Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Վահագն Աւետեան ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր երկարաշունչ յօդուածին մէջ կը գրէ, որ սովորաբար ընտրութիւններու վերաբերեալ դէտերու յայտարարութիւնը, ըլլայ այդ Հայաստանի, Ատրպէյճանի կամ Վրաստանի պարագային, կը սկսի այն նշումէն,

որ ընտրութիւնները եղած են «միջազգային չափանիշներուն համապատասխան», սակայն ատոր կը յաջորդեն «սպասելի բարելաւումներու» մասին քանի մը էջեր։ Բայց եւ այնպէս, Ատրպէյճանի մէջ կայացած ընտրութիւնը դիւանագիտական մեղմասացութեան տեղ չէր ձգած։ ԵԱՀԿ-ը «լուրջ թերութիւններ»-ու մասին խօսեցաւ, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ընտրութիւնը «միջազգային չափանիշներուն չէր համապատասխաներ»։
Բայց եւ այնպէս, Եւրոպական խորհուրդի Խորհըրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպական Միութեան վերջնական զեկուցումին մէջ որոշեցին անտեսել թերութիւնները եւ ընտրութիւնները անուանել «ազատ, արդար ու թափանցիկ»։
Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանի հետ աւելի կոշտ վարուէր, ապա վիլնիւսեան վեհաժողովէն երկու ամիս առաջ արդէն պիտի զրկուէր ռուսական քարիւղէն ու կազէն։ Պատմականօրէն նախապատուութիւնը կայունութեան կը տրուի, իսկ մեր օրերուն կը շարունակէ տիրել ռէալփոլիթիքը։
Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Եւրոպան, Միացեալ Նահանգներն ու ԵԱՀԿ-ը վերջին քսան տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ հաւասարակշռուած վերաբերմունք ունէին, յատկապէս՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ։ Երկու երկիրներուն ուղղուած քննադատութիւնը համահաւասար էր, կը խուսափէին ամէն տեսակի տարբերակումներէն, որ կրնար իբրեւ նախասիրութեան ցուցանիշ մեկնաբանուիլ։ Սակայն վերջին երկու իրադարձութիւնները պէտք է նշան ծառայեն, որ այդ քաղաքականութիւնը անկայուն է։
Առաջին պաղ ցնցուղը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 3 Սեպտեմբեր 2013-ի յայտարարութիւնն էր Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելու մտադրութեան մասին, եւ ոչ թէ՝ Նոյեմբերին Եւրոպական Միութեան հետ կնքելու Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիր։
Շատեր կը հարցնեն, թէ Եւրոպական Միութիւնը այս բոլորին հնարաւորութիւնը նուազեցնելու համար ի՞նչ ըրած է։ Բացի այդ, Եւրոպական Միութեան՝ Սար- գըսեանի յայտարարութեան արձագանգը անպատասխանատու էր. Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները պատասխանատուութիւնը իրենց վրայէն նետեցին՝ յայտարարելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յարգէ «Հայաստանի կամքը»։ Միակ խնդիրը այն է, որ յայտարարութիւնը Հայաստանի կամքը չէր, ոչ ալ կը բխէր անոր շահերէն, գոնէ եթէ նկատի ունենանք մինչեւ Փութին-Սարգսեան հանդիպումը Երեւանի մէջ պաշտօնական անձնաւորութեանց յայտարարութիւնները։ Ասիկա Մոսկուայի կողմէ բացայայտ վերջնագիր էր, որուն համար Հայաստանի ղեկավարութիւնը լուծում չունէր։
Միւս հանգամանքը Ատրպէյճանի մէջ խիստ քննադատուող նախագահական ընտրութեան ընթացքն ու արդիւնքն էր, Եւրոպական Միութեան կողմէ հովանաւորչութեան ակնյայտ փորձը՝ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան խախտումը ծածկելու համար։ Եւրոպական անտարբերութիւնն ու անարդիւնաւէտութիւնը Պաքուն քաջալերեցին, որ փորձէ, որքան կարելի է, չափը անցնել։
Հարաւային Կովկասի հարցին մէջ Եւրոպայի քաղաքականութեան անկայունութիւնը արագօրէն կ՛աճի, եւ եթէ ԵԱՀԿ-ը եւ միւս շահագրգիռ կողմերը արմատական փոփոխութիւններ չկատարեն, տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը պիտի վատթարանայ՝ աղէտալի հետեւանքներու հեռանկարով։