Վերանկախացման քսանամեակի շքեղ տօնակատարութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ՝ հայկական բանակի յաղթական ու հպարտ տողանցքով, որուն ստուերոտ բաժինը կազմեցին ռուսական միաւորի մասնակցութիւնը, անոր դէմ փորձուած, այլեւ ձախողած փոքրաթիւ մարդոց ցոյցը, ինչպէս նաեւ… նախորդ երկու նախագահներուն բացակայութիւնը:
Մտածումի եւ քննարկման խնդիր է, թէ ինչու մեր զինակից Ռուսիան, անկախութեամբ յատկանշուող երկիրներու միջեւ կայացած ռազմավարական գործընկերներու համահաւասարութեան սկզբունքը փափկանկատօրէն յարգելու փոխարէն, նախընտրեց ոչ ոքի գաղտնիք հովանաւորչական գերակայ իր հանգամանքը բացայայտ դարձնել եւ հակընդդէմ տեսակէտներ պատճառել քաղաքական շրջանակներու մէջ, երբ կ’ենթադրուէր, որ այդ օրուան հպարտութիւնը պիտի ըլլար անխառն ու զերծ՝ տարակարծութիւններէ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի առաջին ու երկրորդ նախագահներուն անպատճառաբանելի բացակայութեան, անոնց համախոհ հետեւորդները թող դատեն ու հարց տան, թէ արդեօ՞ք քսանամեակի տօնական տողանցքը խափանելու (պոյքոթելու) միջոցն է այն ուղին, որ պիտի առաջնորդէ անկախութեան ու պետականութեան ամրապնդումին: Անկարելի՞ էր այդ առիթով զսպել քինախնդրութեան ու խարդաւանանքի մոլուցքը եւ գէթ յաչս հանրութեան ու յանուն պատշաճութեան մասնակից դառնալ համազգային հպարտութեան, երբ մանաւանդ իրենք են, որ միեւնոյն բանակի գերագոյն հրամանատարի, այսինքն նախագահութեան աթոռին վերատիրանալու յայտնի-գաղտնի յաւակնութիւնը կը փայփայեն: Հոգեկան բարդոյթներով ղեկավարուող այդ մարդոց կարելի՞ է վստահիլ պաշտօն մը, որու լիազօրութիւնները կրնան վճռորոշ ըլլալ ազգի ու հայրենիքի ճակատագրին վրայ:
Համահայկական տարողութիւն ու մասնակցութիւն տալու նպատակով քսանամեակին, կազմակերպուած էր նաեւ Հայաստան-սփիւռք համագումար, որուն հրաւիրուած էին շուրջ 500 սփիւռքի «ներկայացուցիչներ» - «ղեկավարներ»ը, ըստ պաշտօնական տեղեկատուութեան:
Հրաւիրեալները իսկապէ՞ս սփիւռքի «ներկայացուցիչներ» ու «ղեկավարներ» համարուելու հանգամանքը ունէին թէ ոչ, մեր խնդիրը եւ քննելիք հարցը չէ: (Այդ քննութիւնը կը թողունք սփիւռքեան խնդիրները յամառօրէն քրքրող-որոնող ու լուսարձակի տակ առնող վաւերական յօդուածագրերու: Ականջը խօսեցա՞ւ Յակոբ Պալեանին):
Ուրեմն, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, հայութիւնը իր բոլոր հատուածներով, պետական աւագանիով, բարձրաստիճան եկեղեցականներ իրենց գերագոյն պետերով կը մասնակցին համագումարին, որ խորհրդանշօրէն իրաւամբ կը ներկայացնէ հայ ազգի ամբողջութիւնը: Ձեւով մը ներկայ օրերու «հայոց աշխարհաժողովը»:
Որքան որ հետեւեցանք լրագրութեան, հոն կը հնչեն օրուան ու տօնին պատշաճ խօսքեր, գովասանքի զեղումներ, յանձնառութեան խոստումներ, յաղթական երթը շարունակելու վճռական արտայայտութիւններ, որոնց ամբողջութիւնը կարելի է հեշտօրէն տեղադրել-յարմարցնել անկախութեան կամ յաղթութեան մը տարեդարձի որեւէ առիթով արտասանուած ճառի մէջ:
Արտասանուած «կեցցէ»ներուն մէջ բացառութիւնը եւ ընդգծելին Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթղ.ին դատապարտանքի սրբազան պոռթկումն է շարունակուող խաթարուածութեան-փտածութեան դէմ (կոռուպցիա) եւ… «Մենք մեր ձեռքերով Հայաստանը կը պարպենք իր ժողովուրդէն» հայրապետական զգաստացնող սաստը:
Այդ սաստը սրբազան պոռթկում մը ըլլալէ ետք, Հայոց աշխարհաժողովի դատաստանին յանձնուած եւ հայրապետական ուժգնութեամբ հաստատուած դատավճիռ մըն է՝ Հայաստանի պետական աւագանիին ու քաղաքական ղեկավարութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կոչուած է ըլլալու քսանամեակի առաջնահերթ մարտահրաւէրը:
Միհրան Քիւրտօղլեան