Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Իր բազմավաստակ գրականութեամբ, ստեղծած բազմագոյն պատկերներով, ծնունդ տուած բազմատիպ կացութիւններով, ապրուած բազում իրավիճակներուն մէջ ուրիշն ալ ներգրաւելու հմտութեամբ ընթերցողին մտքի իւրաքանչիւր բջիջին հասնող, սրտի ծալքերուն թափանցող եւ ջղային համակարգը մուտք գործող գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…» գիրքը կը շարունակէ արձագանգել, երբ կը փակես զայն։ 

Մտքիդ մէջ յատկապէս կը շարունակէ փայլատակել գաղափարական մէկ ճակատէն միւսը անցածներուն, իրենք զիրենք, իրենց ներկան ու ապագան աղաւաղած ու ծախու հանածներուն մասին հոն արձանագրուածը։
Անոնցմէ մէկը «Պղտոր ջուրեր» անունով ծաւալուն վիպակի չորրորդ մասին՝ «Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…»-ի տխրահռչակ հերոսն է՝ ի բացակայութիւն։ Գիրքին հիմնական դէմքին՝ Պարոյր Անյայտեցիին, անոր բարեկամ Ատոմին, պարոն Լուդվիկին եւ Վարագ Մէկեանի միջեւ ծաւալած նախ հանդարտ, ապա եռացող զրոյցին ընթացքին է, որ «կը ներկայանայ» Սէն Բագրատեանը՝ Ատոմին նախկին բարեկամը, որ Լիբանանի մէջ ապրած հանգրուանին իր դաւանած բոլոր սկզբունքները հիմնովին այլափոխելով՝ կը կարծէ, թէ՝
«Սովետ Միութիւնը կազմող երկրամասը՝ աշխարհի ամէնէն երջանիկ վայրը չէ անշուշտ, բայց արուեստագէտներն ու գրողները կ'ապրին օթեակի մը մէջ, որ հեռու չէ... Դրախտէն»։
Պօղոս Սնապեան այս զրոյցին ճամբով ընթերցողին դիմաց կը բանայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ սովորական դարձած երեւոյթներու մութ ու սեւ աշխարհ մը, կը պարզէ դառն իրականութիւն մը, լուսարձակի տակ կ'առնէ դատապարտելի մտայնութիւն մը, որ աւերներ գործեց ո՛չ միայն զանոնք կրողներուն հաշւոյն, այլ նաեւ՝ զանոնք մերժողներուն։ Գիրքին մէջ բազում են պատկերները, գաղափարները, կացութիւնները, իրականութիւնները, սակայն ընկերներուն միջեւ փոխանակուող այս զրոյցն ու ընթերցողին եւս հասնող բարկութեան ալիք բարձրացնող վաճառուած, մէկ գիշերուան մէջ լենինապաշտ դառնալով նման կեցուածքներու տէր անտէրներուն ողբալի առկայութիւնը կը հանդիսանայ գիրքին ամէնէն տիրական բաժիններէն մէկը։
Հագուստ փոխելու նման սկզբունք փոխող նման անձեր մեծապէս կը տագնապեցնեն Պօղոս Սնապեանը, որ Ատոմին ընդմէջէն շատ դիպուկ կերպով կը ներկայացնէ նմանները, «որոնք աննկարագրելի նուաստութիւններ գումարեցին իրենց կենսագրութեանց վրայ, առաջինը գործօն ուժի մը համար ընելիք չունի ըսելով՝ ստորագրեց իր բարոյական մահը, մէկը՝ երիտասարդ մնացած ըլլալուն եւ շարունակ նոյնը մնալու գաղտնիքը Սովետ Միութեան մէջ ապրած ըլլալու բախտին վերագրեց ու այդ լորձնաշուրթն յայտնութենէն ետք մէկ տարի ալ չապրեցաւ, միւսը՝ բոցավառ շուրթներով կոմունիզմ համբուրած ըլլալու նուաստութեամբ գոյութիւն պահեց, չորրորդը մաքրաջրումով ձեւազեղծեց դէմքը եւ այլն, եւ այլն»։
Դաւանափոխ վերջինին առիթով ապշեցուցիչ է նաեւ այս մատնանշումը. «Հայաստանի հողին ոտք կոխելէ ետք մեր նախկին բարեկամը այնպէս վարուեցաւ իր գրիչին հետ, որ կարծես ընթերցող չկայ դիմացը եւ ոեւէ մէկուն հաշուետու չի համարեր ինքզինք»։ Ու սեւով ճերմակի վրայ կը գրէ. «Նոր հայը նոր Հայաստանի մէջ կոմունիստ է։ Կեանքը ծա՞նր է - կոմունիզմը պիտի թեթեւցնէ։ Հողը նե՞ղ է, կոմունիզմը պիտի լայնցնէ...։ Դժգո՞հ է մէկ ղեկավարէն, ուրիշ մը պիտի գտնէ, որ դարձեալ կոմունիստ է։ Ո՞վ աւելի լաւ կրնայ ըլլալ կոմունիստէ մը - ուրիշ կոմունիստ մը»։
«Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…»-ն գրականութեան ընդմէջէն լուսարձակի տակ կը բերէ պատմութեան մէջ առկայ ահաւոր այն իրականութիւնը, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ գործադրուեցաւ հայութեան երկրորդ սպանդը։ «Ուղղակի Լենինի ու իր կուսակցութեան գործած չարիքները լուռ ողբացող ժողովուրդին կսկծալի ապրումները առանց հաշուի առնելու, գովքը կը հիւսէ անոնց, որոնց օրով ապրեցաւ երկրորդ Ապրիլ 24 մը, Երեւանէն մինչեւ Սիպերիա, ոչնչացնելով հարիւր կամ հազար տարին անգամ մը աշխարհ եկող բանաստեղծներ, գրագէտներ, քաղաքագէտներ ու զինւորականներ, երբ մեր հայրենիքը այնքան պէտք ունէր անոնց մեծութեան եւ մեծագործութեանց»։
Այս իրականութիւնը նաեւ դուռ կը բանայ այլ իրականութիւններու, որոնց կարգին ա՛յն, որ երբ մարդիկ նկարագիրով հակամէտ են այդ նկարագիրէն հրաժարելու, ուրեմն անոնք ընդհանրապէս ողնայար ունեցող մարդիկ չեն եղած ու չեն կրնար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ այդպէս կարծուած ըլլայ օրին մէկը։ «Երբ նման անցեալի տէր մարդիկ այդպիսի քայլերու կը դիմեն, կը ստիպեն մեզ ըսել, որ երէկ, անցեալ տարի, տասնամեակներու վրայ ծաւալած գործերուն մէջ անկեղծ չէին, արեան խորհրդաւոր կնիքով սրբագործուած չէին, նեարդներով կապուած չէին իրենց գործունէութեան, խօսքին, գրիչին, արեան խորհըրդաւոր կնիքով մը սրբագործուած չէր իրենց յարումը, բարոյական թէ նիւթական շահու աղբիւր էր, հաշիւ, եւ ուրիշ հաշիւով մը անջատում»։
Զրոյցին սկիզբը Ատոմ որոշ վերապահումներով կþընդունի իր նախկին բարեկամին հասցէին կատարուած արտայայտութիւնները, կ’ուզէ չհաւատալ, թէ մարդ կրնա՞յ այսքան այլանդակել իր գրիչը, սակայն երբ իրականութիւններու ծալքը շերտ-շերտ կը բացուի, Սէնի ա՛լ իրեն չպատկանող գրիչէն հոսած մեղանչող ու թունաւոր մելանով արձանագրուած տողեր կը վկայակոչուին, Ատոմ կը բախի իրականութեան, ներքուստ մերժելով հանդերձ՝ կ’ընդունի դառն երեւոյթները, կ'ընդվզի Սէնի դէմ՝ այպանելով եւ ամօթի պատին գամելով իր նախկին բարեկամը։ Հոս կայ նաեւ աւելի՛ն. թէեւ բացայայտօրէն ակնարկութիւն չի կատարուիր, սակայն Ատոմին ներաշխարհը կը յուզէ այն երեւոյթը, որ Սէնի նման աննկարագիրի մը հետ օր մը ինք գործ ունեցած է, բարեկամութիւն մշակած է, հաւատացած է անոր անխառն հայ ըլլալուն... Պարոյրի մտորումներուն մէջ երկու բարեկամներու նախկին դառնալը լաւագոյնս կը բացատրուի։ «Ինք (Ատոմ) լոյսով, սխրագործութիւններով, զոհաբերութիւններով, մեծութիւններով եւ մեծագործներու թափօրներով սրբագրուած հարիւրամեայ ճանապարհէն ընթանալու ուխտին հաւատարիմ հոգի, իսկ բարեկամը նոր ճամբաներէ ընթանալու միտումներ որոճալու ընթացքին բաժնուած էին իրարմէ»։


* * *

Գիրքին գլխաւոր հերոսը Պարոյր Անյայտեցին է, որ նաեւ հերոսն էր Պօղոս Սնապեանի «Պղտոր ջուրեր» շարքին պատկանող չորս նախկին գիրքերու՝ «Միջնարար-5», «A room in Paris», «Երախտագիտութեան թակարդը» եւ «Ցերեկային դաւը»։ Ան նաեւ պիտի ըլլայ յառաջիկային ծնունդ առնելու կոչուած նոր գիրքերու, որովհետեւ թէեւ առանձինն ամբողջութիւն իբրեւ կ'ընկալուի «Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…»-ն, սակայն խորքին մէջ Պարոյրին կեանքի ուղին հոս չի սկսիր եւ չի վերջանար։
Սովորական տուեալներով օժտուած ըլլալով հանդերձ, Պարոյր անսովոր անձնաւորութիւն մըն է։ Ոչ ամբողջական հայու տիպար մը։ Ոչ ամբողջական՝ այն իմաստով, որ պայմաններու բերումով, կամայ-ակամայ, հեռացած է հարազատ հայու տուեալներով օժտուելու յատկութիւններով զինող միջավայրէ։ «Ծնողք չունէի, քոյր-եղբայր զլացած էր ինծի բախտը, քսան տարեկանիս միս-մինակ մարդ մըն էի կեանքին մէջ, բայց չէի ուզեր, որ ուրիշներ խօսին մինակութեանս մասին ու գուրգուրան վրաս։ Հօրս կորուստը, կորսուած սիրոյ մը վէրքը, ուրիշ մը չը- կարենալ սիրելու տառապանքը եւ կարեկցութիւններէն զգացած սարսափս տարօրինակ անձ մը կազմած էին մէջս, հեռաւորութիւններու երկրպագու, խորացումներէն խորշող, թեթեւ հա- ճոյքներու անձնատուր… Հարեւանցի հայ մը, հարեւանցի մարդ մը, հարեւանցի սիրող, հարեւանցի խմող։ Միայն մէկ անգամ զգացած եմ տառապանքը, հօրս մահուան վաղորդայնին, Փարիզ, անորոշութի՛ւն, որ դրամ շահելու կիրք մը առաջացուց սրտիս, վրէժխնդրութեան չափ զօրաւոր։ Դրամը մեծ հարց մը չէ ինծի համար, անոր տիրանալու ձեւերը գիտեմ, բայց ոչինչ ունեցող մը կը թուի, երբ ինքզինք բաղդատէ պարզ կեանք վարող եւ պարզ ուրախութիւններ ապրող տղոց հետ»։
Թէեւ Պարոյր ինքնիր մասին խօսելով՝ կ'ըսէ, թէ հարեւանցի հայ է, սակայն հայ ըլլալու իրականութեան կամրջուող պայմանները տիրական են իր կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայը բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնեցաւ, պայքարեցաւ յանուն օրուան հացի, ապրեցաւ աղքատութեան ու չքաւորութեան մէջ։ Այդ պատճառով ալ յաջորդ սերունդներուն մէջ տիրական էր պայքարը՝ չքաւորութեան անելէն ձերբազատելու, երբեմն՝ ի գին բնական կեանքի ընթացքի եւ փոքր ուրախութիւններ ըմբոշխնելու։ «Կը սարսափիմ անցեալիս վերադարձէն, չքաւորութեան հարուածներէն ու անորոշութեան ահարկու կրկնութենէն, բայց ամէն ինչով յագեցած ներկաս աւելի բախտաւոր չի թուիր ինծի»։
Գիրքին երկրորդ տիրական ներկայութիւնը Ատոմն է՝ Պարոյրին յայտնաբերած նոր ընկերը, սակայն մեծ տարբերութիւն կայ անոնց միջեւ, որովհետեւ Պարոյր հարցերուն կը մօտենայ ի միջի այլոց, իսկ Ատոմ՝ խորունկ լրջութեամբ։ «Իրեն նայելով,- կ’ըսէ Պարոյր,- ինքզինքս կը զգայի լեռներու ծոցին կորսուած վանքի մը մէջ իր առաջին պատարագը ընող երիտասարդ վարդապետի մը դիմաց, յափշտակութեան, երկիւղին, մատուցումին, վերացումին միջոցներով ուրիշ ուժի մը հետ հաղորդակցութեան մէջ մտած մէկու մը դիմաց, որ կարծես ինքզինք կը զոհաբերէ այդ ուրիշ ուժին»։
Ատոմ յանդուգն է, համարձակ, ըսելիքները բարձրաձայն արտասանող, թէկուզ անոնք ըլլան վիրաւորող կամ անպատշաճ. «Որոշեցի հայելիին մէջ համարձակօրէն նայելու ոճի մը հետեւիլ։ Հայելի՜ն։ Ատկէ աւելի մեծ բարեկամ ունի՞ միթէ մարդը։ Ունի՞ աւելի մեծ թշնամի։ Ես միամիտ հաւատքը ունիմ, որ պճնամոլութեան համար չէ տարածուած անիկա։ Հայելի՜ն։ Չկայ աւելի մեծ ուժ մը, որ պատասխանատուութիւնը այնքան խորութեամբ զգացուցած ըլլայ ինծի, որքան այդ անդրադարձ զօրութիւնը»։
Մտածել տուող մօտեցում մը, որ առկայ եղած է եւ տակաւին է մարդկային իրականութեան մէջ։ Նայիլ հայելիին՝ ինքնավստահ ու ինքնագոհ...
Ատոմ չի հանդուրժեր միջակութիւնը, ոչինչ արժողին տրուած մեծ արժէքները. կը պնդէ, որ մարդ պէտք է ինքնագիտակցութիւն ունենայ։ «Ատիկա ինքնին ողբերգութեան մը մասին կը վկայէ արդէն, կը հաստատէ չափանիշներու անկումը։ Երկու բառ խօսողը՝ հմուտ, երկու բառ քով քովի դնողը՝ գրող, երկու նախադասութիւն արտասանողը բեմի վրայ տեսնուելու սարսափելի դիւրահաճութիւն մը կը վարէ մեզ հիմա եւ չեմ գիտեր, ե՞րբ պիտի յայտնուի այն ահեղ սատանան, որ ահաբեկիչ զօրութեամբ զգացնէր մեր հոգիներուն արդէն թագաւորել սկսած աղքատութիւնը»։
Ատոմի ճամբով Պօղոս Սնապեան որքան գեղեցիկ եւ բծախնդիր կերպով կը ներկայացնէ իր պաշտամունքը ոսկեղինիկին նկատմամբ. «Լեզուն ի՜նչ անհատնելի ու մշտանորոգ գանձ, ուժեղ, հնչեղ, նրբին, ճկուն, հին, ժամանակակից։ Եթէ միայն կարենայի՜նք անոր պէս անցնիլ պատմութեան քառուղիներէն, իբրեւ գործօն՝ ըլլալ անզիջող ու բոլոր նորութիւնները իրեն ենթարկելու իր օժտուածութեամբ ըլլալ ժամանանակից, առնել ամէն բան ու մնալ անվթար, տրուիլ ինքնօրէն, եթէ կարենայի՜նք միայն անոր պէս շնչել»։
Փաստուած է, որ Պօղոս Սնապեան բացառիկ կարողութիւն ունի մարդու ներաշխարհը եւ անոր իւրաքանչիւր բջիջի հնչեղութիւնը լաւապէս ներկայացնելու. նման պատկերներու կը հանդիպինք գիրքին մէջ զանազան դէպքերու եւ իրադարձութիւններու ընդմէջէն, անոնցմով կը պայծառացնէ կացութիւններ։
Ցուցահանդէսի մը առիթով Ատոմին ունեցած մէկ արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը ցոլացնէ այդ իրականութիւնը։ Արդարեւ, խօսելով իրեն համար աննշան արուեստագէտի մը գործերուն մէջ պակսող կենսատու տարրերուն մասին՝ ան կ'ըսէ. «Ոչ թէ բան մը, այլ՝ շատ բաներ։ Ջիղերու հրկիզումը, արեան պատարագը, զոհաբերութեան հարկը։ Ես ի՜նչ գիտնամ։ Նկարի մը դիմաց ես պիտի ուզէի զգալ ինծի անհասկնալի գիւտի մը վրայ պարող գոյնի մը բոյրը, ձեւի մը երաժշտութիւնը, գիծերու խորհուրդը, ընդհանուրէն բխող լինելիութեան մը անհատնելի մոգութիւնը։ Այս երեկոյ նման խնճոյքի մը չը- մասնակցեցայ ես… Իմ չափս չափազանցութիւնն է»։

(շարունակելի)

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ