Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Այս տարի հայ առաքելական Ս. եկեղեցին Տրդատ թագաւորի, Աշխէն թագուհիի եւ Խոսրովիդուխտ արքայաքրոջ յիշատակներու տօնը նշեց Յունիս 22-ին (եկեղեցին այս միացեալ տօնը կը նշէ Յունիս ամսուան ընթացքին, Հոգեգալստեան չորրորդ Շաբաթ օրը)։ Տօնը առիթ է արքունիի մէջ դեր ունեցած եւ հայոց թագաւորին միացած այդ երկու կիներու օրինակով անդրադառնալու նաեւ այլ արքունական հայուհիներու, որոնք իրենց անունն ու հետքը ձգած են հայոց պատմութեան մէջ։

ԱՇԽԷՆ ԹԱԳՈՒՀԻ ԵՒ

ԽՈՍՐՈՎԻԴՈՒԽՏ ԱՐՔԱՅԱՔՈՅՐ

Հայոց Արշակունեաց Տրդատ արքան առաջինն էր աշխարհին մէջ, որ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ երկրի պետական կրօն։ Անոր անուան քով միշտ կը յիշատակուին նաեւ Աշխէն թագուհիի եւ Խոսրովիդուխտ արքայաքրոջը անունները։ Խոսրովիդուխտի տեսած երազին շնորհիւ էր, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ազատեցաւ բանտարկութենէն եւ քրիստոնէութիւն քարոզեց Հայոց աշխարհին մէջ։ Արքայաքրոջ երազէն ետք, ինչպէս յայտնի է, Գրիգոր բժշկեց նաեւ դիւահարած Տրդատը, մկրտեց զինք, ինչպէս նաեւ՝ անոր ընտանիքն ու ժողովուրդը։ Համաձայն աւանդութեան, Տրդատ արքան, մկրտուելով, վերանուանուած է Յովհաննէս։ Տրդատի մեծագործութիւններէն մէկն էր, որ անձամբ մասնակից եղած է Հռիփսիմեանց վկայարաններու եւ Սուրբ Էջմիածնի տաճարի կառուցման։ Ըստ Ագաթանգեղոսի, Տրդատ Մասիս սարէն իր յաղթական ուսերուն դրած ութ խոշոր քար բերած է եկեղեցիներու կառուցման համար։ Տաճարի հիմքերը փորելու գործին սիրայօժար մասնակցած են նաեւ Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտը։

Տրդատ թագաւոր, Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտ արքայաքոյրը մեծ չափով օգնած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածելու եւ ամրապնդելու գործին մէջ։ Անոնք, ձեռամբ առաջին քահանայապետի, մկրտուած են Արածանիի ջուրերուն մէջ։

Տրդատ թագաւոր իր ծերութեան օրերուն առանձնացած է Սեպուհ լերան վրայ, ուր ճգնած էր Սուրբ Գրիգորը, ապա, թունաւորելով, մահացած՝ 330 թուականին։ Սուրբ Տրդատի մարմինը ամփոփուած է Թորդան՝ Լուսաւորչի հանգստարանը։

Իսկ Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտը իրենց կեանքի վերջին տարիները անցուցած են Գառնիի ամրոցը՝ խաղաղութեան եւ մենութեան մէջ, սըրբութեամբ կնքած են իրենց կեանքը՝ ի սպառ հրաժարելով արքունիքի աշխարհիկ կենցաղէն։

 

ՍՈՒՐԲ ՇՈՒՇԱՆ ՎԱՐԴԵՆԻ

Հայ եկեղեցւոյ սուրբերը մեր պատմութեան էջերը զարդարող պայծառափայլ աստղեր են, որոնք դարեր շարունակ լուսաւորած են հայ կեանքի երկնակամարը. անոնցմէ շատեր, իրենց հզօր հաւատքով, անձնուիրութեամբ եւ բոլորանուէր հայրենասիրութեամբ այսօր եւս ներշնչումի աղբիւր են մեզի համար. անոնցմէ է Սուրբ Շուշան Վարդենին՝ (կամ Շուշանիկը) Վարդան Մամիկոնեանի աւագ դուստրը, որ պաշտելի սրբուհի է հայ եւ վրաց եկեղեցիներու մէջ։

Քաջն Վարդան Մամիկոնեան ունէր երկու աղջիկ, որոնցմէ մէկն ալ Վարդանոյշն էր, որ ամուսնացած էր Արշակունեաց տանուտէր Արշաւիր Կամսարակնին հետ։

Իսկ Վարդենին ամուսնացած էր վրաց բարեպաշտ իշխանապետ Աշուշա բդեշխի որդիին՝ Վազգէնին հետ։ Ան հայոց պատմութեան եւ վարքաբանութեան մէջ ծանօթ է իր Շուշան փաղաքշական անունով։ Վազգէն եւ Շուշան երեք տղայ եւ մէկ աղջիկ ունէին։ Օր մը ամուսինը, քաղաքական նկատառումներով, կը մերժէ քրիստոնէական հաւատքը, կը դառնայ բդեշխ եւ, կրօնափոխ ըլլալով կ'ամուսնանայ պարսիկ Պերոզ իշխանի զոքանչին հետ։ Շուշանը կը մերժէ կիսել ամուսնոյն հաւատուրացութիւնը, կը քաշուի եկեղեցիին կից փոքրիկ տնակ մը եւ հոն կ'ապրի աղօթքներով՝ միշտ մերժելով ամուսինին՝ դաւանափոխ ըլլալու առաջարկները։ Բդեշխը, Շուշանիկի նկատմամբ գործադրելով ծեծն ու սաստը, աղերսանքն ու խարդաւանքը, իսկ ապա նաեւ՝ բանտարգելութիւնը, ամէն կերպ կը փորձէ մղել կինը՝ քրիստոնէութենէ հրաժարման, սակայն Վարդան Մամիկոնեանին դուստրը կը մնայ անդրդուելի։ Սուրբ Շուշանիկը անընդմէջ իր ամուսինէն կը հալածուի՝ ապաւէն ունենալով միայն իր աներեր հաւատն առ Աստուած եւ իր մեծհօրմէն՝ Սուրբ Սահակէն իրեն կտակուած Սուրբ Աւետարանը։ Հաւատուրաց ամուսինը, տեսնելով Շուշանիկին ծով համբերութիւնն ու անընկճելի կամքը, անարգանքի ու ծեծի հետ յաճախ զայն կþանուանէր «Աշխարհաւեր Վարդանի դուստրը»։ Շուշանիկի կրած չարչարանքները կը շարունակուին եօթ տարի, եւ 475 թուականին կը մահանայ (որոշ տուեալներով անոր մահուան թուականն է 470 կամ 472)։ Ըստ Ուխտանէս պատմիչի՝ Շուշանիկին գերեզմանը Ցուրտավիի մէջ է, որ ուխտավայր դարձած է հայ եւ վրացի հաւատացեալներուն համար։ Յիշենք նաեւ, որ Սուրբ Շուշանիկը տնջամահ ընող Վազգէնը իր արժանի պատիժը ստացաւ 482 թուականին՝ հետեւեալ կերպով. Արեւելեան Վրաստանի Վախթանգ թագաւորը, որ մինչ այդ պարսից արքային ենթակայ քաղաքականութիւն կը վարէր, ըմբոստացաւ պարսկական գերիշխանութեան դէմ, առաջին հերթին իր հեղինակութիւնը հաստատելու համար ամբողջ Վրաստանի մէջ՝ ան յարձակեցաւ Գուգարքի հաւատուրաց Վազգէն իշխանին վրայ եւ սպաննեց զայն։

Հայ եկեղեցին Սուրբ Շուշան Վարդենիի յիշատակի օրը կը տօնէ Խաչւերացի երկրորդ Կիրակին յաջորդող Երեքշաբթի օրը՝ Սուրբ Փեփրոնէ եւ Սուրբ Մարիանէ կոյսերու տօնին հետ։

Շուշանիկի մասին տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւրը անոր չարչարանքներու «Վկայաբանութիւն»ն է, զոր մեզի հասած է հայերէն եւ վրացերէն լեզունով։ «Շուշանիկի վկայաբանութիւնը» կը պատկանի հայ միջնադարեան գեղարուեստական արձակի լաւագոյն յուշարձաններու կարգին...

 

ՍՈՒՐԲ ՍԱՆԴՈՒԽՏ 

Նորէն արքայական ծագում ունէր հայոց պատմութեան մէջ իր վարքով փայլած՝ Հայոց Սանատրուկ արքային դուստրը։ Ան կը նկատուի առաջին հայ մարտիրոսուհին։ Աշակերտելով Թադէոս առաքեալին՝ իր հօրմէն գաղտնի 15-ամեայ Սանդուխտ կþընդունի քրիստոնէութիւնը. Սանդուխտ Սանատրուկ արքայի միակ դուստրն էր։ Հայրը, գիտնալով այս, կը յորդորէ ետ դառնալ կռապաշտութեան, սակայն դուստրը կը մերժէ։ Զայրացած արքան կը հրամայէ սպաննել դուստրը։ Սուրբ Թադէոս կը թաղէ անոր մարմինը թաքուն տեղ մը, իսկ քանի մը օր վերջ ինք եւս կը նահատակուի՝ Սանատրուկի հրամանով... Թէ՛ Սանդուխտ եւ թէ՛ Թադէոս նահատակուած են արքայական ամարանոց Շաւարշաւան գիւղաքաղաքը։

Սուրբ Թադէոս առաքեալի գերեզմանը կը գտնուի Արտազ գաւառին մէջ (ներկայիս Իրանի Ատրպատական գաւառի արեւմտեան կողմը)։ Հետագային անոր գերեզմանին վրայ կառուցուեցաւ Սուրբ Թադէի վանքը։

Հայ Առաքելական եկեղեցին Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Սանդուխտի միացեալ յիշատակութեան օրը կը նշէ Պայծառակերպութեան տօնին յաջորդ Շաբաթ օրը (Սուրբ Թաթէոս առաքեալի յիշատակի օրը հայ եկեղեցին կը նշէ երկու անգամ)։

 

ՓԱՌԱՆՁԵՄ ԹԱԳՈՒՀԻ 

Փառանձեմ թագուհին, որ հայոց պատմութեան մէջ անուանուած է նաեւ հայոց տիկին, Մեծ Հայքի թագուհի եւ Տիկնանց տիկին, Արշակ Բ.ի կինն էր, Պապ թագաւորի մայրը։ Ան Սիւնեաց նախարարներու տոհմէն Անդովկ Սիւնիի դուստրն էր։ Նախքան Արշակի հետ ամուսնանալը՝ Փառանձեմ անոր հօրեղբօր՝ Գնել Արշակունիի կինն էր։ Արշակի կողմէ Գնելի սպանութենէն ետք արքան սիրած է Փառանձեմը ու կնութեան առած զայն։ Հայոց պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդի հաղորդմամբ՝ հետագային, երբ Արշակ քաղաքական նկատառումով ամուսնացած է Բիւզանդիայէն բերուած Ողիմպիայի հետ, Փառանձեմ թագուհին արքունի երէց Մրջիւնիկի միջոցով թունաւորած է արքայի հռոմէացի կինը ու վերականգնած՝ առաջին տիկնոջ իր պատիւն ու համբաւը։ Ան կը զգար, որ այդ նորայայտ հայոց դշխոն Հայաստանի մէջ Հռոմի իրաւունքներու ու շահերու պաշտպանն էր լոկ եւ եկած էր լրտեսելու հայոց արքունիքէն։

Նշանակալի դեր ունեցած է Փառանձեմ թագուհին՝ հայոց արքունիքի մէջ։

Փառանձեմի կերպարը, որպէս գեղեցիկ, հպարտ եւ հայրենասէր հայուհիի, պատկերուած է Ռաֆֆիի, Ստեփան Զօրեանի, Պերճ Զէյթունցեանի պատմավէպերուն մէջ, Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերային մէջ։ Փառանձեմ թագուհիի կերպարը հակասական կերպար է. ոմանց համար ան հերոս էր ու արժանավայել թագուհի, ոմանց համար՝ դեւերուն ծախուած չար կախարդ։ Ոմանց համար ան օրինակ էր առաքինութեան, հայրենասիրութեան ու նուիրուածութեան, ոմանց համար՝ անբարոյ կին։ Անկախ իրերամերժ գնահատանքներէն՝ Փառանձեմ թագուհին նուիրեալն էր իր երկրի, իր ազգի եւ պետութեան։ Սիւնիքի Բաղաբերդ գիւղին մէջ աղբիւր մը կայ՝ Փառանձեմի աղբիւրը։ Մինչ օրս մայրանալ պատրաստուող հայոց կիները կը խմեն այդ աղբիւրի ջուրէն, որպէսզի իրենց պտուղը առողջ ու հայրենանուէր ըլլայ։ Մայրերը նաեւ իրենց աղջիկներուն երեսը կը լուան այդ ջուրով, որպէսզի անոնք Փառանձեմին նման գեղեցիկ եւ տոկուն ըլլան։

 

ՍԱԹԵՆԻԿ

Սաթենիկ Ալանաց թագաւորի աղջիկն էր, որ ամուսնացած էր Հայաստանի թագաւոր Արտաշէս Ա.ի հետ։ Անոնց սիրային պատմութիւնը, ճանչցուած իբրեւ «Արտաշէս եւ Սաթենիկ», գրի առած է Մովսէս Խորենացին՝ ժողովրդական երգիչներէն։

Աւանդազրոյցը հայոց հին ժողովրդական վէպի՝ «Վիպասանք»ի հրաշալի պատմութիւններէն մէկն է։ Ստեղծուած է հաւանաբար նախքան Քրիստոս Բ.-Ա. դարերուն։ Ըստ այդ զրոյցի՝ ալանները (ներկայիս օսերու նախնիները) կողոպուտի նպատակով ներխուժած են Հայաստան։ Հայոց Արտաշէս արքան պատերազմի դուրս ելած է անոնց դէմ։ Ալանները փոքր-ինչ ետ քաշուած եւ անցած են Կուր գետի միւս ափը։ Արտաշէսը կռուի ժամանակ գերեվարած է ալաններու արքայազնը եւ անոնց թագաւորը ստիպուած հաշտութիւն խնդրած է՝ խոստանալով այլեւս չասպատակել հայոց աշխարհը։ Արտաշէս մերժած է վերադարձնել ալաններու արքայազնը։ Ալաններու չքնաղ արքայադուստր՝ Սաթենիկ, եղբայրը փրկելու համար դուրս ելած է գետափ եւ ձայն տուած հանդիպակաց ափին գտնուող Արտաշէսին... Ծանօթ է աւանդազրոյցին այս հատուածը.

«Քե՜զ եմ ասում, քա՜ջ այր Արտաշէս,
Որ յաղթեցիր քաջ ազգին ալանաց,
Եկ լսիր ալանների գեղաչեայ դստեր խօսքը՝
Տո՛ւր պատանուն,
Քանզի սոսկ քէնի համար օրէնք չէ,
որ դիւցազունները
Այլ դիւցազունների զաւակներին
զրկեն կեանքից
Կամ ծառայ դարձնելով՝
ստրուկների կարգում պահեն
Եւ յաւերժ թշնամութիւն
Երկու քաջ ազգերի մէջ հաստատեն»։

Արտաշէս, լսելով այդպիսի իմաստուն խօսքեր եւ տեսնելով գեղեցիկ արքայադուստրը, կը սիրահարուի անոր։ Ան անմիջապէս իր դայեակ Սմբատը կ'ուղարկէ ալաններու թագաւորին քով՝ խնդրելու Սաթենիկի ձեռքը՝ խոստանալով հաշտութիւն կնքել եւ անոր գերեվարուած որդին վերադարձնել։ Ալանաց թագաւորը, ըստ իրենց սովորութեան, գլխագին կը պահանջէ դստեր համար, որու իբրեւ հետեւանք Արտաշէս կ'որոշէ փախցնել Սաթենիկը. 

«Հեծաւ արի արքայ Արտաշէսը
գեղեցիկ Սեւուկ նժոյգը
եւ հանեց ոսկէօղ պարանը
եւ որպէս սրաթեւ արծիւ
անցկացաւ գետը
եւ նետեց ոսկէօղ շիկափոկ պարանը,
Գցեց մէջքը ալանաց օրիորդի
եւ շատ ցաւեցրեց մէջքը փափուկ
օրիորդի՝ արագ հասցնելով նրան իր բանակը»։

Արտաշէս Սաթենիկը բերած է հայոց Արտաշատ մայրաքաղաքը։ Թագաւորները հաշտուած են եւ դաշինք կնքած։ Արքայական հարսնիքին ժամանակ ոսկի ու մարգարիտ տեղացած է, ինչ որ ալ պատկերաւոր նկարագրուած է Խորենացիի պատմութեան մէջ. 

«Ոսկի անձրեւ էր տեղում
Արտաշէսի փեսայութան պահին,
Մարգարիտ էր տեղում
Սաթենիկի հարսնութեան պահին»։

Այս սովորոյթը պահպանուած է մինչեւ օրս. հարսանիքի ժամանակ չամիչ, չոր պտուղներ, ցորեն կամ բրինձ շաղ կուտան՝ իբրեւ առատութեան ու պտղաբերութեան խորհրդանիշ։

Արտաշէսը Սաթենիկը կը դարձնէ իր կիներու մէջ առաջինը։ Սաթենիկէն կը ծնին Արտաւազդը եւ ուրիշ շատ զաւակներ։

 

ԷՐԱՏՕ 

Հայոց պատմութիւնը հարուստ է թագուհիներով, որոնք եղած են նշանաւոր իշխանական ընտանիքներու իշխանադուստրեր եւ, ամուսնանալով հայոց արքայազներուն հետ՝ դարձած են թագուհիներ, բայց բացառիկ եղած են այնպիսի դէպքերը, երբ դուստրը հօրմէն ետք ժառանգած է գահը, կամ մինչ հօր մահը, անոր կտակին համաձայն դարձած է տոհմական թագուհի։ Եզակի այդ դէպքերը կը վկայեն, որ կինն ալ կարող է ըլլալ հայ թագաւորութեան շարունակողն ու երկրի ղեկավարը։

Անոնցմէ է հայոց թագուհի Էրատոն (ծննդեան եւ մահուան թուականը՝ անյայտ)։ Ան Արտաշէսեան հարստութեան վերջին գահակալն էր, Տիգրան Գ.-ի դուստրը... Եղբօր՝ Տիգրան Դ.-ին հետ ան ժառանգած է հօր գահը։ Էրատոյի մասին գրականութեան մէջ միշտ կը տպագրուի պատկեր մը, որ վերականգնուած է ըստ Էրատոյի եւ եղբօր՝ Տիգրան Դ.ի համատեղ արծաթեայ դրամի, որուն մէկ կողմը պատկերուած է Տիգրան Դ.ին, իսկ դրամի դարձերեսին պատկերուած է քոյրը՝ «Էրատօ թագուհի հայոց» մակադրութեամբ։

Էրատօ թագուհիի կերպարին անդրադարձուած ատեն միշտ հարց առաջացած է, թէ ո՞րն էր եղբօր հետ միասին Էրատոյին գահ բարձրացնելու նպատակը։ Մասնագէտներու ենթադրութիւնները թոյլ կուտան հասկնալու, որ ատոր պատճառներէն մէկը ամենայն հաւանականութեամբ Էրատոյի ղեկավարելու ընդունակութիւնները եղած են եւ եղբօրը ամէն հարցի մէջ սատար կենալու պատրաստակամութիւնը։ Ցաւօք, Էրատոյի գահակալման մասին մեզի շատ քիչ տեղեկութիւններ հասած են, իսկ հասած տեղեկութիւններն ալ կցկտուր են եւ բնականաբար ամբողջութեամբ չեն բնութագրեր թագուհիի կերպարը։

Խառնակ այդ ժամանակներուն ան այնքան ալ չյաջողեցաւ թագաւորութիւնը փրկել, քանի որ այլեւս Արտաշէսեան արական ներկայացուցիչ չկար, Էրատօ իրաւամբ վերջինն էր եւ անոր զաւակները չէին կրնար Արտաշէսեան համարուիլ։

 

ԶԱՊԷԼ ԹԱԳՈՒՀԻ 

Զապէլ թագուհին Ռուբինեան Կիլիկեան Հայաստանի հայոց թագուհին էր. ծնած է 1215 թուականին՝ Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքը, ժառանգած է հօր՝ Լեւոն Բ. Մեծագործին գահը։ Ըստ Լեւոն Բ.ի եւ Անտիոքի դուքս Բուհեմունդի դաշինքի, Լեւոն Բ.ի եղբօր՝ Ռուբէնի դուստրը՝ Ալիսը եւ Անտիոքի գահաժառանգ Ռայմոնդի որդին՝ Ռուբէն Ռայմոնդ պէտք է ժառանգէին Անտիոքի եւ Կիլիկիայի գահը, սակայն Ռուբէն Ռայմոնդ թուլամորթ գտնուեցաւ եւ վերջին Լեւոն Բ.ն բարեբախտաբար զրկեց գահէն՝ զայն կտակելով իր մանկահասակ դստեր՝ չորս ամեայ արքայադուստր Զապէլին։ Փոքրիկ թագուհիի խնամակալ կը դառնայ Կոստանդին գունդստաբլը, որ Հեթումեան տոհմի իշխան էր։ Մինչեւ որ թագուհին մեծնար՝ երկիրը կը կառավարէր Կոստանդին գունդստաբլը։ Այս շրջանը Կիլիկիոյ համար ռազմաքաղաքական բարդ ժամանակաշրջան էր՝ Խաչակրաց հինգերորդ արշաւանք, տարածաշրջանի մէջ բախումներ... 1219 թուականի Մայիս 2-ին Զապէլ կը թագադրուի որպէս Կիլիկիոյ հայոց թագուհի։ Կոստանդին գունդստաբլը 1222 թուականին քաղաքական նկատառումներով մանկահասակ թագուհին կ'ամուսնացնէ Անտիոքի դուքսի որդիին՝ Ֆիլիփին հետ, սակայն Ֆիլիփ թագուհիին համար ճիշդ ուղեկից չէր, քանի որ հայասէր չէր, չարաշահումներ կþընէր եւ արքունիքը լեցուցած էր խաչակիր ասպետներով։ Ան 1225 թուականին կը սպաննուի մարտի ժամանակ։ Այս անգամ Կոստանդին Գունդստաբլ կþիրագործէ իր վաղեմի ծրագիրը եւ 1226 թուականի Յունիսին Տարսոն քաղաքի Սուրբ Սոֆիա տաճարին մէջ տասնմէկ ամեայ Զապէլ թագուհին կ'ամուսնացնէ իր որդիին՝ Լամբրոնի տէր Հեթումին հետ։ Անշուշտ, թագուհիին այդքան վաղ ամուսնութիւնը ամուսնութիւն չէր իսկական իմաստով, այլ՝ քաղաքական նկատառում եւ նպատակ ունէր։ Հեթում կը դառնայ ոչ թէ միանձնեայ թագաւոր, այլ ընդամէնը՝ Զապէլ թագուհիի գահակիցը, քանի որ օրէնքին առջեւ միապետը Զապէլ թագուհին էր։ Երբ արդէն Զապէլ չափահաս էր, անոնց ամուսնութիւնը արդէն իսկապէս հաստատուեցաւ եւ Հեթում ու Զապէլ միասին ունեցան հինգ դուստր եւ երեք որդի, որոնցմէ մէկը հետագային գահակալեց Լեւոն Գ. անունով։

Զապէլ թագուհիի կառավարման շրջանը իրօք մեծ վերածնունդի շրջան էր. այս շրջանին էր, որ թագուհիի հովանիի տակ երկրին մէջ կը գործէին նշանաւոր գիտնականներ եւ մշակութային գործիչներ՝ Մխիթար Հերացին, Թորոս Ռոսլինը, Վարդան Այգեկցին, Սարգիս Պիծակը եւ այլք։ Խելացի եւ իմաստուն թագուհին, իչնպէս զինք բնութագրած են ժամակակիցները, մահացած է 1252 թուականին՝ երեսունեօթ տարեկանին։ Անոր մարմինը ամփոփած են Դրազարկի թագաւորական դամբարանին մէջ։ Զապէլ թագուհին Էրատոյի նման իր հարստութեան վերջին ներկայացուցիչն էր՝ վերջին Ռուբինեանը, իսկ անկէ ծնած երախաները արդէն նոր՝ Հեթումեան հարստութեան ներկայացուցիչներ էին։

Պահպանուած են Զապէլի եւ Հեթումի պատկերներով դրամներ։

Միայն այս հայ կիները չէ, որ հայոց պատմութեան մէջ նշանակելի դեր ունեցած են։ Մեր պատմութենէն ծանօթ է, որ հազարաւոր հայ կիներ իրենց եղբայրներուն եւ ամուսիններուն քով եղած են մարտնչող զինուորներ, բարեգործ եւ գթասիրտ գործիչներ։ Յիշենք Աւարայրը, երբ «Տիկնայք փափկասուն հայոց աշխարհի» զէնք վերցուցին ոսոխին դէմ, յիշենք բարեգութ եւ որբախնամ Խոսրովանոյշ թագուհին՝ Աշոտ Բ. Ողորմած Բագրատունի արքայի կինը, որ կառուցեց Հաղբատն ու Սանահինը, յիշենք Կիւրիկեան արքայադուստրեր Մարիամը, Ռուսուքանը, Բորինան, որոնք բեղմնաւոր գործունէութեամբ ճարտարապետական հրաշագեղ կոթողներ ստեղծած են Լոռիի մէջ։

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
"Ժամանակ"