Երկու տասնամեակի վրայ երկարող Հայաստանի վերականգնեալ անկախութեան շրջանը վճռորոշ ժամանակ է՝ արժեւորելու համար մեր ազատ հայրենիքի անցած ուղին, իր դժուարութիւններով ու նուաճումներով։
Անկախ պետականութիւն։ Ազգի մը գոյութիւնն ու շարունակականութիւնը երաշխաւորող եւ անոր դիրքը ապահովող հիմնական կռուանը, 20ամեայ անկախութեան տէր երիտասարդի յաղթ քայլերով պիտի յառաջանայ դէպի նոր հորիզոններու ապագան։
Իսկ այսօրուան նոր սերունդը, 20ամեայ թարմաշունչ հայ երիտասարդութիւնը, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, որքանո՞վ կը գիտակցի թանկագին անկախութեան արժէքին։ Անոնցմէ շատեր լրջօրէն կþանդրադառնա՞ն իրենց վերապահուած դերակատարութեան։ Երբեմն կը կքին՝ իրենցմէ ակնկալուող հազարումէկ պարտականութիւններու բեռին տակ։ Երիտասարդ սերունդը սակայն շերտաւորուած է։ Կայ ազգային գիտակցութեամբ հարցերուն մօտեցող խաւը, միաժամանակ կայ նաեւ անձնական ապագայով տարուած, կամ՝ օտար երկիրներու մէջ ապահովութիւն փնտռող խաւը։
Հայաստանի մէջ այսօր երիտասարդներու հիմնական խնդիրը կը մնայ աշխատանքի մէջ տեղաւորուելու հոգը։ Համատարած գործազրկութիւնը, ընկերային ծանր պայմանները, նեղ ընկերութեան մը մէջ ապրելու իրավիճակը եւ այդ կացութեան հետեւանքները կը ճնշեն երիտասարդութեան վրայ։
Ինչպէս ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի պարագային, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդին դիմագրաւած կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնն է։ Հարց՝ որ ուղղակիօրէն կապուած է գաղափարական կազմաւորման, ընկալումին ու զարգացման հետ։ Որեւէ հարց, ըլլայ ընկերային, տնտեսական կամ գաղափարական, կարելի չէ իսկապէ՛ս դիմագրաւել, եթէ կաշկանդումներու, բռնութիւններու կամ ճնշումներու ենթակայ գտնուի երիտասարդը։ Ոեւէ անձ ազատ պիտի չըլլայ, եթէ քաղաքացիի իր իրաւունքներուն տէր չըլլայ՝ ազատօրէն ու ինքնակամ։
Անկախ պետականութեան լիարժէք կայացման եւ այդ պետականութեան հզօրացման համար մղուող տարբեր տեսակի մարտերուն հանրագումարը, այսօրուան հայ երիտասարդին համոզումով, պէտք է յստակօրէն տեսանելի ըլլայ եւ իր արդիւնաւէտութիւնը դրսեւորէ մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։
Անկախ պետականութիւն։ Ազատ ընկերութիւն։
Չի բաւեր ըսել, հպարտանալ ու անցնիլ։ Այլ հարկ է զգալ, ներշնչուիլ ու գօտեպնդուիլ։
Չի բաւեր ոգեկոչել, այլ հարկ է անցեալի փորձառութիւնը զէնքի եւ իմաստութեան վերածել ու յառաջանալ։
Եթէ ազատ պետականութիւնը ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն աստիճանն է, երիտասարդ սերունդները ազգի մը գոյութիւնն ու շարունակականութիւնը ապահովող հիմնական ու անփոխարինելի երաշխիքն են, որուն վրայ կեդրոնացած կþըլլայ ազգի մը բոլոր բաղադրատարրերուն ուշադրութիւնը։ Երիտասարդութեան թեւ տալու, երազանք ու տեսլական ներշնչելու պարտականութիւնը վերապահուած է հասուններուն ու փորձառուներուն. հո՛ն պիտի փնտռենք անսակարկ նուիրուածութիւնը, որ խանդավառութեամբ լեցուն սերունդներուն յենարանը պիտի դառնայ։ Սփիւռքահայ զանգուածները օրէ օր աւելի կը զգան եւ կþընդգծեն այս անհրաժեշտութիւնը՝ իրենց նեցուկը բերելով հայրենի հասարակութեան զարգացումին ու բարգաւաճումին, հայրենի իրականութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
20ամեայ անկախութեան անցեալ ճանապարհը փորձառութեան եւ ինքնահաստատման շրջան մը հանդիսացաւ երիտասարդ մեր պետականութեան համար։ Կարճ այս ժամանակահատուածին մէջ ոստումներ արձանագրուեցան՝ դէպի զարգացում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդելով մեր երկիրը։
20ամեայ անկախութեան սերունդի պատգամած ուղին՝ մեզ կþառաջնորդէ դէպի հայրենիքի լիարժէք ազատագրութիւնը։