Print
Category: Յօդուածագրութիւն

(Պետրոս Ալահայտոյեանի «Բալուի եւ Տարածաշրջանի Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ» երկին առթիւ, Դրազարկ հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, 2009)

Տարեփակի օրերուն մօտ էր որ, ընտանեկան հարազատի մը ձեռքէն, ստացայ շքեղ այս հատորը: Ստացայ եւ ընդունեցի՝ ամանորեան պերճ նուէրի մը պէս, անմիջապէս մտովի արձանագրելով նաեւ՝ աններելի յապաղումի մը փաստը:

Չորս տարի առաջ լոյս տեսած այս երկին մասին իմացած էի իր օրին, մամուլի մէջ ալ կարդացած՝ ճիշդ պահուն լոյս տեսած գրախօսականը, հոգածու գրիչէ մը եկող (Ս. Մահսէրէճեան, «Ազդակ»):
Հակառակ այդ բոլորին, հակառակ նաեւ անձնական ծանօթութեամբ եւ անցեալի յուշերով հեղինակին առնչուած ըլլալուս փաստին,- ահա՛, կարեւոր թէ անկարեւոր բազմապիսի ցրուիչ ազդակներ, միացած մեր աշխարհագրական ցրօնքի վիճակին, փաստօրէն այսպէս յետաձգեր էին ուղղակի ծանօթացումս երկին հետ, ուշացնելով նաեւ խոր անդրադարձը, գիտակցումը անոր իսկական տարողութեան:

Հատորին ընկերացող երկու խտասալիկներու վրայ՝
անկրկնելի երգասաց Մարօ Նալպանտեան

ՀԱՏՈՐԸ...
Հոս չեմ հետապնդեր հատորի բովանդակութեան մանրամասն ներկայացումը. ոչ ալ, մանաւա՛նդ, կը փառասիրեմ Պետրոսի իրագործման արժեւորումը՝ ազգագրական թէ երաժշտագիտական չափանիշներով: Առաջինին համար՝ շատ եմ ուշացած: Երկրորդին՝ չունիմ համապատասխան պատրաստութիւնն ու ձեռնհասութիւնը: Նոյնիսկ եթէ հեղինակը՝ գործը ներկայացնելու սահմանուած մէկէ աւելի գրութիւններու մէջ, ըլլա՛յ հատորի սկիզբը, ըլլա՛յ ընթերցողին ուղղուած յարակից գիրով, բազմիցս կը շեշտէ անոր մասնագիտական երեսին ոչ-էական, քովնտի հանգամանքը, անոր կամաւ բերուած սահմանափակումը:
Սակայն կ՛ուզեմ, միայն յիշեցման կարգով, նշել գործին գլխաւոր գիծերը:
Հատորը բացող Նախաբանին՝ կը հետեւի Ա. Մասը, որ կը խմբէ «Պատմական Ակնարկներ», այսինքն՝ նախ՝ այսօր ա՛լ դասականացած արեւմտահայ ոլորտի գլխաւոր ազգագրական մենագրութիւն-ժողովածուներու բաւական մանրամասն ներկայացումը՝ անոնց երգային պարունակութիւններով, նաեւ փորձով մը՝ յատկապէս Բալուի հարսանեկան երգերուն առընչուող. ապա՝ կը հետեւին տեղեկատու էջեր՝ Բալուի մասին եւ Բալուի հայութեան մասին (լուսանկարներով). հալէպահայ վաստակաւոր երգասաց Մարօ Նալպանտեանի մասին, որ արդէն կարեւորութեամբ յիշատակուած էր Նախաբանին մէջ: Նոյն Ա. մասը կը փակուի ծաւալուն ընդհանրացման բաժինով մը՝ նուիրուած առհասարակ Արեւմտահայաստանի շըրջաններու (առաւել՝ Արեւմտեան Անատոլիի, Կիլիկիոյ եւ Պոլիսի) երգանմուշներու, համապատասխան ծանօթագրութիւններով՝ մատենագիտական եւ բառարանային:
Կը յաջորդէ Բ. Մասը, հատորի մարմինը՝ «Բնագրային եւ Երաժշտաբանական քննակումներ - վերլուծական փորձ» խորագրին տակ: Երկու հարիւրէ աւելի էջերու վրայ, կը կատարուի ձայնագրեալ ներկայացումն ու քննարկում-բնորոշումը 72 երգերու:
Այս Բ. Մասի առիթով է, որ կ՛արժէ արդէն խօսիլ հեղինակի մօտեցումին եւ այնքան յստակ ներկա- յացուած- շեշտադրուած մայր շարժառիթներուն մասին, ինչպէս եւ աշխատանքին՝ իր իսկ կանխաւ որոշած առաջնահերթութիւններուն ու սահմաններուն մասին: Տպաւորիչ անանձնականութեամբ մըն է որ, արդէն, ան սկսած էր իր Նախաբանը՝ ինքնաներկայացումով մը, ուր կը մրցին իր՝ «նախկին դեղագործի», ամենավաւերական համեստութիւնն ու հիւմորը. «Այս աշխատասիրութիւնը կը կրէ անունը Պետրոս Ալա- հայտոյեանին, որ մամուլի էջերէն ծանօթ է իբրեւ ար-ւեստաբան, իսկ հոս անծանօթ բանահաւաք եւ հետազօտող է»: Հաստատումը առիթ է, անշուշտ, անմիջապէս յիշատակելու իրեն զօրավիգ ու խորհրդատու հանդիսացած անձեր - հայրենի հանգամանաւոր արուեստաբաններ՝ Արուսեակ Սահակեանը եւ Ալինա Փահլեւանեանը. ապա, անշուշտ, երգասացները, ու անոնցմէ գլխաւոր Մարօ Նալպանտեանը, «կրողը, պահպանողը եւ փոխանցողը Բալուի եւ տարածաշրջանի այս երգերուն...»: Ապա եւ՝ ինքնին բացայայտ բայց անշրջանցելի յիշեցումը. «Այս գոհարներուն բուն հեղինակը, ի հարկէ, անանուն, բնիկ բալուցին ու մշեցին են, այսինքն՝ կոտորուած, աւերուած ու գողցուած Արեւմտահայաստանի երբեմնի ժողովուրդը»:
Տակաւին, ան կը խոստովանի, որ «սփիւռքեան դժուարագոյն ու անբարենպաստ պայմաններուն մէջ», կատարուածը «առաջին գիտահետազօտական փորձառութիւն» մըն է, եւ որ իր «փափաքն է որ այս երգերը եւ անոնց վերաբերող քննական համեստ եւ հակիրճ բացատրութիւնները դրուին տրամադրութեանը տակ, նախընտրաբար, լուսաւորութեան ծարաւ եւ զար- գացումի ատակ մեր ժողովուրդին, քան թէ սեփականութիւնը դառնան միայն բուռ մը խոժոռ քննադատ-գիտնականներու»:
Պ. Ալահայտոյեանի նախաձեռնութիւնն ու զինք առաջամղող ոգին մասամբ բնորոշել ջանալէ ետք այս մէջբերումներով, կը մնայ կարեւորութեամբ յիշատակել նաեւ հատորը փակող Գ. մասի բովանդակութիւնը.- Ձայնագրումի ցանկեր, ձայնագրման ժամանակագրութիւն եւ արխիւային արձանագրման ցանկ. բառերու բացատրական ցանկ. երաժշտական եզրերու համառօտ բառարան. մատենագրութիւն...: Հատորին, խտասալիկ-ձայնագրումներուն (նաեւ, ի հարկին, հեղինակի արխիւին) արդիւնաւէտ օգտագործման միտող՝ խղճամտօրէն կազմուած գործիքներու ամբողջութիւն մը...
Չըսի, որ հատորի կազմի ներքին վերջին երեսը կը պահէ վերջին, այլ ոչ յետին, թանկագի՛ն անակնկալ մը, նուէր մը.- Զոյգ խտասալիկներ՝ երկու ժամ եւ քսան րոպէ տեւողութեամբ, ուր արձանագրուած են 72 երգերը, Մարօ Նալպանտեանի եւ այլ երգասացներու կատարումով (մեծ մասամբ՝ առաջինի):

ԱՆՈՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Սկիզբը ակնարկեցի երկին իսկական տարողութեան: Բնական է, այս բնորոշումը պիտի յստակացուի, դուրս բերուի մշուշոտ ընդհանրութեան այն ոլորտէն, ուր առհասարակ կը պահուին-կը մնան այսօրինակ տարազներ: Ուրեմն, յղացուած եւ լոյս տեսած մեր ժամանակին եւ մերօրեայ աշխարհին մէջ, այս երկը անմիջապէս առիթ կու տայ մեզի անդրադառնալու իր կայացուցած «բացառիկութեան»:
Ասկէ հարիւրամեակ մը առաջ, երբ աւանդական-ժողովրդական մշակոյթ եւ կենցաղ ունէին լրիւ տարբեր որակ, տարբեր բովանդակութիւն՝ ե՛ւ համամարդկային, ե՛ւ ներհայկական ընդգրկումով. երբ նաեւ լրիւ տարբեր էր մեր կացութիւնը, մեր աշխարհագրա-բնակչագրական եւ քաղաքական վիճակը՝ իբր ազգութիւն,- այսպիսի երկ մը պիտի ողջունուէր անկասկա՛ծ. բայց պիտի չողջունուէր իբր «երեւոյթ» մը, իբր այսպիսի բացառութիւն մը:
Մինչդեռ այսօր, Պետրոս Ալահայտոյեանի արտադրութիւնը, տեղադրուած՝ ներկայ պահին եւ մեր ներկայ իրադրութեան մէջ, անմիջապէս կը զանազանուի իր անսովորութեամբ: Համաշխարհայնացման հարթիչ ալիքներով ողողուած ժամանակի մը մէջ, անոնցմով ամենէն աւելի լլկուած հայկական ցրօնքի մէկ հեռաւոր կայքին մէջ, ահա, կը ծագի նշոյլ-յիշատակ մը՝ մեր հաւաքական անցեալէն - եւ ասիկա՝ իր ամենակենդանի, ամենաթելադրական փոխադրիչին ձեւին տակ, որ երգ-երաժշտութիւնն է:
Անդրադարձը մեզ ուղղակի կ՛առաջնորդէ Ալահայտոյեանի նախաձեռնութեան յեղափոխական նկարագրի ընդգծումին: Յեղափոխական նկարագիր՝ յիշողութեան բուռն ներգործութեամբ մը՝ այնպիսի օրերու, երբ աւանդական Սփիւռքի տարածքին աւեր է գործած ու կը շարունակէ գործել գաղութային սահմանափակումը՝ ի վնաս հայրենական հողի կենդանի ապրումին - հակառակ բոլոր յուշատօներուն, ազգային Դատի ծրագիրներուն, ռազմավարութիւններուն ու մարտավարութիւններուն:
Այս վերջինները, ճիշդ է, Սփիւռքի պայմաններուն մատչելի միջոցներով եւ մարզերու մէջ, աստիճանաբար մեզ դարձուցած են ներկայութիւն՝ միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ, բայց Յիշողութեան կենսական գործը, «Դատ»ին էութիւնն ու մայր նպատակը կազմող Հողը, այն՝ որուն համար կը տարուին բոլոր պայքարները, կը մնայ կորսուած՝ հեռո՜ւ մշուշներու մէջ: Փաստ է, այսօր չենք յաջողած Երկրի հանդէպ կենդանի շահագրգռութիւն պահել սերունդէ սերունդ, չենլք փորձած իսկ զանցել՝ մեր առջեւ քաշուած սահմանները: Եւ, չհաշուած չնչին բացառութիւններ, չենք ալ պահած գոնէ տեսակա՛ն, գոնէ գիրքերո՛ւ յիշողութենէն եկող հայրենագիտութիւն մը: Թաղուած սփիւռքեան առօրեայի մը քաշքշուքներուն մէջ, յարաճուն բթացումով մը անտեսեր ենք կենսական դերը այդ ներքին, նրբին առնչութիւններուն, անոնց պահպա-նումին:
Ահա հո՛ս կը տեսնեմ «Բալուի եւ Տարածաշրջանի Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ»ին բացառիկութիւնը, կազմած բացառութիւնը: Ալահայտոյեանի երկը այն «չնչին բացառութիւն»ներէն է, որուն ակնարկեցի: Հեղինակը՝ անշիջելի յիշողութեան տէր, ներքին թափի ու կրակի տէր, տեսլահար մարդու տարաշխարհիկ տիպարն է: Իսկապէս տարաշխարհիկ վկայակոչումով մը զինք բնորոշելու համար, կ՛արժէ մէջբերել հոս՝ իր գուրգուրացած փոքրամասնական մշակոյթներէն՝ ամերհնդիկ գրիչի մը մէկ խօսքը, դրուած՝ սեփական ժողովուրդի անկեալ հաւատքները ափսոսացող Սիու ծերունիին բերանը. «... Հայրս ինծի տուաւ մոգական պայուսակը [...] բայց ա՛լ ոչ ոք կ՛երթար տեսիլք փնտռելու...»:
Այսուհանդերձ, յայտնի եղաւ արդէն, որ Ալահայտոյեան հեռու է ունենալէ գերեզմանափորի մը մռայլութիւնը կամ հնախոյզի մը չոր առարկայականութիւնը: Իր ներքին կրակն ու թափը զինք կը զերծեն յոռետես, ժխտական այդպիսի մօտեցումէ: Որովհետեւ՝ «Լացի եւ ողբի կամ ջարդի ու կորուստի մասին չէ այս գիրքը, այլ հին -այսինքն նո՛ր հնութեան անցած- հայրենիքին պատկանող պատառիկի մը վերայայտնութիւնն է, կարծես այլեւս անսպասելի, Ծոփաց աշխարհի այդ պատառիկին վերածնունդն է ան՝ գիրով ու քրտինքով, երգով ու շունչով...»: Աւելի՛ եւս շեշտուած լաւատեսութեամբ մը՝ «...փորձ մըն է կորսուած հայկական ոստան մը վերագտնելու: Եթէ այդ ոստանը որոշ չափով մը վերագտնուեցաւ, կը նշանակէ ինչ որ չափով վերապրեցաւ, վերաշնչաւորուեցաւ, այսինքն յաւերժանալու իրաւունք ստացաւ»:
Ու այս լաւատեսութիւնը հիմնաւոր է, քանի կը յղուի երկին եւ զայն հիմնող արարքին բուժիչ յատկութիւններուն. «հատորին ընկերացող երգի ներկայութիւնը, երազային դարձած հող ու քարէն վեր, կորսուած հայրենիքին երկինքը կը ցոլացնէ, իսկ հոն ապրող ժողովուդին բարբառին համն ու հոտը որ կը բարձրանան այդ երգերու ընդերքէն, կը նորոգեն մեր շունչը, կը մաքրեն մեր արիւնը...»:

* * *

Այսօր, վերջին այս տարիներուն, մինչ կարծես «Երկիր»ի ցարդ ամրափակ դարպասները կը բացուին երկչոտ ճեղքով մը, մինչ կարծես, օրէ օր աւելի լսելի՝ անոր հեռու խորշերէն, գլորուած գերեզմանաքարերու կողքէն՝ կը հասնի աւետաբեր փսփսուք մը՝ «Չէ աստ, զի յարեաւ». եւ մինչ, թերեւս, մենք ալ կը վերականգնինք Եղեռնի հոգեխոցէն ու հետեւող հարիւրամեայ ցրօնքի թմբիրէն, ունկնդիր՝ կենդանին մեռեալներու մէջ չփնտռելու թելադրանքի մը,- այսօր, Ալահայտոյեանի արարքն ու երկը իրենց կարգին աւելի քան թելադրական կը մնան ազգային բնօրրանի անանջատելի մաս Արեւմտահայաստանի հետ կապերը վերականգնելու իմաստով, իրական շփումներու փորձերը՝ մշակութային-մտաւորական յիշողութեան յառնումով ամրացնելու այլապէս կենսական առաջադրանքով:

Յարութիւն Քիւրքճեան