Print

Երկու օրէ ի վեր հայութիւնը կ'ապրի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Երեւան այցելութեան արձագանգներուն տակ: Քննադատութիւններ, մտահոգութիւններ, ենթադրութիւններ, յայտարարութիւններ իրար յաջորդեցին այս օրերուն՝ մեկնաբանելով թուրք պաշտօնատարի այցելութեան նպատակներն ու հեռանկարները:

Մեր կողմէ կ'աւելցնենք, որ Տաւութօղլուի այս օրերու աշխուժացման մէջ դեր ունի Երեւան-Աթէնք-գրաւեալ Կիպրոս եռանկիւնի ազդակը, որ բացայայտօրէն այնքան կարեւոր կը թուի ըլլալ Թուրքիոյ եւրոպական յարաբերութիւններուն համար:

Մէկ հիմնական հասարակ յայտարար կարելի է տեսնել Ահմետ Տաւութօղլուի քանի մը օրուան ընթացքին, իրարու ետեւէ, Հայաստան, Յունաստան եւ գրաւեալ Կիպրոս պաշտօնական այցելութիւններ տալու որոշումին մէջ: Անգարա գերագոյն ճիգ կը թափէ, որպէսզի իր դիմագրաւած հայկական-յունական-կիպրական խնդրայարոյց բոլոր օրակարգերուն մէջ նոր ոճ   մտցնելու տպաւորութիւնը ստեղծէ՝ ձեւականօրէն իբր թէ «յառաջ երթալու» գաղափարը տարածելով:

Թուրքիա շատ լաւ կը գիտակցի իր խոցելի կէտերուն:

Այդ խոցելի կէտերուն մէջ պարտաւոր կը զգայ «յառաջընթաց» մը ցոյց տալու, եթէ կÿուզէ որպէս ղեկավար ու հաւասարակշռող ուժ դիտուիլ եւրոպական համայնքին կողմէ: Բայց ոչ միայն արտաքին, այլ նաեւ՝ ազգային արժանապատուութեան պահանջով հնչող ներքին՝ իր հասարակութենէն եկող բողոքի ձայներուն գոհացում տալու համար:

Միեւնոյն ժամանակ, Կիպրոսի ինքնիշխանութեան ու իրաւունքներուն կապտումը (Կիպրոսի Բացառիկ Տնտեսական Գօտիի «ԱՕԶ»ի նաֆթի օգտագործման ստեղծումով), Կիպրական ու Ղարաբաղեան հարցերուն մէջ գերիշխող դերակատարութիւն ստանձնելու Անգարայի մտադրութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ մահմետականներու պաշտպանի դերով հանդէս գալու դիտաւորութիւնը՝ բոլորն ալ ապացոյցներ են, որ Թուրքիա կը շարունակէ իր աչքը ամուր կերպով կապուած պահել Կովկասի ու Միջերկրականի տիրապետութեան վրայ...

Փակագիծ մը բանալով կիպրական հարցին շուրջ՝ աւելցընենք, թէ ներկայ պահը որպէս յարմար առիթ կը դիտէ Թուրքիան, նկատի առնելով թէ Իսրայէլ վերջնական որոշումի չէ յանգած՝ բնական կազի կիպրական մեծագոյն պաշարները տրամադրող «Լեվիաթան» եւ «Թամար» նաւթահանքներու օգտագործման շուրջ համագործակցութիւն առաջացնելու առումով: Փակագիծը փակենք՝ ենթադրութիւնը ձգելով ընթերցողներուն:

Թէ ի՛նչ պատրաստ է տալու Թուրքիան բոլոր այս հարցերու փոխարէն, կախեալ է տուեալ «յառաջդիմութիւն»ը ցոյց տալու իր մարմաջի աստիճանէն: Եթէ երէկ Անգարա անվնաս նկատեց մի քանի հայկական եկեղեցիներու մէջ, տարին անգամ մը, հայկական պատարագ թոյլատրելու պարագան, ու այսօր աշխարհին առջեւ կը ձեւացնէ, թէ Հայաստանի հետ հաշտեցման գործընթաց մը հունի մէջ մտած է, պէտք չէ զարմանալ վաղը, եթէ Թուրքիա նոյն «բարեացակամ» մօտեցումը ցուցաբերէ Ատրպէյճանը սանձահարելու իր ճիգին մէջ, դարձեալ խօսելով եւ միայն խօսքով խոստումներ տալով Հայաստանի հետ սահմանները վերաբանալու մասին:

Պէտք չէ զարմանալ նաեւ գալ տարի՝ 2015ի սեմին, եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ... Թուրքիա խօսքով իբր թէ նոր զիջումներու դիմէ։

Կարեւորը՝ ա՛յս պահուս քաղաքական տուեալ մը կայ մեր առջեւ: Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ՛ մեծապետական ուժերը իրենց օրակարգին վրայ կարեւոր շահերու հարց մը ունին մեզի հետ:

Գործենք այնպէ՛ս, որ օրակարգի այդ կէտին լուծումը անպայման ներառնէ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան պատմական փաստին ու մեր ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն ճանաչումն ու հատուցումը: