Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ձմեռնային 22-րդ ողիմպիական խաղերը այս օրերուն (7-23 Փետրուար 2014) տեղի կ'ունենան Ռուսաստան, Սեւ Ծովու ափին, Կրասնոտար նահանգի ձմեռնային մարզախաղերու կեդրոն՝ Սոչիի մէջ։

Այս առթիւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պայմաններու հետեւանքով նուիրագործուեցաւ ձմեռնային մարզախաղերու սովորութիւնը։


Շատ հին ժամանակներէ սկսեալ, դահուկը եւ սահնակը ձմրան եղանակներուն, երթեւեկութեան եւ փոխադրութեան միջոցներ էին։
Անցնող դարու երկրորդ տասնամեակին, Նորվեկիոյ մէջ կատարուած պեղումներէ, ժայռերու վրայ ի յայտ եկած են ոտքերու սահնակներ հագած փորագրութիւններ։ Ճահիճներու տակ գտնուած սահնակներու բեկորներ եւս ցոյց կուտան, որ անոնք 5000 տարիներէ աւելի հնութիւն մը ունին։
19-րդ դարէն սկսեալ, նորվեկիացիք իրենց բոլոր փառատօներուն, կը կազմակերպէին նաեւ դահուկարշաւի մրցումներ, որոնց ախոյեանները Նորվեկիոյ թագաւորներու կողմէ կը պարգեւատրուէին։
Զուիցերիացի գիտնական Ալֆրէտ Գինկի հաստատումով, Ք. Ա. 8-րդ դարուն, չինացիք իրենց ոտքերուն տափակ տախտակներ կապած ու ցուպեր բռնած՝ ձիւնած դաշտավայրերէ ներս որսորդութեան կþերթային։
Եւրոպայի հիւսիսը, Սկանտինաւեան երկիրներու բնակչութեան համար դահուկը ¬որու ծագումը դարերու խաւարին մէջ կը կորսուի¬ շատ հին ժամանակներէ սկսեալ երթեւեկութեան կարեւոր միջոցներէն մին եղած է։
Պատմական եղելութեան մը համաձայն, 1520-ին շուէտացի մը՝ Կիւսթաւ Էրքիսոն Վազա, Դանիոյ տիրապետութենէն իր հայրենիքը ազատագրելու մտածումէն թելադրուած, կը ջանայ իր ազգակիցները ապստամբութեան առաջնորդել։
Շուէտացիք սակայն խաղաղասէր ժողովուրդ մը ըլլալուն, չէին համարձակեր։ Վազա, իր ազգակիցներու այս ընթացքէն ընդվզած, լքելով իր հայրենիքը կը հեռանայ։
Տարիներ ետք, շուէտացիք Վազայի արտայայտած ազատագրական կոչերէն ներշնչուած, զայն ետք կը հրաւիրեն։ Երեք տարի ետք, շնորհիւ Վազայի, Շուէտ կþազատագրուի եւ ազգային մեծ հերոս հռչակուելով՝ միաժամանակ Շուէտիոյ Կիւսթաւ Ա. թագաւորը ըլլալու պատիւին կþարժանանայ։
Արդարեւ, 400 տարիներ ետք, շուէտացիք յարգելու մտածումով իրենց հայրենիքի ազատագրութեան պատմական իրողութիւնը, 1920-էն սկսեալ եւ ամէն չորս տարի, Վազայի յիշատակին նուիրուած, մեծ թիւով դահուկողներու մասնակցութեամբ փառատօներ կը կազմակերպեն։
Դահուկարշաւի մարզախաղերը ա¬ ռաջին անգամ տեղի ունեցան Նորվեկիոյ եւ ապա Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ աւելի վերջ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ 19-րդ դարէն սկսեալ Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Իտալիոյ մէջ։
Զմեռնային մարզախաղերու առաջին ակումբը հիմնուեցաւ Նորվեկիոյ մէջ, 1877¬ին, որու նախաձեռնութեամբ Նորվեկիոյ մայրաքաղաք այժմ Օսլօ Քրիստինայի մէջ, դահուկարշաւի առաջին մարզախաղերը տեղի ունեցան։
1888-ին, 27-ամեայ Նորվեկիացի Ֆրիտիոֆ Նանսէն, դահուկով վայրէջքի առաջին մրցումներուն մասնակցեցաւ։
1922-ին, Նորվեկիոյ եւ Շուէտիոյ նախաձեռնութեամբ ձմեռնային մարզախաղերու առաջին միջազգային խորհուրդը հիմնուեցաւ։
Ձմեռնային մարզախաղերու երկու կերպեր կան, հիւսիսայինը՝ որուն մաս կþառնեն արագ վայրէջքի, բարձրութեան ոստումի եւ համադրումի «զոյգ» մարզախաղերը եւ Ալպեանը՝ որուն մաս կþառնեն դահուկով ազատ եւ արուեստ վայրէջքներու մարզախաղերը։
Դահուկներու երկու կերպեր կան, ազատ եւ արուեստ վայրէջքի ու ոստումներու, որոնց չափերը դահուկով մարզիկի հասակին ու մարմնի ծանրութեան համաձայն իրարմէ կը տարբերին։
1908-ին, Լոնտոնի ամառնային չորրորդ Ողիմպիական մրցումներու յայտագրէն ներս թէեւ առաջին անգամ ըլլալով ներառնուեցան սառոյցի վրայ չմշկումի մրցումներ, սակայն հակառակ անոնց արձանագրած յաջողութեան, ձմեռնային մարզախաղերը տակաւին ողիմպիական միջազգային խորհրդոյ կողմէ պաշտօնական ճանաչում մը չունենալուն, աննկատ անցան։
1911-ին Ողիմպիական Միջազգային Խորհրդոյ Պուքրէշի համագումարին, ձմեռնային մարզախաղերու պաշտօնականացումը հաստատ կը նկատուէր։ Այս անգամ ալ սակայն, նկատի առած 1912-ին Սկանտինաւեան երկիրներէ ներս ամէն չորս տարին անգամ ձմեռնային մարզախաղերու կազմակերպումը, յարմար նկատուեցաւ ¥հակառակ ոմանց առարկութեան¤ նոյն թուականին Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունենալիք ամառնային 5-րդ ողիմպիական մրցումներու յայտագրէն ներս՝ ձմեռնային մարզախաղեր չկատարել։
Տեսնենք սակայն իր էութեամբ ինչ կը նշանակեն ձմեռնային մարզախաղեր։
Արագ սլաքներ, ճկուն շարժումներ, վտանգաւոր վայրկեաններ...
Այս բոլորը կը յատկանշեն ձմեռնային մարզախաղերը, որոնք սառոյցի վրայ հոքէյ մրցումներէ եւ պարերու ելոյթներէ, մարզիկներու եւ մարզիկուհիներու - անհատական կամ խմբային¬ փոխանակ գնդակի մը շուրջ կամ իրարու միջեւ մրցելու, կը պայքարին բուն տիտանին՝ բնութեան դէմ։
Տակաւին, տոկունութիւն, արագութիւն, արկածախնդրութիւն... թէ խենթութիւն։
Կը ջանան իրենց արագութիւնը հասցընել ժամական 115 քիլոմեթրի եւ բարձրութեան ոստումը 1.000 մեթրի։
Պայքար բնութեան դէմ։
Այս է ձմեռնային մարզախաղերու հետապնդած նպատակակէտը։
Ձմեռնային ողիմպիական պաշտօնական առաջին մարզախաղերը տեղի ունեցան 1924-ին, Ֆրանսայի ձմեռնային մարզախաղերու կեդրոն Շամոնիի մէջ, երբ Փարիզի ամառնային ողիմպիական մարզախաղերը տեղի կþունենային։
Այս թուականէն սկսեալ եւ ամէն չորս տարի, ամառնային ողիմպիական մարզախաղերու կարգին, տեղի կþունենան նաեւ ձմեռնային ողիմպիական մարզախաղեր ալ, որոնց կազմակերպումը կը վստահուի այն քաղաքներուն, որոնք կլիմայական բնական ու անհրաժեշտ յարմարութիւնները ունին։
Ձիւնածածկ լեռնադաշտեր, սառոյցապատ մրցավայրեր եւ պաղ կլիմայ։

Կ. Գ.