Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մարդկութիւնը հրաժեշտ տուաւ իր ամենէն արի, ամենէն իմաստուն , ամենէն մարդասէր, ամենէն արդարամիտ, ամենէն ներողամիտ ու ամենէն անոխակալ զաւկին, Նելսըն Մանտելային, Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւամորթ նախագահին, որ վախճանեցաւ 5 Դեկտեմբեր, 2013ին։

Ո՞վ էր Մանտելա

Նելսըն Մանտելան ծնած է  18 Յուլիս, 1918ին, Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Նախնական եւ  երկրորդական ուսումը զանազան վարժարաններու մէջ ստանալէ ետք՝ իրաւագիտութիւն կ՛ուսանի  Hare  &  Witwatersrand համալսարաններէն ներս։ Ապրելով Ճոհանէսպուրկի մէջ,  կը մասնակցի քաղաքի գաղութատիրութեան դէմ ծաւալող պայքարին, մասնակցելով ANCի (African National Congress Ափրիկեան Ազգային Համաժողով) աշխատանքներուն։ Որպէս իրաւաբան՝  բազմիցս կը ձերբակալուի իր քաղաքական համոզումներուն ու հակապետական կեցուածքին համար։  Ափրիկեան Ազգային Համաժողովի ղեկավարներուն հետ կը դատուի, որպէս հայրենիքի դաւաճան, 1956-1961 տարիներուն։ Սկզբնական շրջանին թէեւ  կը մասնակցի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպելու աշխատանքին միայն, սակայն  հետագային,1961էն սկսեալ,  Ափրիկեան Համայնավար Կուսակցութեան հետ կը հիմնէ MK  յեղափոխական կազմակերպութիւնը, խանգարիչ միջոցներով պայքարելու  համար Հարաւային Ափրիկէի apartheid (բաժանիչ, ցեղապաշտ) պետութեան դէմ։ Մանտելան 1962ին կը ձերբակալուի, կը մեղադրուի պետական յեղաշրջում կազմակերպելու յանցանքով, կը դատուի  եւ  կը դատապարտուի  ցկեանս բանտարկութեան։
Մանտելան կը մնայ բանտարկուած 27 տարի, նախ՝ Robben Island (Ռոպին Կղզի), ապա՝  Pollsmoor  & Victor Verster  բանտերուն մէջ։ Միջազգային երկարամեայ ճնշումներն ու ներքին պայքարը պատճառ կը դառնան որ Մանտելան ազատ արձակուի 11 Փետրուար, 1990ին եւ  Հարաւային Ափրիկէի նախագահ, E. W. De Klerkի հետ սկսի բանակցութիւններու, որոնց նպատակն էր  ցեղային խտրականութեամբ կառավարուող Հարաւային Ափրիկէն  կերպարանափոխել  ժաղովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հանրապետութեան։
1994ին, տեղի կ՛ունենայ առաջին ժողովրդավարական բազմազգ նախագահական ընտրութիւնը, որուն ընթացքին,  Ափրիկեան Ազգային Համաժողովը կը յաղթանակէ  եւ Մանտելան կ՛ընտրուի  Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահը։
Մանտելայի կառավարութիւնը  կը ճանչցուի որպէս Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն։ Նորընտիր նախագահի հրաւէրով, բազմաթիւ ուրիշ կուցակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւս  մաս կը կազմեն նոր կառավարութեան։ Ըստ բանակցութիւններու ժամանակ եղած համաձայնութեան, կը պարաստուի նոր կանոնագրութիւն, որով մի անգամ ընդ միշտ կը վերանայ ցեղային խտրականութիւնը  եւ  հիմը կը դրուի ժաղովրդավարական պետութեան։  Նելսըն Մատելան կը կազմէ նաեւ  յատուկ մարմին մը, որուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ  քննել անցեալին մարդկային իրաւանց դէմ գործուած արարքները։
Երկրորդ նախագահական ընտրութեան, Մանտելա կը մերժէ իր թեկնածութիւնը դնել,   նախընտրելով նուիրուիլ «Նելսըն Մանտելա Հիմնարկութեան» բարեսիրական աշխատանքներուն ։
Շրջան մը, Մանտելան դատապարտուեցաւ որպէս մարքսիսթ ահաբեկիչ  իր հակառակորդներուն կողմէ, որոնց մէջ կը գտնուէին  բազմաթիւ ա- րեւմտեան պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք  հետագային զինք բնութագրեցին որպէս հերոս, ազատամարտիկ, հայրենասէր, մարդասէր, եզակի անձնաւորութիւն եւ նման բազմաթիւ  այլ որակումներով։
Մանտելան արժանացած է  աւելի քան 250 պարգեւներու, ինչպէս՝ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակ, Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ազատութեան Շքանշան, Սովետական Միութեան Լենինեան Մրցանակ եւայլն։
Մեծ է Նելսըն Մանտելայի թողած ժառանգը ո՛չ միայն իր ժողովուրդին՝ այլ համայն մարդկութեան համար։ Այսօր ամբողջ աշխարհը  կը խոնարհի վրէժխնդրութեան դաշոյնէն ներո- ղամտութեան, հաշտութեան, բարեկամութեան  խոփ ձուլող եւ այդ խոփով՝ եղբայրութեան դաշտեր ակօսող այս եզակի մարդու դագաղին  առջեւ։

Հանդիպում Նելսըն  Մանտելայի հետ

1980ական թուակնեերուն առեւտրական ներկայացուցչութիւն մը ունէինք Զիմպապուէի մայրաքաղաք՝ Հարարէի մէջ։  Լոնտոն հիմնուած մեր ընկերութիւնը Հարարէի գրասենեակին  միջոցով կ՛իրագործէր զանազան ծրագիրներ պետական կառոյցներու համար, եւրոպական մեծ ընկերութիւններու համագործակցութեամբ։
1988 թուականին, Հարարէի մեր ներկայացուցիչներուն հետ,  որոշեցինք հիմնել  «Նախագահական Ֆոնտ» բարեսիրական հիմնադրամը  եւ զայն դնել Ռոպերթ Մուկապէի տրամադրութեան տակ։ Բնական է հիմնադրամը ստեղծեցինք նախագահի գիտակցութեամբ եւ հաւանութեամբ։ Հիմնադրամին ի նպաստ կազմակերպեցինք հասութաբեր մի քանի ձեռնարկներ, ներառեալ աճուրդ մը, ուր վաճառուեցան մեզի հետ համագործակցող տարբեր ընկերութիւններէ ստացուած նուէրներ։ Նուէրներէն մէկն ալ Մերսետես ինքնաշարժ մըն էր, որ վաճառուեցաւ չորս միլիոն Զիմպապուէ տոլարի։ Աճուրդը, որուն ներկայ գտնուցաւ նաեւ նախագահ Մուկապէ,  հիմնադրամին համար ապահովեց  պատկառելի գումար մը։ Այդ տարիներուն, հիմնադրամի աշխատանքներուն հետ կապուած  հարցերով յաճախ առիթ կ՛ունենայիք  հանդիպելու նախագահին ։
1990ին, մեծ շուքով նշուեցաւ Զիմպապուէի անկախութեան տասնամեակը։ Այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկն ալ  պետական ճաշկերոյթ մըն էր, որուն հրաւիրուած էին ափրիկեան երկիրներու գրեթէ բոլոր նախագահներն ու տարբեր պետութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, քաղաքական ու  մտաւորական գործիչներ։  Հրաւիրեալներու մէջ էր Նելսըն Մանտելան, որ միայն քանի մը ամիս առաջ ազատ արձակուած էր բանտէն։
Որպէս Նախագահական Ֆոնտի անդամներ՝ տիկինս եւ ես ալ հրաւիրուած էինք մասնակցելու տօնակատարութիւններուն։ Պետական ճաշկերոյթին մեզի տրամադրուած սեղանը կպած էր Նելսըն Մանտելայի սեղանին, որով երեկոյթի ընթացքին յաճախ առիթ ունեցանք զրուցելու իրարու հետ։
Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ որ Մանտելային պատկերը, որպէս մարդ, իրականութեան չհամապատասխանող խառնուածքի ու մտածելակերպի բոլորովին տարբեր գոյներով վրձինուած էր մտքիս մէջ։ Կը սպասէի որ քսան եօթ տարուան բանտարկութենէն  ետք՝ անոր մէջ տիրապետող գիծը ըլլար անիրաւուած  մարդոց յատուկ՝  բացասականութիւնն ու իր թշնամիներէն վրէժ լուծելու ցասումը։ Ընդհակառակը՝  դէմքի ժպիտին ուղիղ համեմատող մեղմութիւն մը կար ձայնին մէջ, որ անդորրութեամբ կը լեցնէր զինք ունկնդրողի հոգին։ Քաղաքավարութիւնը, կնամեծարութիւնն ու   փափկանկատութիւնը միշտ առկայ էին անոր խօսակցութեան մէջ։ Դժգոհութիւն եւ բարկութիւն բառերը անոր բառապաշարին մաս չէին կազմեր։ Բանտերու մէջ տառապած, արհամարհուած ու անարգուած այս արտակարգ մարդուն մէջ ատելութեան ուրուրը չէր կրցած բոյն դնել։ Անոր մտածումներու կապոյտ երկնակամարին վրայ խաղաղութեան աղաւնիներուն միայն  իրաւունք տրուած էր թռչկոտելու։ Ահա մեր հանդիպումէն ստացած տպաւորութիւնս։
Ճաշկերոյթի աւարտին,  մեր զրոյցը շարունակեցինք յոտընկայս,  սրահին մէկ անկիւնը։ Մանտելան բացառիկ զարգացումի տէր անձ մըն էր։ Քաջատեղեակ էր ժողովուրդներու պատմութեան։ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կարդացած էր Մորկընթաույի յուշերը, Մեծն Բրիտանիոյ խորհըրդարանին կողմէ հրատարակուած  «The Treatment of the Armenians Under the Ottoman Empire» եւ այլ  գիրքեր։ Անոր սիրած հեղինակներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր Ուիլիամ Սարոյեանը։
-Պրն. Մանտելա, այսքան գիտելիք ե՞րբ , ինչ-պ՞էս  ձեռք բերած էք, հարցուցի իրեն։
- Բանտին մէջ մէկ բան առատ է. ժամանակը։  27 տարիներու ընթացքին կարդացած եմ գրեթէ բոլոր ժողովուրդներու պատմութիւնը։ Ամբողջ գիտակից կեանքս եղած է պայքար անարդարութեան  եւ  ցեղային խտրականութեան դէմ։ Հասկնալի է ուրեմն՝ թէ ինչո՞ւ հայ եւ  հրեայ ժողովուրդներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան պատմութիւնն աւելի մօտ է սրտիս։
Մեր խօսակցութեան միջամտեց ապահովութեան պաշտօնեան .
- Պէտք է մեկնինք պրն. Մանտելա։
Իրեն յատուկ քաղցր ժպիտը դէմքին, մեղմ՝ բայց յանդիմանական շեշտով մը, ըսաւ ապահովութեան պաշտօնեային.
-Երիտասարդ, կը տեսնես որ կը զրուցեմ պրն. Կիւզելեանին հետ. երբ մեր զրոյցը աւարտի՝  կու գամ դուրս։
Երբ բաժնուեցայ Մանտելայէն, հոգեպէս հարստացած զգացի ինքզինքս։
Մարդկային  վեհագոյն սկզբունքներու տէր այս մարդը, որ գիտցաւ ատելութիւնը կերպարանափոխել սիրոյ,  տապալել վրիժառութեան չաստծուն արձանն ու անոր տեղ կառուցել իրարհասկացողութեան, փոխադարձ յարգանքի ու համերաշխութեան տաճարը, արժանի է  համայն մարդկութեան յարգանքին։
Արդարեւ, ամբողջ աշխարհն այսօր երկիւղածութեամբ ծունկի եկած է անոր յիշատակին առջեւ։
Նելսըն Մանտելան մեռած է, բայց չէ մահացած։
Մեծութիւնները կը մեռնին, բայց  չեն մահանար։

Ասատուր Կիւզելեան