Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ո՞ւր է յաջողութիւնը

Համակրելի ծանօթ մը ունիմ, որ կէս կատակ, կէս լուրջ անցեալ օր ըսաւ ինծի.
- Ես յաջողած մարդ մըն եմ։
Մարդուն դէմքին վրայ եւ բառերուն մէջ գոհունակութեան ժպիտ մը կը փայլէր։ Իսկապէս ալ զինք կարելի էր «յաջողած» համարել, եթէ յաջողութիւն ըսելով պիտի հասկնանք գործի բարգաւաճ վիճակ եւ նիւթական հարստութիւն։

Մարդը կեդրոնական շուկայի վրայ բանուկ խանութի մը տէրն էր եւ քանի մը պաշտօնեաներ կ'աշխատէին ձեռքին տակ։
- Դասընկերներուս եւ տարեկիցներուս մեծ մասը,- աւելցուց ինքնագոհ շեշտով մը,- տեղ մը չհասան։ Քանի մը ոսկիով պաշտօնեայ մնացին հոս ու հոն։ Բայց ես յաջողեցայ այս գործը մէջտեղ բերել եւ անկախ դիրքի տէր ըլլալ։
Մտածեցի թէ իրաւունք ունէր չափով մը պարծենալու։ Ինչ որ կար՝ իր ճակտի քրտինքին եւ նախաձեռնութեան ոգիին արդիւնքն էր։
Եւ այժմ հպարտ էր իր խանութով, իր ապրանքներով եւ յաճախորդներով, որոնք բոլորն ալ իր տաղանդին փաստերն էին։
Մէկ խօսքով՝ յաջողած մէկն էր կեանքի մէջ։ Եւ ունէր իր յաջողութեան թէ գիտակցութիւնը եւ թէ հպարտութիւնը։
Ուրիշ բարեկամ մըն ալ ունիմ, որ նոյնպէս «յաջողած» կարելի է նկատել՝ դատելով իր գործէն։
Ամերիկեան ինքնաշարժով մը կը շրջագայի, Եւրոպա կը ճամբորդէ եւ ծախսերու առջեւ կանգ չþառներ։
Բայց այս բարեկամս միշտ դժգոհ է թէ իր գործէն եւ թէ վիճակէն։
Քանի մը օր առաջ երբ կողք-կողքի նստած էինք բացօթեայ սրճարանի մը մէջ եւ մեր աչքերը յառած ծովու կապոյտին, բարեկամս անգամ մը եւս շրթունքները թաթխելէ ետք օղիի բաժակին մէջ ըսաւ.
- Ես ձախողած մարդ մըն եմ։
Զարմացած նայեցայ երեսին եւ անոր վրայ փորձեցի փնտռել կատակի նշաններ։
Ոչ. դէմքին գիծերը լուրջ էին եւ մինչեւ իսկ թախծոտ։
- Եթէ դուն ձախողած ես, հապա մե՞նք ինչ ըսենք, որ վարժապետ մնացինք, վրայ բերի հեգնանքով։
- Ինչո՞ւ այդպէս կը խորհիս,- բողոքեց խօսակիցս,- յաջողութիւն ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնանք։
Յաջողութիւնը միթէ նիւթական բարեկեցութեան մէջ է միայն։
Այո, գործս լաւ է, լաւ կ'ապրիմ, բայց ամէն օր քիչ մը աւելի կը զգամ թէ ձախողած մէկն եմ։ Ներքնապէս դժգոհ եմ գործէս եւ անձէս։
Ի՜նչ կ'երազէի՝ ինչ եղայ։
Ես կ'երազէի թէ մտաւորական մը պիտի դառնամ, գիրքով ու գրիչով պիտի զբաղիմ, դարձայ առեւտրական եւ ստիպուած եմ առտու-իրիկուն թիւերով զբաղելու։ Կեանքս բանի մը չծառայեց։ Տարիներս պարապի կþանցնին։
- Բայց, սիրելիս, առեւտուրն ալ գործ է եւ դուն հիմա այդ ասպարէզին մէջ լաւ դիրք գրաւած ես։ Այսքանը բաւարարութիւն չի՞ տար քեզի։
- Ոչ, չի՛ տար։ Այդքանը քիչ մը ամէն մարդու գործն է։
Ես սահմանուած էի ուրիշ բանի. ես դաւաճանեցի կոչումիս։
Բացայայտ էր բարեկամիս անկեղծութիւնը։ Կը զգայի որոշապէս թէ իր խօսքերը չէին արտասանուեր վարժապետի ինքնասիրութիւնս շոյելու համար։
Նիւթապէս յաջողած այս մարդը՝ ձախողած ըլլալու հոգեկան դժգոհութիւնը կ'ապրէր։
Ու խորհեցայ։
Իսկապէս ո՞վ է յաջողածը եւ ո՞ւր է յաջողութիւնը։
Երկու ծանօթներուս պատկերն ու մտայնութիւնները քով քովի դնելով, հարցը շատ պարզ թուեցաւ ինծի։
Յաջողութիւնը, առ երեւոյթ, շա՜տ շատերուն համար կրնայ հարստութեան հոմանիշ դառնալ, բայց խորքին մէջ մարդուս ներքին ձգտումներուն իրագործումն է։ Ուրիշ խօսքով՝ հաւատարմութիւնը այս սէրերուն, որոնք մեր էութենէն կը բխին։
Եթէ մէկը ուրիշ իտէալ եւ մասնաւոր ուրիշ հակումներ չունէր, քան նիւթական ապահովութեան տիրանալ, իրաւունք կþունենայ ինքզինք «յաջողած մարդ» համարելու, երբ շահաբեր գործի մը տէր եւ տնօրէնն է։ Ոչ իր կոչումին դաւաճանած է ան, ոչ ալ բազմութիւններու ընթացիկ ըմբռնումին։
Բայց արուեստի, գրականութեան, գիտութեան հետաքրքրութիւններով տագնապող երիտասարդ մը թող իյնայ կեանքի այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք օրէ օր քիչ մը աւելի ցամքեցնեն իր այդ հետաքրքրութիւնները ստիպելով որ ի վերջոյ բոլորովին ուրիշ մարդ դառնայ, կրնաք վստահ ըլլալ որ այդպիսի մէկուն հոգիին կրած բեկումը անդարմանելի պիտի մնայ։
Հիասթափութիւնները՝ շատ յաճախ ոսկիով չեն դարմանուիր։
Կեանքի մէջ որքա՜ն ձախողածներ կան, որոնք ճակատագրական համակերպութեամբ կը քաշեն իրենց վզին ինկած լուծը։ Արտաքնապէս երջանիկ կ'երեւին թերեւս եւ շրջապատն ալ կրնայ երանի տալ անոնց։
Սակայն հարցուցէք այդ պատուական քաղաքացիներուն թէ «ինչո՞ւ կը մխան»։
Ճանչցէք հոգին անոնց՝ որ այսինչ ասպարէզին մէջ պիտի փայլէին ու չփայլեցան։
Պիտի տեսնէք թէ մարդկային ամէնէն խոր եւ ամէնէն լուռ տառապանքներէն մէկը կը քնանայ այդ հոգիներուն մէջ։
Յաջողութեան ճամբան նոյն տեղէն չ'անցնիր միշտ եւ նոյն նպատակին չի տանիր։
Իրական յաջողութիւնը սեփական ուժերուն տրուած ամբողջական ծաղկումն է, օգտուելով կեանքի արեւէն եւ անձրեւներէն։
Իր կոչումին ծառայելու քաջութիւնը եւ յարատեւութիւնը։

Մ. Իշխան
22/1/1970

Սիւնակը կը պատրաստէ՝ ՄԻՆՍԱՐ