Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Սկովտիացի գիտաշխատող Սթիվըն Սիմ զեկուցած էր իր տհաճ տպաւորութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ ներկայիս գրաւուած պատմականօրէն հայկական տարածք հանդիսացող Նախիջեւան իր կատարած այցին մասին: Քանի որ Սիմի 2006 թուականի բացայայտող զեկոյցը պատշաճ կերպով չէր լուսաբանուած միջազգային մամուլով, կը փափաքիմ այս յօդուածով ներկայացնել անոր որոշ կարեւոր հայեցակէտերը:


Սիմը յայտնած է, որ ինք Նախիջեւան մտած է ինքնաշարժով, թրքական սահմանէն, եւ ուղղուած է դէպի Երնճաք հովիտի Ապրաքունիս գիւղը: Երբ այնտեղ հարց տուած է 12ամեայ տղու մը, թէ որտե՞ղ կը գտնուի գիւղի եկեղեցին, ան ցոյց տուած է դատարկ տարածք մը:
Ապա Սիմ այցելած է Պանանիյար գիւղը, որ հայերուն ծանօթ է իբրեւ Ափարանք, ուր, անոր խօսքով՝ «առնուազն մինչեւ 1970ական թուականները, գիւղին կեդրոնը բարձրադիր վայրի մը մէջ գտնուող միջնադարեան մեծ եկեղեցւոյ փլատակը կար: Այժմ նախկին եկեղեցւոյ հողին վրայ մզկիթ կառուցուած է»: Նորաշէնի մէջ, այս գիւղի հիւսիս արեւմտեան ծայրամասը, երկու հայկական եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուն մը կային: Ան ոչ մէկ եկեղեցւոյ կամ գերեզմանատան հետքը գտաւ այնտեղ:
Նախիջեւանի մէջ, երրորդ օրը, երբ շոգեկառքով կը ճամբորդէր Ջուլֆա, Սիմ նկատեց Ջուղայի գերեզմանատան փլատակները: Ան զեկուցեց, որ տեսած է «երեք լեռնաշղթաներու վրայ սփռուած եւ քարէ սալիկներով ծածկուած բլրալանջ մը: Բոլոր գերեզմանաքարերը, առանց բացառութեան, շրջուած էին»:
Օրտուպատի մէջ Սիմ բերուեցաւ ոստիկանութեան գրասենեակ, ուր ան հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ իր այցելութեան նպատակին առնչութեամբ, եւ իր պայուսակը խուզարկուեցաւ: Ապա ան յաջորդ հանրակառքով ետ ուղարկուեցաւ Նախիջեւան քաղաք: Այնտեղէն ան ուղղուեցաւ դէպի Շուռութ, որ «միջին դարերու վերջաւորութեան փոքրիկ հայկական քաղաք մըն էր՝ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, վանքերով, մատենադարանով եւ քանի մը տասնեակ հազար բնակիչներով»:
Քըռնա գիւղի հարեւանութեամբ տեղի հայկական եկեղեցւոյ հետքերն իսկ չկային: Նոյն իրավիճակը ունէր նաեւ Կահ գիւղը: Երբ Սիմ անցորդի մը հարցուցած է Շուռութ գիւղի եկեղեցւոյ մասին, անցորդը պատասխանած է, թէ եկեղեցին ոչնչացուած է:
Շուռութ գիւղին մէջ Սիմ դէմ յանդիման եկած է խումբ մը գիւղացիներու հետ: Երբ ան յայտնած է, որ եկած է տեսնելու հին եկեղեցին, անոնք պատասխանած են, թէ գիւղին մէջ երբե՛ք եկեղեցի չէ եղած: Հազիւ հեռացած Շուռութէն, «թաքսի»ի վարորդը ըսած է Սիմին, թէ գիւղացիները հեռաձայնած են Ջուլֆայի ոստիկանութիւն, եւ թէ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները հաւանաբար զինք կը սպասեն ճանապարհին:
Ոստիկանական ինքնաշարժ մը իրօք կը սպասէր Սիմը: «Ոստիկանը նստաւ «թաքսի»ի ետեւի նստարանը եւ հարցուց, թէ արդեօք տեղագրական քարտէս եւ ազգագրական գիրք կա՞յ հետս»: Երբ Սիմ պատասխանած է՝ ո՛չ, չկայ, ոստիկանը արագօրէն խուզարկած է անոր պայուսակը: Ջուլֆայի մէջ Սիմ դարձեալ կանչուած է ոստիկանատուն, ուր անոր պայուսակը անգամ մը եւս խուզարկուած է: Միջանցքը որոշ ժամանակ սպասելէ ետք, Սիմը տարած են քաղաքի «Արազ» հիւրանոցը: Անոր ուղեկցած են դէպի շէնքի ետին գտնուող այգին: Սիմը երեք ժամ հոն պահելէ ետք, ի վերջոյ զայն ազատ արձակած են: Սիմի պայուսակէն «հանած էին բոլոր իրերը եւ մանրամասն զննած, պարզելու համար, թէ արդեօք պայուսակը գաղտնի գրպաններ ունի՞: Ասիկա տեւեց շուրջ 15 վայրկեան, առանց որեւէ բառ փոխանակելու»:
Սիմին հարցուցած են անոր աշխատանքին մասին. որքա՞ն կը վաստակի, ո՞վ կը հովանաւորէ իր այցը Նախիջեւան եւ ինչո՞ւ ան իր սեփական միջոցները ծախսած է այստեղ գալու համար: Ոստիկանները մանրամասնօրէն ստուգած են Սիմին նօթագրութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր թուային «քամերա»ին բոլոր լուսանկարները: Անոնց ուշադրութիւնը յատկապէս գրաւած է Նախիջեւան քաղաքին մէջ առնուած լուսանկարը: «Ատիկա քարէ սալիկ մըն էր, զոր ես տեսած էի Մոմինա Հաթուն դամբարանի դիմացի այգիին մէջ, շրջապատուած խոյաձեւ գերեզմանաքարերով: Այս քարին վրայ փորագրուած էր խաչ մը, որ վեր կը խոյանար ուղղանկիւն հիմքէ մը»:
Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները ըսած են անոր, թէ ատիկա խաչ չէ: Սիմ, իր կարգին պատասխանած է, որ ինք հայկական գիրքի մը մէջ կարդացեր է այդ եկեղեցւոյ մասին: Անոնք ջղագրգիռ պատասխանած են. «Ատիկա ճիշդ չէ: Այնտեղ սուտ գրուած է: Տեսէ՛ք, հայերը միշտ կը ստեն, կը խաբեն բոլորը»: Անոնք նաեւ նշած են, թէ «Նախիջեւանի մէջ որեւէ հայկական եկեղեցի գոյութիւն չէ ունեցած, երբե՛ք: Այստեղ երբե՛ք ոեւէ հայ չէ ապրած, հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ եկեղեցիներ գոյութիւն ունեցած են այստեղ»: Ատրպէյճանցիները ըսած են Սիմին. «Կը կարծենք, որ դուք Ատրպէյճանի հանրապետութիւն չէք եկած բարի նպատակներով»:
Սիմը նշած է, որ Նախիջեւանի իր տհաճ տպաւորութիւնները «որոշ առումով լոյս սփռեցին այն կեցուածքին վրայ, զոր ատրպէյճանցիները ունին հայերու եւ հայկական ամէն ինչի նկատմամբ»: Զեկոյցին մէջ յստակ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ Արցախի հայերուն համար անհնար է ատրպէյճանցիներու կեղեքիչ լուծին տակ կրկին ապրիլը: Եթէ սկովտիացի այցելուին հետ այսպիսի վատ ձեւով վարուած են, ապա պատկերացուցէք, թէ ատրպէյճանցիները ոքրա՛ն աւելի վատ ձեւով վարուած են իրենց հայ հպատակներուն հետ, մինչեւ Արցախի ազատագրումը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիրն է
Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ