Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հոկտեմբեր 6, 2013: Երեկոյեան ժամը 6:30ն է: Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարան: Խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած է յիշատակելու վաստակաւոր գրագէտ, թատերագիր, բանաստեղծ եւ դաստիարակ Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100ամեակը:

Կառատունը լեցուած է: Մարդիկ շուարած են՝ ո՞ւր կանգնեցնել ինքնաշարժները, մինչ այդ սրահը արդէն լեցուած է: Հազիւ սրահէն ներս մտած՝ գրադարանին տնօրէնութիւնը կը հրահանգէ փակել դռները: Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը խիստ է: Կարելի չէ սահմանուած թիւէն աւելի մարդ ընդունիլ: Օրէնքը բոլորին համար է անխտիր: Անկիւն մը վրայ վրայի դիզուած քանի մը աթոռներ կը տեսնեմ: Անմիջապէս հատ մը առնելով՝ կ՛երթամ եւ կը տեղաւորուիմ անկիւն մը: Ոտքի չեմ, եւ իրաւունք չունին զիս սրահէն դուրս հանելու: Նոյն վայրկեանին անձ մը, «կը ներէք» ըսելով՝ աթոռ մը շալկած դժուարութեամբ կը հասնի ճիշդ քովս, եւ… «Հրամեցէք, խնդրեմ՝ նստէք»: Աթոռը վերապահուած է Մուշեղ Իշխանի զաւակին՝ Արմիկ Ճենտերեճեանին, որ ինծի պէս վերջին վայրկեանին հասնողներէն է:

Հանդիսութիւնը կազմակերպուած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի ընկերակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ:

Պարտք կը զգամ յիշելու տոքթ. Մհեր Պապեանին անունը, որ ճեմարանականներու կողմէ իբրեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ՝ մեծապէս նպաստեց ձեռնարկի յաջողութեան:

Օրուան հանդիսավարն է Հրաչ Սեփեթճեան, իսկ զոյգ բանախօսներ՝ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, որ ներկայացուց «Մուշեղ Իշխան դաստիարակը», եւ տոքթ. Սահակ Պաղտասարեան, որ փոխանցեց շրջանաւարտի սրտի խօսքը: Երկու բանախօսներն ալ ճեմարանաւարտ են եւ իրենց խօսքերուն մէջ յաճախ կը մէջբերեն Մուշեղ Իշխանի բոլորին ծանօթ հիւմուրէն օրինակներ: Հաճելի է վերյիշել դասարանին մէջ պատահած դէպքեր, դրուագներ, որ Խաղաղականի այս օտար ափերէն մեզ կը փոխադրէ մեր սիրելի Ճեմարանը:

Մէջընդմէջ տեղի կունենայ գեղարուեստական յայտագիր՝ գաղութիս ծանօթ արուեստագէտներու կողմէ:

Երրորդ բանախօսն է Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ տոքթ. Մինաս Գոճայեան, որ կը ներկայացնէ օրուան մեծարեալին՝ Մուշեղ Իշխանին գրականութեան այլազան բնագաւառները՝ բանաստեղծութիւն, արձակ, վէպ եւ թատրերգութիւն: Մուշեղ Իշխանի գործերը ամբողջութեամբ կարդացած եմ, սակայն զիս ամենաշատը տպաւորած է «Իմ ուսուցիչներս» հատորը: Երանի կու տամ անոր, որ ունեցած է Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի նման ուսուցիչներ: Իսկ մենք արդեօք նուա՞զ բախտաւոր ենք: Մենք ալ մեր կարգին ունեցած ենք Մուշեղ Իշխանը: Երբ բանախօսը կը խօսի սոյն հատորին մասին, վայրկենական կը մտածեմ. «Երանի ես Մուշեղ Իշխանի գրելու յատկութեան մէկ պզտիկ մասնիկը ունենայի, անվարան պիտի գրէի ուսուցիչիս՝ Իշխանին մասին: Իշխան, բառին իսկական առումով: Միայն ուսուցիչ չէ, ինչպէստոքթ. Յարութիւն Արմէնեան նշեց, «Պապա ուսուցիչ» է: Հապա՞ իր աշակերտներուն մօտենալու ձեւը, այնքա՛ն իւրայատուկ:

Հանդէսի աւարտին բեմ կը հրաւիրեն Մուշեղ Իշխանին զաւակը՝ Արմիկ Ճենտերեճեանը: Արմիկ ո՛չ բանաստեղծ է, ո՛չ գրագէտ եղէր է, ո՛չ ալ ճարտասան: Հոգեբոյժ է, այնքա՜ն տարբեր իր սիրելի հօրմէն, սակայն հակառակ յանպատրաստից բեմ հրաւիրուելուն՝ կը կարողանայ քանի մը վայրկեանի մէջ ամփոփել հօրը ներաշխարհը: Նախ կը շեշտէ, թէ հայրը վստահաբար շատ ուրախ պիտի ըլլար, երբ տեսնէր ճեմարանականներ եւ թէքէեանականներ միացած կը տօնեն իր հարիւրամեակը, մանաւանդ երբ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: Կը յիշէ, նաեւ, թէ Դանիէլ Վարուժան, իբրեւ հայ բանաստեղծ, եւ Ալպեր Քամիւ՝ ֆրանսացի գրող, երկուքը եղած են իր հօր հերոսները: «Ուրախ եմ, որ վերջապէս հօրս ծննդեան իսկական թուականը ճշդուեցաւ», կը շեշտէ ան: Մուշեղ Իշխանի ծննդեան թուականը միշտ ալ յիշուած է 1912էն 1914ի միջեւ, եւ յիշեցուց նաեւ, որ յայտնի գրող Անդրանիկ Ծառուկեան, որ դասընկեր եղած է Իշխանին, ամէն անգամ որ իրենց երթար, կը կատակէր. «Ամէն մարդ մէկ անգամ կը ծնի, իսկ դուն երեք անգամ ծնած ես»:

Մարմինով սրահին մէջ եմ, միտքով՝ հեռու, ծննդավայրս՝ Լիբանան, Ճեմարան: Նոյն դասարանին մէջ ենք բոլորս մեծով ու պզտիկով եւ բոլորս ժպիտով կը վերյիշենք իր իւրայատուկ հիւմուրը:

- Աղջիկ քիչ մըն ալ դուն քեզմէ գրէ, կը բաւէ քովինիդ նայիս:

- Քոփի ընելով ալ մարդ կը սորվի… Քոփի ըրէք՝ միայն բան մը գրեցէ՛ք:

Օր մը Սեդան շարադրութիւն մը գրած էր, մեծ մասը՝ խօսակցութիւն, կա՛րճ կտրո՛ւկ:

Պարոն Մուշեղը բարձրագոյն նիշը դրաւ եւ կարդաց բոլորիս:

Շատ զարմացանք, որովհետեւ մինչեւ այդ ժամանակ մեր շարադրութիւնները հազար ու մէկ ածականներով կը զարդարէինք: Կը յիշեմ պրն. Մուշեղին խօսքը. «Պայման չէ, որ ըսելիքնիդ զարդարէք, երկարէք աւելորդ պակաս ածականներով: Կարեւորը՝ ճիշդ նախադասութիւններ կազմելով ընթերցողը գրաւէք»:

Սահակ Պաղտասարեան գրաւորի ժամանակ թոյլ կու տայ, որ քովի ընկերը ընդօրինակէ: Պարոն Մուշեղ՝ առանց բարկանալու. «Սահա՛կ, այդ թուղթդ քիչ մըն ալ անդին տար, խեղճ տղուն աչքերը ծռեցան»:

Պարոն Մուշեղ գրատախտակին վրայ կը գրէ գրաւորի հարցումները, գիտէ՝ ինչ կը պատահի ետեւը դասարանին մէջ. «Գիրքերը կրնաք գոցել, հիմա պիտի դառնամ»:

Օտար վարժարան յաճախող աշակերտուհի մը անձնական դասեր կ՛առնէ Մուշեղ Իշխանէն: Պարոն Մուշեղ սրբագրած ժամանակ կը նկատէ, թէ էջը լեցուն է տառասխալներով: Էջի վերջաւորութեան երբ կը նկատէ, թէ լման էջը կարմիր մելանով սրբագրուած է, ձանձրացած՝ «Այսօր ալ «գաղափար»ը «ք»ով թող գրուի»:

Վազգէն հայոց պատմութեան պահուն անզգալաբար բարձր ձայնով կը սկսի երգելու «Tombe la neige» երգը: Պարոն Փամպուքեան ջղայնացած դասարանէն դուրս կը դնէ զայն: Նոյն վայրկեանին տիկին Գոհար դէմը ելլելով՝ կը հարցնէ դուրս դրուելուն պատճառը, եւ երբ կ՛իմանայ, կատակով կը հարցնէ՝ «Ի՞նչ երգեցիր»: «Ես իմ անուշ Հայաստանի», կ՛ըլլայ Վազգէնին պատասխանը, մինչ այդ, պարոն Մուշեղ լսելով խօսակցութիւնը՝ «Տիկին Գոհար, մենք չենք գիտեր քաջալերել արուեստը, փոխանակ գնահատելու՝ դասարանէն դուրս կը դնեն խեղճ տղան»:

Գրաւորի ժամանակ պարոն Մուշեղ կը նկատէ, թէ երկու հոգի անդադար իրարու թուղթ կ՛առնեն կու տան, բաւական մը համբերելէ ետք՝ «Ամէն ինչ տեսած էի, սակայն «օրթախութեամբ» ալ գրաւորի չէի հանդիպած»:

Սրբուկը պէտք է արտասանէ բանաստեղծութիւն մը: Ժամանակ չէ ունեցած սորվելու, շատ հաւանաբար մէկ գիշեր առաջ ՀՄԸՄի ակումբն էր՝ երկար ատեն պասքեթպոլի փորձերով զբաղած: Գիրքը դրած է իր առջեւ նստող Վաչէին կռնակը եւ փոխանակ արտասանելու՝ կը կարդայ: Վաչէ անհանդարտ է, գիրքը կ՛իյնայ: Պարոն Մուշեղ փոխանակ Սրբուկին բարկանալու, դառնալով Վաչէին՝ «Տղա՛յ, քիչ մը հանդարտ կեցիր, որ աղջիկը կարենայ կարդալ»:

Յանկարծ կը սթափիմ: Հանդէսը հասած է իր աւարտին: Խումբ մը ճեմարանականներ կը վազեն Արմիկին քով՝ շնորհաւորելու հօրը հարիւրամեակը, շատեր հիւրասիրութեան սեղան՝ գաւաթ մը սուրճ, կամ անուշեղէն մը համտեսելու, իսկ քանի մը հոգի՝ ուղղակի տուն: Յաջորդ օրը Երկուշաբթի է, Լոս Անճելըսի հեւիհեւ վազքի ուրիշ օր մը, մինչ այդ Մուշեղ Իշխան իր յաւիտենական հանգիստը գտած, շրջապատուած Շանթով, Աղբալեանով, Օշականով ու Վրացեանով, վստահ եմ՝ երջանիկ է: Ո՞վ գիտէ, կրնայ ըլլալ, որ Ճեմարանի նոր մասնաճիւղ մըն ալ բացած են վերը՝ յաւիտենականութեան մէջ ապրողներուն համար:

«Մեր բոլորին դուն ուխտավայր՝ Ճեմարան»: 

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ