, ըստ իրենց ճաշակին, ի վերջոյ, իրենց համար է, որ ծառ կը զարդարենք... Եւ քանի որ վերջերս եկած բեռնարկղին մէջ ալ կաղանդի զարդեր եկած էին, մէկ մասը կը բաժնուին եւ կը տանին իրենց տուներուն կաղանդի փոքր ծառերն ալ զարդարելու։ Քանի մը տոպրակ խաղալիք ալ կ'առանձնացնենք մեր գիւղի հրապարակը կաղանդի ծառ մը տեղադրելու մեր ծրագիրներուն համար։ Արդէն սկսած ենք համացանցով փնտռել չորս մեթր հասակով արհեստական ծառ մը։ Կան մարդիկ, որոնք իրենց բակի իսկական եղեւիններէն բաժնուելու պատրաստ են, սակայն ես կը պնդեմ, որ արհեստական ըլլայ ծառը։ Չեմ ուզեր հսկայ եղեւին մը տապալման պատճառը ըլլալ... Գարնանը կը մտադրենք հրապարակին մէջ իսկական եղեւիններ տնկել, տարիներ վերջ իսկական տօնածառ ունենալու համար։
Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր, 2013
Արդէն քանի մը տարի է, կը լուսաւորենք մեր տան առջեւի ծառերը, Կաղանդի առիթով։ Այսոր Վալդերը կու գայ զանոնք կրկին զարդարելու։ Մինչեւ հիմա, ան միակ լուսաւորուած տեղն է գիւղին մէջ։ Երբ հրապարակի ծառը դնենք, ան պիտի ըլլայ երկրորդը։ Անգլերէնի դասի պահուն, Դաւիթը կը խօսի իրենց բակի եղեւինին խանգարող սալորենին կտրելէ ետք զայն լուսաւորելու մասին։ Ժասմինը տուն կը տանի անցեալ տարուան մեր խանգարուած լոյսերը։ Կը հաւատայ, որ հայրը կրնայ նորոգել զանոնք։ Այն հեռաւոր երազս, որ օր մը մեր գիւղը Ծննդեան տօներու առթիւ պսպղացող զբօսաշրջիկային կեդրոն դառնայ, կրնայ օր մը իրականութիւն դառնալ...
(Շարունակելի՝ յաջորդ Ուրբաթ օր)