Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն մեր ժողովուրդը ծնաւ հազարաւոր հերոսներ, որոնցմէ շատերը նահատակուեցան: Այսօր մենք Արցախեան հերոսամարտի նահատակներէն հազիւ քանի մը տասնեակը կը յիշենք, կը պանծացնենք, կը ներկայացնենք իբրեւ ներշնչման աղբիւր:

Միւսներուն լուսապսակ նկարները արագ ու հպանցիկ կը տողանցեն յիշատակի ու ոգեկոչման միջոցառումներու ընթացքին՝ իրենց բազմութեամբ իսկ նուազեցնելով իւրաքանչիւրէն ժայթքող ուժականութիւնը:

Շատերս այդ հերոսներու կենդանութեան օրօք իրենց հետ քալելու, խօսելու առիթ ունեցած ենք, բայց հազուադէպօրէն գնահատած ենք այդ փաստի արժէքը: Իսկ ազատամարտի աւարտէն ե՞տք… Նահատակներուն մեր ընծայած պատիւով ու յարգանքով, կենդանի մնացած հերոսներուն, անոնց ճակատագիրին ու անոնց դժուարութիւններուն վերաբերեալ մեր վերաբերմունքով, մեր ձեւական հետաքրքրութեամբ եւ մեր անտարբերութեամբ վիրաւորած ենք այն բոլոր արժէքները, զորս իբր թէ կը դաւանինք, իբր թէ կ՛իւրացնենք:
Այս գորշ իրականութեան մէջ, ահա՛, Արմէն Յովհաննիսեանի նման 19ամեայ երիտասարդ մը, իր սխրանքով, իր քաջութեամբ ու իր հերոսականութեամբ, մեզ կը յիշեցնէ, թէ ազատամարտը տակաւին չէ աւարտած, թէ հայրենիքի սահմանները ամէն օր կը պաշտպանեն քաջազուն հայորդիներ, որոնք այլեւս ֆէտայիներ չեն, որոնք այլեւս առանձին նուիրեալներ չեն, այլ հայոց բանակի զինուորներ են, արի արանց զօրասիւներ կազմող մարտիկներ են:
Այս իմաստով, ողջունելի է այն նախանձախնդրութիւնը, որ մեր համայնքին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ կը ցուցաբերուի՝ մեր հերոս երիտասարդին սխրագործութիւնը ժողովրդային գնահատանքի արժանացնելու առիթ մը ստեղծելով:
Յոյսով ենք, որ այս առիթը նոր մեկնակէտ կը դառնայ բոլորիս, որպէսզի վերարժեւորենք մեր մօտիկ անցեալի հերոսներուն հանդէպ մեր պարտաւորութիւնները, մեր պարտականութիւնները, եւ գտնենք առաւել ազդեցիկ միջոցներ՝ նահատակուածներուն յիշատակը կենդանի պահելու, իսկ կենդանի մնացածներուն արժանավայել կեանքով ապրելու պայմաններ ստեղծենք:
Ամէնէն կարեւորը՝ նորօրեայ, մերօրեայ հերոսներու դարբնոց հայկական բանակի հզօրացման նեցուկ կանգնելու ճամբաներ որոնելն է, բարոյական թէ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելով անոր:
Արմէնները, ի վերջոյ, իրենց արիւնը թափելով՝ մեզմէ շատ աւելին ակնկալելու իրաւունքն է որ նուիրականացուցած են:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ