Print
Category: Յօդուածագրութիւն

 «Բազում են կոչեցեալք
եւ սակաւք ընտրեալք»

Ապրիլի 6-ին (1958) Յունահայ թեմի թեմական ժողովը առաջնորդ կ'ընտրէր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն հոգեշնորհ Տ. Սահակ Այվազեան վարդապետը։

Կիպրոսի թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկէլեանի,
Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի
եւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան անդամներ
Գեղամ Եաղճեանի եւ Օննիկ Օննիկեանի հետ

Ընտրութիւնը կը հաղորդուէր վեհափառ հայրապետին, թեմական ժողովի մայր դիւանին կողմէ, ղրկուած յատուկ նամակով, Ապրիլի 15-ին («Հասկ» Հոկտ. Նոյեմբեր 1958 էջ 410) այս ձեւով էր որ, հոգեշնորհ Տ. Սահակ իր ամբողջ կոչումին գիտակցութեամբ որպէս միակ ուժ ունենալով բարոյականութիւնն ու միակ զէնք մը Ս. Աւետարանը, կը լծուէր Յունահայ թեմի բոլորանուէր ծառայութեան։

Նուիրում մը 45 երկար տարիներու։

Թեկնածուն՝ Տ. Սահակ ծայրագոյն վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ պայմանական տարիքէն առաջ՝ բացառաբար որովհետեւ ժամանակը աճապարանք կը պարտադրէր, գործը կը սպասէր, միաբանութիւնը եւ ժողովուրդը «անձինք նուիրեալ»ներու կարիքէն կը տառապէին։

«Բացառաբար»էն ու «բացառիկ»էն սկսած հապճեպին բոլոր, բոլոր յիշուած բառերը այլեւս, շքախումբի մը պէս, մշտականօրէն կապուած պիտի մնային նորընծայ Սահակ եպիսկոպոսին, սրբազանին անձին՝ կեանքին եւ մահուան ընդմէջէն։

Յունահայ թեմը, որուն Առաջնորդական աթոռը երկար ատենէ ի վեր թափուր կը մնար, պատճառ դառնալով ալեկոծումներու եւ կրքոտ պայքարներու՝ Տ. Սահակ եպիսկոպոսի նկարագրի երեւումով ատելավառ ոխին կը պատասխանէր հաշտութեան կոչերով ու միաժամանակ կը գործէր բոլորանուէր եռանդով ի փառս Աստուծոյ, միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին։

Ի՞նչ աւելի կրնար ընծայել զգաստութեան բերելու համար այն ժամանակուայ մտքերը, խիղճերը, սրտերը, վերջ տալու համար այդ կիրքերու ջլատիչ պառակտումին։

Մտերմութեան մէջ համակրելի, հանդիսաւորութեան մէջ պատկառելի։
Ծառայելը կը նախընտրէր իշխելէն, զոհուիլն ու նուիրելը՝ պատժելէն։
Համբերատարութիւն, անյիշաչարութիւն, այլասիրութիւն։

Ահա իր նշանաբանը կեանքին, զոր իրագործեց ամէն մէկ քայլափոխի, համեստ ու անաղմուկ։

Իրեն առաջին անգամ հանդիպեցայ Պէյրութի առաջնորդարանը, 60-ական թուականի աշնան, որպէս ուսանող ճեմարանի եւ որ հեռաձայնային ուրախ զանգահարում-հրաւէրով մը զինք տեսնելու գացի, ծնողքիս կողմէ մեծ դժուարութիւններով խնդրուած ջնջին գումարը իրմէ ստանալու համար, ինչ որ անակնկալ հրաշքով մը կը կրկնապատկուէր, ուղղակի Սահակ Սրբազան հօր կողմէ լրացուած գումարով եւ նա մանաւանդ ներկայ գտնուողներու՝ Տէր Տէր Զարեհ Ա.ին վեհափառի եւ Տէր Խորէն Ս. Արքեպիսկոպոսի (այն ժամանակ լիբանահայոց առաջնորդ) ուշադրութենէն-ակնարկներէն հեռու։

Այդ օր, պաշտօնական անձնաւորութենէ մը ճառագայթող յարգանքէն զատ, անձնական ուղղակի ծանօթութենէն ետք կը բխէր սիրոյ ջերմութիւն մը եւս։

Ապրիլ 24: Հոգեհանգիստ Նէա Զմիռնիի մէջ

Մեծ մարդերու կամ ալ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մտերիմ ծանօթութիւնը շատ անգամ հիասթափութիւն կը պատճառէ. երբեմն մարդկային տկարութիւններ, նկարագրային թերիներ երեւան կուգան յանկարծ եւ կը խաթարեն մեծութեան տպաւորութիւնը։

Սահակ Սրբազանը մտերմութեան մէջ ճանչցողը այս հիասթափութիւնը չէր ունենար բնաւ։ «Մեծութիւն» չէր ըներ, արդէն պաշտօնականութիւն չէր դներ իր յարաբերութիւններուն մէջ։ Համեստութեան հասնող պարզութեամբ կը հաղորդուէր իր շըրջապատին, անբռնազբօս մտերմութեամբ մտածումներն ու զգացումները կը բաժնէր շուրջիններուն հետ եւ միշտ ալ կատակով ու անուշ ժպիտով։

Միշտ միեւնոյն պարզութեամբ կը վերաբերէր մարդոց հետ։

Մտերմութիւն կը ստեղծէր առանց ճիգի, հոգիները կը կապէր իրեն։ Ոչ մէկ ատեն, սակայն, այս մտերմութիւնը կրնար չափազանցուած ազատութեան մղել խօսակիցը։

Ճառագայթող բան մը կար իր մէջ, հոգիները քաղցրութեամբ հմայող ու կամաւոր, ինքնաբուխ յարգանքի մղող։

Այսպէս էր, որովհետեւ բառի էր. բարի հոգիին ընդմէջէն։ Բխող ու ողջ էութիւնը համակող հիմնական ազնուութեամբ մը։ Իւրաքանչիւր խօսքը, իւրաքանչիւր շարժումը ո՛րքան ալ աննշան կամ առօրեայ ըլլային անոնք, կը բաբախէին խորունկ բարութեամբ, ներողամտութեամբ։

Բարի ըլլալը ապրելու իր ձեւն էր, աշխարհի ու մարդոց հետ վերաբերելու իր կերպը։

Բարին՝ տկար չէ, բարին՝ միամիտ չէ։

Բարին իր մէջ ոյժ ունի, բարին իր մէջ վեհանձութիւն ունի, բարին իր մէջ ներողամտութիւն ունի եւ բարին իր գործունէութեան մէջ Աստուծոյ եւ մարդկութեան սիրելի իտէալի մը իրագործման համար անսասան կամք ունի։

Բարին ան է՝ որ կրնայ զարնել բայց կը խնայէ, բարին ան է՝ որ կրնայ պատժել, բայց կը ներէ, բարին այն է, որ կրնայ անտեսել բայց որ յոյսը չի կտրեր արդարութիւնն ու օգտակարը ծանօթացնելէ։

Բարի՛ն։

Յարգանքը սէր չէ ամէն ատեն, ոչ ալ սէրը յարգանք՝ միշտ. բայց իր մեկնումը մեզմէ հաստատե՛ց որ սէր ու յարգանք միաձուլուած են իրարու այնքան սերտ եւ այնքան խո՛ր։

Իր կորուստը մեծ բաց մը ստեղծեց ազգային-հոգեւորական մեր կեանքին մէջ։               Կոտտացող վէրքի մը պէս կը զգանք իր բացակայութիւնը մեր սիրտերուն մէջ, ուր կը տիրէր իբրեւ մարդ։

Մարդ՝ անկեղծ, հաղորդական ու բարի։ Պա՛րզ նաեւ՝ հոգիով, հարուստներու անսեթեւեթ պարզութեամբ։

Սրբազա՛ն, տակաւին ժամանակը պիտի գայ իր անարատ կշիռով ու չափէ, բիւրեղացնէ մաքրատիպ դէմքդ խաղաղ։

Վա՛ղը, վա՛ղը ու ամէն օր Սրբազան, կերպարդ որքա՜ն աւելի ու աւելի պիտի լուսնայ։

Վստա՛հ, որովհետեւ կը հաւատայիր Աստուածութեան մեծ պատգամին, կ'ապրէիր զայն, եղար Անոր արդար ծառան ու միակ զէնքդ՝ Ս. Աւետարանը խօսքէն անդին տարիր, գործի՛։

Ու ապրեցար՝ բանիւ գործով՝ հաւատաւոր Աստուածութեան մեծ պատգամին:

Քեզմէ ժառանգ՝ մեզ այդ մնաց:

Ու թող տասը տարի ետքն ալ բարեկրօն, առաքինաբարոյ, խոնարհաբարոյ ու մաքրակենցաղ Սահակ սրբազանը իր կեանքին վախճանէն ետքն ալ, կեանքին մէջ անձնաւորած առաքինութիւններով, տիպար հանդիսանայ իր վերապրող եղբայրակիցներուն։

Անոնք եւս հարկ է որ զրահուին այդ բարեմասնութիւններով եւ ընթանան այն լուսափայլ ճանապարհէն՝ քանի այդ մէկը մեր եկեղեցականներու կոչումն ու առաքելութիւնը լիովին արդարացնող ու անայլայլ հաւատարմութեամբ, ծառայութեան մղող միակ ճանապարհը- ուղին կը կազմէ։

 Մկրտիչեան Կ.