Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Չկայ տուն մը կամ խանութ, որ հայելի չունի։ Չկայ վերելակ մը կամ պայուսակ, որ հայելի չունի։ Մինչեւ իսկ ինքնաշարժին, նաւին ու օդանաւին մէջ կը գտնենք այդ առարկան։ Այլ խօսքով՝ աշխարհի վրայ չկայ անկիւն մը, ուր հայելի չգտնուի։ Այս առարկան՝ մարդուն շատ գործածական իրերէն մին է։

Մարդն ամէն օր մէկ կամ քանի մը անգամներ կը կանգնի անոր դիմաց մեծ վստահութեամբ։ Որովհետեւ հայելին միակն է, որ ցոյց կու տայ իր դիմացի պատկերը, այնպէս ինչպէս որ է, առանց որեւէ փոփոխութիւն կատարելու։ Եւ անոր հիման վրայ մարդ կը սկսի իր դէմքին վրայ առաւել կամ նուազ դասաւորումներ կատարել կամ հագուստի փոփոխութիւն եւայլն։ Ուրեմն ան ապահովութիւն ալ կու տայ մարդուն։

Հայելին պարզ առարկայ մըն է, բայց ունի այլ կարեւոր յատկութիւն մը եւս։ Ան մարդուն հետ հաղորդականութեան մէջ կը մտնէ։ Շատ անգամներ անոր հետ կը խօսի առանց ձայնի, կը ներշնչէ ու կÿոգեւորէ առանց շարժելու, որմէ ետք երեւակայական աշխարհի դուռը կը բանայ անոր դիմաց։ Հետեւաբար անմիջական կապ մը ունի ան մարդու ներաշխարհին հետ եւ այդ փոխ յարաբերութիւնը իր յատուկ ազդեցութիւնը կը ձգէ անհատին վրայ եւ անորմէ շրջապատին։

Մարդ մը հայելիին դիմաց կը տեսնէ իր դէմքին գեղեցկութիւնը ու կը զմայլի։ Եւ այդ զգացումին շարունակութիւնը զինք կÿառաջնորդէ դէպի երեւակայութեան աշխարհ։ Հոն ժամանակաւոր երազներ կը հիւսուին, ծրա- գիրներ կը մշակուին եւ երանական մթնոլորտ մը կը շրջապատէ։ Այս բոլորը կը պատահին շատ արագ, որու աւարտին մարդը երանական աշխարհէն նոյն արագութեամբ կը վերադառնայ ասդի աշխարհ ու կը շարունակէ իր աշխատանքը։ Ուրիշ մը հայելիին դիմաց իր մարմնի գեղեցկութիւնը կը տեսնէ կը հիանայ եւ աչքառու անձ մը ըլլալու յաւակնութիւնը կÿունենայ։ Երիտասարդ մը կը դիտէ իր ֆիզիքական կազմուածքը եւ հերոսի ու յաղթականի ոգին կը զօրանայ իր մէջ։ Այլ անձ մը հայելիին մէջէն կը տեսնէ իմաստուն մարդու դէմքը եւ եզակի անձնաւորութիւն մը ըլլալու տպաւորութիւնը կÿարթննայ իր մէջ։ Ու այսպէս, ամէն մէկ անհատ հայելիին դիմաց կը քննէ նախ իր արտաքինը եւ ապա կÿապրի երազական ու երանական իր աշխարհը։ Իսկ ոմանց մօտ, այդ իւրայատուկ պահը այնքան ազդեցիկ կը դառնայ, որ երազն ու երանին կը շարունակուին նոյնիսկ հայելիէն հեռու, երբեմն ալ օրուան կամ շաբթուան տեւողու-թեան ընթացքին։ Հայելին մարդուն կը խօսի եւ կը խօսեցնէ ու շարժումի մէջ կը դնէ։ Անհաւատալի երեւոյթ, բայց իրաւ։

Մարդը հայելիին դիմաց...

Բայց ո՞վ կը նայի իր աչքերուն։ Ոչ գոյնին կամ ձեւին, այլ աչքերուն, որոնք կը խօսին եւ շատ բաներ կ'ըսեն։ Ո՞վ կը նայի իր աչքերուն խորը, որոնք կÿառաջնորդեն իր ներաշխարհը։ Այն աշխարհը, ուր կը ծնի ու կը կազմուի իր էութիւնը։ Աչքը լաւագոյն ճանապարհն է մտքի գործակցութեամբ դէպի ներսը թափանցելու եւ յաջորդաբար մեծագոյն աղբիւրն է իղձին, որ դարձեալ կը գտնուի ու կ'ապրի նոյն աշխարհին մէջ։ Մարդ արարածը աչքի մէկ նայուածքով կը սիրէ, աչքի մէկ նայուածքով կը ներշնչուի, կը կարօտնայ, կը վախցնէ, կը համոզէ, կը տխրի, կը պատկերացնէ, կը յուսահատի եւայլն։ Այսինքն՝ աչքի մէկ նայ- ւածքով կÿազդէ եւ կամ կÿազդուի։ Աչքն է կեանքի պատուհանը։ Անորմով մարդ նախ ինքնիրեն կը ճանչնայ, ապա աշխարհը։ Սակայն շատեր կը խուսափին հայելիին դիմաց իրենց աչքերուն մէջ նայելու, այլ խօսքով իրենց իսկութիւնը տեսնելու։ Հետաքրքրութեամբ կը դիտեն իրենց արտաքինը, բայց լուռ կ'անցնին ներքինէն, որովհետեւ այդտեղ պիտի հանդիպին իրենց անհատականութեան կազմուածքին։ Այդտեղ դէմ յանդիման պիտի գան իրենց շինծու կամ իսկական դէմքին։ Հոն պիտի տեսնեն իրենց բուն գեղեցկութիւնը, հոգեկան ու մտային հարստութիւնը, օգուտը եւ կամ լրիւ հակառակը՝ ամօթալի վիճակը, ցաւալի կացութիւնը եւ վնասը, նախ իրենց ապա շուրջին։

Բայց ինչո՞ւ փախուստ կու տան գրեթէ բոլորը։ Որմէ՞ կը վախնան։ Կարելի՞ է մարդու մը արտաքինը ներքինէն խուսափի։ Դժուա՞ր է արդեօք արտաքին ու ներքին դէմքերու իրար հանդիպումը։ Մարդոց դէմքերէն կրնանք գիտնալ պատասխանը, թէ դժուար է այդ մէկը։ Իսկութեան մէջ երկու դէմքերը իրարու կրնան հանդիպիլ երբ երկուքին միջեւ հոգեկան ու մտային ներդաշնակութիւն կը գոյանայ, երբ տեսողականը զգացականին լրացուցիչ դերը կը կատարէ։ Մինչ հակառակ պարագային՝ մէկը միւսին կը հակազդէ եւ վանողական տրամադ- րութիւն կը ստեղծէ։ Արդարեւ կարելի չէ մարդ մը միաժամանակ երկու տարբեր դէմքեր ու- նենայ, անոնցմով ապրի, գործէ ու յաջողութիւն գտնէ։ Երբ դէմք կ'ըսենք կը նշանակէ նաեւ նկարագիր։ Լաւ ու վատ դէմքերու միջեւ կարելի չէ ստեղծուի զգացական ու իմացական կապ։ Ոչ ալ ենթական կրնայ այդ կապը շինել։ Տրամաբանութիւնն ու զգայնութիւնը ոեւէ մէկ ձեւով չեն կամրջեր անոնց միջեւ։

Շատ շատեր ներքին վատ դէմքը ծածկելով մեծ ճիգ կը թափեն արտաքնապէս իրենք զիրենք լաւ ձեւացնելու։ Խօսակցութեան յատուկ ոճով, քաղաքավար շարժուձեւերով եւ որոշ աշխատանքներով կը փորձեն դրական տպաւորութիւն թողել շրջապատին։ Այս մէկը շինծու եւ կեղծիք կը նկատուի, քանի անոնց ներքին դէմքը՝ իսկականը, շահախնդիր ու վնասակար նպատակ մը կը հետապնդէ։ Այս քաղաքականութեամբ ենթական կը համոզուի, թէ համոզած է դիմացինը։ Եւ հակառակ այդ բոլոր ծրագրուած աշխատանքին ու տագնապին, քիչ ժամանակ անց արդէն ի յայտ կու գայ իւրաքանչիւրի անունն ու մականունը։ Մարդ արարածը զօրութիւնն ու կամքը չունի ամբողջ կեանք մը ապրելու երկու տարբեր երեսներով։ Անկարելի է այդ մէկը։ Անոր կամեցողութենէն դուրս աշխարհի վրայ ուժ մը գոյութիւն ունի, որ անպայման կը յայտնաբերէ դէմքերու տարբերութիւնն ու իրականութիւնը։ Այսպիսով անոնք մեծ սխալ կը գործեն ու Աստուծոյ առջեւ կը մեղանչեն։  

Կեանքն ու ժամանակը ցոյց տուած են, թէ քիչեր հայելիին դիմաց կը նային իրենց աչքին խորը։ Քիչեր կ'ուզեն տեսնել ու քննել իրենց ներաշխարհը։ Պատճառը՝ մարդկային առաքինութեանց անկումն է դժբախտաբար։ Ու այդ անկումը այնքան վնաս հասցուցած է մարդոց, որ քիչեր կարողութիւնը ունին տեսնելու իրենց սխալը եւ սրբագրելու։ Քիչեր կը յանդգնին նայիլ իրենց ներքին աւերակ վիճակին եւ ապա կը փորձեն վերականգնել բարոյականը։ Քիչեր քաջութիւնը ունին տեսնելու իրենց ներքին աղքատութիւնը եւ մերկութիւնը, որմէ ետք մարդկային արժանիքները ոգեւորելով ջանք կը թափեն հարստացնել իրենց հոգեկանն ու մտայինը։ Քիչեր կÿանդրադառնան իրենց տգիտութեանը, որմէ ետք կÿաշակերտեն գիտութեան լոյսը ստանալու համար եւ գիտակցութեան չափանիշը բարեփոխելու։ Բայց քիչեր՝ դժբախտաբար քիչեր միայն։

Հայելիին առջեւ մարդ կը կանգնի իր աչքին դիմաց, անձին դիմաց, այսինքն կը կանգնի իր խղճին դիմաց։ Եւ մարդուն մէջ չկայ խիղճէն աւելի զգայուն ու զօրաւոր ապրում։ Ան ղեկն է մարդու ընթացքին եւ ճակատագրին։ Խիղճը հայելիի նման է, կը տեսնէ միայն ճշմարիտը եւ անոր հիման վրայ կը գեղեցկացնէ մարդուն դիմագիծը իր երկու մասերով։ Միւս կողմէ ան կեղծիքի մեծագոյն թշնամին է եւ զայն կործանելու միակ միջոցը։  

Մարդը հայելիին դիմաց իր ճշգրիտ պատկերը պիտի տեսնէ միայն։ Յանցաւորը սակայն հայելին չէ, քանի ան չխաբեր մարդուն, այլ մարդն է, որ կը խաբէ ինքզինք։ 

Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան
Գոմոթինի, 2013