Գրական-գրականագիտական մարզերէն ներս՝ ամէնէն մեծ նահանջը կը ճանչնայ բանագիտութեան ուսումնասիրութեան՝ երկարամեայ տոկունութիւն եւ յամառութիւն պահանջող ազգագրական գիտահետազօտութեան աշխատանքը։ Իսկ անոր մասնագիտական ստուգաբանութիւնն ու բնութագրումը դժուարին, անբարենպաստ ու ապերախտ գործ է։
Ժողովրդագրական ստեղծագործութեան հաւաքագրումի ճանապարհը երկար է եւ ոդիսական արկածախնդրութիւններով առլցուն։
Նախ շնորհաւորութիւն, ապա նաեւ՝ անհուն շնորհակալութիւն «Բալուի ¥եւ տարածաշրջանի¤ երաժշտական ազգագրական հաւաքածոյ»ի հատորի ուղարկման համար։ Իսկապէս, հիացումի արժանի կոթողային գործ մը, որ մեզի մտաբերել կուտայ անմահն Կոմիտասի եւ ժողովրդագրական երգերու ու վաւերագրերու մէկտեղման, համադրման մատենագրական բնանիւթերու հաւաքման այլ արժանիքներու կարգին, անսպառ հաւատքով լծուելու եւ օրը գիշեր ու լոյս ընելու՝ խորքային հաւատքէ բխող ձեր առաքելութիւնը իրականութեան վերածելու գերնուաճումին համար։
Բնագրային եւ երաժշտաբանական քննարկումներ, ցանկագրական պատկեր ստեղծել, խազագրութիւններու-խազահանումներու, ձայնագրութիւններու ժամանակագրութիւնը վաւերականօրէն ստուգաբանել, ձայներիզ-խտասալիկ եւ անոր համապատասխան համընդհանուր ցուցակ պատրաստելը, եւ այս բոլորին զուգահեռ հայոց աւանդութիւնը պահպանելը դիւրին գործ չէ։ Փաստօրէն՝ մատենագրութիւն փրկել, մատենագիտութիւն պահպանել է։
450 էջեր պարունակող, հրատարակչական ընդունելի կառուցուածքով ու տպագրական ժամանակակից համակարգով ընթերցողին ներկայացող չափազանց ճոխ ու հարուստ հատոր մը, իր զոյգ խտասալիկներով, աշխատութիւն մըն է, որ իր մարզին մէջ նորանոր փորձառութիւններու դուռեր բանալով հանդերձ, երեւան կը բերէ ստոյգ կորըստեան դատապարտուած ազգային ժողովրդագրական ու աւանդական արժէքներ, որ վերստին կեանքի կը կոչուին ու հրատարակութեան կ'արժանանան, շնորհիւ համալրուած վերագիտականացումին ու անոր յաջորդող մասնագիտական ներկայացման։
Աշխատութիւնն՝ ընթերցողի իւրաքանչիւր էջին մէջ կը վերակենդանացնէ Կոմիտասի ոգին ու սրբագործող ներշնչումը, կարօտը։
Անտեսելու չենք այն իրողութիւնը, որ համախմբուած ու հրատարակութեան արժա- նացած տարբերակային երգերը յատկանշող մեծամասնութիւնը առաջին անգամն է որ լոյս կը տեսնեն, անոնք դուրս բերելով երգերու պարզ ժողովածուի մը բնորոշիչ հանգամանքէն եւ անոր զգեցնելով տոհմիկ մեր երգերուն ջիղ ու արիւն սրսկելու մտերմութիւն եւ յայտնագործութեան արժէք։
Պետրոս Ալահայտոյեան Եղեռնէն վերապրող իր սիրելի ծնողաց յիշատակին՝ շրջեցաւ աշխարհի զանազան վայրեր, ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշերն ու երգերը, ականատեսի վկայութիւնները եւ անգիր պատմութիւններն ու մշակոյթը արձանագրելու եւ անմահացնելու սրբազան նպատակին համար։
1988-ի գարնան, ան այցելեց նաեւ Յունաստան, ուր երկու շաբաթներու ժամանակամիջոցին՝ անդուլ աշխատանքով այցելեց հայկական ծերանոցներ ու բնակարաններ, ազգագրական վկայութիւններ ու եղռնէն ճողոպրած մամիկներ ու պապիկներու յուշերը գրի առնելով։
Իր Աթէնք այցելութեան առիթով ճանչցանք զինք եւ ծանօթացանք իր աշխատելու ոճին, բայց մանաւանդ այն անսպառ ու ներշնչող հաւատքին, որով ան նուիրուած էր իր առաքելութեան կոչումին։
Պետրոս Ալահայտոյեանի յանցանքը չէ, եթէ ինք համեստ է։ Յանցանքը անոնց է, որ իրենք համեստ չեն։ Իր համեստութեան մէջ մեծութիւն կայ։
Ստեղծագործական իրերայաջորդ աշխատանքը՝ որակ, սկզբունք, շնորհք ու «մերախ» կը պահանջէ։ Ինք կը տրամադրէ այդ բոլորը։
Այս հատորը վկա՛յ։
Նամականի
Շնորհակալիք-նամակ ԱԶԱՏ ՕՐ օրաթերթի
Եւ ԱԶԴԱԿ օրաթերթի խմբագրութեանց
Ստորագրեալս, Պետրոս Ալահայտոյեան, Կլենտէյլէն (Գալիֆ.), հեղինակ «Բալուի եւ Տարածաշրջանի Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ (450 էջ, 2 խտասալիկներով՝ 72 երգեր) երկին, այսու կը յայտնեմ իմ խորին շնորհակալութիւնները Աթէնքի մտաւորական հոյլին առաջաւոր դէմքերէն, ԱԶԱՏ ՕՐի նախկին խմբագիր տիար Յովսէփ Պարազեանին, ինչպէս նաեւ հմուտ լեզուագրականագէտ տիար Յարութ Քիւրքճեանին, իրենց հեղինակաւոր գրախօսականներուն համար (Պարազեանինը՝ նամակով ինծի ուղարկուած իսկ ընկ. Յարութինը՝ լոյս տեսած Պէյրութ, «Ազդակ» օրաթերթի Յունուար 11ի եւ Աթէնք, «Ազատ Օր» օրաթերթի Յունուար 21ի թիւին մէջ) նշուած գործին առնչութեամբ: Տասը եւ աւելի տարիներու յարատեւ աշխատանքի եւ վերջնականացումներու անհամար փորձերէ անցնելէ ետք՝ այս հատորիս (լոյս տեսած 2009ին) ընծայուած սոյն ուշադրութիւնը անկեղծ հպարտանքով կը զարդարէ կուրծքս: Բաղձանքս է որ այս հատորը, իր հարազատ երգային լիակատար եւ կենդանի ներկայութեամբ, ընթերցող-ունկնդիրին մօտ արթնցնէ Արեւմտահայաստանի ԲԱԼՈՒի եւ Տարա- ծաշրջանի ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԻՆ զգացումը կամ տեսիլքը՝ այս ազգագրա-երաժշտաբանիս ոդիսականին ընդմէջէն:
Պետրոս Ալահայտոյեան