Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս, 2011
Կարբի գիւղի բուժկէտի աւագ բժիշկ Սաբրօ Ասատրեանի մասին նոր գիրք մը հրատարակուած է, «Ներշընչանք, Նարեկը եւ Բժիշկ Ասատրեանը» խորագրով, հեղինակութեամբ Յովհաննէս Պապիկեանի, որ Սահմանադրական դատարանի մամլոյ ներկայացուցիչ ըլլալու կողքին, ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ նուիրուած Պարոյր Սեւակին, Մհեր Մկրտչեանին, Վահան Տէրեանին եւայլն ։
Բժիշկի փիլիսոփայութիւնը, կեանքը ընկալելու եղանակը, բժշկական եւ հոգեբանական մօտեցումները, «Նարեկ»ի հանդէպ ունեցած հաւատքը եւ զայն սերտելու, վերծանելու եւ կիրարկելու եղանակը, համառօտ կենսագրականի մը առընթեր ամփոփուած են այս 120 էջնոց գրքոյկին մէջ։ Բժիշկ Սաբրոն, իր կենդանութեան իսկ առասպելի վերածուած անձնաւորութիւն է։ Ամէն գիւղացի պատմութիւն մը ունի անոր ճշգրիտ ախտաճանաչումներուն մասին, որոնք երբեմն երեւանեան հիւանդանոցներու մէջ երկար ստուգումներէ ետք, հաստատուած են նոյնութեամբ… Արդէն տարի մըն է մենք ալ կը վայելենք բժիշկի մտերմութիւնը։ Անոր նուիրեալ աշխատանքը, բարութիւնը եւ շաբթուան բոլոր օրերուն եւ օրուան բոլոր ժամերուն իրեն դիմողներուն ցուցաբերած խնամքը եւ բուժօգնութիւնը զինք դարձուցած են հերոսական դէմքի մը։ Այսօր բժիշկի մասին հրատարակուած այս գրքի շնորհահանդէսն է։
Շաբաթ մըն է, մեր տան մէջ երախաները կը մարզուին խմբովին արտասանելու Միսաք Մեծարենցի «Տուր ինծի Տէ՛ր, Ուրախութիւնն Անանձնական» քերթուածը։ Մարգարը կը փափաքի, որ մեր գիւղն ալ մասնակցի բժիշկը մեծարելու արարքին։ Պէտք է ըսել, որ երախաները զարմանալի ճկունութեամբ կþիւրացնեն քերթուածի թէ արեւմտահայերէնը, թէ ալ անոր բարդ կառուցուածքը։ Բժիշկը բնիկ ուջանցի է եւ սասունցի ծնողներու զաւակ։ Երբ կþաւարտէ բժշկական համալսարանը, կը նշանակուի որպէս Կարբի գիւղի բժիշկ, սակայն երբեք իր կապը չի կտրեր իր ծննդավայր գիւղին ու հօրենական տան հետ։ Ուրեմն, երախաներու սորված երգացանկէն կþընտրեն նաեւ «Արծիւ սլացիր Տաճկահայաստան» երգը, երգելու այս հանդիսութեան։
Ժամը երեքին է ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ Կարբիի «Վահան Թէքէան»ի անուան դպրոցի դահլիճին մէջ։ Այս դպրոցը կը վայելէ «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան հովանաւորութիւնը եւ շատ բարւոք վիճակի մէջ է։ Սրահը լաւ կահաւորուած է։ Քիչ մը կանուխ կը հասնինք սրահ։ Յստակ կը դառնայ, որ Կարբի գիւղը, որ այս ձեռնարկի կազմակերպիչն է, լուրջ մօտեցումով ջանք չէ խնայած զայն բժիշկին արժանի հանդիսութեան մը վերածելու։ Բեմին վրայ են նուագախումբի մը գործիքները։ Երկու երիտասարդուհիներ համակարգիչի մը առջեւ նստած կը փորձեն բժիշկի կեանքէն առնուած նկարներու շարանի մը ցուցադրութիւնը։ (Ուրեմն գիւղին մէջ Power Point համակարգչային ծրագիրը օգտագործել գիտցողներ կան…)
Շուտով կը լեցուի սրահը։ Ուջանէն կայ մեծ պատուիրակութիւն մը, գիւղապետի գլխաւորութեամբ։ Հոս է ուջանցի ծանօթ բանաստեղծ Ղուկաս Սիրունեանը։ Օհանաւանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նորընտիր երիտասարդ գիւղապետը եւ Հ1 Հանրային Հեռուստատեսութեան կայանի ծանօթ զրուցավար Արթիւր Բաղդամեանը, որ Օհանաւանի մէջ ամարանոց ունի։ Կարբին ներկայ է գիւղապետով, եւ գիւղապետական կազմով, տնօրէնով ու ժողովուրդով։ Ուշին կը ներկայացնենք մենք «մեր» երախաներուն հետ եւ մեր դպրոցի տնօրէնը։ Երեւանէն կան բազմաթիւ հիւրեր։ Հոս է նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգրիտ Խաչատրեանը, որուն Սաբրոյի գրքէն օրինակ մը նուիրած էինք անցեալ շաբաթ, շարժելով իր հետաքրքրութիւնը։ Ներկայ են մարզային առողջապահութեան գրասենեակէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Ներկայ է մեր գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տէր Եփրեմը, որ շատ համարկրելի եւ երիտասարդ քահանայ մըն է։ Ան բազմազաւակ հայր է, որ մտահոգուած իր զաւակներու հայեցի դաստիարակութեամբ, իր Սան Բեթերզպուրկի քահանայական պաշտօնը փոխարինած է գիւղական քահանայի պաշտօնով, որպէսզի անոնք Հայաստանի մէջ մեծնան…
Հանդիսավարը Կարբի գիւղի գրադարանապահ Վերան է, որ ձեռնհաս կերպով կը վարէ ձեռնարկը, պերճախօս ասոյթներով կը դրուատէ բժիշկը, կþանդրադառնայ գրքի բազմաթիւ յատկանիշներուն եւ մէկ առ մէկ կը հրաւիրէ արտասանողները, երգողները եւ բազմաթիւ խօսք առնել ուզողները։ Բեմի ետին, մէկ առ մէկ կը ցուցադրուին բժիշկի կեանքէն առնուած լուսանկարները։
Քանի մը հոգի կþակնարկեն, որ այսօր բժիշկի ծննդեան տարեդարձ ալ է։ Աւելի ուշ, ստոյգ աղբիւրներէ կþիմանամ, որ իրօք այսօր բժիշկը կը դառնայ 79 տարեկան։
Յատկանշական է, որ մեր բժիշկը բեմին վրայ նստած անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տայ։ Անոր համեստութիւնը չի ներեր, որ ան հեշտութեամբ ընկալէ իր մասին եղած գովեստները։ Քանի մը առիթներով զուսպ կը յուզուի…
Մարգարին խօսքը կարճ է եւ կը վերաբերի բժիշկի մարդկային եւ մտաւորական արժէքներուն եւ կը գտնէ, որ ան իսկապէս հաւատարիմ մնացած է Հիպոկրատի երդման, որ ամէն բժիշկ կþընէ բայց քիչերն են որ կեանքի ուղեցոյց կը դարձնեն։ Ան կը կարդայ նաեւ Օֆելիա Համբարձումեանի այս առթիւ յղած շնորհաւորական նամակը, արժանանալով բուռն ծափահարութեան։ Բեմ կþելլեն «մեր» երախաները։ Անոնք իսկապէս լաւ կþարտասանեն բժիշկին ինքնութեան այնքան յարիր Մեծարենցի բանաստեղծութիւնը եւ լաւ ալ կþերգեն։ Անոնք հանդիսութեան մասնակից միակ երախաներն են…
Կը ներկայացուին բազմաթիւ նուէրներ գիւղապետներու եւ բարեկամներու կողմէ։ Վերջաւորութեան խօսք կþառնէ մեր բժիշկը, շնորհակալութիւն կը յայտնէ ամէնքին եւ ամբողջ սրահը կը հրաւիրէ խնճոյքի, մօտակայ «Պանորամա» ճաշարանին մէջ։
Գրեթէ անթերի այս ձեռնարկը որ կը տեւէ շուրջ երկու ժամ, ամառնային շոգ օրուան մը կը զուգադիպի։ Հանդիսատեսները հովահարներով զինուած չեն լքեր սրահը եւ կը մնան մինչեւ վերջ։ Երաժշտութիւնը՝ սրահին համեմատ շատ բարձր է եւ խլացուցիչ, բայց խորքային տեսակետէ, այս ձեռնարկը աւելի բովանդակալից է քան շատ մը շնորհահանդէսներ, որոնց ներկայ եղած ենք Երեւանի մէջ։
Երախաները կը հասցնենք Ուշի եւ մենք ալ կը միանանք խնճոյքին։ Իսկապէս հարսանեկան խնճոյքի կը նմանի այս մէկը։ Սեղանները ճոխ են, օղին առատ եւ տրամադրութիւնները բարձր։ Նուագախումբը եւ երգիչները կը խանդավառեն ներկաները։ Առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կþըլլամ սովորական մարդոց կողմէ պարուած «Եարխուշտա»յին։ Ուջանցիները հիանալիօրէն կը պարեն զայն… Այս մէկը բեմերու վրայ տեսնուած տարբերակէն շատ աւելի անմիջական է եւ խրոխտ։
Մեր բժիշկը հոս կը վերագտնէ իր հանդարտ ու հեզահամբոյր նկարագիրը։ Բեմին վրայ եղած ատեն իմ նկատած ջղաձգութիւնս՝ կը լքէ զինք։ Ան զաւակներով, հարսերով, թոռներով եւ մէկ հատիկ ծոռով շրջապատուած երջանիկ է։
Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի