Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գիրերու գիւտէն ի՞նչ օգուտ, եթէ հայրենի բնաշխարհը ունեցած չըլլար առատ գրելանիւթ՝ թուղթի տեսակ մը: Յետադարձ ակնարկ մը նետենք Ե. դարուն եւ տեսնենք, թէ Մեսրոպ Մաշտոցը ի՞նչ միջոցներով կրնար տարածել Գիրքը եւ ազգային լուսաւորութիւնը. փայտ, կաւ, մետաղ, ապակի, կտաւ եւ վիմագրութիւն՝ յղկուած քարերու վրայ գրել:

Բոլորն ալ լաւ՝ քանի մը տող յիշատակարան արձանագրելու համար, սակայն բոլորն ալ ունին գիտութիւնը արագօրէն եւ հեռաւոր տեղեր տարածելու յարմարաւէտութիւնը խոչընդոտող անպատեհութիւններ:
Եւ կա՛ր՝ մագաղաթը:
Ահաւասիկ այդ բնատուր նիւթն է, որ կարելի դարձուց Ոսկեդարը ու տարածեց մեր Երկաթագիրը:
Բառը թէեւ օտարածին է (ասորերէնէ եկած 209 բառերէն մէկը), բայց նախանիւթը, նորածին գառնուկի, հորթի եւ այծի թեթեւ, նուրբ կաշին, բնիկ ու առատ եղած է, ինչքան հայրենի լեռներն ու հովիտները:
Նախ՝ ստուգաբանութիւնը. դիմենք Հ. Աճառեանին. «Մագաղաթ.- Ասորերէն գլորեալ մատեան, ձեւից. Բառս բնիկ սեմական է եւ ծագում է gll, գլորել, գալարել արմատից»: Նոյն արմատէն՝ եբրայերէն եւ արամերէն «մգլադ» եւ «մգլաթա» բառերը: Իսկ վերջիններէն ծնած արաբերէն «մաճալլա» բառը, որ կը նշանակէ ճոխ կազմ ունեցող գիրք, մահմետականներու քաղաքային օրինագիրքը: Նոյնը օսմաներէն, «մէճէլլէ»:
Հայերէնէ փոխառեալ է վրացերէնը «մագալիթի», որ կը նշանակէ «օրինակ, բնագիր»:
Հայերս մինչեւ Թ. դար օգտագործած ենք մագաղաթը: Հակառակ իր բուն իմաստին, մենք չենք ունեցած փաթաթաձեւ ձեռագիրներ: Հայկական մատեանները եղած են կազմուած, բազմաթերթ գիրքեր:
Մագաղաթը շատ թանկագին է եւ սուղ: Անոր համար, տօնական օրերուն վանքերու շուրջ հաւաքուած ուխտաւորներ հոգեւորականներուն կը նուիրէին մատաղներուն մորթերը, որոնք գրչատուներու մէջ կը դառնային գիրքեր: Միջնադարուն մագաղաթեայ ձեռագիրներ արտադրելու մէջ յայտնի էին Անի քաղաքը, Երզընկան, Կարինը, Դուինը եւ Սիսը: Մեծկակ ձեռագրի մը համար պէտք կÿըլլար մէկ անասունի կաշի, ինչպէս հայկական մեծագոյն մագաղաթեայ ձեռագրի պարագան է, «Մշոյ Ճառընտիր»ը: Այս գիրքին իւրաքանչիւր էջին համար գործածուած է մէկ հորթի կաշի:
Անկէ շատ հեռու չէ Կիւթենպերկի Աստուածաշունչին մագաղաթեայ տարբերակը. 1282 էջնոց գիրքը պահանջած է 300 ոչխարի մորթ: Մեզի հասած ամէնահին եւ ամբողջական մագաղաթեայ ձեռագիրը «Լազարեան Աւետարան»ն է, Յ. Ք. 887:
Մագաղաթը մեր ամենէն քնարերգական գրելանիւթը ըլլալ կը թուի: Ան իր ազնիւ յատկութիւններով չէր կրնար երեւակայութիւններ շարժած չըլլալ: Ի զուր չէ, որ բառը Ղարաբաղի մէջ իգական անուն է, «Մագաղաթ»: Ան նաեւ չէ վիրպած հայ աշուղին գրիչէն, Սայաթ Նովայի մօտ գեղեցկուհիի նուրբ մատներն են. «Ձեռներդ՝ սպիտակ մագաղաթ, լիզուտ օսկէ ղալամի պէս»: Իսկ Չարենցը, իր ժամանակի քաղաքական պայմաններուն տակ, դժբախտաբար անոր մէջ տեսած է մահուան չափ սարսափած գունատ դէմք մը. «Շինուած էր կարծես նա մոմից եւ դէմքը, որպէս մագաղաթ» (Մահուան Տեսիլ, 1920):

Նորար Տատուրեան
(Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը)