Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Աղբամանի խնդիր

Աղբաման:
Կամ աւելի սիրուն բառով՝ զամբիւղ:
Խմբագրի կեանքիս մէջ շատ գործածուած առարկայ մը ահաւասիկ, զամբիւղ, որուն մէջ ամէն օր պիտի նետուի այն ինչ որ այլեւս անպէտ կը նկատուի, այն ինչ որ իր գործը տեսած է ու աւելորդ դարձած է:
Բազմաթիւ խմբագիրներու նման, ես ալ իմ ամենօրեայ աշխատանքի ժամերուս կը գործածեմ երեք զամբիւղներ: Առաջինը այն իրական ու շօշափելի զամբիւղն է, որ կը կենայ աշխատասեղանիս ճիշդ քով եւ ուր կը նետեմ բոլոր գործածուած թուղթերն ու իրեղէնները: Այս զամբիւղը իրական զամբիւղ է, կամ աղբաման, որ որեւէ ազդեցութիւն չունի իմ խմբագրական աշխատանքիս վրայ:
Երկրորդ զամբիւղը այն մէկն է զոր ամէն խմբագիր պէտք է յաճախակի կերպով գործածէ եւ սակայն այսօր այլեւս կը դժուարանայ գործածելու: Ասիկա իրական զամբիւղ չէ, խորհրդանշական զամբիւղ է, այն զամբիւղն է որուն մէջ խմբագիրը պէտք է նետէ հրատարակութեան անարժան նկատուած գրութիւններն ու յօդուածները: Այն առաջին օրերուն երբ թերթին պատասխանատուութիւնը ստանձնեցի, առատօրէն կը գործածէի այդ զամբիւղը: Հոն կը նետէի ինչ որ հրատարակութեան արժանի չէր իմ կարծիքով: Բծախնդիր էի, հանգիստ սրտով կրնայի սեղանիս վրայ դրուած տասնեակներով գրութիւններու ու յօդուածներու մէջէն զատորոշել լաւը գէշէն, յաջողը անյաջօղէն: Ժամանակի ընթացքին պատկերը փոխուեցաւ: Այլեւս սակաւաթիւ գրութիւններ ու յօդուածներ կը դրուէին սեղանիս վրայ, նախորդ շրջաններու գրողները անհետացած էին իրենց տեղ պարապութիւններ թողելով, եւ խմբագիրը այլեւս կը դժուարանար նախկին բծախնդրութիւնը ցոյց տալու, պարտականութիւն կը նկատէր քաջալերել այն քանի մը գրողները որոնք մնացած էին: Անյաջող գրութիւններու զամբիւղը այլեւս կը յօրանջէր ձանձրոյթէն ու կը գանգատէր իր յաւերժական պարապութենէն:
Բայց ներկայիս ունիմ երրորդ զամբիւղ մը, որ ահաւոր կերպով լեցուն է, որ ահաւոր գործ կը տեսնէ, որ ովկիանոսի մը ջուրերուն չափ բան կուլ տուած է իր մէջ եւ ամէն օր ալ կը շարունակէ կուլ տալ: Ասիկա համակարգիչիս զամբիւղն է: Մեր դարաշրջանի ամենամեծ ու հրաշագործ զամբիւղը:
Օրական քանի՞ հարիւր տող լուր, յօդուած, ակնարկ, թարգմանութիւն կամ չեմ գիտեր ինչ կը գրեմ համակարգիչիս վրայ, որպէսզի նոյն օրն իսկ գործածուի: Քանի՞ հարիւր տող, չեմ գիտեր: Բայց գիտեմ որ յաջորդ առաւօտ, երբ պիտի նստիմ համակարգիչիս առջեւ ու պիտի բանամ գործիքը, առաջին գործս պիտի ըլլայ նախորդ օր գրուած այդ քանի մը հարիւր տողերը նետել համակարգիչին աղբանոցին մէջ, եւ տեղ բանալ այն միւսներուն որոնք այդ օր պիտի գրուին:
Աստուած իմ, ինչ դիւրին գործ է հարիւրաւոր տողերը, հազարաւոր տողերը ղրկել աղբանոց: Կը բաւէ որ կոճակի մը վրայ կոխես, եւ ահա ամէն ինչ գնաց, անհետացաւ, էջը դարձաւ մասմաքուր, կոյս: Հրաշք մը: Բայց հրա՞շք իսկապէս: Եթէ հրաշք է, ի՞նչպիսի ողբերգութիւն մը կայ այդ հրաշքին տակ: Կարելի՞ է հաւատալ որ մէկ ակնթարթէ ալ աւելի կարճ ժամանակի մէջ կÿանհետանան-կÿերթան էջեր, որոնց համար ժամեր ու ժամեր տրամադրած էի մէկ օր առաջ:
Ամէն առաւօտ, երբ կը կոխեմ կոճակին վրայ ու նախորդ օրուան գրութիւնները աղբանոց կը ղրկեմ, ես ինծի կը հարցնեմ.
-Պիտի լա՞մ կորսուածներուն համար, թէ պիտի ուրախանամ գալիքին համար:
Գիտեմ որ կեանքի անշեղ ու ամէնէն անխիղճ օրէնքներէն մէկն է այս. հիները մէջտեղէն վերցնել ու տեղ բանալ նորերուն: Իրական կեանքի պատկերն ալ բնաւ տարբերութիւն չունի համակարգիչիս լուսաւոր պաստառին վրայ բացուած էջէն: Մէկ կողմէ պիտի լեցուի, մէկ կողմէ պիտի պարպուի: Աստուած իմ, այդ ինչ ուրախութիւն է զոր կը զգաս երբ կը լեցնես ամէն վայրկեան, երբ նոր բան կը գրես քիչ առաջ գրուածէն վերջ: Բայց այդ ինչ տխուր բան է յաջորդ օր մէկ անգամէն սրբել ու նետել այն ինչ որ մէկ օր առաջ գրած էիր այնքան ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ:
Խմբագրատան մէջ իմ երեք զամբիւղներէն ամէնէն գործածականը, ամէնէն բախտորոշը, ամէնէն անօթին է համակարգիչիս աղբամանը, որ ունի ուրիշ հրաշալի յատկութիւն մըն ալ: Անիկա աղբանոց մըն է որ բաւական երկար ժամանակ կը պահէ իր աղբը, աղբահաւաքին չի յանձներ, ծով չի թափեր: Հրաշք մըն ալ այս մէկն է: Եւ այս անգամ իսկապէս հրաշք է: Համակարգիչ գործածողները գիտեն, այս գործիքին աղբամանը ամէն օր լեցուող ու պարպուող աղբաման չէ, աղբաման մըն է որ ամէն օր կը լեցուի, սակայն կը պահէ իր աղբը:
Անցեալ օր մեր բնակարանին մէջ կինս ըսաւ.
-Սեւ կոթով սրածայր դանակ մը ունէինք խոհանոցին մէջ, չեմ գտներ, դուն տեսա՞ր:
Ո՛չ: Չէի տեսած: Ամենուրեք փնռեցինք, չգտանք: Սեւ կոթով սրածայր դանակը չկար: Երբ ամէն կողմ նայեցանք, կինս ըսաւ.
- Թերեւս սխալմամբ աղբանոց նետուեցաւ:
Ձեռնոցները դրաւ ու նայեցաւ խոհանոցի աղբանոցին մէջ: Հոն ալ չկար: Հիմա մէկ բան միայն կարելի էր մտածել:
- Թերեւս երէկ նետուած էր աղբանոց, եւ գնաց:
Խոհանոցիս մէջ երէկուան աղբանոցը չկայ այլեւս: Բայց խմբագրատան մէջ համակարգիչիս երէկուան, նախորդ օրուան, նախորդ ամսուան, նոյնիսկ նախորդ տարուան աղբանոցը կեցած է: Եթէ կորսուած կամ սխալմամբ նետուած բան մը կայ, կրնամ ետ պահանջել աղբանոցէն: Ասիկա հրաշալի է: Բայց եւ այնպէս՝ դարձեալ տխուր է: Որովհետեւ ինծի մտածել կուտայ թէ ամէն օր կը շինենք բան մը զոր յաջորդ օր պիտի փլցնենք, կամ աղբանոցի արժանի պիտի նկատենք:


«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)