Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Աւելի քան 16 գիւղերու եւ շուրջ 35.000 բնակիչներու շրջաններէն անցնող՝ 116 քիլոմեթր ճանապարհի ծրագիր Հայաստան Հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնի ծրագիրը արդէն 13րդ տարին է որ կ'իրագործուի, համազգային առումով:

2013-ի դրամահաւաքէն գոյացած հասոյթը այս տարի ծրագրուած է ուղղել Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման: Անցնող տարիներուն ընթացքին տարբեր տեսակի ծրագիրներ իրագործուեցան Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ՝ դպրոցներու, մանկատուներու, հիւանդանոցներու նորոգումներ, բժշկական սարքաւորումներու արդիականացման ծրագրեր, համացանցի տեղադրում՝ հեռաւոր գիւղերու մէջ, ջրամատակարարման եւ ջեռուցման ծրագիրներ,  խաղավայրերու, հրապարականերու կառուցումներ եւայլն:

Սակայն առանձին կարեւորութիւն պիտի տանք ճանապարհաշինութեան ծրագրին, որ ուղղուած է շրջաններու եւ բնակիչներու միջեւ հեռաւորութիւնները ջընջելու եւ ընդհանուրին մէջ շրջանները զարգացնելու գործին:

Արդէն երրորդ ճանապարհային հիմնական ծրագիրն է որ կ'իրագործուի այս տարի: Յիշեցնենք նախորդները՝ Հայաստանի Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին, ապա Հայաստանը Արցախին կապող Գորիս-Ստեփանակերտ արդիական ճանապարհը:

Իսկ հիմա պահն է Վարդենիս-Մարտակերտ 116 քիլոմեթրի վրայ երկարող ճանապարհը կառուցելու, որ խթան պիտի հանդիսանայ մեր երկու հանրապետութիւններու ընկերային-տնտեսական կեանքի զարգացման:

Տուեալ մայրուղիներու կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւններուն վրայ կենսական բնոյթ կը կրէ, նկատի առնելով թէ այդ ճամբաներու օգտագործմամբ պայմանաւորուած է նաեւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարելաւումը:

Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը արդէն իսկ անհրաժեշտութիւն դարձած այլընտրանքային ճանապարհ է, որը ուղիղ կապ պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններուն միջեւ՝ զգալիօրրէն կրճատելով այն տարածութիւնը, որ այսօր կÿանցնի Գորիս - Ստեփանակերտ մայրուղիով: Ճանապարհի գործարկումը պիտի աշխուժացնէ միջ-համայնքային կապը (որ մինչեւ այսօր կ'իրագործուէր միայն Բերձորի համայնքի միջոցով), ինչպէս նաեւ նոր խթան պիտի հանդիսանայ յարակից համայնքներու բնակչութեան կեանքի պայմաններու բարելաւման:

Ճանապարհի կառուցումը եւ մշտական ճանապարհային հաղորդակցութիւնը իր ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ճանապարհի երկու կողմէն մինչեւ 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող համայնքներու բնակիչներուն ընկերա-տնտեսական կեանքին վրայ: Այս հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին աւելի քան 16 գիւղեր եւ շուրջ 35.000 բնակիչներ:

Ինչպէս անցեալին ալ նշած ենք, տուեալ ծրագիրը ուղղակիօրէն առընչուած է ԼՂՀ եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար խիստ անհրաժեշտ նկատուող ճանապարհներու կառուցմամբ: Այս ճանապարհներն են որ երաշխիք պիտի հանդիսանան մեր հայրենիքի արեւելեան սահմանամերձ տարածքներու ազատագրութեան ամրապնդման:

Ահա հո՛ս կը կայանայ համայն հայութեան համար գերազանց առիթ մը՝ միասնականութիւն եւ համախմբուածութիւն ցոյց տալու, ի շահ մեր զոյգ պետութիւններուն եւ հայ ազգին:

ԽՄԲԳՐԱԿԱՆ