Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հեղինակ մը, գիրք գրելու համար բնական թէ անբնական պատճառներ չþունենար անպայման, որովհետեւ հոգեկան մղումներու հարցերը կը ձեւաւորուին ապագայի մէջ, եւ ապագան իր ուզած ձեւով կը դասաւորէ յարատեւութեան ու տոկունութեան չափանիշերը։

«Իմ Ուղեւորումը», այո՛, ուղեպատումը յիշատակներու, գաղափարաբանական վերյիշատակումներու շտեմարան մըն է, որ կը կշտացնէ «չյագեցած որկրամոլները», կը կշտացնէ նախ հեղինակին հարազատները ապա նաեւ մեր պատմութիւնը։
Մեր անցեալի պատմութիւնը՝ յաճախ առկախ հարցեր կը թողու իր ետին. ողջմիտ հեղինակը կուգայ ու ապագայի լուծումներ կþառաջադրէ, առկախ մնացած հարցերը կը վերլուծէ, կը լուծէ իր հասկցած հաւասարակշռուած ձեւով, ոճով, եղանակով։ Կը լուծէ մանաւանդ անկեղծութեան ու արդարութեան արժեչափերու գնահատումներով ու գնահատանքներով։
Ո՛վ որ փորձէ հայու անկորնչելի յիշատակը արմատախիլ ընել, վստահաբար պիտի չյաջողի։ Հայու մօտ՝ յիշատակ-յուշագրութիւն ըսուածը պիտի չփոխուի, պիտի չնահանջէ. մինչեւ մահ գացող անբուժելի հիւանդութեան պէս բան մըն է։
Մարդիկ կան, որ իրենց գործով արժանի կը դառնան իրենց ստեղծագործութեան։ Ամէն ձեւով կը վերաշահին կորսուած ժամանակը, անցեալը ներկայի կը վերածեն եւ ներկան ներդաշնակօրէն կը փոխանցեն որոշ թէ անորոշ ապագայի հաշւոյն։
Կարեւոր յուշագրութիւնները երկար ժամանակ վերջ կը յայտնաբերեն իրենց բովանդակութեան խորքային արժէքը, երբ իսկապէս տուեալ արժէքը անողոք ժամանակի վստահութեան կþարժանանայ։
Գրական նրբերանգներով հատորին մէջ նկարագրուած դէմքերը, դէպքերը շարասիւնի մը նման մեր առջեւէն կը տողանցեն։ Այնքան լաւ ու հարազատ նկարագրուած են, կարծես տողերու տակէն հետդ կը խօսին։ Եւ անշուշտ անոնք ալ անմեղ հաղորդականութեամբ կը պատասխանեն։ Յանցանքը մերը չէ. արենակցական պղպջացող արիւնն է...
Գիրքը կարդալով մեր մէջ ուռճացաւ մեր մէջ կազմաւորուած այն հաստատ համոզումը, որ հայրենասիրութիւնը միայն հայրենի հողի վրայ չես սորվիր։ Մեր ալ տարագիր սերունդը՝ այդ տառապագին, երբեմն անուն ու կերպարանք չբիւրեղացնող հայրենասիրութիւնը իւրացուց ու սիրեց առանց հայրենիքը ճանչցած ըլլալու։ Կարօտախտո՜վ...։
Հիմա, ափսոս, հայրենասիրութիւնը տակաւ առ տակաւ կը կորսնցնէ այն բիւրեղ իմաստն ու ապրումը որ մեզ մեծցուց, իսկ մենք ուրիշներու դաստիարակեցինք։ Բայց, հետք չձգող երազի մը պէս՝ մեր աչքերուն առջեւէն կ'անհետանայ, վերադարձի հետք ու նշոյլ չձգելով իր ետին։
Ամէն գիրք՝ պէտք է բան մը տայ ընթերցողին։ Այս գիրքը վերապրիլ տուաւ շատ ու շատ մը բաներ. սորվեցուց շատ մը բաներ. հարստացուց մեր միտքն ու հոգին, գործակցեցաւ ընթերցողին հետ, քալեց գաղտնի ու յայտնի արահետներէ, բայց աւարտին՝ հանդիպեցաւ մեզի ծանօթ խաչմերուկին կեդրոնը։ Հատորին ընդմէ- ջէն ցոլացող «ոստայն»ներն ու «հնոց»ները, «թարմ մելանի բոյրը» իր անհպելի արմատներով հոյակապ ու դիւթիչ կը դառնայ։ Ազգային ինքնութեան հնոցները անխուսափելիօրէն մշակոյթ ու քաղաքակրթութիւն կþարմատաւորեն։
«Ուղեպատում»ը՝ կապի, փոխանակութեան, հաղորդակցութեան ու զուգորդուած ներդաշնակման նորահնար հնարաւորութիւններ կ'ընձեռէ։ Ատոր ճամբով մեր առօրեայ կեանքին մէջ իմաստ ստացող բաներ կը ստեղծուին, կը կերպաւորուին, երբ մանաւանդ ինքնավստահութեամբ ու հաւատքով կը ներգրաւուին։
Պահուած գաղտնիքները յաւիտեանս գաղտնիք չեն կրնար մնալ. շնչելու պէտք ունին եւ կը շնչեն երբ կը դրսեւորուին։
Երէկը եւ այսօրը՝ վստահ ենք պիտի յաղթեն։ Որպէսզի յաղթեն՝ մենք տեւաբար պէտք է պատնէշի վրայ գտնուինք։
Եգիպտոսը՝ Նաւասարդեաններու, Լազեաններու, Թաշեաններու, Փօլատեաններու, մինչեւ Կայծ Կոկունեաններու՝ կրնար առանձին գաղութ մը ըլլալ։
Նախընտրեց գաղութներ ստեղծել՝ Շանթեր, Աղբալեաններ, Իփէկեաններ ու Օհանջանեաններ ճանչնալէ ետք, եւ ա՛յդ ճանաչման գնով։ Պէտք չէ կորսնցնել ինքնաճանաչման գնահատականները։
Վրէժ-Արմէն՝ ներեցէք, որ այս գրութեան մէջ ձեր մասին չխօսեցանք։ Նախընտրեցինք խօսիլ ձեր գործին մասին։ Դուք հայելիի պէտք չունիք։
Ժամանակի մը մէջ, ուր հայ մտաւորականութիւնը ինքնութեան տագնապ կþապրի, գիրք հրատարակելու յանդուգն իրապաշտութիւնը մեր գրականագիտական աւանդութիւններու արտայայտութեան նոր բնորոշումներ կը ձեւակերպէ։
Ինքնութեան հարցերը փոքր տարիքէն կը դասաւանդուին, մեր պատմութեան զուգահեռ։ Վերադարձի ճամբայ չկայ. փակ է մեզի համար։
Հայութեան ապագայ օրերը մեր երեւակայած մակարդակներով ներդաշնակուած պիտի չըլլան։ Մեր գոյութիւնը երաշխաւորող փաստ մըն է սակայն, 308 էջերու մէջ նոր սերունդի ուղեղին մէջ հնչող զանգակի ղօղանջները։
Կը մաղթենք որ գիրքը լաւ ճամբորդութիւն ունենայ։ Առագաստները արդէն պարզուած են։ Վստահ՝ հովը պիտի քշէ ու տանի իր ծանր ու բովանդակալից բեռը...։