
Կարօ Քեշիշեանի լուսանկարներու ալպոմը
Երկար տարիներու փորձառու լուսանկարիչ Կարօ Քեշիշեանի լուսանկարներու հաւաքածոն հրատարակուած է գեղատիպ ալպոմի մը մէջ: Տուեալ հրատարակութիւնը կատարուած է Իտալիոյ մէջ իր գործերու առաջին ցուցադրութեան առիթով:
68-ամեայ նկարիչը ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքը եւ ան յաջողած է իր դիրքը նուաճել Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամէնէն տաղանդաւոր լուսանկարիչներու շարքին: Կարօ Քեշիշեանի «հերոսները» ընտրուած են աշխատաւորներու, աղքատ մարդոց, զինուորներու աշխարհէն: Հռչակաւոր են նաեւ իր դիմանկարները: Իր լուսանկարներէն օրինակներ կը պահպանուին եւրոպական բազմաթիւ ցուցասըրահներու մէջ:
KARA KITAP
«Սեւ գիրք»
Թրքերէնով լոյս տեսած է օտար քաղաքական կամ մշակութային համբաւաւոր անձնաւորութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վկայութիւններու գիրքը: Գիրքի 480 էջերուն մէջ տեղ գտած են աւելի քան 90 հեղինակաւոր դէմքերու անձնական կեցուածքներն ու գաղափարները հայութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Անուններու շարքին են՝ Էրնէսթ Հէմինղուէյ, Ուինսթըն Չորչիլ, Արնոլտ Թոյնպի, Ֆրանց Վերֆէլ, Մարիա Ճագոպսէն, Լուի Արակոն, Պետիկտոս Պապը, Ֆրիտիոֆ Նանսէն, Մարք Թուէն, Ժորժ Քլեմանսօ, Հենրի Մորկենթաու, Կիւսթաւ Մէյր, Էտուարտ Պերնշթային եւայլ անձեր:
Հրատարակուած Է Ցեղասպանութեան Մասին
Գերմանական Գաղտնի Փաստաթուղթերու
Գիրքին Անգլերէնը
Թորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկը հրատարակած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915-1916. Ապացոյց Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արխիւէն» գիրքի անգլերէն տարբերակը: Գիրքը կը բովանդակէ հարիւրաւոր նամակներ, հեռագիրներ ու զեկոյցներ, որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանացի պաշտօնեաները ուղարկած են իրենց երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան: Այս փաստաթուղթերը անհերքելի փաստեր կը ներկայացնեն Ցեղասպանութիւն կատարած երիտասարդ թուրքերու մտադրութեան եւ այս մասին գերմանական պաշտօնեաներուն տեղեակ ու յանցակից ըլլալուն վերաբերեալ: Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող գերմանացի պաշտօնեաները դարձան Ցեղասպանութեան կարեւորագոյն, ազգութեամբ ոչ հայ ականատեսները: Փաստաթուղթերը, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ, եղած են ներքին օգտագործման համար եւ չեն հրապարակուած:
Գերմանացի լրագրող, պատմաբան եւ թարգմանիչ Վոլֆկանկ Կուսթ, որ կազմած եւ խմբագրած է գիրքը, խօսելով գիրքին պատրաստութեան մասին՝ պատմած է, թէ ինչպէս ապշած է տեղեկանալով, որ Գերմանիան լուռ մնա- ցած է Եւրոպայի ծայրը կատարուած զանգուածային սպանութիւններուն ընթացքին: «Այս ցեղասպանութիւնը գերմանացիները ոչ ծրագրած են, ոչ ալ գործադրած, սակայն անիկա մեծապէս ընդունուած է անոնց կողմէ: Կայսերական Գերմանիան երիտթուրքերուն ամենամօտ դաշնակիցն էր եւ անոնց հետ ունէր ռազմական պաշտօնական դաշինք: Հարցերուն հարցը հետեւեալն է. արդեօք կայսերական Գերմանիան գործող ո՞ւժ էր հայերու Ցեղասպանութեան ժամանակ կամ, թերեւս, այդ միտքին հեղինա՞կն էր, ինչպէս կը պնդեն գերմանացի բազմաթիւ պատմաբաններ», նշած է Կուսթ:
Գիրքը արդէն լոյս տեսած էր գերմաներէնով ու թրքերէնով՝ գրաւելով մամուլի ուշադրութիւնը։ Թրքական «Հիւրրիէյթ» թերթը գիրքին մասին գրած էր հետեւեալը. «Եթէ դուն կարդաս գիրքը եւ նայիս փաստաթուղթերուն, եթէ դուն մէկն ես, որ այս հարցին կը ծանօթանաս այս գիրքին միջոցով, ապա անկարելի է, որ չհաւատաս Ցեղասպանութեան եւ չարդարացնես հայերը»։
Իսլամացուած Հայերու Մասին Նոր Գիրքեր Թուրքիոյ Մէջ
«Հրանդ Տինք հիմնարկ»ը երկու նոր գիրքեր հրատարակած է՝ «Սուրէն փրկուածները. Թուրքիոյ ծպտեալ եւ իսլամացուած հայերը» եւ «Մարտինեան ծանուցումներ» խորագիրներով:
Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, «Թայմթուրք» լրատուական կայքէջին վրայ հրապարակուած յօդ-ւածին մէջ ներկայացուցած է 2 գիրքերը:
«Սուրէն Փրկուածները. Թուրքիոյ Ծպտեալ Եւ Իսլամացուած Հայերը»
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան մեծ մասին ոչնչացումէն՝ 1915-էն գրեթէ մէկ դար ետք, լրագրող, ընկերաբան Լորենս Ռիթըր եւ լուսանկարիչ Մաքս Սվազլեան սպաննուած հայերու ողջ մնացած սերունդներուն հետ կապ հաստատելու նպատակով Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ, Պոլսոյ եւ Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ մարդոց հանդիպած են:
Ռաքէլ Տինք մէջբերելով իր ամուսինին «այս երկրին մէջ ողջերու հետ խօսիլը աւելի դժուար է, քան մեռածներու մասին խօսիլը» խօսքը՝ կը նշէ, որ մինչեւ վերջերս իսլամացուած հայերու թեման թուրքերու, քիւրտերու եւ հայերու մօտ արգիլ-ւած նիւթ եղած է: Այդ թեմայի վերաբերեալ թերեւս միայն ծայրահեղ ազգայնականները խօսած են՝ այդ ալ փորձելով զանոնք քաղաքական դաւադրութիւններու մաս ներկայացնել: Ըստ որոշ ուսումնասիրողներու, այսօր դաւանափոխ հայերու թիւը մէկ միլիոն եւ թերեւս աւելի է, սակայն անոնց իրական պատմութիւնը գրեթէ բացայայտուած չէ:
Ո՞վքեր են այդ մարդիկը, ինչպէ՞ս կ՛ապրին, ի՞նչ դժուարութիւններէ կ՛անցնին, ի՞նչ կը զգան, ինչպէ՞ս իրենք զիրենք կը ներկայացնեն: Այս գիրքը վերոնշեալ հարցերուն պատասխանները կը պրպտէ: Մէկ բան յստակ է. անոնք երբեմն հայ են, երբեմն թուրք, երբեմն քիւրտ, երբեմն քրիստոնեայ, երբեմն իսլամ եւ երբեմն՝ այդ բոլորը միասին կամ ալ անոնցմէ ոչ մէկը:
«Մարտինեան Ծանուցումներ»
Այս գիրքը կազմուած է յօդուածներէ, որոնք բազմակողմանի քննութեան կ՛ենթարկեն Մարտին քաղաքը, որ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու բնօրրանը եղած է:
Գիրքին մէջ կը քննուին պետական քաղաքականութեան ազդեցութիւնը շրջանին վրայ, մշակութային, առօրեայ կեանքը, տնտեսութիւնը, ազգամիջեան եւ կրօնական բախումները, շուրջ մէկ դարեայ տեւողութեամբ՝ թանզիմաթեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ հանրապետական միակուսակցական վարչակարգի 15 տարիները (1838-1938 ընդգրկուող ժամանակահատուած): «Այս հողերուն վրայ բազմաթիւ ժողովուրդներ, լեզուներ, մշակութային թաղամասեր ոչնչացուեցան, եւ որքան շատ կ՛ոչնչացուէին, այդ հին քաղաքակրթութեան օրրանը անապատի կը վերածուէր»: